Անդրադարձ

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Նահատակութիւնը` Քրիստոնէական Գերագոյն Հաւատքի Բագինին Զոհաբերութեան Խորհրդանիշ

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Նահատակութիւնը` Քրիստոնէական Գերագոյն Հաւատքի Բագինին Զոհաբերութեան Խորհրդանիշ

Պատրաստեց` ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ Մեծ պահոց առաջին չորս կիրակիները անցան: Մեծ պահքի հինգերորդ շաբթուան զուգադիպող չորեքշաբթին միջինք է: Ան եկեղեցական տօնացոյցին մէջ որպէս տօն չէ նշուած, սակայն հայկական աւանդական կենցաղին մէջ շատ տարածուած է: Հաւատացեալներ միջինքին փառք կու տան Աստուծոյ, որ արժանացած են հասնելու Մեծ պահոց ապաշխարութեան շրջանի կէսին եւ իրենց աղօթքներով կարողութիւն կը հայցեն Աստուծմէ` ապաշխարութեան մնացեալ օրերը լաւագոյնս արժեւորելու...

Մօրս Կարի Մեքենային Մեղեդին

Մօրս Կարի Մեքենային Մեղեդին

ԹՈՐԳՈՄ «Կարծես թէ դարձել եմ ես տուն, Բոլորն առաջուանն է կրկին, Նորից դու հին տեղը նստում, Շարժում ես իլիկը մեր հին...» Վ. ՏԷՐԵԱՆ Տէր Մեսրոպ Ա. քահանան  շուրջ քառասուն օր առաջ, դամբանական խօսած ատեն,  ձեռքը մօրս դագաղին վրայ դրած` ըսաւ. «Բոլոր հայ մայրերը տառապած են»: Ակնթարթի մը մէջ միտքէս անցան անցեալի մշուշոտ միջադէպեր. Պոլիսէն Պուրճ Համուտ գալու մեր տառապանքը, փոքր...

Մայրենիին Պաշտպաններէն Մին` Շաքէ Անտիլեան-Եագուպեան

Մայրենիին Պաշտպաններէն Մին` Շաքէ Անտիլեան-Եագուպեան

ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ընկերուհի՛ Շաքէ, մենք քեզ շատ կը փնտռենք, մանաւանդ երբ հայերէնի մասին խօսինք: Իւրաքանչիւր հայերէն նախադասութիւն երբ արտասանէինք, գիտէինք, որ դուն կաս, պիտի սրբագրես կամ պիտի գնահատես: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը եւս քու սէրդ էր: Փոքր տարիքիդ Սուրիահայ օգնութեան խաչի արծուիկ եղած էիր եւ միշտ կ՛երգէիր այդ օրերու քայլերգը, յատկապէս` հետեւեալ տունը. «Կամքի, հաւատքի կոթող անսասան, Լոյսի սերմնացան, ցաւի բալասան,...

Սատարել Հայ Մշակոյթին

Սատարել Հայ Մշակոյթին

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Հօրեղբօրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեանի Հալէպի բնակարանը թերեւս պէտք է համարել պզտիկ տուն-թանգարան մը: Հոն կան մեծաթիւ հայկական մամուլ եւ գիր, նաեւ` գեղանկարչական գործեր, որոնց մէջ իր անձնական գծագրական հաւաքածոն եւ շատ մը համաշխարհային վաստակ ստացած նկարիչներու գործեր` տարբեր երկիրներէ: Իր բնակարանը միշտ ալ եղած էր ժամադրավայր, ուրկէ անցած են արուեստագէտ-մտաւորական, ազգային եւ հայրենի բազմաթիւ գործիչներ: Հալէպի Սեպիլի...

Մայրենիին Նահատակութիւնը` 100-Ամեակէն Ետք Ալ

Ակնարկ. Սպասուած Ռումբը Չպայթեցաւ, Բայց Կայ Շղարշը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի մասին լուռ հետախուզութիւն կատարած յատուկ քննիչ Ռապըր Միւլըր չպայթեցուց այն ռումբը, որ կը սպասուէր ամերիկեան եւ աշխարհի կարգ մը շրջանակներէն. 22 մարտին, ան արդարութեան նախարար Ուիլիըմ Պարի յանձնեց հսկայածաւալ տեղեկագիր մը, որ կ՛ամփոփէ շուրջ 22 ամիս տեւած իր հետախուզութիւնները: Ան պարտականութիւն ունէր ստուգելու, թէ նախագահը իր ընտրապայքարի օրերուն արդեօք Ռուսիոյ հետ գործակցութիւն ունեցա՞ծ է` Սպիտակ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Ի՞նչ Կը Պահանջուի Ժամանակակից Ուսուցիչէն (Ուսուցչաց Տօնին Առիթով)

Ազգերու եւ ժողովուրդներու կրթադաստիարակչական ու գիտական մակարդակը մեծաւ մասամբ կախեալ է ուսուցիչներէն: Անոնք են, որ սերունդներ կը դաստիարակեն ու մատղաշ հոգիներուն դիմաց գիտելիքներու ծով աշխարհը կը բանան: Որակեալ ուսուցիչը մարդը կերտողն ու անոր թռիչք տուողն է, ուստի մեծ է անոր դերը հասարակութեան որակի ուրուագծման մէջ: Ուսուցիչն է, որ կը կերտէ վաղուան առաջնորդը, սակայն երբ ան չի բացայայտեր աշակերտին ներքին զօրութիւնը,...

Մեր Պարտքը` Բանակին

Պէտք Չէ Աճապարել

«ԱՍՊԱՐԷԶ» Նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կոլանը իբրեւ Իսրայէլի մաս ճանչնալու յայտարարութիւնը, որ մեր կարծիքով` պէտք է ուժգնօրէն դատապարտուի, հայկական քաղաքական շահերու տեսանկիւնէն թիւր վերլուծումներու տեղիք տուած է: Նախ եւ առաջ, նախագահ Թրամփի վարկն ու միջազգային հեղինակութիւնը այնքան ալ ծանրակշիռ չեն, որ անոր քաղաքական կեցուածքները դառնան հիմնարար նախընթացներ, քաղաքականութիւն ճշդելու կամ կողմնորոշուելու ուղեցոյց: Նոյնինքն ամերիկեան քաղաքական միջավայրը դժուար թէ ընդունի այս յայտարարութեան...

Գրող, Ընթերցող, Գրախօսող, Գրականութիւն, Ազգ Եւ Մենք

Գրող, Ընթերցող, Գրախօսող, Գրականութիւն, Ազգ Եւ Մենք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Գրականութիւնը ըլլալու համար իր ժամանակի ոգեկանութեան հարազատ եւ ոչ միայն իրապաշտ արտայայտութիւնը, գերանցելու համար նոյն այդ ժամանակը` դառնալով արժէք, ինքզինք կ՛իրագործէ (կամ չ՛իրագործեր) գրողի, ընթերցողի, գրախօսողի եւ գրական քննադատի քառասիւն շրջագիծին մէջ: Գրականութիւնը եւ բանաստեղծութիւնը բազմակողմ արուեստներ են: Երբ կ՛ըսենք արուեստ, առաջին հերթին եւ բնական կերպով կը խորհինք նկարչութեան, քանդակագործութեան, երգի եւ երաժշտութեան մասին: Ի՞նչ են, այդ արուեստներու...

Պօղոս Գուբելեանի Գրականութիւնը

Բանաստեղծութիւններ

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ Գարունը Աղջիկ Է Իմ գիրկն է նա մտել պարտէզի ծաղկունքով, Վարդագոյն այտերով մի աղջիկ. Գարուն է անունը, բուրում է արբունքով, Հագել է կուրծքը բաց մի շապիկ: Ծոցի տաք լոյսը իմ աչքերն է ծակծկում, Շուրթերը հասուն են դեղձի պէս. Սրտագին իր սէրը վարդի հետ է ծաղկում, Ասում է` քաղիր թէ ուզում ես: Հիւթեղ է... ու հիւթը խմում եմ մեղուի...

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական.  Պահանջատիրութեան Երթը Անվկանդ Շարունակելու Վճռակամութեամբ

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Պահանջատիրութեան Երթը Անվկանդ Շարունակելու Վճռակամութեամբ

(Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Նուիրահաւաքի Առիթով) «Հայ ժողովուրդը գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կանգնած է եղել իր վճռած կամ պաշտպանած գործի ետեւը ամբողջ հասակով, կատարեալ անկեղծութեամբ եւ բոլորանուէր անձնազոհութեամբ: Նա համոզուած է նաեւ, որ եթէ նոր զոհաբերութեան եւ նոր արիւնի հարկադրանքն ստեղծուի Հայկական դատը «մեռեալ կէտից» շարժելու համար` դարձեալ դաշնակցականներն են շարժելու վտանգաւոր դիրքերի վրայ, դարձեալ նրանք են նուիրաբերելու առաջին լուման`...

«Համակարգչի Վնասակար Ազդեցութիւնը»

«Համակարգչի Վնասակար Ազդեցութիւնը»

  ՍԱՄՈՒԷԼ ԱՍԱՏՐԵԱՆ Նափոլէոն ըսած էր. «Թնդանօթը սպաննեց աւատապետութիւնը, մելանը պիտի սպաննէ արդի ընկերութիւնը»: Այն ատեն դեռ համացանց չկար: Հիմա՞... Երեւանի «Մանկավարժական համալսարան» թերթի 28 փետր. 2019-ի համարի 4-րդ էջի մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս Սամուէլ Ասատրեանի յօդուածը կրնայ հետաքրքրել սփիւռքի մանկավարժը, դպրոցը եւ ծնողները: Ուղղագրութիւնը դասականի վերածած եմ` խուսափելով օտար եզրերէ: Կը խօսուի բջիջայիններու յառաջացուցած կախուածութեան մասին, որմէ զերծ չեն...

Լուծման Ճամբու Քարտէս` Միայն Հայկական Ուղիով

Լուծման Ճամբու Քարտէս` Միայն Հայկական Ուղիով

Ա. Ա. Արցախի տագնապին առնչուած միջազգային փաստաթուղթերով ամրագրուած լուծման ճամբու քարտէսներու տարրերուն տրուած մեկնաբանութիւններն են ներկայիս խնդրոյ առարկան, որոնք ուշադրութեան կիզակէտի վերածուած են յատկապէս Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ, եւ որոնց համար տագնապին լուծման բանակցային հոլովոյթին սկսումը պայմանաւորուած կը թուի ըլլալ այդ մեկնաբանութիւններուն շուրջ որոշ համախոհութեան կամ նոյնութեան առկայութեամբ: Ճիշդ է, որ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը յայտարարած է, որ մօտիկ ապագային վարչապետ Նիկոլ...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Հայաստանի Ժողովրդագրական Վիճակի Հիմնահարցը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Անցեալ ուրբաթ, 22 մարտին, վարչապետ Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի ժողովրդագրական տագնապալի վիճակի  քննարկում տեղի ունեցաւ` մասնակցութեամբ աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանի, առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի, վիճակագրական վարչութեան նախագահ Ստեփան Մնացականեանի եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան եւ զարգացման հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Ծովինար Յարութիւնեանի, որոնք ներկայացուցած են ժողովրդագրական իրավիճակին ուղղութեամբ իրականացուած վերլուծութիւններ, ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներ: Այս նիստին տեղեկագրութենէն կը քաղենք...

«Քաոս»-ը Նոր Հորիզոններ Կը Բանայ

«Քաոս»-ը Նոր Հորիզոններ Կը Բանայ

ԴԱԼԱՐ ԳՈՍԱԳԵԱՆ-ՆԱՃԱՐԵԱՆ Քանի մը շաբաթ առաջ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի «Առաջին ալիք» կայանէն Ալեքսանդր Շիրվանզադէի յայտնի վէպին` «Քաոս»-ին ֆիլմաշարի ցուցադրումին մեկնարկը կատարուեցաւ: Վէպը լոյս տեսած է 1898-ին: Հեղինակը` Շիրվանզադէ, իր վիպագրութեամբ կ՛արտացոլացնէ Պաքուի հասարակական կեանքը 19-րդ դարու վերջաւորութեան ու կը ներկայացնէ այդ ժամանակուան մարդկային-ընկերային հարցերը: Ֆիլմաշարը իր դիտորդներուն 21-րդ դար, Երեւան կը տեղափոխէ ու կը տեսնենք, թէ վէպը ֆիլմաշարի վերածող հեղինակները...

Լոյս Տեսաւ  Վրէժ Արմէնի «Ոստայն 11 – Դեգերումներ» Հատորը

Լոյս Տեսաւ Վրէժ Արմէնի «Ոստայն 11 – Դեգերումներ» Հատորը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 11 - դեգերումներ» առցանց հատորը, որ կը բովանդակէ 31 յօդուածներ` բաժնուած չորս գլուխներու` «Երթուդարձ», «Հեքիաթներ», «Ժամանակին հետ» եւ «Մուսայիս հետ», տարածուած` 100 էջերու վրայ:  «Մտնելով այս «Ոստայն»-ին մէջ...»` իր ներածութեան մէջ Վրէժ-Արմէն կը գրէ. «Ընթերցողը պիտի անդրադառնայ, թէ ինչո՛ւ իրերայաջորդ հատորներս միշտ կը կրեն «Ոստայն» վերտառութիւնը: Այո՛, պիտի անդրադառնայ, թէ անոնք իրարու շաղկապուած են կարմիր թելով...

Անդրադարձ.  Մոնրոյի Եւ «Լինքէյճ»-ի  Սկզբունքներու Վերականգնումը

Անդրադարձ. Մոնրոյի Եւ «Լինքէյճ»-ի Սկզբունքներու Վերականգնումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 24 մարտին ռուսական օդուժին պատկանող երկու փոխադրական օդանաւեր հասան Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքաս` իրենց հետ բերելով շուրջ 100 ռուս զինուորներ, զինուորական խորհրդատուներ եւ 35 թոն բեռներ: Ռուսական քայլը ահազանգ հնչեցուց Ուաշինկթընի մէջ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ անմիջապէս ռուսական կողմին կոչ ուղղեց` «դադրեցնելու իր ոչ շինիչ վարքագիծը», ապա իր ռուս պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին զգուշացուց....

Դուք Էք Որոշում

Տօներ Սահմանելուց Առաջ Արժէ Մի Փոքր Մտածել

ԷԴԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ Ես արդէն սկսել եմ կասկածել այն հանրայայտ ճշմարտութեանը, որ Նիկոլ Փաշինեանի ձախորդութիւնների բուն մեղաւորը նրա քաղաքական խմբակն է: Պարզւում է` դա այնքան էլ այդպէս չէ, եւ Փաշինեանն իր ծանրակշիռ ներդրումն ունի այդ գործում: Կառավարութեան վերջին նիստում ահագին հետաքրքիր բաներ տեղի ունեցան, որոնց մասին կարելի էր մէկ-երկու տող բան գրել Դիմատետրում ու ժողովրդին առաւել հասկանալի լեզուով բացատրել, թէ այդ...

Մայրենիին Նահատակութիւնը` 100-Ամեակէն Ետք Ալ

Սլաք. Ստալինին Ուղեղը Ո՛ւր Հասած Է…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ - Լսեցի՞ր վերջին լուրը,- հարցուց կատակասէր բարեկամս` հեռաձայնին միւս ծայրէն, ուշ յետմիջօրէին: - Նորէն ի՞նչ կայ...,- հարցուցի` իր երեւակայածին կատակները հաճոյքով լսողի տրամադրութեամբ: - Նախագահ Թրամփը յայտարարութիւն մը ստորագրեր է այսօր,  սուրիական Կոլանը Իսրայէլին նուիրեր է: Բացատրեցի, որ լուրը արդէն աշխարհով մէկ տարածուած է, նոր լուր ըլլալէ դադրած է: - Բուն լուրը Կոլանի մասին Թրամփի յայտարարութիւնը չէ, անկէ...

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

Խոպան Գաղութ` Մշակման Կարօտ (Ռուսիոյ Հայութեան Մասին)

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Այսօր, երբ կը խօսուի հայապահպանման եւ ազգային միասնականութեան մասին, հարկ է հարց տանք, թէ արդեօք պէտք եղած քայլերուն դիմուա՞ծ է, հատուածականէն եւ գաղութայինէն անդին, համընդհանուր ռազմավարութիւն մշակելու եւ տեսականէն գործնական աշխատելաոճի անցնելու ուղղութիւններով: Ռուսիա ապրող երիտասարդ ըլլալով` կ՛ուզեմ հակիրճ ակնարկ մը նետել երկրիս հայութեան վիճակին վրայ: Պայմաններու բերումով, թէ՛ աշխարհագրական դիրքին, թէ՛ պատմական կապերու շնորհիւ, ինչպէս նաեւ ատենին...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Գաղափարաբանական Հարցեր. «Նոր Ուժ, Նոր Ոգի»` Ընկերվարութեան Համար

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Եւրոպական ցամաքամասին վրայ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը ընդհանրապէս ճգնաժամի մէջ ըլլալով` ընկերվար-ժողովրդավարները տքնաջանօրէն կը փորձեն ելքեր գտնել ստեղծուած կացութենէն: Մէկ կողմէ երրորդ ուղին դաւանող ընկերվար-ժողովրդավարները, դաշնակցելով պահպանողական կամ ազատական կուսակցութիւններու հետ, համաձայնական կառավարութիւններու մէջ մտած են ու հրաժարած` իրենց աւանդական ընկերային բարեկեցութեան ծրագիրներէն եւ անուղղակիօրէն թէ ուղղակիօրէն կանաչ լոյս տուած են նոր-ազատական քաղաքականութիւններու իրագործման, միւս կողմէ ալ` տնտեսական ճգնաժամ ապրող երկիրներու...

Page 461 of 806 1 … 460 461 462 … 806

Արխիւներ