ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Երբ կը կարդանք քերթուած մը, առաջին քանի մը բառերը, նախադասութիւնը` յաճախ, կ՛ուրուագծեն ընդհանուր խորապատկերը տուեալ քերթուածին: Յատկապէս ճիշդ է այս տպաւորութիւնը «Արծաթսիրութեամբ»-ի ու «Պարգեւատուն»-ի առաջին տողերուն: Ահա` տուեալ շարականներէն մէկուն մուտքը.
– Արծաթսիրութեամբ մոլեալ Յուդա… առաջին իսկ բառը կու տայ հոգեվիճակ մը, որ զուրկ է դրական թելադրականութենէ: Կը տարուինք մտածելու ագահութեան, բղջախոհութեան, յղփացումի տանող խառնուածքի մասին եւ երկրորդ բառը` «մոլեալ», կը յստակացնէ բնոյթը եղծանուած անհատին. մէկը կը տառապի արծաթսիրութենէ եւ, ուրեմն, պատրաստ է փորձութեան մատնուելու: Երրորդ բառը կը ճշդէ հասցէն մոլութեամբ աքցանուածին` Յուդային, եւ որոշուած գինը` իր վատութեան.
– Զիւր զմեծ զվարդապետն ընդ երեսուն արծաթոյ հրէիցն մատնէր:
Այստեղ բացատրութիւնը կը տրուի, թէ ո՛վ եւ որո՛նց պիտի մատնէր: Արարքին ընթացակարգը բծախնդրութեամբ կը կատարուի, եւ կը ճշդուի գինը Մեծ Վարդապետին` ոճրամիտ նախանձէ վայրենացած խուժանի յանձնումին:
Տողը յաջողած է կիզակէտել ընթերցողին ուշադրութիւնը: Կը մնայ հանգուցալուծումը:
Մեկնութիւնը այս մթնոլորտին կու գայ երկրորդ շարականէն.
– Պարգեւատուն ամենեցուն այսօր խնդրի պարգեւս ի Պիղատոսէ, եւ արկողն զլոյս որպէս զօթոց հաւանիլ պատել ի Յովսեփայ:
Աշխարհաբարով` բոլորին Պարգեւատուն այսօր նուէր կը խնդրէ Պիղատոսէն, եւ լոյսը որպէս ծածկոյթ տարածողը կը յօժարի Յովսէփին, որ Զինք պատանքէր:
Այստեղ է նաեւ հանգիտութիւնը տարբեր շարականի մը մէջ տրուած պատկերին.
– Ի մէջ երկուց անօրինաց կար մերկացեալ տուողն օրինաց (երկու անօրէնի միջեւ մերկ Օրէնսդիրն էր կանգնած):
Մտածուած, որոշուած դրսեւորումը մատնութեան` պիտի ըլլար մարդկային ազնուագոյն զգացումները, ապրումները կեանքի վերածող, խորհրդականացնող խորհրդանշանը, երբեմն նաեւ կիրքը սանձող համբոյրը պիտի վերածուէր նենգութեան ահռելիօրէն խեղուած նշանին, անմեղ համբոյրը կը կորսնցնէր իր կուսական գրաւչութիւնը: Բիւրեղի լուսեղէն մաքրութենէն կը վերածուէր մահը նախակարապետող արարքին.
– Ընդ որում ես համբուրեցի ասէ, զնա կալարուք (որու որ համբուրեմ զայն բռնեցէք: Ծնթ. Մէջբերուած շարականներու աշխարհաբարի վերածումները առնուած են Եփրեմ արք. Թապագեանի «Շարական» հատորէն):
Համբոյրի նոր սահմանումը պատգամի սկզբունքային տարազով չ՛ուշանար.
– Ո՜վ համբոյր նենգութեան, նշան եւ առիթ մահու:
Իւրաքանչիւր բառերուն այս քերթուածին` լախտի հարուածը կը վերածէ ցանկալի այլընտրանքի: Հոս սակայն մահը իրաւ, բնախօսական գոյութենականութեան մը վերջնականացումը չէ, ահազդու հոգեվիճակ չէ: Յուդային կենդանութիւնը զինք չարչարող, բառաչող անասունի գոյավիճակին կը վերադարձնէ: Քերթուածին սկիզբէն իսկ մոմի առկայծող լոյսին տակ երկնող աբեղան կամ վարդապետը կամ Հայրապետը, մահը կը վերածէ թեթեւսօլիկ անհեթեթութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւր բառը միեւնոյն ատեն կը մահացնէ անհատը` առանց վերջնականութեան մը խոստացած հանդարտութեան: Շարականը իր կարգին կը վերակենդանացնէ անհատը կրկին ու կրկին անգամ, որպէսզի ցնցուի ճենճերացնող յաջորդող բառէն` ի վերջոյ վերածուելով հայ քերթողութեան իմացական հանճարի սքանչելի դրսեւորումին: Այս պարագային, շարականը ահռելիօրէն դանդաղ ընթացող, բայց խորունկ ու խելայեղօրէն ահագնագոչ գետի մը անխուսափելի ընթացքն ունի, որուն պտոյտքին մէջ կ՛առնուի մատնիչը` անհետ կերպով անհետանալու, ոչինչ ձգելով իր ետին, պատրաստելով ընթերցողը ծանրակշիռ ամբաստանութեան.
– Մերկացաւ յինքենէ զաստուածային Սուրբ Հոգին (անկէ մերկացաւ աստուածային սուրբ հոգին):
Այլեւս մարդը չքացած էր: Մարդկայնացնող հոգեղէն հանդերձը վերածուած կեղտոտ քուրջի` իր աղտով մաքուր, ջինջ ու անապական ջուրը վարակելով` շուտով սակայն մաքրուելու համար գետին ընթացքէն ու գետին ընթացքին մէջ:
* * *
Հաւատացեալը, հայ անհատը, որ տաճարին մէջն է, այնքան ջերմ երկիւղածութեամբ կը հետեւի արարողութեան` ձուլուած շարականի առթած անըմբռնելի, առհաւական զգայնութիւններու մէջ:
Որովհետեւ պէտք է կատարուէր Հօրը կամքը, իր լրումին պիտի հասնէր Տառապեալին ճենճերումը, կը պատկերուի յառաջընթացը կատարումի իրացման.
– Անմահութեանց տուող Քրիստոս, այսօր ի հող մահու խոնարհեցաւ եւ բնակեալն ի լոյս անմատոյց թաղեցաւ մարմնով ի սիրտ երկրի (անմահութիւն տուող Քրիստոսը կը խոնարհի դէպի հող եւ անմատչելի լոյսի մէջ բնակողին մարմինը երկրի սրտին մէջ թաղուեցաւ):
Այստեղ շարականագիրը կը բացայայտէ անվախճանելիութիւնը, երբ կը մասնաւորէ, կը նիւթականացնէ մեր բոլորէն հասկնալի պատկերով ու ճշդելով «բնակեալն ի լոյս անմատոյց թաղեցաւ մարմնով ի սիրտ երկրի»: Մարմինն է, որ կը թաղուի եւ ոչ` մարմնացեալը Սուրբ Հոգիով: Այս միակ նախադասութիւնը մեր հաւատքի ու տոկունութեան խարիսխն է, որուն ոչ մէկ ոսոխ թուրք կամ այլ ազգութեամբ կամ անորոշ հայրութեամբ լրագրող բիճ ու իր կաւատը կամ տարբեր դարանակալ ներքինի չի կրնար նուաճել, չի կրնար խախտել: Ա՛յս է «Արծաթսիրութեամբ»-ին աստուածապարգեւ անպարտելիութիւնը` բռունցքի վերածուած, անվրէպօրէն հարուածող հմայքը, որ իւրաքանչիւր հայ անհատ Աւագ հինգշաբթիի գիշերը արարողութեան վերջին ժամուան ընթացքին կը զգայ, կը վերանորոգուի անով ու կը վերանորոգէ իր ուխտը:
* * *
Ահա նաեւ հարցումը կամ պահանջը` դրուած խնդրանքի ձեւով. պիտի գա՞յ օրը, որ այդ Խաւարման գիշերի արարողութիւնը անգամի մը համար տեղի ունենար Ազատութեան հրապարակին վրայ Ամենայն Հայոց հայրապետին ու Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հայրապետին նախագահութեամբ, մասնակցութեամբ Ազգային Օփերայի երգչախումբին եւ ներկայութեամբ համասփիւռ մեր ժողովրդին` իր նախագահով ու վարչապետով եւ իր նախարարական դասով ու սահմանապահ անպարտելի մարտիկներով` ունկնդրելու «Արծաթսիրութեամբ»-ին, հայոց աշխարհի ննջեցեալ սուրբերուն, բիւրաւոր վարդապետներու, դպիրներու հետ, եւ երբ հասնէին հոն, ուր երանելի շարականագիրը կ՛ըսէ` «… ընդ երեսուն արծաթոյ զտէրն իւր ընդ հրէիցն մատնէր»-ին, զգան բոլորը` արուեստագէտ, գիտնական թէժողովրդային զանգուած` Արարատեան դաշտէն մինչեւ Լոս Անճելըս` հաստատելու,
Որ մեր ժողովրդի համագոյքին` ազատագրուած Արցախին ու բռնազաւթուած հայրենական տարածքներուն` հայրենապատկան Նախիջեւանին, Վանին, Վանանդին, Սուրմալուին ու Ջաւախքին տէրը հայրենիքն է մեր, եւ ոչ մէկ օտար զաւթիչ` ոճրածին խուժանի,
Որ պիտի տեսնենք անոնց ազատագրումը, երբ մենք, մեր ժողովուրդը ամբողջ կը ջախջախէ թաղանթապատուած պատնէշները մեր մէջէն ու մեզ երկփեղկող` Երեւանէն մինչեւ հեռափնեայ բոլոր գաղութները, իրականութեան վերածելու համար մէկ ազգ, միակ հայրենիքին մէջ եւ զայն ընելով անփոփոխելի համազգային նպատակ, սահմանելով զայն այդ նպատակին հաստատօրէն տանող ուղեցոյց անսակարկելի բարոյական ու համազգային նոր սկզբունքին, որպէսզի մենք մեզ չգտնենք բնաւ կացութեան մը մէջ, ուր հնչէր մեր շարականներուն ու քերթողութեան ծանրագոյն ու հրաշէկ հաստատումը` «մերկացաւ յինքենէ աստուածային Սուրբ Հոգին»: Ամէնօրեայ կենսաւորող իրականութեան պիտի վերածենք մեր հաւատքը նախ մեր կարողութեանց հանդէպ` մեր ժողովուրդին ու զայն կենսաւորող արարչական հրայրքին հանդէպ, որպէսզի զգաստացնող ու կենարար շարականը ճարտարապետէ յարակայութեան տաղաւարը մեր իմացական համագոյքին:
Եթէ մեր պատանութեան օրերուն` այդ շարականներու կատարման պահերուն, չկարողացանք կամ չուզեցինք ի յարգանս եւ մեր անմնացորդ սիրոյն իբրեւ տրիտուր ճաշակել տիկին Շէյխայի պարտէզին համեղ պտուղները, բայց մենք` երեխաները մանկութիւն չունեցած մարդոց, մեր ծնողներուն փարեցանք եւ մեր որբացած ու երբեմն անգմբէթ տաճարներուն, պատանիի մեր մտքերու մտատեսական ցայտկով անդրադարձանք առանց հասկնալու, բայց իրաւօրէն զգալով մեր շարականներու մեզ շաղկապող, միացնող հրապոյրը եւ հրաբորբ սպիտակ կրակը մեր ներաշխարհէն ներս: Սիրեցինք զանոնք անսահմանօրէն մեր իւրաքանչիւր բջիջով` զրահուելու համար անոնց պարգեւած իմացական ասպարով: Տարիներ ետք տակաւին կը յաճախուինք անոնցմէ, անոնց մէջ կը փնտռենք հրազինող պատգամը` ուղղուած մեզի ու անոնցմով զօրացած կը դիմագրաւենք ապագան իր անորոշութիւններով ու հաստատ կամքով` վերատիրանալու մեր երկրին` իր տարածքով ու վանքերով` անյողդողդ նուիրուածութեամբ, որքան ալ անկարելի թուին անոնք:
Մեր ծնողներն ու վաստակաշատ դաստիարակները մեր մէջ քանդակեցին նոր հայը` հին, բայց մշտանորոգ մեր շարականներու հրայրքով եւ մեր լուսեղէն քերթողներու հրավառող պատգամով: Ո՞վ այլեւս մեզմէ պիտի բաղձար տիկին Շէյխան ու իր նման եւ մեր մայրերուն նման հազարաւոր անհատներու իր չարութեամբ դժուարութիւն պատճառել` ամէն մէկը անոնց, կրանիթէ պատուար` մեր ինքնութեան հաստատումին իսկ տիկին Շէյխաները բոլոր, ամէն մէկը` ազնուատոհմ բարի հրեշտակ մեր պապերուն, ծնողներուն երախտագիտութեան հրիտակով պայմանաւոր:
Այսօր մենք, մեր կեանքերու մայրամուտին, վաղը բոլոր այն պատանիները, որոնք կ՛ունկնդրենք ու կը տեսնենք Ս. Պետրոսի, Սրբոց Նահատակաց եւ այլ տաճարներու մէջ սպասարկող լիաբուռն ծաղկումը, պիտի պահեն մեզի աւանդ տրուած մեր քաղաքակրթութեան, մշակոյթի նուաճումները եւ իրենց կարգին նպաստելու այդ մշակոյթի հարստացման: Անոնք պիտի երգեն այս շարականը` դարերու խորքէն հասած մեզի ու յաւիտենութեան գացող` իբրեւ յաղթերգ համազգային հզօրութեան: Պիտի երգեն, որպէսզի ոչ մէկ հայ մաս կազմէ հինգերորդ կամ տասերորդ կամ որեւէ այլ դասի ոճրամիտ ու սադրիչ զօրասիւնի, որպէսզի մեր յաղթանակները ըլլան մերը եւ միա՛յն մերը, եւ պարտութիւններ ըլլան ոչ մէկ, անգոյ` չմրոտելու համար պայծառ ու խրոխտ ճակատը մեր ժողովուրդին: Որպէսզի ըսենք մենք մեզի ու աշխարհին ամբողջ, թէ` յաղթեցինք վերածելով մեր եկեղեցւոյ անստգիւտ ու լուսացնցուղ շարականը հանրապետական մեր հաւատքի օրհներգին: Երանաշնորհ մեր հայրապետն ու շարականագիրները ի զուր տեղը չերկնեցին անմեկնելիօրէն անեղծ շարականներն ու չպատկերեցին անբանացած Յուդան` իբրեւ գերագոյն վատութեան ու աներեւակայելի նենգութեան կերպար: Որպէսզի ոեւէ անհատ Թորգոմայ տունէն եւ օտարին գարշապարը լզուըրտող, երբ իւրաքանչիւր առաւօտ հայելիին խորը ջրհորին մէջ սուզուած (պատկերը Թէքէեանէն) չհաստատէ անխուսափելին` հոգիէն մերկացած հայրենադաւ պժգալի եւ երեսուն արծաթի ինքնածախ վատ ինքնակաւատին:
Լոս Անճելըս
1 յունուար 2019
(Շար. 2 եւ վերջ)