Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Վերանորոգուի Տիգրանակերտի Պատմական Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին

March 22, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տիգրանակերտի պատմական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին ծանրօրէն վնասուած էր իր գտնուած Սուր թաղամասի մէջ տեղի ունեցած բախումներու պատճառով: Անցեալին, երբ կառավարութիւնը չեղեալ համարեց քիւրտ զինեալներու հետ տարած հաշտեցման գործընթացը, բախումներ տեղի ունեցան քաղաքի այդ պատմական թաղամասին մէջ: Բախումներու ընթացքին պետութեան զինեալ ուժերը արգիլեալ տարածք հռչակեցին եկեղեցւոյ գտնուած թաղամասը: Ապա իրենք դիրքաւորուեցան եկեղեցւոյ մէջ: Այդ օրերուն մամուլի էջերուն յայտնուեցան սրբապղծութեան զանազան երեւոյթներ:

Շրջապատի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը այժմ ձեռնարկած է եկեղեցին վերաշինելու աշխատանքին: Այդ օրերուն վնասուած էր նաեւ քաղդէացիներու Մար Փեթիուն եկեղեցին եւս: Կատարուած յայտարարութենէն կ՛իմանանք, որ վերաշինութեան աշխատութիւնները պիտի սկսին այս ամիս:

Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոսը կը համարուի Միջին Արեւելքի մեծագոյն եկեղեցին: Ան պաշտամունքէ դադրած էր 1960-ին եւ մինչեւ մօտ անցեալ կը պարզէր բաւականին տխուր պատկեր մը: Ապա եկեղեցին, հայ համայնքի նախաձեռնութեամբ, վերանորոգուած եւ գործել սկսած էր 2011 թուականին:

2015-ի նոյեմբերին, շրջանի բազմաթիւ սրբատեղիներու կարգին, վնասուած էր նաեւ Սուրբ Կիրակոսը:

Նշենք, որ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ կը վարէր եկեղեցին վերանորոգելու համար: Վերջերս թաղականութեան եւ նախարարութեան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնութիւն մը, որմէ ետք սկսաւ վերանորոգման գործընթացը:

Այս մասին թաղական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք բացատրութիւններ տուաւ «Ակօս»-ին եւ ըսաւ, որ սկիզբը նախարարութիւնը համամիտ չէ գտնուած վերանորոգութեան ծախսերը ստանձնելու: «Բացատրեցինք, որ եկեղեցւոյ այս պայմաններով ներկայանալուն մէջ հայ ժողովուրդը որեւէ պատասխանատուութիւն չունի, ուրեմն արդար չէ, որ ուրիշներուն գործած աւերը ինք հատուցէ: Երկարատեւ բանակցութիւններէ  ետք նախարարութիւնը ստանձնեց ծախսերը հոգալ, եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի սկսին վերաշինութեան աշխատանքները»: Էրկիւն Այըք յաւելեց նաեւ, որ կը շարունակուի եկեղեցւոյ գտնուած տարածքին արգիլեալ գօտի ըլլալու երեւոյթը: «Մենք ալ հազիւ յատուկ թոյլտուութեամբ կրնանք մտնել եկեղեցի», ըսաւ Էրկիւն Այըք:

Նախորդը

Ժառանգաբուխ Ափ Մը Հաւատք

Յաջորդը

Միակ Ամբաստանեալը, Որ Անպարտ Էր

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.