ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Մեր թաղին տարածքը մեծ չէր, անոր կեանք տուող թաղեցիներուն, բոլորն ալ` Եղեռնէն վերապրած, սրտերու ընդարձակութեան չէր հասներ: Անոնք` թաղեցիները, Դագէս էմմին, Թորոս էնիշտէն, Խնկան էմմին, Գէորգ էմմին, Աբէլ աղան, Սարգիս աղան ու իր տղան` Մկրտիչը, Պէպէքճին, պրն. Սարգիսը, պրն. Երուանդը եւ Հայրապետն ու այդ բոլորին հսկող ու անհրաժեշտութեան պարագային հասնող Սահակ տային կամ` պարոն Սահակը: Թաղին հարաւային սահմանը նարնջենիներն էին, իսկ հիւսիսարեւելեան կողմէն` Լափաշներու թաղը: Անոր կողքին բանջարեղէններու դաշտը մասնաւորաբար ու մանաւանդ այն հատուածը, ուր ելակները կը հասուննային իրենց շամանդաղուող բոյրը համեստ պարտէզներէն մինչեւ մեր թաղը հասնող` դաշտը վերածելով պտուղներու… վաւերական երանգապնակի: Մեր տան ճիշդ քովը տիկին Շէյխային տունն էր ու պարտէզը: Մտքիս մէջ մինչեւ հիմա կը յամենան պարտէզին մանտարիններու ծառերը: Ձմրան` նոյեմբեր, դեկտեմբերին հասուն պտուղներու վրայ անձրեւի կայլակները շռայլ պսպղումներով կը խայտային, եւ արեւուն ճառագայթները կը տարբաղադրէին անձրեւի կաթիլները` անհամար պրիսմակներու վերածուած: Որքա՜ն պիտի ուզէինք համտեսել այդ պտուղները, որպէսզի մեր աչքերուն տեսածը մեր մանուկի քիմքերը հաստատէին: Բայց, ափսո՜ս, պարտէզը պաշտպանող փշաթելերը կը սանձէին մեր ախորժակները, իսկ մեր ծնողները խստիւ պատուիրեր էին` «չըլլայ քի լսենք…». մնացածը կարելի էր ճշգրտօրէն կռահել: Տիկին Շէյխային ո՛չ մանտարինները եւ ո՛չ ալ նարնջագոյն սրտաձեւ Ադամ-Եւայի պտուղը, ոչ այնքան տիկին Շէյխայի վախէն, որքան` մեր ծնողներու առարկութիւն չվերցնող զգուշացումէն, չկարողացանք համտեսել:
– Ուրիշին պարտէզէն չէօփ մը պիլէ չըլլայ քի վերցնէք:
Պատուիրած էին միայն մէկ անգամ, եւ այդպէս ալ մնաց մեր մտքերուն մէջ` մինչեւ Պէյրութի համայնապատկերին աղօտիլը:
Տիկին Շէյխան կը մնար տան մէջ, շատ դուրս չէր ելլեր: Ունէր երկու ամուսնացած աղջիկ, որոնցմէ մին կ՛ուզէր ամուսնալուծուիլ, բայց եկեղեցին չէր արտօնած: Այդ էր մեր հետեւցուցածը մեր ծնողներու շշուկով խօսակցութիւններէն: «Մեղք է չօճուխին, կիւլ կիմի երիտասարդ աղջիկը կը տանջուի կոր, որովհետեւ եկեղեցին չի ձգեր, որ բաժնուին»: Տիկին Շէյխան մարոնի կաթողիկէ համայնքին կը պատկանէր:
Մենք ոչինչ կը հասկնայինք եկեղեցիէն, անոր արգելքներէն ու օրէնքներէն ընդհանրապէս ու մանաւանդ տիկին Շէյխային դստեր փափաքէն` իր ամուսինէն բաժնուելու: Բայց շատ լաւ կը հասկնայինք մանտարիններու սքանչելի ու սքանչացնող համը, ինչպէս նաեւ Ադամ-Եւայի պտուղին քաշողականութիւնը` մեր քիմքերու դիւթիչ մագնիսէն: Մեր դառնութիւնը կրկնակի էր, որովհետեւ հսկայական ծառ մըն էր, իսկ հասուն պտուղները կախուած կ՛ըլլային բարձր ճիւղերէն` մեզի համար մնալով կրկնակիօրէն անհասանելի:
* * *
Մեր թաղին համեստ շքեղութիւնը ժամանակին հետ սկսեր էր մեր աչքերուն առջեւ չքանալ: Անզօր էինք կեցնելու այդ փոփոխութիւնը, որ սկսաւ այն օրէն, երբ մեր թաղի ճամբաները ասֆալթապատուեցան: Պատանութեան դռները հազիւ թակող` ուրախ էինք, որովհետեւ առանց դժուարութեան նոյն ճամբէն, գրեթէ ամայացած` երեկոյեան, Արամ աղային աղաւնիներուն նման, սրընթաց կը թեւածէինք վարձուած… հեծանիւներով: Տարբեր բան մը եւս փոխուեցաւ մեր մէջ: Պատահական օր մը իմացանք ոչ շատ պատահական, բայց ծրագրուած դէպքի մը մասին: Որոշուած էր կիրակի մը մատաղ մատուցել մեր Ցեղասպանութեան զոհ գացած թոմարզացի նահատակներու յիշատակին: Արարողութեան պիտի նախագահէր ու պատարագէր այդ օրերուն Լիբանանի առաջնորդ Գերշ. Տ. Խադ արքեպիսկոպոսը: Մենք, բոլորս, ծիլերը այդ նահատակներուն, մաս պիտի կազմէինք արարողութեան: Սովորական օրերուն երբեմն, իսկ կիրակի օրերուն` անպայման, «Առաւօտ Լուսոյ»-ին կշռոյթը հանդարտօրէն կը տարածուէր` իրեն հետ շաղ տալով օրհնութիւնը շարականին եւ յիշեցնելով բոլորին, որ հանգչելու ժամը շատոնց անցած էր: Մատաղը հրաշալի էր: Ես, եօթը-ութ տարեկան, խաչը տառացիօրէն գրկած` թափօրը կ՛առաջնորդէի: Թրատ թաղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջն էինք, բայց թէ ո՛ւր կ՛ընթանայինք, չէի գիտեր: Հոն, ուր կ՛ուղղուէինք, յստակ չէր: Մեզի համար անհասանելի տեղ մը կ՛երթայինք ոչ այնքան ծրագրուած ձեւով, որքան` ինքնանորոգ ու տարաբնոյթ ուժականութենէ մը մղուած: Այդ անմեկնելի, բայց անհունօրէն իրական խորհուրդի ձգողականութիւնը մեզ եկեղեցի կը տանէր: Մինչեւ Թոմարզա պիտի չքալէինք: Մտահոգուելու պէտք չկար:
Ատկէ ետք եկեղեցւոյ մէջ… մեծցանք, սնանեցանք անոր շարականներով, վերջին երեսուն-երեսունհինգ տարուան պատմութեամբ` Մեծ եղեռնով հաղորդուեցանք. մէկ խօսքով, եղանք հա՛յ: Ոչ մէկ առարկութիւն` մեր ծնողներէն, բացի իրենց վստահութիւն ներշնչող հաստատումէն, որ` «Աստուած պապան կ՛օրհնէ մեզ բոլորս»: Թէ ուրկէ՛ գիտէին այդպէս ըլլալը, չէինք գիտեր, բայց վստահօրէն գիտէինք, որ իրենք` մեր մայրերը Աստուած պապային… քարտուղարուհիները չէին: Այն տղաքը, որոնք մաս կազմեցին դպրաց դասին, ոչ մէկ դժգոհութիւն արտայայտեցին ու ամէն կիրակի, առանց բացակայելու, ժամը եօթին հագուած, շտկուած` ներկայ էին ու կը մնային մինչեւ վերջին շարականը, ժամը տասէն տասնմէկի միջեւ: Ծննդեան, Զատկուան օրերուն մեզմէ խումբ մը առաւօտեան ժամը 2-3-ի միջեւ կը սկսէր տունէ տուն երթալ` մեր շարականներու օրհնութիւնը բուրվառելու տուներէն ներս: Յաճախ տնեցիները արթուն կ՛ըլլային ու կը գնահատէին մեր նուիրուածութիւնը` իրենց թարմ գաթայով: Մեր նպատակը գաթայ ուտելը չէր: Այդ տարիքին արդէն սկսեր էինք սիրել մեր շարականները ու վեհերոտ թերեւս, տատամսոտ կերպով կարծէք սկսեր էինք հասկնալ մեր շարականներուն աննիւթական հզօրութիւնը` ճիշդ այնպէս, ինչպէս քանի մը ժամ ետք պատարագի սկիզբին Խորէն սրբազանը, տասը տասնհինգ տարի ետք` Խորէն Ա. կաթողիկոս, կամ հայր Եղիշէ Կիզիրեանը, հետագային` եպիսկոպոս, նայած` թէ ո՛վ էր պատարագիչը, պիտի առինքնէին մեզ «Առաքելոյ աղաւնոյ» սքանչացնող շարականով, երբ կաթիլ առ կաթիլ կը հեղէին սրբալոյս միւռոնը աւազանին մէջ` կատարելու մկրտութեան արարողութիւնը:
Ճիշդ է` կը մեծնայինք, բայց Աւագ շաբաթի շարականները երբ կը կատարէինք, շատ ժամանակ չառաւ անդրադառնալու, որ սկսած ենք հաղորդուիլ անոր տարբեր, իւրայատուկ հմայքով` հակառակ շարականներու անմատչելիութեան: Այդ ապրումը, տպաւորութիւնը զգալիօրէն կը շեշտուէին Աւագ հինգշաբթիին: Խաւարման գիշերը մեզի համար կը յատկանշուէր հանգուցակապերով, եօթը հանգոյց` եօթը Աւետարաններու ընթերցումէն ետք, ի վերջոյ կապը մեր ձախ դաստակներուն կապելով: Այդ կապը կը մնար կապուած տեղը, մինչեւ մաշէր ու իյնար, առանց որ մենք գիտնայինք, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր: Կարծէք այն պահուն, երբ անդրադառնայինք կորուստին, Աւագ շաբաթը նոր կը վերջանար: Շարականները` «Այսօր անճար»-ը, «Տարածեալ»-ը խանդավառօրէն կ՛երգէինք մանաւանդ այն պահէն ետք, երբ պրն. Պերճը իր շառաչող ծնծղայով կը խարսխէր կշռոյթը շարականին ու արարողութեան: Այդ խանդավառ պահերուն չէի անդրադարձած, որ շարական մը… վրիպած էր ուշադրութենէս:
Շատ չանցած` մեկնեցայ Միացեալ Նահանգներ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար: Քաղաքին մէջ, ուր համալսարանն էր, Հայ եկեղեցի գոյութիւն չունէր: Համալսարանը նորօրեայ մեհեանն էր, ու մենք մեր դասախօս քրմապետներուն` երիտասարդ քուրմերը: Սխալ թող չհասկցուի` պաշտուելիք կրակի մասին չէ խօսքը, այլ այդ քրմապետները կոչուած էին երիտասարդ ուսանողներու մէջ գիտութեան, մշակոյթի, արուեստներու, մէկ խօսքով` մարդկային քաղաքակրթութեան բաղկացուցիչներու սէրը հրավառել: Երեք տարի ետք Պոսթըն էի: Պոսթընի մէջ եւս ներկայ կ՛ըլլայի կիրակուան պատարագներուն եւ Աւագ հինգշաբթիի խաւարումի գիշերուան ժամերգութեան: Ստիպողաբար պէտք էր վարժուէի նաեւ արարողութեանց… բարեփոխուած վիճակին, այլ խօսքով… կրճատուած տարբերակին: Այս բոլորով հանդերձ, շարական մը կար, որուն հազիւ էի «ծանօթացեր» Պէյրութի մէջ: Շարականը կը յատկանշուէր միւսներէն աւելի ծանր կշռոյթով: Հակառակ հազիւ յիշելուս` անծանօթ չէր այլեւս, բայց հաստատօրէն` հարազատ:
Ահա օր մը, սովորական օր մը, անսովոր ծրար մը կար նամակատուփին մէջ: Լիոնէն էր, Ռիւ տ՛Արմենիի վրայ գտնուող Սուրբ Յակոբ հայոց եկեղեցիէն, առաքողը` հայր Նորվանը, հետագային արքեպիսկոպոս ու հիմնադիր առաջնորդ` Ֆրանսայի հայոց թեմին: Բացի ծրարը, որուն մէջ քանի մը ժապաւէններ կային: Շուտով անդրադարձայ, որ ձայնագրութիւնն էր Աւագ հինգշաբթիի արարողութեան` կատարողութեամբ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին: Կը նախագահէր հայր Նորվանը: Նոյն օրը, երեկոյեան, աշխատանքի սկսելէս առաջ, մեքենան սկսայ աշխատցնել եւ առաջին իսկ նոթերէն յայտնի էր, որ վայելք մը պիտի ըլլար ունկնդրութիւնը այդ անթերի կատարումին: Վերջաւորութենէն 30-40 վայրկեան առաջ, այն շարականը, որուն հազիւ կը հետեւէի հին օրերուն, հոս երգչախումբը շատ պատկառազդու հանդիսաւորութեամբ սկսաւ անոր կատարումին:
* * *
Եւ վերջապէս` Լոս Անճելըս: Նոր քաղաք ու նոր նահանգ: Յարատեւօրէն հին զգայնութիւնները, հին հաւատքին տեւականօրէն նորոգուող խորհուրդը անբաժանելիօրէն մեզի հետ էին` յաւիտենօրէն առինքնող ու քաշողական: Լոս Անճելըսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ դպրաց դասէն պոլսեցի դպիրներու, սարկաւագներու խումբը, յաճախ եկեղեցւոյ հովիւին` Շնորհք Ա. քահանային տիրական մասնակցութեամբը եւ աններող պահանջկոտութեամբ կարծէք, բայց` յանկուցիչ հաղորդականութեամբ, կը կատարէ առաւօտեան ժամերգութիւնը` շարականներով ողողուած պարունակը մեր քերթողութեան անստգիւտ արուեստին: Կարելի է հիանալ միայն այս շարականներու 1700-ամեայ տոկունութեան, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` իրենց կենսատու հրաշքին:
Անոնց ընկալչութիւնը հաւատացեալներէն բան մը պէտք է ընէ հայ անհատի սրտին խորունկ հիւսկէններուն հասնելու, վերածուելու համար հայ մարդու խառնուածքին, էութեան եւ ամրութեան: Այժմ, մեր օրերուն, այդ բոլորը ոչ զարմանալի, բնական, գրեթէ սովորական իրականութիւն կը թուին ըլլալ: Ապրումները այդ կառուցուածքէն հեղեղուող` մաս կը կազմեն մեր հայու լինելութեան բջիջային կորիզին ամէնէն դիմացկուն, սերունդէ սերունդ հեշտօրէն փոխանցուող կորիզային թթուէ կազմուած երանգամարմիններուն:
Բջջային այդ կրանիտէ աղիւսներուն մաս են կազմած նաեւ մեր շարականներու կախարդական, ալիք առ ալիք բարձրացող թրթիռները` իւրաքանչիւրը անոնց ճարտարապետելով մեր ազգային լաստակերտուածքը: Ո՞վ անտարբեր կրնայ մնալ, երբ ամէն Աւագ հինգշաբթի մատղաշ դպիրներու, սարկաւագներու դասը հանդարտ, պարուրիչ հնչիւններով կը սկսին խռովիչ ու փառաշուք շքեղութեամբ` շարականներու կատարումին: Օր մը ետք` Աւագ ուրբաթին, քահանային կամ հայր սուրբին աղօթքը Բարձրեալին ուղղուած մահը չքացնող, բայց մահը փառերգող տարբեր շարականին ու բոլորին շարահիւսուած բառերու այրող, չհատնող ու չհանգչող հրաբորբ տողերու շղթան կը կապէ անհատը` կատարող թէ ունկնդիր, մեր ինքնութեան անկործանելիութեան ու բոլորին էութիւնը ալեբախող հաւատքի դաշնութեան:
* * *
Կը յիշեմ` 10 կամ 12 տարեկան պէտք էր ըլլայի, երբ օր մը մեր տան մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ի ատենները, այնքան իրականօրէն լսեցի մեր մոլորակի ընդերքէն հասնող Երկրի հառաչանքը: Երկիրը կը դղրդար: Աղմուկը ահազդու սադրանքով, Երկրի ետ ու առաջ օրօրումով կը հասնէր: Կը սարսէր Երկիրը ամբողջ: Դեռ մինչեւ հիմա կ՛արձագանգէ ականջներուս մէջ, ու ատենը մէկ կը կարծեմ լսել շատ հեռուներէն, Երկրի ներքնախաւին ժայռերը խմորի վերածող տարտարոսային խառնարանէն եկող հռնդիւնը, որ աւետաբեր ոչինչ ունէր` բացի Երկիրը քանդող, աներեւակայելիօրէն ահասարսուռ ճարճատիւնէն: Երկրի սալայատակը կը բզկտուէր:
Այդպէս են նաեւ այդ շարականներէն յատկապէս «Արծաթսիրութեամբ»-ը, ուր կը կարդանք, կ՛երգենք` վկայելով ծանրագոյն ամբաստանութիւնը մարդկային թուլութեան: Մարդկային քստմնելի արարքի մը, երբ երգչախումբը վանկ առ վանկ կը տաղէ սայթաքածին էութիւնը` հողմացրիւ ընելով անոր մարդկային բնոյթը, երբ երգշախումբի հագագէն կ՛արձագանգէբոլոր ժամանակներու աններող հաստատումը` «Մերկացաւ յինքենէ Աստուածային Սուրբ Հոգին»: Այլ խօսքով, մարդը կը վերածուի անասունին, որմէ սերած էր մինչեւ ծորումը սրբալոյս միւռոնին` որեւէ անորոշութիւն չձգող պահը, երբ կը վկայենք, ականատեսները կ՛ըլլանք Ս. Հոգիի իջման` մարդը մարդացնող հրաշքի արարողակարգին:
Մեր պապերը հաւատացին այս բոլորին, այցուեցան ու մենք մեր կարգին կ՛այցուինք իրենց նման, անոր համեստացնող ու մեզի ժառանգուած խորհուրդէն: Տարին մէկ անգամ կը լսենք այդ շարականը, կը նորոգուինք, կրկին ու կրկին անգամ կը զգաստանանք անոր սաստող պատգամէն, եւ իւրաքանչիւրը մեզմէ իր ապրումներուն խորութեան չափով կը փորձէ լեցուիլ անոր պատկերներէն ու զրահուիլ անոր` Յակոբ Օշականի պատկերով, իմացական գերագահութեամբ:
Հիմա մենք, շատերը մեզմէ, տեղեակ չեն շարականէն եւ ուրեմն օտար` անոր խորհուրդին, բայց միեւնոյն ատեն զարմանալի չէ բնաւ տեսնել Աւագ շաբթուն, կիրակի օրերուն կամ շաբթուան պարզ օրերուն, երբ հաւատացեալները եկեղեցի կու գան` երիտասարդ աղջիկ կամ մայր կամ հայր կամ պատահական ոեւէ անհատ, մուտքի սեղանին դրուած պնակէն մէկ կամ երկու եւ կամ յաճախ ափ մը մոմ հինգ-տասը հատ, նայած` ափին լայնութեան, կամ զղջումի խոնարհեցնող ահագնութեան, կ՛առնէ` չմոռնալով զետեղելու ճշգրիտ գումարը, յաճախ` աւելին, այնքան զգուշութեամբ ու այնքա՜ն յուշիկ, բծախնդիր երկիւղածութեամբ սեղմած մոմերը, որպէսզի ոչ մէկը անակնկալօրէն չսահէր ափէն: Այդ այնքա՜ն յայտնօրէն բարբառող, խորազգաց զգայնութիւնը, հաւատքը կարծէք իրենց ափերուն մէջ թպրտացող սիրտերուն էին վերածուած եւ պատրաստ` խոյանալու վեր, դէպի անիմանալի դրախտը: Եկեղեցւոյ ներսը, մուտքէն անմիջապէս աջ կամ ձախ կողմը գտնուող մոմավառութեան կիսաբոլոր ու աւազով լեցուն տափակ տաշտին մէջ բացառիկ զգուշութեամբ կը վառեն մոմերը մէկիկ մէկիկ, իւրաքանչիւրը անոնցմէ` իրենց հաւատքին առկայծող լոյսին վերածուած: Ամէն մէկը այդ հաւատացեալներէն` իր վշտով փոթորկուած, ամէն մէկը իր հանգած սիրելին մղկտացող սիրով յիշող: Կը վառեն մոմերը, որպէսզի որեւէ անակնկալ մեղանչում չկատարեն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեր պապերն ու տատերը հաւատացին երկրին մէջ: Կ՛անդրադառնա՞ն արդեօք, թէ իրենց սրտերուն մէջ առկայծող անստերիւր հաւատքը եւ մէկ մոմ միայն անհրաժեշտ էին, որպէսզի հեւացող լոյսը մոմին իրենց աղօթքը հասցնէր Ամենակալին:
Լոս Անճելըս
1 յունուար 2019
(Շար. 1)


