Անդրադարձ

Ակնարկ.  Երեւան – Աթէնք – Նիկոսիա Առանցքը  Եւ Անգարայի Ջղաձգութիւնը

Ակնարկ. Երեւան – Աթէնք – Նիկոսիա Առանցքը Եւ Անգարայի Ջղաձգութիւնը

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գրառումին հակազդեցութիւնը Անգարայի կողմէ` ո՛չ միայն պետական առումով, այլ նաեւ ընդհանրապէս քաղաքական-հասարակական մակարդակի վրայ մերժելի է` բռնամիջոցի ամէնէն վայրագ դրսեւորումի պետականացման հասկացողութեամբ: Իսթանպուլը Կոստանդնուպոլիս դարձնելու առաջադրանքի Հայ դատի թուիթըրեան գրառումը ջղաձգութեան բարձր աստիճանաչափ արձանագրած էր Անգարայի պետական շրջանակներուն մէջ: Նախագահ Էրտողանի խորհրդականը կը սպառնար նման առաջադրանք ունեցողներուն գլուխը հեռացնել ուսերէն: Ֆիզիքական բռնամիջոցի այս սպառնալիքը, անկախ պետական...

Չարաբաստիկ Նորացուած Մատրիտեան Սկզբունքները

Հայաստանը Դէպի Ո՞ւր…

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Թէեւ քիչ մը շատ ուշացած եւ ներազգային առումով շատ վնասներ պատճառած, սակայն «ողջունելի» կը թուի ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վերջին նիստի գումարման ընթացքին Հայաստանի վարչապետին խօսքը, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ հասարակութեան մէջ մէկ տարիէ ի վեր տեղի ունեցած բռնութեան կոչերը, ատելութեան քարոզները, անհանդուրժողականութեան դրսեւորումները, հայհոյախառն ելոյթները, ընկերային ցանցերու վրայ կատարուող եղբայրասպան կռիւները արմատախիլ ընելու, օրէնքի  սահմաններու մէջ...

Մանուկին Ճաշարանը

Հենրիկին Կեցուածքը…

  ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Փոքր տարիքէս միշտ ալ հետեւած եմ մարզանքի ու մարզական կեանքին: Երկար տարիներ տրամադրած եւ խաղացած եմ պասքեթպոլ` տարբեր խումբերու մէջ, բայց միշտ ալ ֆութպոլը դարձած է հետաքրքրութիւնս եւ ուշադրութիւնս գրաւող աշխարհ, մանաւանդ` հայրենի ու հայաստանեան ֆութպոլային աշխարհը, որ մարզական հետաքրքրութենէն անցաւ աւելի անդին: Մեր պատանեկան տարիներուն եւ մեծնալու այդ շրջանին հայաստանեան ֆութպոլը եթէ մարզական խաղ էր,...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Մեր Ցաւերէն. Որպէսզի Քարոզի Չվերածուի

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քանի մը ամիս առաջ լոսանճելըսահայ մամուլին մէջ լոյս տեսած ծանուցում մը վրդովմունք պատճառած էր մեզի, վստահ ենք` նաեւ բազմաթիւ նախանձախնդիրներու: Կլենտէյլի «Պերճ» գրատունը կոչ ուղղած էր հանրութեան, որ գիրք չթափեն, այլ իրեն բերեն: Այս բարեմիտ ծանուցումին ետին տեսած էինք ողբերգութիւն մը` գիրք թափելու եւ ընդհանրապէս ընթերցումէ հեռանալու ողբերգութիւնը, օրին արձագանգած էինք սրտցաւօրէն: Եւ ահա, նոյն գրատունը տրտմեցնող երկրորդ...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Իր Ցեղին Սրտի Զարկերու Մէջ Մտած 135-ամեայ Մեր Հանճարեղ Բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի Երթը

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ «Հայը պիտի ապրի` հակառակ իր դահիճներուն: Ժանիքի դէմ ժանիք, թաթի դէմ թաթ վրիժառու» ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ Փոքր էի, դեռ գրել-կարդալ չգիտէի, մայրս միշտ մեզ համար կարդում էր տարբեր բանաստեղծութիւններ` տարբեր գրողներից, յատկապէս` արեւմտահայ: Անբացատրելիօրէն միայն երկու բանաստեղծութիւն էր անմիջականօրէն ազդել իմ վրայ, աւելի ճիշդ` այդ երկուսի մի քանի տողերը, լսածս պահից, պատկերաւոր կերպով տեղաւորուել էին իմ մէջ...

Դուք Էք Որոշում

Մի «Փոխհրաձգութեան» Պատմութիւն

ԷԴԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ Նիկոլ Փաշինեան-Բակօ Սահակեան փոխհրաձգութիւնից յետոյ շատ ջրեր պարզուեցին: Այլեւս կասկած չի մնում, որ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնների ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւնների մասին վստահեցումները դատարկ «կրակոցներ» են ընդամէնը, որոնց նպատակը բաւականին լուրջ գործընթացի քողարկումն է: Ինչպէ՞ս բնորոշել այդ գործընթացը` կը դժուարանանք ասել, բայց յստակ է, որ ՀՀ վարչապետն, ըստ էութեան, խայտառակ վերջնագիր է ներկայացնում Արցախի իշխանութիւններին, իսկ ԱՀ նախագահ...

Նամականի

Նամակ` Մամլոյ Լսարան Թիւ 153-ի Առիթով

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ»-ի, 6 յունիս 2019-ի երեկոյեան մամլոյ լսարան թիւ 153-ին, որուն նիւթն էր` «Սեւրի համաձայնագիրի 100-ամեակին ընդառաջ.  սահմաններ` Սեւրէն առաջ եւ ետք. Հայաստան եւ Միջին Արեւելք», ներկայ գտնուելով, հետեւեալ նկատողութիւնները եւ տպաւորութիւնները կը ներկայացնեմ. 1.- 10 օգոստոս 1920-ին Ֆրանսայի Սեւր քաղաքի յախճապակիի գործարանի մը ցուցասրահին մէջ ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը եւ ո՛չ թէ` համաձայնագիրը: Դաշնագիրները միջազգային իրաւական յատուկ...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Շահան Սրբազանէն Փոխանցուած Կայծերը…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ 2 յունիս 2019-ին բախտորոշ նոր էջ մը բացուեցաւ սուրիահայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ: Կատարուեցաւ թեմակալ նոր առաջնորդի ընտրութիւն: Առ այդ, 15 տարիներու բոլորանուէր ծառայութենէ մը ետք, Հալէպի պատմական թեմին սիրուած առաջնորդը` Շահան արք. Սարգիսեան, հրաժեշտ առաւ մեր գաղութէն ու վերադարձաւ իր հոգեւոր տունը` Անթիլիաս: Քանի մը օր առաջ, Դիմատետրի վրայ, այս նոյն առիթով, հալէպաբնակ համալսարանական քսանամեայ երիտասարդ մը գրի...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Գաղափարաբանական Հարցեր. Գերմանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարներու Ընկերային Բարօրութեան Նոր Մօտեցումը` Երրորդ Ուղիի Մահուան Յայտարարութենէն Ետք

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Մեր նախորդ յօդուածին մէջ յայտնած էինք արդէն, որ պիտի խօսինք Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ընկերային բարեկեցութեան նոր համակարգի տեսլականին մասին: Այդ տեսլականը ներկայացնելու իմաստով ալ այս յօդուածը նախորդին շարունակականութիւնը կը սեպուի: Ուրեմն, 10 փետրուար 2019-ին Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը հրապարակեց երրորդ ուղիէն հրաժարելու եւ ընկերային բարօրութեան նոր տեսլական մը որդեգրելու իր կեցուածքը: Նմանօրինակ քայլ մը կը համապատասխանէ եւ զուգահեռ...

«Ծայրայեղ» Ընկեր Րաֆֆիին

«Ծայրայեղ» Ընկեր Րաֆֆիին

ՍԷՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆ Սիրելի՛ Րաֆֆի, Թաղումէդ վերադարձիս ճիգ կը թափէի  փորձ մը ընելու եւ հասկնալու, թէ ճիշդ ի՛նչ պատահեցաւ... Շատ բան ունէի դեռ քեզի ըսելու, բայց, ափսո՜ս, որ ալ ժամանակ չկար դժբախտաբա՛ր. «ծայրայեղօրէն» արագ մեկնեցար: Որոշեցի անհաւատալի մահուանդ քառասունքին առիթով, հակառակ անոր որ ոչ մէկ ատեն հրապարակային գրութիւն մը ստորագրած եմ, գրել այն բաներուն մասին, որ կրնամ: Իսկ չըսուելիքը` մեր 2-րդ...

Փոխան Ափ Մը Հողի.  Ռուբէն Պարսումեան Հնագէտն Ու Թատերագէտը

Փոխան Ափ Մը Հողի. Ռուբէն Պարսումեան Հնագէտն Ու Թատերագէտը

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Հայոց պատմութեան չորրորդ եւ վերջին թագաւորութիւնը Ռուբինեան hարստութիւնն է: Հալէպահայութիւնն ալ ունի Ռուբինեան հարստութիւն մը  յանձին` Ռուբէն Պարսումեանի աւանդին: Ընթերցողներէն ոմանք այս եզրը չափազանցութիւն կրնան նկատել, սակայն հանգուցեալ Ռուբէն Պարսումեան հա՛յ մարդը ճանչցողները` անկասկած պիտի հաստատեն բնորոշումս: Հալէպի հին քաղաքի թաղամասերէն դէպի  Ճիտէտիէի շուկան եւ Սալիպէի շրջանը տանող փողոցը կը կոչուի  Աուէճեթ Քայեալի,  իսկ հալէպահայերը, որ ծանօթ են...

Անդրադարձ.  Առյաւէտ Կորսնցուցինք Արեւմտահայերէնի Պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը

Ժպիտը Եւ Նուիրումի Օրինակը (Րաֆֆի Մարկարոսեանի Յիշատակին)

ՍԱՐԳԻՍ ՊՈՒՏԱԳԵԱՆ Անհոգ տարիներ էին. մենք` աշակերտներ, գրասեղանի ետին, կողք-կողքի, ապա բակին մէջ մարզանքի պահուն կամ զբօսանքին, զրոյցներ, կատակներ, չարաճճիութիւններ, աշակերտական բաժիններ, դասարանային պարտականութիւններ, երբեմն իրար օգնելով, երբեմն` մէկը միւսին բացը լրացնելով: Հաւանաբար սովորական, աշակերտական կեանքի քաղցր պահեր, որոնք ժամանակի թաւալումին հետ հազիւ յուշ էին: Իւրաքանչիւրս իր կեանքի ճամբան բռնած, կարծես ետ նայելու ոչ թէ տրամադրութիւնը, այլ ժամանակը չունէինք®. Երկարատեւ...

Հոգեգալուստ

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն ՎԻԳԷՆ ՎՐԴ. ՏԱԼԳԼԸՃԵԱՆ Բաբելոնեան աշտարակաշինութեամբ մարդիկ տեսակ մը ապստամբութիւն կազմակերպեցին Աստուծոյ դէմ եւ իրենց հանճարով ուզեցին իրենց փրկութիւնը ապահովել: Այս պատճառով ալ, անոնք աշտարակ շինեցին, որպէսզի եթէ կրկին անգամ ջրհեղեղ տեղի ունենայ, անոր միջոցով պաշտպանուին: Արդ, երբ Աստուած տեսաւ, որ մարդկային այս միտքը մարդուն առաւել կորուստին եւ չարութեան կը ծառայէ, մարդկային ցեղը ազգերու եւ լեզուներու...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Սլաք. Թրամփ Ինչո՞վ Ետ Կը Մնայ Ուրիշներէ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Խելամիտ մարդիկ զարմանքով իմացան, որ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի անունը առաջարկուած է իբրեւ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու: Զարմանալի կը նկատուի, որ Թրամփ ի՛նք յանձնարարած է Ճափոնի վարչապետին` առաջարկել իր անունը, ան ալ չէ հերքած նման քայլի մը դիմած ըլլալը: Ի վերջոյ, ան ալ թրամփեան աղբիւրէ ջուր խմողներու շարքին կը դասուի... Ես ալ կը զարմանամ, թէ մարդիկ ինչո՞ւ կը զարմանան...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ. Թրամփ Առաջադրուած Է Նոպելեան Խաղաղութեան Մրցանակի…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Մինչ նախագահ Թրամփ այս շաբաթ այցելութեամբ մը կը գտնուի Ճափոն, ճիշդ ժամանակն է մեկնաբանելու Ճափոնի վարչապետ Շինծօ Ապէի` Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի համար Թրամփի առաջադրումը: Այդ առաջադրման մասին յայտարարած է ոչ ուրիշ մէկը, քան անձամբ ինք` նախագահ Թրամփ, պարծենալով, որ Ապէ իրեն տուած է օրինակը «հինգ էջնոց ամէնէն գեղեցիկ նամակին, զոր ինք ուղարկած...

Եռագոյն Փետրուար

Մեր Տարտն Ու Ցաւը… Մեր Հարցը…

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ Շատեր մեզ հարցասէր, կռուազան, անկիրթ ու անհանդուրժող կը սեպեն, քիչ չեն նաեւ մեզ «չոր գլուխ» համարողները... Այո՛ այդպէս ենք: Իսկ մեր հարցերուն հարցը, զուտ, հարիւր տոկոս, մեր ժողովուրդը բարօր, ուրախ, կազմակերպ ու ապահով տեսնելն է: Մենք կռուազան եւ անհանդուրժող ենք նաեւ իրար մէջ, որովհետեւ երբ կեանքը փորձութեան կը մատնէ մեզմէ ոմանց, եւ մեզմէ ոմանք յղփանալով` կը դառնան հեշտասէր...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Թուրքիան Շրջապատուած Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ` Սուրիոյ Մէջ

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւնները Պոլսոյ մէջ պիտի կրկնուին, եւ նախագահ Էրտողանի համար ասիկա ընտրական պայքարէ շատ աւելին է: Եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը դարձեալ պարտութիւն կրէ, ապա Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի քաղաքական ժամանակաշրջանի գոյատեւումը հարցականի տակ պիտի առնուի: Քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 23 յունիսին. քրտական հարցը, երկրին տնտեսական տագնապը եւ Սուրիոյ պատերազմը ազդեցիկ դերակատարներ են ընտրութեան արդիւնքներուն վրայ: 21...

Բաց Նամակ` Միջդպրոցական Մրցանքներ Եւ Ձեռնարկներ Կազմակերպող Միութիւններու Եւ…

Բաց Նամակ` Միջդպրոցական Մրցանքներ Եւ Ձեռնարկներ Կազմակերպող Միութիւններու Եւ…

ԱՆԻ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ-ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Յարգելի՛ բարեկամներ, Նախ` կը գիտակցինք եւ կը գնահատենք  այն  աշխատանքը, որ կամաւոր կերպով  կը  կատարէք` ի խնդիր հայկական մշակոյթի  տարածման ու քաջալերանքին: Նոյնպէս  շնորհակալութիւն կը յայտնենք ազնիւ  բարերարներուն, որոնք  նոյն  գիտակցութեամբ հաստատած են ֆոնտեր` նիւթապէս  գնահատելու համար մասնակից աշակերտը, հաւատալով, որ  ան աւելի քաջալերուած եւ նիւթական շահ  ապահովելու նկատառումով  աւելի լաւ կը  պատրաստուի մրցանքին (ներեցէք,  որ անվարան  ըսեմ,...

Առանձնացած Յոբելեարը

Առանձնացած Յոբելեարը

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ 29 մայիսին Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Մ. Աբեղեան»-ի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ կայացած Լեւոն Շանթին նուիրուած գիտաժողովի բացման Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանին խօսքը` ստորեւ: Այս տարի, Աստուծոյ կամքով, Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակն է: Լեւոն Շանթի մասին խօսելով` Աստուծոյ խօսք ընել արդէն ինքնին սրբապղծութիւն է. ան անսրբագրելի անաստուած մըն էր. անոր հաւատքը...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Տօն Է Բազմաշխատ Մահուան Գէորգին` Սասնոյ Հարազատ Մեծանուն Քաջին

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ծնողքը կը փափաքէին, որ գրել-կարդալ սորվի, որպէսզի քահանայ ձեռնադրուի: Այդ նպատակով 1876-ի մայիսի 14-ին, պատանի հասակին, զինք ղրկեցին Մշոյ Ս. Առաքելոց վանքը: Հոն հանդիպեցաւ Արաբոյին եւ այլ ֆետայիներու: Երկու տարի ետք, 1878-ի մայիսի 4-ին հրաժարեցաւ վանքէն, վերադարձաւ տուն: Եւ, ինչպէս ան կը գրէ իր յուշերուն մէջ, «այնուհետեւ իմ գործը շարունակ զէնքերը եղան»: Այսպէս յայտնուեցաւ մեր ազատագրական պայքարի խիզախագոյն...

Page 446 of 807 1 … 445 446 447 … 807

Արխիւներ