Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2019 տարին հռչակեց «Հայ մամուլի տարի»` լուսարձակի տակ առնելով հայ մամուլին դերակատարութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը հայկական իրականութեան մէջ, բայց եւ այնպէս, «Ազդակ»-ին համար տարին յատկապէս բնորոշուեցաւ տնտեսական տագնապին դէմ պայքարով: Արդարեւ, տարուան սկիզբէն հետզհետէ զգալի դարձող տնտեսական ճնշող պայմանները աւելի ծանրացան եւ մտահոգիչ դարձան ընդհանրապէս լիբանանեան մակարդակի վրայ տիրող ընկերային-տնտեսական սուր տագնապի ծայր առնելով, որ իր գագաթնակէտին հասաւ եւ չափազանց մտահոգիչ դարձաւ 17 հոկտեմբեր 2019-ին տեղի ունեցած ժողովրդային շարժումով, կառավարութեան հրաժարումով եւ պետական կառոյցներու անդամալուծութեամբ:
Ճիշդ է, որ մամուլը խօսքի դրսեւորման եւ արտայայտութեան միջոց է, անշօշափելի արժէքներու ջատագովն ու տարածողը, բայց եւ այնպէս, գոյատեւելու եւ շարունակելու համար անիկա անպայման կարիք ունի նիւթական միջոցներու, որոնք հետզհետէ սկսած են նուազիլ: Այս իրողութեան դէմ յանդիման «Ազդակ» կոչով դիմեց իր ընթերցողներուն` նեցուկ կանգնելու օրաթերթին. զօրակցողներն ու օժանդակողները անպակաս եղան, սակայն` տագնապին սրութեան ոչ համապատասխան տարողութեամբ: «Հայ մամուլի տարի» յայտարարած վեհափառը եղաւ գործնական քայլ առնող առաջիններէն` «Ազդակ»-ին, «Արարատ»-ին եւ «Զարթօնք»-ին յատկացնելով տասական միլիոն լիբանանեան թղթոսկի` առ ի գնահատանք ու զօրակցութիւն անոնց կատարած աշխատանքներուն:
Բայց եւ այնպէս, օրաթերթը գործեց բնական ընթացքով, առանց որեւէ մէկ փոփոխութեան, միեւնոյն թափով, կորովով ու վճռակամութեամբ, հաւատարիմ` իրեն յանձնուած ջահը միշտ լուսաւոր պահելու կոչին:
Մամլոյ Լսարաններ
Այս տարի եւս շարունակուեցան «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարանները, որոնք իրենց շուրջ համախմբեցին` մտաւորականներ, մամլոյ գործիչներ, գրասէրներ, երիտասարդներ եւ ներկայացուած նիւթերով հետաքրքրուողներ, եւ որոնք տեղի ունեցան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
– 4 յունուար 2019-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մամլոյ 144-րդ լսարանը` Նոր տարուան բացառիկի ներկայացումով, ինչպէս նաեւ` «Ապագայ լրագրողներ»-ու վարժողական ծրագիրին հետեւած երիտասարդներուն հաստատագիրներու տուչութեամբ: Խօսքեր արտասանեցին` «Ազդակ-բացառիկ»-ի խմբագիր եւ «Ապագայ լրագրողներու» վարժողական ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան, «Ազդակ»-ի բացառիկներու նախկին խմբագիր եւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու դասախօս Վիգէն Աւագեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ եւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու դասախօս վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, «Ազդակ»-ի աշխատակիցներէն Յարութ Չէքիճեան, «Ազդակ»-ի աշխատակիցներէն Սալբի Գասպարեան, Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ»-ու վարժողական ծրագիրին հետեւած երիտասարդ աշխատակից Քրիստ Իսկէնտէրեան, «Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն, պատմաբան եւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու դասախօս Երուանդ Փամպուքեան:
Հաւաքի աւարտին «Ապագայ լրագրողներ»-ը` Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լոռի Գորէսեան, Արենի Խաչատուրեան, Նանի Գալուստեան եւ Քրիստ Իսկենտերեան ստացան իրենց հաստատագիրները` ձեռամբ Երուանդ Փամպուքեանի, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ խմբագրապետ Շահան Գանտահարեանի:
– 14 յունուար 2019-ին` 145-րդ լսարանին, տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը 1946-1970» աշխատութեան, որուն հեղինակն է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտաշխատող դոկտ. Անի Ֆիշէնկճեանը: Գիրքը ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը: Սրտի խօսքով հանդէս եկան պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Խօսք առաւ գիրքի հեղինակ դոկտ. Անի Ֆիշէնկճեան:
– 27 փետրուար 2019-ին կայացաւ «Ազդակ»-ի 146-րդ մամլոյ լսարանը, որ նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին, եւ որուն ընթացքին արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ներկայացուց Թումանեանը` հայ կերպարուեստին մէջ:
– 7 մարտ 2019-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի 147-րդ մամլոյ լսարանը, որ նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին, եւ որուն ընթացքին արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ներկայացուց Կոմիտասը` հայ կերպարուեստին մէջ:
– 8 մարտ 2019-ին տեղի ունեցաւ մամլոյ 148-րդ լսարանը, որուն զեկուցաբերն էր Թոքիոյի օտար լեզուներու համալսարանի Ասիոյ եւ Ափրիկէի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքի գիտաշխատող, հայագէտ դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա, որ ներկայացուց ներկայիս Ճափոնի մէջ հայագիտութեան վիճակը եւ հայ-ճափոնական յարաբերութիւնները:
– 4 ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան կազմակերպած մամլոյ թիւ 149-րդ լսարանը` «Ցեղային քաղաքականութիւնը, Միացեալ Նահանգները եւ հայերը» նիւթով, զոր ներկայացուց Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանի ուսումնական խորհուրդի վարիչ տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը:
– 5 ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցաւ մամլոյ 150-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայաստանի թատերական կեանքը` այսօր»: Նիւթը ներկայացուցին Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի տնօրէն Արման Նաւասարդեան եւ գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեան:
– 11 ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցաւ մամլոյ 151-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Յակոբ Օշականի փոքր արձակը»: Նիւթը ներկայացուց Երեւանի պետական համալսարանի հայ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի դասախօս Մարինէ Ղազարեան:
– 17 ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցաւ մամլոյ 152-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայ երգի ազգային նկարագիրը եւ ազատագրական ու հայրենասիրական գաղափարներու եւ կոտորածներու արտացոլումը Կոմիտասի երաժշտութեան մէջ», զոր ներկայացուց Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Ռէյիսեանը:
Կոմիտասեան կատարումներով լսարանին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի: Այս առիթով «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը նշեց, որ այս ձեռնարկով «Ազդակ» իր համեստ ներդրումը կ՛ունենայ Կոմիտասի 150-ամեակին:
– 8 մայիս 2019-ին կայացաւ 153-րդ լսարանը, որուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան ներկայացուց «2019-ի յոբելեանները Հայաստանի մէջ (Թումանեանի, Կոմիտասի, Շանթի եւ Օտեանի 150-ամեակ, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Գէորգ Էմինի 100-ամեակ)» նիւթը: Ձեռնարկը կազմակերպած էր «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը` համագործակցութեամբ Համազգայինի Գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին:
– 6 յունիս 2019-ին տեղի ունեցաւ մամլոյ 154-րդ լսարանը` Սեւրի համաձայնագիրի 100-ամեակին ընդառաջ նիւթով: Կլոր սեղան-քննարկումի բնոյթ կրող մամլոյ լսարանին նիւթն էր «Սահմաններ` Սեւրէն առաջ եւ ետք. Հայաստան եւ Միջին Արեւելք»:
Քննարկումը վարեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեան, իսկ օրուան զեկուցաբերներն էին` Միշիկըն-Տիրպոռն համալսարանի դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան` «Հայաստան. սահմաններ եւ պահանջներ (1828-1953) նիւթով, եւ Ժընեւի համալսարանի դասախօս դոկտ. Վիգէն Չթըրեան` «Սեւրէն ետք` սահմանային խնդիրներ Միջին Արեւելքի մէջ» նիւթով:
– Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան եւ համագործակցութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, 5 յուլիս 2019-ին տեղի ունեցաւ մամլոյ 155-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Փարիզի Հայ թատրոնի ընկերակցութեան յայտնաբերած թատերական գործերը», իսկ զեկուցաբերը` «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան:
– Գործակցաբար, «Վանայ ձայն»-ին եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, 10 յուլիս 2019-ին տեղի ունեցաւ մամլոյ 156-րդ լսարանը, որուն ընթացքին հայրենի լրագրող, հաղորդավար եւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Վահագն Զաքարեան խօսեցաւ «Մշակութային կեանքը այսօրուան Հայաստանի մէջ» նիւթին մասին:
Շնորհահանդէսներ
– Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին եւ Համազգայինի Գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին, 13 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պօղոս Շահմելիքեանի «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, «Ազդակ»-ի խմբագրութեան անունով խօսք առաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեան, հատորը ներկայացուց Յունաստանէն յատկապէս այս առիթով Լիբանան գտնուող կրթական-հասարակական գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան, ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց հատորի խմբագիր Արմէն Իւրնէշլեան:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սելլա Թնճուկեանին խօսքը կարդաց Սալբի Խաչատուրեան-Աւետիս: «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ուղղեցին իրենց սրտի խօսքերը:
Ապա խօսքը տրուեցաւ հատորի հեղինակ Պօղոս Շահմելիքեանին, իսկ եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ հեղինակին բարեկամը` Եփրեմ արք. Թապաքեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօն եւ գիրքի մակագրութիւն:
– 14 յունիս 2019-ին տեղի ունեցաւ դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը հովանաւորած էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, կազմակերպած` «Ազդակ» օրաթերթը եւ Գիր ու գրականութեան մասնաճիւղը:
Համազգային գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սրբուկ Ճենանեան: Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» հատորը ներկայացուց սփիւռքահայ մամուլի աշխատակից, բանասէր Աւօ Գաթրճեանը: Խօսք առաւ գիրքի հեղինակ դոկտ. Վահէ Թաշճեան:
Սրտի խօսք արտասանեց «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» հատորով ներկայացուած կրթական գործիչ Գրիգոր Պողարեանի զաւակը` ազգային գործիչ Գրիգորիս Պողարեանը, իսկ եզրափակիչ խօսք արտասանեց Շահան արք. Սարգիսեան: Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը:
Այլ Նախաձեռնութիւններ
Հայ մամուլի տարի
– Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2019-ը «Հայ մամուլի տարի» հռչակելու առիթով Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցան խորհրդակցական հանդիպումներ` ապրիլ 2019-ին, զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ գործող գլխաւոր խմբագիրներու եւ մամուլի հեղինակաւոր գործիչներու` համահայկական համաժողով կազմակերպելու համար:
Խորհրդակցութեան մասնակցեցան` Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէն եւ Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Զարթօնք»-ի տնօրէն Սեւակ Յակոբեան, «Արարատ»-ի խմբագիր Աւետիս Փօշողլեան, կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, կաթողիկոսութեան հայագիտական-կրթական գրասենեակի պատասխանատու Ժիրայր Դանիէլեան, Տեղեկատուական բաժանմունքի տեսուչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:
– Հայ մամուլի համահայկական համաժողովը տեղի ունեցաւ 2-4 յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ վեհափառ հայրապետին: Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ գործող տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլի շուրջ 100 տնօրէններ, գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ:
Կաթողիկոսին` «Հայ մամուլի տարի» հռչակման կոնդակին եւ համաժողովին բացման իր պատգամին, ինչպէս նաեւ համաժողովի ընթացքին ներկայացուած զեկոյցներու լոյսին տակ ներկաները հանգամանօրէն քննարկեցին Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնական հարթութեան վրայ ձեւաւորուելիք հայկական լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիները, նորարար արհեստագիտութեան ներմուծած մարտահրաւէրները, ընկերային ցանցերու վրայ լրատուական գործունէութիւն ծաւալելու երեւոյթը, տեղեկատուական անվտանգութեան եւ հաւաստիութեան խնդիրները, միջազգային հանրային կարծիքի ստեղծման նպաստող գործօնները, մամուլ-ինքնութիւն եւ մամուլ-մշակոյթ կապը, մամուլի մէջ բազմակարծութեան եւ խօսքի ազատութեան դրսեւորման անհրաժեշտութիւնը, համազգային պահանջատիրութեան մէջ մամուլին ունենալիք դերը եւ մամլոյ առաքելութեան առնչուած այլ խնդիրներ:
Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համաժողովին մասնակցեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրապետ եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որ ներկայացուց «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք համագործակցութիւն. խնդիրներ եւ ընելիքներ» խորագիրով զեկուցում:
– Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հրաւէրով Հայաստանի դեսպանատան մէջ 5 մարտին տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում` հայ մամուլի եւ ձայնասփիւռի կայաններու տնօրէններու եւ գլխաւոր խմբագիրներու հետ: Հանդիպումին ներկայ էին դեսպանութեան Գ. քարտուղար Դաւիթ Ալավերդեան եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեան: Խորհրդակցութեան օրակարգը կը վերաբերէր Հայաստան-սփիւռք տեղեկատուական հարթութեան վրայ համագործակցութեան նոր ուղիներուն եւ համահայկական օրակարգերու ձեւաւորման առընթեր հայկական լրատուամիջոցներու համարժէք արձագանգումներու առաջադրանքին:
-16 մարտ 2019-ին Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Լիբանան այցելեց` ընկերակցութեամբ Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանի: Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան զեկուցեց Արցախի զարգացման ծրագիրներուն եւ կառավարութեան կողմէ ճշդուած առաջնահերթութիւններուն մասին` կարեւոր նկատելով ԱՌԻ-ի ներդրումային եւ յատկապէս բնակարանային ծրագիրներու իրականացումը: Իր հերթին, Շահումեանի վարչական շրջանի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան զեկուցեց իր ղեկավարած շրջանի ընձեռած զարգացման կարելիութիւններուն մասին` յատկապէս խօսելով գիւղատնտեսութեան, անասնապահութեան, մեղուաբուծութեան, վանքային համալիրներու եւ կոթողներու առումով զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մասին:
Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ Արցախի պետական հիւրերը պատասխանեն լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն:
– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած` Հայ մամուլի համահայկական համաժողովի Արցախի պատուիրակութիւնը այցելեց «Ազդակ» եւ Շահան Գանտահարեանին յանձնեց Արցախի «Մայրութիւն» հասարակական կազմակերպութեան «Մայրական երախտագիտութիւն» յուշամետալը: Զայն յանձնեց Արցախի «Ապառաժ» պարբերականի վերլուծաբան Միքայէլ Հաջեանը` նշելով, որ «Ազդակ»-ը` ի դէմս Գանտահարեանի, մնայուն կերպով սատար կանգնած է Արցախին ու Արցախի ժողովուրդին` թէ՛ պատերազմի ժամանակ, թէ՛ յետպատերազմական տարիներուն, թէ՛ վերականգման ու վերակառուցման շրջանին եւ թէ՛ այսօր:
Հաջեան կարեւոր նկատեց «Ազդակ»-ի դերն ու նշանակութիւնը ո՛չ միայն սփիւռքի, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան համար: Ան շեշտեց, որ երբ կը խօսինք հայ մամուլի գործիչներուն, թերթերուն համագործակցութեան մասին, ապա Շահան Գանտահարեանը այդ համագործակցութեան կարեւոր ուղենիշներէն մէկն է, ապա ընդգծեց, որ «Ազդակ»-ը մնայուն կերպով Արցախով կը շնչէ, ու եթէ բանանք «Ազդակ»-ի որեւէ թիւ, հոն անպայման անդրադարձ կայ Արցախին:
«Բազմաթիւ պարգեւատրումներ կատարուած են, բայց այս մէկը իսկապէս յուզեց, մանաւանդ որ Արցախէն է: Արցախը իսկապէս առանցքային դեր ունի մեզի համար: Ասիկա ես կը համարեմ «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքին նուէրը, որովհետեւ ես առանձին չեմ կրնար իրականացնել այն, ինչ որ կը կատարէ «Ազդակ»-ը` առհասարակ», շնորհակալութեան խօսքին մէջ նշեց «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիրը:
– Հայ մամուլի տարուան ծիրին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, ուրբաթ, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի ժամերգութիւն, որուն աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` լիբանանահայ մամուլի ննջեցեալ մշակներու հոգիներուն համար:
«Լոյսի զաւակներու վայել կեանք ապրեցէք, որովհետեւ լոյսի պտուղներն են բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը», ըսաւ սրբազան հայրը իր պատգամի սկզբնաւորութեան` աւելցնելով, որ Մեծ պահքի այս վերջին ժամերգութեան ընթացքին, ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի պատգամին` յարմար նկատած է, որ «Հայ մամուլի տարուան» առիթով մեր իմացական եւ հոգեւոր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք յիշատակին վրայ բոլոր այն երախտաւորներուն, որոնք հայ մամուլին ճամբով ծառայեցին մեր ժողովուրդին եւ այսօր իրենց յաւիտենական հանգիստէն կը հետեւին մեր քայլերուն, յաջողութիւններուն եւ դժուարութիւններուն:
Նարեկ արքեպիսկոպոս իր բարձր գնահատանքը յայտնեց` խոնարհելով յիշատակին դիմաց լիբանանահայ մամուլի ննջեցեալ սպասաւորներուն եւ միաժամանակ իր գնահատանքը յայտնեց այսօր հայ մամուլը կենդանի ներկայութիւն դարձնող մեր բոլոր մշակներուն եւ աղօթեց, որ հայ մամուլը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մնայ իր պատասխանատու դերակատարութեան մէջ, շարունակէ ըլլալ բարութեան, արդարութեան ու ճշմարտութեան մարտահրաւէրը` մեր բոլորին կեանքը առաջնորդելու համար դէպի մեր հոգեմտաւոր արժէքները:
Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը աղօթեց, որ Աստուած իր երկնային խաղաղութեան մէջ հանգչեցնէ մեր մամուլի ննջեցեալ սպասաւորները, նաեւ ուժ եւ կորով տայ այսօրուան մեր սպասաւորներուն եւ մեզ բոլորս արժանի զաւակները դարձնէ մեր մշակոյթի պահպանման եւ ծաղկման:
– 7 դեկտեմբեր 2019-ին լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութեան նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր անոր` «Հայ մամլոյ տարուան» առիթով եւ Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ իր կատարած նիւթական աջակցութեան համար` լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն:
Վեհափառ հայրապետը գնահատելով օրաթերթերուն տարած աշխատանքը` վերաշեշտեց հայ մամուլին առաքելութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` հայապահպանման եւ հանրային կարծիքի ճիշդ հունաւորման դերակատարութիւնը ընդգծելով:
Այնուհետեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուած Հայ մամուլի համահայկական համաժողովէն բխած առաջադրանքները իրականացնելու կարելիութիւններուն վրայ: Տնօրէնները զեկուցեցին տարբեր լրատուամիջոցներու հետ կայացած խորհրդակցական հանդիպումներուն մասին: Գոյացած է արդէն ընդհանուր համաձայնութիւն` համաժողովները հերթականութեամբ գումարելու անհրաժեշտութեան շուրջ:
Համաժողովէն բխած համակարգող խորհուրդը իր յառաջիկայ նիստը պիտի գումարէ Անթիլիասի մէջ, 2020-ի փետրուարին: Խորհուրդին մէջ ներառուած էին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն ու սփիւռքէն հետեւեալ մամլոյ պատասխանատուները. Արամ Անանեան («Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն), Սաթիկ Սէյրանեան (Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ), Տիգրան Յարութիւնեան (Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ), Շահան Գանտահարեան («Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն), Սեւակ Յակոբեան («Զարթօնք» օրաթերթի տնօրէն), Անի Եփրեմեան («Արարատ» օրաթերթի տնօրէն), Միքայէլ Հաջեան (Արցախի հանրային ռատիոյի աւագ վերլուծաբան):
– Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, շաբաթ, 26 յունուար 2019-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայազգի Կարօ Փայլան հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Կարօ Փայլան ներկայացուց Թուրքիոյ իրավիճակը` ներքին եւ արտաքին զարգացումներու լոյսին տակ, կեդրոնանալով Թուրքիոյ հայութեան եւ փոքրամասնութիւններուն սպառնացող վտանգներուն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Արցախի հարցի զարգացումներուն վրայ:
Փայլան շեշտեց, որ Թուրքիա կը խուսափի առերեսուելու իր անցեալին հետ: Անոր կարծիքով, Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը հիմք կրնայ ծառայել արդարութեան հաստատման եւ բազմաթիւ անլոյծ հարցերու լուծման:
Ապա տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, որուն ընթացքին Կարօ Փայլան յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տուաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հարցումներուն:
– 4 մարտին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` ընկերակցութեամբ նոր երրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեանի եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գործող «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայան, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ:
«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրն ու տնօրէնը` Շահան Գանտահարեան դիտել տուաւ, որ ուրախութիւն է դեսպանը ընդունիլ, մանաւանդ որ ան մօտէն կը հետեւի լրատուական դաշտին, ուր մեծ փորձառութիւն ունի: Ան տեղեկացուց, որ «Ազդակ» նաեւ կը լուսաբանէ հայաստանեան իրադարձութիւնները, տարբեր առիթներով թերթին լրագրողները այցելած են հարաւ, ուր տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մէջ կան նաեւ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող հայ զինուորներ, որոնց համար եւս ուրախալի եղած են նման այցելութիւններ: Շ. Գանտահարեան յայտնեց, որ տեղեկատուական առումով համագործակցութիւնը միշտ մնայուն եղած է թէ՛ Հայաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններուն եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հետ, հաստատելով, որ այս հաւաքական ճիգը կը նպատակադրէ սատար կանգնիլ, համագործակցիլ եւ ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեան:
Դեսպանը իւրայատուկ եւ արտայայտիչ նկատեց թերթին անունը` «Ազդակ», որ, անոր համաձայն, հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան եւ լրատուութեան պատմութեան հարուստ կէտերէն մէկն է: Ան հաստատեց, որ ինք ամէն առաւօտ կը բանայ օրաթերթը` տեսնելու, թէ ինք ի՛նչ ազդակներ կը ստանայ հոնկէ եւ աւելցուց, որ նոյնն է պարագան լիբանանահայութեան եւ սփիւռքահայութեան: «Ազդակ»-ի մէջ շատ բարձր մասնագիտական մօտեցում կայ, դիտել տուաւ դեսպան Աթաբէկեան` լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ այսօր ամբողջ աշխարհին մէջ լրատուութիւնը դասական կանոններէն կը շեղի, եւ յստակ չէ` ինչպիսի՛ կանոններով կ՛ընթանայ: «Ձեր թերթը կրնայ օրինակելի ըլլալ լրատուութեան իմաստով, թէ՛ խորագիրներուն ընտրութիւնը, թէ՛ նիւթերուն առաջնահերթութիւնը շատ փառահեղ, բարձր մասնագիտական մօտեցումներով կատարուած են: Կը հիանամ նաեւ էփլիքէյշընով, որ շատ լաւ մտածուած ու մատչելի է», հաստատեց ան:
– Նոր տարուան գիշերը Կեդրոնական Պէյրութի մէջ կազմակերպուած խրախճանքին մասնակցած մեծ թիւով երգիչներու, նուագախումբերու, «Տի. Ճէյ.»-ներու եւ պարախումբերու ելոյթներէն մէկուն ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ պարախումբ մը, որ ներկայացուցած է լիբանանեան աւանդական շուրջպարը (տապքէ):
Այդ պարախումբի ելոյթին ընթացքին շուրջ 30 հոգի բեմին շուրջ կանգնած են իրենց ձեռքին ունենալով օրաթերթ մը, որ այս պարագային դարձաւ «Ազդակ»-ը` շնորհիւ կազմակերպիչ յանձնախումբին մէջ գտնուող հայ անհատներու անձնական նախաձեռնութեան: Այսպիսով, «Ազդակ»-ը անմասն չմնաց նաեւ Նոր տարուան խրախճանքէն:
– Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ին, չորեքշաբթի, 19 յունիս 2019-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն Քրիստ Իսկենտերեանի գեղանկարչական առաջին անհատական ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին:
Բացման ու բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան, ապա խօսք առաւ եւ երիտասարդ գեղանկարիչի գործերուն մասին խօսեցաւ «Ազդակ»-ի «Արուեստի էջ»-ի պատասխանատու, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, իսկ աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Քրիստ Իսկենտերեան:
– Թուայնացման աշխատանքներու ծիրին մէջ Փարիզի մէջ 1985-2002 լոյս տեսած «Կամք» օրաթերթի հաւաքածոն ամբողջովին թուայնացուեցաւ այս տարի: «Ազդակ»-ի բարեկամներէն Յակոբ Ենիգոմշեան ո՛չ միայն ամբողջական հաւաքածոն տրամադրեց «Ազդակ»-ին, այլ նաեւ իրականացուց անոր փոխադրութիւնը Փարիզէն Պէյրութ: «Կամք»-ի տպագիր օրինակներու ամբողջութիւնը մաս կազմեցին «Ազդակ»-ի գրադարանին:
– Հայաստանի Ազգային գրադարանին կազմակերպած մամլոյ գիտաժողովի վերջին նիստին (դեկտեմբեր 2019) Ազգային գրադարանի տնօրէնի տեղակալ Հայկանուշ Ղազարեան յայտարարեց, որ Ազգային գրադարանը պիտի ստանձնէ ամբողջ «Ազդակ»-ի հաւաքածոյին մատենագիտութեան պատրաստութեան աշխատանքը:
Ազգային գրադարանը ունի մատենագիտութեան բաժին, ուր մատենագէտներ հսկայ աշխատանք կ՛իրականացնեն ամէնէն գիտական մօտեցումներով` ամբողջական տեսքի բերելու համար կարեւորագոյն գիտաշխատութիւններու եւ պարբերականներու մատենագիտական ուսումնասիրութիւնները:
«Ազդակ» օրաթերթի, բացառիկի եւ յաւելուածի ժողովածուներու մատենագիտական ուսումնասիրութիւնները պիտի գան համալրելու Ազգային գրադարանի մամլոյ մատենագիտական նիւթերուն հարուստ հաւաքածոն:
«Ազդակ-Գաղափարաբանական» Յաւելուածի 2-րդ Թիւ`
Ռոստոմի Մահուան 100-Ամեակին Նուիրուած
ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան անդամ Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) մահուան 100-ամեակին առիթով, հինգշաբթի, 27 յունիս 2019-ին լոյս տեսաւ «Ազդակ-գաղափարաբանական» յաւելուածին երկրորդ թիւը` 16 մեծադիր էջերով:
Այս թիւին իւրայատկութիւնը այն էր, որ կը բացուէր Ռոստոմի տիպարը պատկերող գեղարուեստական գունաւոր նկարով, որ յատուկ «Ազդակ»-ին նուիրած էր նկարի հեղինակ, լիբանանահայ գեղանկարիչ Արա Ազատ:
Յաւելուածը իր աշխատակցութեամբ հարստացուց բացառապէս սփիւռքահայ դաշնակցական մտաւորականներու խումբ մը:
Առաջին էջին վրայ հրապարակուած էր Ռոստոմի ընդարձակ կենսագրականը: Հոն տեղ գտած էին նաեւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի գրիչով Ռոստոմի տիպարը վեր առնող` «Ղեկավարի ռոստոմեան այբուբենը» խորագիրով յօդուածը եւ մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեանի ուսումնասիրութիւնը` բնագիրներուն ընդմէջէն Ռոստոմի գաղափարական աշխարհին մասին:
Յաջորդող էջերուն մէջ կային արխիւային նիւթեր Ռոստոմէն եւ անոր մասին` անոր ժառանգ ձգած գաղափարական աւանդը ներկայացնող:
Ընդարձակ բաժին մը յատկացուած էր Ռոստոմի նամակ-հրահանգներու սեւագրութիւններուն մէկ մասին: Անոնց ամբողջութիւնը աւելի կանուխ լոյս տեսած էր «Վէմ» համահայկական հանդէսի յունուար-մարտ 2019-ի թիւին մէջ` պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ:
Նաթան Պետրոսեան ներկայացուցած էր ռոստոմեան փորձը միջազգային համերաշխութեան առումով եւ ներկայիս անկէ դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը: Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ընդարձակ յօդուածով մը անդրադարձած էր ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարական գործին եւ ընելիքներուն: Այս թիւին մէջ ներառուած էր նաեւ 1 մարտ 2019-ին ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին` Ռոստոմի մահուան 100-ամեակին առիթով կազմակերպած ձեռնարկին ընթացքին բանախօս Համբիկ Պիլալեանի արտասանած խօսքը: Միհրան Քիւրտօղլեան անդրադարձած էր դաշնակցական գործիչ եւ մտաւորական Վահան Խորէնիի գաղափարական մտածողութեան: Դոկտ. Արա Խանճեան իր յօդուածով անդրադարձած էր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գիտակից քաղաքացիի տիպարին: «Ազդակ-գաղափարաբանական» յաւելուածին մէջ տեղ գտած էր նաեւ մտաւորական Յակոբ Պալեանի յօդուածը` «Ըմբոստութիւն, յեղափոխութիւն, յեղաշրջում. ի՞նչ ըսած է պատմութիւնը եւ ի՞նչ կ՛ըսէ ներկան» խորագիրով:
«Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքէջը` 10 Տարեկան
2019-ին «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքը թեւակոխեց իր 10-ամեակը: Սեպտեմբեր 2009-ին անիկա ընթացք առաւ` դիմակայելով արաբական աշխարհին ներկայանալու կարեւոր մարտահրաւէր մը, նաեւ գիտակցելով, որ այլեւս պարտաւոր ենք արաբական աշխարհին մէջ տարածել հայկական նիւթերը` հայկական դիտանկիւնէ, իսկ միւս կողմէ` լրատուութիւն տրամադրել արաբական շրջանակներուն եւ գոհացնելով հետաքրքրութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ թէ դուրս, արաբական մամուլի ներկայացուցիչներուն, որոնք մնայուն կերպով աղբիւրներ կ՛որոնեն հայկական թեմաներու մասին իրենց նիւթերը մշակելու:
Առաջին տարին կայքէջը իր նիւթերուն ներկայացումը կը կատարէր ամսական դրութեամբ, իսկ 2010-ին սկսաւ իր նիւթերը թարմացնել շաբաթական դրութեամբ, իսկ կարճ ժամանակ ետք` օրական: Կայքէջին խմբագիրն է դոկտ. Նորա Արիսեան:
Կայքէջին հետեւողները եւ ընթերցողները կը կազմեն լայն շերտ մը, որ կ՛ընդգրկէ արաբական շրջանակներու եւ Միջին Արեւելքի մէջ ու անկէ դուրս ապրող արաբախօս հայ ընթերցողներ: Միւս կողմէ` ներգրաւուածութեան ծիրը ընդարձակ է, լրագրողներ, հետազօտողներ եւ հետեւողներ, յատկապէս` Եգիպտոսէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, Պաղեստինէն, Իրաքէն, Եմէնէն, Սէուտական Արաբիայէն կայքէջին անբաժանելի համակիրներ են:
Կայքէջի բովանդակութեան առանցքը կը կազմեն` հայութեան վերաբերող իրադարձութիւնները, Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի քաղաքական, մշակութային, մարզական լուրերը եւ անոնց վերաբերող վերլուծական յօդուածները, ինչպէս նաեւ` Հայ դատին առնչուող զարգացումները եւ հայ գրականութեան, մշակոյթի, արուեստի գրութիւնները:
«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջի նիւթերէն օգտուած ու արտատպումներ կատարած են մեծ թիւով պատկերասփիւռի կայաններ, մամուլի գործակալութիւններ, դիմատետրեան էջեր, ինչպէս նաեւ` ուսումնասիրողներ, լրագրողներ, համալսարանականներ եւ պատմաբաններ:
«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջը ունի իր Դիմատետրի յատուկ էջը, ուր տեղադրուած նիւթերը հասանելի կը դառնան անհամար ընթերցողներու` առիթ ընծայելով նաեւ հայկական թեմաներու հրապարակային քննարկման:
«Ազդակ» արաբերէնը անմասն չմնաց նաեւ «Թուիթըր»-ի արդիական դրութենէն, որուն շնորհիւ աւելի լայն տարածում ունեցաւ ան:
«Պզտիկ Մզտիկ»
– «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին հրաւէրով այս տարի տեղի ունեցան երկու հանդիպումներ լիբանանահայ վարժարաններու նախակրթարանի Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ` ուրբաթ, 5 ապրիլ 2019-ին եւ 12 ապրիլ 2019-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ:
Հանդիպումներուն նպատակն էր ծանօթացնել մանկապատանեկան յաւելուածին` «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի անցնող 15 տարուան աշխատանքները եւ լսել ուսուցիչներուն տեսակէտներն ու առաջարկները: «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի աշխատանքները ներկայացուց յաւելուածի խմբագիր Սրբուկ Ճենանեան, խօսք առաւ նաեւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան:
– «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ, «Փոքրիկ լրագրողներ»-ու վարժանիստը տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 ապրիլ 2019-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` մասնակցութեամբ տասներեք հայկական վարժարաններու չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու 76 աշակերտներու:
Վարժանիստը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին ու իր աշխատանքները աւարտեց կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:
Այս տարուան նիստը նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին: Աշխատանքը սկսաւ Յովհաննէս Թումանեանի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած փաուըր փոյնթով մը, զոր ներկայացուց Սրբուկ Ճենանեան, ի միջի այլոց անդրադառնալով նաեւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին, Հայոց ցեղասպանութեան ու այդ ծիրին մէջ Թումանեանի տարած աշխատանքին եւ անոր տրուած Ամենայն Հայոց բանաստեղծ կոչումին: Աշակերտները բաժնուած էին 13 խառն խումբերու, եւ իւրաքանչիւր խումբ կը կրէր հայկական կամ կիլիկեան շրջանի մը անունը: Անոնք առաջին հերթին դիտեցին Թումանեանի «Անբան Հուռին» գործին գծանկարային կարճ ժապաւէնը, ապա, ըստ թելադրանքին, անոնք, երեւակայելով, փոխեցին պատմութեան աւարտը կամ շարունակեցին պատմութիւնը` այլ վախճան մը տալով անոր, որմէ ետք գծեցին իրենց շարադրած պատմութեան յարմար պատկերները: Կարգ մը խումբեր պատմութիւնը ներկայացուցին նկարաշարով:
Առաջին բաժինի աշխատանքներու աւարտէն ետք իւրաքանչիւր խումբէ աշակերտ մը ներկայացուց իր խումբին տարած աշխատանքը: Ճաշէն ետք աշակերտները դիտեցին Թումանեանի գործերէն «Շունն ու կատուն» եւ «Սուտասան»-ը ու իրենց ազատ կամքով ընտրեցին երկու նիւթերէն մէկը` դարձեալ փոխելու պատմութեան աւարտն ու անոր յարմար գծագրութիւնը կատարելու: Իսկ աշխատանքի վերջին բաժինով աշակերտներուն թելադրուեցաւ պատրաստել խաղեր: Վարժանիստի աւարտին մասնակցող փոքրիկները ստացան նաեւ յիշատակի նուէրներ` տրամադրուած «Ազդակ»-ի կողմէ:
Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր
«Ազդակ»-ի աշխատակիցները երիտասարդ տարրերով համալրելու նպատակով իրականացուող «Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրը այս տարի եւս շարունակուեցաւ: Կազմուեցաւ երկրորդ խումբ, որուն մաս կը կազմեն` Կայել Ապուսէֆեան, Կարէն Պոյաճեան, Կիրօ Սերայտարեան, Գէորգ Եագուպեան, Նարօտ Քեչեպաշեան, Կարէն Խուտավերտեան, Յարութ Մարկոսեան, Ռոզալին Պօղոսեան, Սարօ Սէրուժեան եւ Սէրուժ Խանճիհանեան:
– Ծանօթացման հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ, ուրբաթ, 17 մայիս 2019-ին: «Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի պատասխանատուն է Արշօ Պալեան: Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուեցաւ վարժողական ծրագիրը` տեսական-գործնական բաժիններով:
– Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 24 մայիս «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ, դասախօսներն էին` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կառոյցներու եւ մարդասիրական համագործակցութեան վարչութեան պետ Արմէն Սարգսեան եւ նոյն նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կցորդ Սամուէլ Սարեան:
Անոնք անդրադարձան Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կառոյցին եւ գործունէութեան, որուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնան շատ մը աշխատանքներ, հիմնականին մէջ` դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ Արցախի կեցուածքներուն պաշտպանութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման ապահովումը, ինչպէս նաեւ` Արցախի բանակցային հոլովոյթի շրջագիծին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն այցելութիւններն ու անոնց աշխատանքներու համադրումը:
– 30 յունիսին անոնք ծանօթացան «Ազդակ»-ին եւ օրաթերթի աշխատանքի եղանակին: Արշօ Պալեան ներկայացուց «Ազդակ»-ի ընդհանուր բովանդակութիւնն ու էջերուն դիմագիծը, տարեկան տարբեր հրատարակութիւնները: Ապագայ լրագրողները այցելեցին խմբագրատուն, ծանօթացան «Ազդակ»-ի էջադրման եւ արհեստագիտական միջոցներուն, վկայեցին, որ բջիջային հեռախօսի վրայ «Ազդակ»-ի էփը ունեցողը ինչպէ՛ս արագ լրահոս կը ստանայ եւ կը հետեւի անոր:
Անոնք այցելեցին նաեւ «Ժիրայր Պուտագեան» ուսումնասիրական կեդրոն, ուր «Ազդակ»-ի արխիւը ամբողջութեամբ թուայնացուցած պատասխանատու Թալին Գալայճեան բացատրութիւններ տուաւ կատարուած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութիւններուն համար թուայնացած արխիւէն փնտռտուք կատարելու ձեւերուն մասին:
– 7 յունիս 2019-ին ծրագիրին հետեւողները այցելեցին Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատուն, ուր դիմաւորուեցան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի կողմէ, որ բարի գալուստ ու բարի երթ մաղթեց լրագրութեան մարզով հետաքրքրուող երիտասարդներուն եւ անոնց մանրամասն կերպով ներկայացուց հրատարակչատան աշխատանքներու տարբեր փուլերը:
– 22 յունիսին «Ազդակ»-ի արուեստի էջի պատասխանատու, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ծրագիրի մասնակիցներուն ներկայացուց արուեստը` լրագրութեան եւ մամուլին ընդմէջէն:
Պատմական լայն անդրադարձէ եւ տարբեր երկիրներու մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւնները ներկայացնելէ ետք, դոկտ. Հերկելեան ընդգծեց, որ լրագրութիւնը ինքնին արուեստ մըն է: Դոկտ. Հերկելեան հաստատեց, որ ազգը մշակոյթ է` ընդգծելով մշակոյթին կարեւորութիւնը հայ ազգի գոյատեւման եւ անոր հայկական դիմագիծի պահպանումին մէջ: Ան թելադրեց անաչառ կերպով գործել լրագրութեան ասպարէզին մէջ` ընդգծելով գիտութեան եւ ուսման մնայուն հետեւորդները ըլլալու կարեւորութիւնը:
– 28 յունիսին Արշօ Պալեան ներկայացուց լուրին կառոյցը եւ լուր մը գրելու յատկանիշները` զայն զատորոշելով տարբեր ժանրերու գրութիւններէ: Հանդիպումը եղաւ ներգործօն եւ աշխատանքային` նկատի ունենալով, որ ապագայ լրագրողները տեղւոյն վրայ կիրարկեցին իրենց տրուած բացատրութիւնը եւ յաջողեցան գրել լուր մը` իր խորագիրով եւ բոլոր մանրամասնութիւններով:
– 5 յուլիսին Արշօ Պալեան ներկայացուց լուրին կառոյցը եւ լուր մը գրելու յատկանիշները: Հանդիպումը եղաւ ներգործօն եւ աշխատանքային` լուր մը գրելու իմաստով:
– 7 սեպտեմբերին ծրագիրին հետեւողներուն աշխատանքային հանդիպումը կեդրոնացաւ լուրեր պատրաստելու հոլովոյթին վրայ, որուն ընթացքին ծրագիրին մասնակիցները ցուցաբերեցին լուրջ մօտեցում եւ կատարեցին ողջունելի աշխատանք մը:
– 13 սեպտեմբերին «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յ. Յակոբեան ներկայացուց հայաստանեան լրատուադաշտը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով եւ ծալքերով: Ան անդրադարձաւ անոր ազատութիւններուն, ենթակայական եւ առակայական մօտեցումներուն, զանոնք զանազանելու ձեւերուն մասին խօսեցաւ, ինչպէս նաեւ պատկերացում մը տուաւ ընդհանրապէս Հայաստանի մամուլին մասին:
– 20 սեպտեմբերին Արշօ Պալեան ներկայացուց լիբանանեան լրատուադաշտը, անդրադարձաւ գրաւոր, բանաւոր, լսատեսողական եւ ելեկտրոնային հարթակներուն, իւրաքանչիւրին գործելաոճին եւ յատկութիւններուն: Ան նաեւ խօսեցաւ լիբանանեան իրականութեան մէջ ՀՅԴ պաշտօնաթերթին ուղեգիծին մասին:
– 27 սեպտեմբերին Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրին հետեւողները այցելեցին «Վանայ ձայն», ուր տնօրէն Վիգէն Աւագեանի կողմէ ընդունուեցան: Անոնք ծանօթացան ձայնասփիւռի կայանի աշխատանքներու ամբողջ ընթացքին: Վիգէն Աւագեան ըսաւ, որ հիմնականին մէջ կան հինգ բաժիններ` լուրեր, յայտագիրներ, երգ, թեքնիք եւ վարչական:
– 9 հոկտեմբերին մասնակիցները ծանօթացան հարցազրոյց կատարելու օրէնքներուն` «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Սիլվի Աբէլեանի փորձառութեան եւ բացատրութիւններուն ընդմէջէն: Ան անդրադարձաւ հարցազրոյցի հիմնական կէտերուն, անհրաժեշտ պայմաններուն, պատրաստուածութեան ձեւերուն:
– 15 նոյեմբերին «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեան Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի մասնակիցներուն ներկայացուց թղթակցութիւն կատարելու ծալքերը, գաղտնիքները, հիմնական սկզբունքները: Ան շեշտեց, որ աշխատանքին լրջութեամբ ու պատասխանատուութեամբ մօտենալը հիմնական է եւ երաշխիք` յաջողութեան:
– 29 նոյեմբերին Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի մասնակիցները դարձան «Ազդակ»-ի խմբագիրներ, գրաւեցին անոնց տեղերը եւ փորձեցին կատարել անոնց աշխատանքը` լուր պատրաստելով ու խմբագրելով:
– 6 դեկտեմբերին «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Նարէ Գալեմքերեան խօսեցաւ ճշգրիտ թարգմանութեան կարեւորութեան մասին: Ն. Գալեմքերեան ապագայ լրագրողներուն թելադրեց հեռու մնալ բառացի թարգմանութիւններէ` ընդգծելով, որ որեւէ լուր կամ յօդուած թարգմանելու պարագային պէտք է կեդրոնանալ իմաստին վրայ:
– 13 դեկտեմբերին ապագայ լրագրողները հանդիպում մը ունեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագիր Սրբուկ Սարգիս-Ճենանեանի հետ, որ բացատրեց «Պզտիկ-Մզտիկ»-ին աշխատանքը` յատկապէս շեշտը դնելով անոր ծրագրաւորման ու պատրաստութեան հոլովոյթին վրայ:
«Հայ մամուլի տարի»-ն աւարտեցաւ, սակայն երբեք չ՛աւարտիր մեր գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը` հակառակ ամէն դժուարութիւններուն, գոյատեւելու եւ նորանոր հարթակներ նուաճելու աշխատանքը` միշտ գիտակցելով, որ մեր առաքելութեան հաւատացողները պիտի կանգնին մեր կողքին, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել եւ հայ գիրը, գրականութիւնը, մշակոյթն ու արժէքները պահպանել եւ փոխանցել նորահաս սերունդներուն: