ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ
Լսիր, իմ արծիւ, աշխարհում կան մարդիկ դաժան,
Անաստուած եւ անսիրտ:
Նրանց արիւնոտ ձեռքով ամէնուր փռւում է աւեր ու չարիք:
Եթէ երբեւէ հանդիպես դու նրանց,
Ձեռքերդ յանկարծ չդողան,
Յիշիր, որ Հայկի արիւնից ես սերուած,
Տիգրանն է եղել քո արքան:
ՎԱՀԱԳՆ ՌԱՇ
Եւ քանի ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ Աստուած է բարձրագոյն հեղինակութիւնը, իմ աղերսս նախ Ի՛ր ներկայացուցիչներուն այս երկրի վրայ: Կ՛աղաչե՜մ եւ շա՜տ կը խնդրեմ, որ ներէք ինծի, որ կը համարձակիմ այսպիսի ըմբոստ աղերս մը յղել ձեր վսեմութեանց` սիրոյ, աննիւթակա՛ն սիրոյ եւ շտկելու, ուղղելու, աւելի լաւին հասնելու մարմաջով վառուած:
Երկիւղածութեա՛մբ եւ մե՛ծ յարգանքով համբուրելէ ետք ձեր սուրբ աջերը, կը սկսիմ ահա: Դուք, որ խղճի եւ արդարութեան ձայնն էք երկնային` տառապանքո՜վ լեցուն, այս քա՜ղցր աշխարհի վրայ, խնդրեմ` բացատրեցէք ինծի, թէ ի՛նչ իմաստ ունի նոր եկեղեցիներ ու թանգարաններ կառուցելը, երբ այդ եկեղեցիները իրենց ջերմեռանդ աղօթքներով լեցնող գիտակից հաւատացեալներու թիւը, օրէ օր կը նուազի: Մարդիկ, հայ մարդիկ, լիբանանահայ համայնքի ձեր զաւակներուն ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ, ա՛լ յոյսը կորսնցուցած, օրուան հացին ետեւէն վազելու հեւքէն ուժասպառ, ա՛լ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը կորսնցուցած է, իսկ հայկական մագաղաթներու մշակութային թէ հոգեւոր արժէքին, անգամ գոյութեա՛ն մասին տեղեկութիւն չունի՜… Ձեր այդ զրկուած ու մաշած զաւակներէն շատե՜ր կը ստիպուին իրենց սիրասուն զաւակները պանծալի պետական դպրոցներ ղրկել, որովհետեւ, այո՛, սիրելի՛ հոգեւոր հայրեր, ձեր պահանջած այդ հարիւր տոլարի արձանագրութեան սակն անգամ վճարելու ի վիճակի ՉԵ՛Ն:
Ինչպէ՞ս կը նայիք կրթական հաստատութեանց մէջ աշխատող մայրիկներուն, ուսուցիչներուն եւ նաեւ, այո՛, տնօրէններուն աչքերուն, երբ հազիւ տասնհինգ, լա՜ւ, առաւելագո՛յնը քսան օր դիմացող ամսականները ուշացումո՛վ կը ստանան… Այդ ո՞ր սեւ օրուան համար են համայնքապատկան ընդարձակ կալուածները: Լա՛ւ, հողերը մոռցէ՛ք, ճիշդ չէ ծախելը: Ինչո՞ւ հազուագիւտ տնտեսական յաջողած ծրագիրներ ունին մեր հայ համայնքները: Ճիշդն ըսած` ունինք քանի մը լաւ եկամտաբեր ծրագիրի փորձ, ինչո՞ւ ոչ աւելին:
Յարգելի՛ վաստակաշատ կուսակցութիւններ եւ միութիւններ մեր վսեմ, մեր արի ժողովուրդի ծոցէն ծնած ասպետակա՛ն կուսակցութիւններ եւ միութիւններ… ձեր ազնուագոյն քաջերուն արիւնը, մտաւորականներուն աչքի լոյսն ու հոգիի մինչեւ վերջին շունչը հայ ժողովուրդին հալալ ըրած, մեր վահագնեա՛ն արծուասիրտ կուսակցութիւններ ու միութիւններ… Ձեր հոգեմտաւոր ու նիւթական հազա՜ր զրկանքով հաւաքուած բարիքները անշահախնդրօրէն բաժնեցիք ազգին` լիբանանահայութեան: Հիմնեցիք մամուլ, դպրոցներ, մարզական, մշակութային միութիւններ փառապանծ, որոնք օրինակ դարձան ոչ միայն այս երկրի հայ հասարակութեան, այլ մեզմէ մեր համաքաղաքացիները շա՜տ բան սորվեցան, առաջիններն էինք տարիներո՜վ` ըլլա՛յ արուեստի, ըլլա՛յ մշակոյթի կամ մարզական շա՛տ ճիւղերու մէջ:
Իսկ ո՞ւր ենք հիմա… Երբ ազգովին ոտաբոպիկ էինք աշխարհի մէջ քիչ մը ամէ՛ն տեղ, փայլուն դպրոցներ, ախոյեան մարզական խումբեր, առաջին մրցանակներու տիրացած մշակութային խումբեր ունէինք` հարիւր տոկոս հայ մարզիկներով, արուեստագէտներով ուսուցիչներով ու տնօրէններով:
Չէ, միայն երկրի տնտեսական ծանր վիճակը չէ նահանջի մեր պատճառը: Կարծես նաեւ մեր ազգային լիբանանահայ արժեհամակարգերն են շրջուած, ցաւօ՛ք սրտի… Ահագին մելան հոսած է եւ դեռ պիտի հոսի հայ դպրոցի անհրաժեշտութեան ու ռազմավարական կարեւորութեան վրայ, խորքին մէջ որքանո՞վ ծրագրուած ճիգ ու հետեւողականութիւն կայ այս ուղղութեամբ: Եթէ որպէս հայկական աւանդական կուսակցութիւններ` կը յաւակնինք սփիւռքի տէրն ու տիրականը ըլլալ, պարտաւոր ենք այս մարզին մէջ լուսաբանելու մեր ժողովուրդը: Սփիւռքի հայկական բոլո՛ր դպրոցները անհրաժեշտ է, որ ունենան միայն խորհրդանշական սակ, մեր պաշտած Ճեմարանը, երազած Հռիփսիմեանցը, Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանն ու Յովակիմեանը, անպատմելիօրէն անհասանելի են մեր ծնողներու մեծամասնութեան նիւթական կարողութիւններուն:
Մեր շա՛տ յարգելի, բազմաչարչար հոգեւոր եւ քաղաքական իշխանութիւններ, այդ մեր նորակառոյց մարզամշակութային կեդրոններուն մէջ ազգային-մշակութային ձեռնարկներու, մեր նորակառոյց եկեղեցիներու, մատենադարաններու մէջ տեղի ունեցող հոգեւոր ձեռնարկներու մասնակցող երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, պատանիներու ներկայութիւնը ինչո՞ւ այսքան փոքրաթիւ է: Արդեօք այս մէկը անմիջական հետեւանքը չէ՞ մեր նոյնիսկ կարգ մը եկեղեցապատկան կրթական հաստատութիւններուն մէջ կրօնի դասընթացքը պատահական, այդ մարզին մէջ երբեմն ոչ մէկ փորձառութիւն ունեցող ուսուցիչներու «վստահելու» անպատասխանատու իրողութեան… Մեր փառապա՛նծ մշակութային միութիւններ, մեզ առաջնորդ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներ, շա՜տ յաճախ սեւ-ճերմակ քարտէսներով, պատճէնահանուած նկարի մը արդէն ո՞վ գիտէ քանիերորդ պատճէնը եղող, այլեւս անճանաչելի դարձած գրագէտներու նկարներով կարելի չէ դասարան մտնել այլեւս…
Երբե՛ք ալ իրաւունք չունինք ըսելու, որ հետաքրքրութիւն չկայ այս նիւթերուն հանդէպ` տրուած ըլլալով, որ պետական քննութիւններու
պահանջուած նիւթեր չե՛ն, ոչ ալ տեղական համալսարաններու մէջ շարունակութիւն ունին: Պարտաւոր ենք ձեւերը գտնել եւ ստեղծել պէտք եղած հետաքրքրութիւնը ազգովին` մրցանքներ եւ պարգեւատրումներ տրամադրելով հայագիտական նիւթերու մէջ փայլող աշակերտներուն: Եթէ դպրոցին, ուսուցիչին եւ ծնողքին կողմէ չկայ հսկայական ճիգ ու անհրաժեշտ զոհողութեան ոգի, աշակերտը իրեն համար ունի շա՜տ աւելի հետաքրքրական եւ օգտակար ա՛յլ նիւթեր համացանցին վրայ…
Մեր սերունդի ուսուցիչներն ու կրթական պատասխանատուները մեզ տէրթոթիկեան մագաղաթով չդաստիարակեցին, ո՛չ ալ ֆալախայ կիրարկեցին` ի վաղեմի յաճախականիութեամբ: Համազգայինի «Մկոն ու Չալոն» մանկապատանեկան պարբերաթերթը եւ այլ բազո՜ւմ հայերէն մանկապատանեկան հեքիաթներու պատկերազարդ գիրքեր մեր տրամադրութեան տակ ունէինք առատօրէն: Այն ատեն ալ կար մեր ուշադրութիւնը շեղող հեռուստացոյցը, բայց այս աստիճանի չէր հասներ անտարբերութիւնը ազգայինին նկատմամբ:
Մեզմէ մեծ սերունդը յաջողած էր մեր մէջ ցանելու հայագիտական նիւթերու մէջ ձախողած ըլլալու պարագային խորը ամօթի զգացումը…
Հայագիտական նիւթերու դասաւանդման ծիրին մէջ մնալով` ուրիշ ցաւալի երեւոյթ մը եւս, այս նիւթերը դասաւանդող մեր ուսուցիչներուն մե՛ծ մասը ունի տասը գործ` մեր թերթերուն, մշակութային միութիւններուն մէջ, որովհետեւ լաւ չի վճարուիր: Լա՛ւ, մարդ քանի՞ գործի կը հասնի… Ինչո՞ւ պատրաստ ենք մե՜ծ սիրով գիտական թէ այլ նիւթեր դասաւանդող հայ թէ օտար ուսուցիչներու վճարել քանի մը անգամ աւելի եւ ստիպել, որ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչը սողայ: Մեր դպրոցները նոյնիսկ չեն ճանչնար այն վկայականները, որոնք կը տրուին հայկական հաստատութիւններու կողմէ, որոնք պետական ճանաչում չունին: Ասիկա արդէն այլեւս ջայլամի քաղաքականութիւն է, ներեցէ՛ք:
Հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ կայ կարգ ու կանոն հաստատելու մե՜ծ մարմաջ. արդէն ճնշո՜ղ, կաղապարուած եւ
անհրապոյր է պետական ծրագիրը… Ասոր վրայ կ՛աւելնայ կարգ մը հայկական դպրոցներու «հայկական» պարգեւները, մանկավարժական պատրաստութիւն չունեցող կրթական պատասխանատուներու հոգածութեան տակ: Հայկականութիւնը կամ որեւէ այլ բան ՍԻՐՑՆԵԼՈ՛Վ է, որ պէտք է փոխանցենք աշակերտութեան: Պարտադրանքի ժամանակաշրջանները շատո՜նց անցեր են, եթէ մենք մեր ազգայինը ամէն գնով չսիրցնենք հայ աշակերտին, անոր առջեւ այլընտրանքներն շա՜տ են, շա՛տ-շա՛տ: Մենք, աւա՜ղ, շա՛տ յաճախ կը մոռնանք, որ պէտք ունինք նաեւ շատ մը փտած կարգեր ու կանոններ պարտադրող այլանդակուած համակարգեր տապալելու համարձակութիւնն ու քաջութիւնը ունեցող յեղափոխական աշակերտութեան, որ ապագայ առողջ հասարակութիւնն է, ազատ ու արժանապատիւ քաղաքացին:
Եւ, վերջապէս, ո՜վ ընտրեալ, ազնուական, հերոսական զաւակներ ազգիս, քրիստոնէութիւնն առաջինը պետականօրէն ընդունած իմաստուն զաւակներ իմ ժողովուրդի, օտար բանակներու մէջ փայլած, օտարին շռնդալից պանծալի յաղթանակներ շնորհած իմ քաջարի ազգի հարազատ զաւակներ, ազգ իմ տառապած, մէկուկէս միլիոն անգամ խաչուած ու ծախուած ա՛զգ անխորտակելի… Ի՞նչ եղաւ մեզի, ազգ ասպետական, քանի՜ քանի՛ օտար պետութիւններ ծաղկեցուցած ազգի աշխատասէր զաւակներ բարի, զաւակներ հզօ՜ր: Հազիւ թիթեղաշէն տնակներէն ու վրաններէն դուրս ելած, փորերնիս հազիւ կշտացուցած` ինչո՞ւ այսքա՜ն շուտ ինքնութիւնդ ուրացար ու արժեհամակարգդ փոխեցիր…
Մեր պապերը այստեղ հասան ոտաբոպիկ, քաղցած, բռնաբարուած, կողք կողքի կեցանք, դարձանք մէկ բռունցք, մեր հայրենակիցները սկսան յարգանքով նայիլ մեզի ու շատ բաներ սորվեցան մեզմէ: Հազիւ կշտացած` սկսանք օտար վարժարաննե՞ր վազել ու մեր հոգեւոր ու քաղաքական ղեկավարութի՞ւնը քննադատել: Ընդամէնը երեսփոխանական վեց աթոռ ունինք, բոլորս ալ կ՛ուզենք երեսփոխան դառնալ, չէ՞: Լաւ առոգանութեամբ ֆրանսերէն ու արաբերէն կ՛ուզենք, չէ՞: Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող յիշէ իր մեծ մայրն ու հայրը, լա՛ւ յիշենք… Քանի՞ լիթր ֆրանսական օծանելիք կը բուրէին խեղճերը…
Այո՛, յեղափոխութիւն պէտք է ամէ՛ն տեղ եւ ամէն օ՛ր, պէտք է յեղափոխութիւն սարքէ ամէ՛ն մարդ նախ ի՛ր մէջ: Ա՛յս ալ հանապազօրեայ հաղորդութեան պէս անհրաժեշտութի՛ւն է:
Եւ ամէ՛ն յեղափոխութիւն, որ միտուած է կառուցելու, շինելու, կը սկսի իւրաքանչիւրիս հոգւոյն մէջ նա՛խ:
Մեր բոլո՜ր երազները կը դառնան իրականութիւն, երբ ամէն մարդ իր գործած մեղքը հատուցել սորվի նա՛խ, այն ատեն երբ վարորդ մը չի պահանջեր 20 տոլար 20 վայրկեաննոց երթի մը համար, բժիշկ մը չի պահանջեր վաթսունհինգ տոլար տասը վայրկեան տեւող քննութեան մը համար, նաեւ ուսուցիչ մը չի սպասեր, որ աշակերտին ծնողը քառասուն տոլար վճարէ, մէկ ժամ տեւած դասընթացքի մը համար…
15 – 20 դեկտեմբեր 2019
Արագած – Պէյրութ