Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոմիտաս Վարդապետին Վերածնունդը

Յունուար 6, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱՆ ՍԱՂՏՃԵԱՆ

«Սիրաւո՜ր լորիկ, վիրաւո՜ր լորիկ…»

Մօրս ձայնը, մանկութեան օրերէս ի վեր, ականջներուս մէջ ամէն գիշեր յուշիկ-յուշիկ կու գայ զիս քնացնելու: Անոր շրթներէն հնչող կոմիտասեան օրօրոցային եղանակները միշտ ալ եղած են մեր գիշերային լաւագոյն երազներու աղբիւրը:

Կոմիտաս շատ մեծ ներդրում ունեցած է ներքին աշխարհիս մէջ, մանաւանդ` սրտիս: Չէ՞ որ սիրտը զգացումի աղբիւրն է, ուրկէ մարդ իր սիրոյ օրհներգները կ՛երգէ, այնպէս ալ եղած է  Կոմիտասի երաժշտութիւնը` իմ սրտի խազերու մեղեդին:

Կոմիտասի ձայնասկաւառակները միշտ ալ անպակաս մնացած են մեր տան մէջ: Կը յիշեմ` 8-10 տարեկան էի, ամէն շաբաթ գանձանակէս 25 ոսկին առնելով, ուրախութեան անմեղ ժպիտ մը մինչեւ ականջներուս, կը վազէի Քեսապի հրապարակ` ձայնասկաւառակ մը գնելու: Ձայնասկաւառակի ետեւ նշուած երգացանկին մէջ միշտ ալ կը փնտռէի «Լորիկ»-ը, ու այդպէս, քանի մը անգամ նոյն ձայնասկաւառակները գնած եմ անոր  տարբեր պատկերներով: Այսպիսով, Կոմիտասի շունչը, հոգիիս մէջ կը մնայ որպէս աստուածային շունչ:

Տարիները կ՛անցնին, բայց միշտ ալ կը մնայ անոր երաժշտութիւնը որպէս լաւագոյն միջնորդ ու  լաւագոյն բժիշկ ներքին հանգստութեանս` կեանքի լարուած զանազան պահերուս:

Կոմիտասի կեանքին մասին լսած, քանի մը տողերով կարդացած` դպրոցական դասագիրքերուս մէջ ու «Youtube»-էն քանի մը վաւերագրական ժապաւէն դիտած եմ: Բայց ամբողջական պատկեր մը ունենալու` անոր կեանքին մասին,  բնաւ առիթը չէի ունեցած:

Ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2019-ին հանդիսատես եղայ «Կոմիտաս… Աստուծոյ պարգեւը» թատրերգութեան: Անկրկնելի ծանր ապրումներ, ուրկէ ստացայ հոգեկան հզօր ու անբացատրելի ներուժ մը, որով կրցայ արտայայտել իմ  ներքին զգացումներս եւ յոյզերս:

Ներուժ մը, որ թեւեր տուաւ մտածումներուս` դէպի երեւակայական հորիզիններ ճախրելու, մանաւանդ` կախարդական ուժով մը Կոմիտասի հոգին վերապրեցնելու «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահէն ներս:

Աւելի՛ն. այս ներուժն էր, որ զիս մղեց յաջորդ օրը նորէն  երթալու ու կրկին ըմբոշխնելու կոմիտասեան ներաշխարհը եւ ատով  անմահ պահելու անոր սրբութիւնը հոգիիս մէջ:

Թատրոնի ներկայացման գիշերները, կը հաւատամ, որ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը կը վերածուէր տաճարի մը, ուր խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կրցան սրբացնել հեղինակին` Լիլի Թոմասեանի արտայայտած միտքերը: Փաստօրէն  տաղանդաւոր երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները յաջողեցան մեզի իրենց հետ տանիլ դէպի Քէօթահիա, Էջմիածին ու Փարիզ` վերապրելու Կոմիտասը:

Զիս ապշեցուց փոքրիկ Սողոմոնի կերպարը (Միրաք Աւետիքեան):  Փոքր տարիքին արդէն  տաղանդաւոր պատանի մըն է, որ իր սահուն թրքերէնով փոքրիկ Սողոմոնը մարմնաւորեց: Դերձակեան վարդապետ (Յարութ Թորոսեան), իր բացառիկ դերակատարութեամբ` Վարդապետ Դերձակեան տիպարի ապրումները հրամցուց ժողովուրդին:

Ինչպէս` իւրաքանչիւր հանդիսատեսի աչքերուն, սրտիս մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ լիբանանահայութեան Կոմիտասը` Կարէնը, որ կրցաւ մարմնաւորել հայ երաժշտութեան Մեսրոպ Մաշտոցը: Բառերը այնքան դժուար են գտնել` ներկայացնելու անոր տաղանդը ու տարած աշխատանքին մեծութիւնը, որ դժուար կրցայ  թուղթին յանձնել: Սակայն կը հաւատամ, որ Կոմիտասի հոգին էր կարծես, որ կը խաղար Կարէնի մարմնին մէջ:

Այնքան ազնիւ ու համեստ կերպար, որ կրցաւ մեր հայ հանճարը կրկին վերակենդանացնել: Շատ անգամ աչքերուս այնպէս կը թուէր, որ  կարծես Կոմիտասն էր կենդանի բեմին վրայ, այլ ոչ` Կարէնը: Կարէն մեր բոլորին ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս անմահ կը մնան մեր հանճարները:

Ճիշդ է, որ սփիւռքահայերս չենք ունեցած այն իտէալ բեմերը, ուր կրնանք լաւագոյն գիտարուեստական միջոցներով  բեմական պատկերներ հասցնել ժողովուրդին, այսինչ կամ այնինչ պատճառներով, սակայն ունինք այնպիսի բեմական արժէքներ, ինչպէս`  «Կոմիտաս… Աստուծոյ պարգեւը» թատրերգութիւնը, որ արժէ ոչ միայն լիբանանահայութեան ցուցադրել, այլ նաեւ` համայն հայութեան:

Կը շնորհաւորեմ լիբանանահութիւնը, որ 2019-ի տարեգրութեան իր էջերը ամբողջացուց նման հարստութեամբ մը: Հարստութիւն մը, որ կեանքի մթութեան մէջ միշտ ցոյց պիտի տայ ճանապարհը` սերունդներ պահպանելու եւ դաստիարակելու:

Ի սրտէ երախտագիտութեան խօսք` բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանին, հեղինակ Լիլի Թովմասեանին, «Շնորհալի» երգչախումբին, տաղանդաւոր դերակատարներուն եւ ամբողջ աշխատակազմին: Բառերը չեն կրնար նկարագրել այն գեղեցկութիւնը, որ պարգեւեցին հանդիսատեսին ու հաստատեցին այն կամուրջը, ուրկէ հայ ժողովուրդը պիտի կարենայ անցնիլ հանգիստ` վերարժեւորելու իր անցեալի փառքերը:

 

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Միասնականութեամբ` Դէպի Յաղթանակ

Յաջորդը

Սրտի Խօսք

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?