Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաղանդ Պապուկի Հրճուանքը Եւ Թեւատներու (Penguin) Ընկերասիրութիւնը (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

Դեկտեմբեր 31, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Մեզմէ ո՛վ չի գիտեր, թէ Կաղանդ պապուկին ծննդավայրը հիւսիսային բեւեռն է եղած դարերէ ի վեր, ուր ան իր չարքաշ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է, ապա` հասակ առած այնպիսի մթնոլորտի ու միջավայրի մէջ, որ, ըստ պատումներու, ան բաւական լայն ու ընկերական յարաբերութիւն մշակած է բազում տեսակի կենդանիներու հետ եւ, ի պահանջել հարկին, դիմած ու խնդրած է անոնց  օժանդակութիւնը` կարգաւորելու իր ամանորեան աշխատանքները:

Աւելի՛ն. մեզմէ ո՛վ չէ լսած համաշխարհային վարկ ու հեղինակութիւն վայելած Կաղանդ պապուկի մարդասէրի կերպարին ու անոր հրաշալի գործունէութեան մասին, երբ ան, շնորհիւ իր հեքիաթային ուժին, անկոտրում կամքին, կարողութեան եւ հեզահամբոյր ներաշխարհին, ամէն ճիգ ի գործ դրած է ուրախացնելու մանուկները եւ իրականութիւն դարձնելու անոնց երազները:

Գաղտնիք չէ, որ Կաղանդ պապուկը կ՛ապրի ձիւնածածկ բնակարանի մը մէջ, որ շրջապատուած է սառցադաշտերով ու անտառներով: Անոր հսկայ բնակարանը, որ ունի լայն տարածք եւ բազմայարկ է, կը գտնուի հսկայ անտառի մը կեդրոնը, ուրկէ լոյս կը ճառագայթէ ամբողջ աշխարհին: Խորհրդաւոր այս լոյսին մասին մարդիկ միշտ ալ երկիւղածութեամբ կը խօսին եւ այդ պատկերը կը փոխանցեն հետագայ սերունդներու:

Իսկ ի՛նչ կը նշանակեն այդ ցոլքերը, եթէ ոչ Կաղանդ պապուկի հազարամեայ ներկայութիւնը եւ անոր առաքելութեան յարատեւութիւնը:

Կաղանդ պապուկին բնակարանը կը յատկանշուի իր գեղեցիկ կահ-կարասիով, տօնածառերու տեսականին` կը զարդարեն տան բոլոր անկիւնները, կրակարանը ջերմութեամբ կը լեցնէ մթնոլորտը, պսպղուն լոյսեր եւ բուրգի վերածուած նուէրներ տեսանելի են ամէնուրեք:

Աւելի՛ն. Կաղանդ պապուկին, այսպէս ըսած, դղեակը լուսաւոր աշխարհ մըն է,  որ եռուն եւ խայտանքով լեցուն մեղուափեթակի կը նմանի, ուր ազատօրէն կը շրջին իր իսկ բուծանած տարբեր տեսակի կենդանիները, որոնք կ՛ապրին իրեն հետ եւ շատ անգամ իրեն կ՛օգնեն, որպէսզի կարենայ նուէրները պատրաստել եւ յուսախաբ չընել այն բոլոր մանուկները, որոնք նամակներ ուղարկած կ՛ըլլան Կաղանդ պապուկին ընթացիկ տարուան ամբողջ տեւողութեան:

Հեռաւոր այս շրջանին մէջ, ի շարս այլ կենդանիներու, կ՛ապրին մուշտակաւոր սպիտակ արջեր, վայրի նապաստակներ, աղուէսներ, սկիւռներ եւ թեւատներ, որոնք եզակի են իրենց ուժեղ կառուցուածքով եւ այս սառցապատ աշխարհին մէջ տոկալու կարողութեամբ:

Հրաշալի բնութեան եւ այլազան տեսակի կենդանիներու այս աշխարհին մէջ թեւատները կը զատորոշուին իրենց ապրելակերպի իւրայատկութեամբ:

Անոնք հաւաքական կեանք կը վարեն, յարգալիր են իրարու հետ, միասնական են` ամէն վտանգի դէմ, բացառիկ գուրգուրանք կը ցուցաբերեն նորածին ձագերու, խնամատար են եւ մեծ զոհողութեամբ կը պաշտպանեն փոքրերը` ահաւոր ձիւնամրրիկներու ատեն, աւելի՛ն. անոնք չեն յուսահատիր եւ կուրծք կը ցցեն կլիմայական փոփոխութիւններուն, գիտեն պաշտպանուիլ, հանդարտ ու խաղաղօրէն կը տնօրինեն իրենց առօրեայ կեանքը, վարպետ ձկնորսներ են ու մարդամօտ:

Ու այս մարդամօտի իրենց յատկութիւնն է, որ զիրենք կը մղէ բեւեռային պայծառ օրերու իջնել քաղաքային շրջաններ, մօտենալ բնակարաններու, շրջիլ ու հմայել մեծերն ու փոքրերը, կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով տողանցել, պտտիլ եւ ստանալով իրենց նուէր-ուտելիքը, ապա հեռանալ ու վերադառնալ հաւաքավայրեր:

Եւ ահա, օր մը սովորական շրջապտոյտի մը ատեն, երբ թեւատներու խմբակ մը կ՛անցնէր ձիւնածածկ փողոցէ մը, իրենց ուշադրութիւնը կը գրաւէ կարմրազգեստ անուշիկ աղջնակ մը, հազիւ տասը տարեկան, որ բարձրաձայն կը խօսէր իր պատանի ընկերոջ հետ եւ, կարծես, կ՛ուզէր իր մտածումները յայտնել համարձակօրէն:

Տօնական օրեր էին, Ամանորը մօտալուտ էր, շրջանի բնակչութիւնը կրցած էր լաւապէս զարդարել փողոցները, ամէնուրեք տօնածառեր եւ գոյնզգոյն լոյսեր, շրջանի ժողովուրդը եռուզեռի մէջ էր` պատրաստուելու Նոր տարուան եւ սուրբ Ծնունդի արարողութիւններու, աւանդական խրախճանքներու եւ տօնախմբութիւններու:

Ճիշդ է, որ սեւ ու սպիտակ մուշտակով թեւատները իրենց նազ քալուածքով եւ պիշ նայուածքով շատերու ուշադրութիւնը կը գրաւէին, այդուհանդերձ, անոնք հոնկէ անցնող թեւատները կը նկատեն, որ կարմրազգեստ աղջնակն ու ժպտերես տղեկը այդքան ալ չէին հետաքրքրուած իրենցմով, անոնք` պատանիները, ըստ երեւոյթին, վարժ էին եւ շատ  անգամ հիւրընկալած` նման բարի կենդանիներ:

Անցնող թեւատներէն մէկը, որ ունէր փայլուն մուշտակ եւ սեւ աչուկներ, իր կարգին, ուշի-ուշով մտիկ ուզեց ընել անոնց խօսակցութիւնը: Ոսկեթել մազով եւ կարմրուկ այտերով աղջնակը իր ընկերոջ կ՛ըսէր, թէ քանի մը օր առաջ դասարանին մէջ իր ընկերոջմէն լսած էր, որ հեռաւոր երկիրներու մէջ կ՛ապրին մանուկներ, որոնք կարողութիւն չեն ունեցած իրենց նամակները հասցնելու Կաղանդ պապուկին, եւ, հետեւաբար, անոնք պիտի չկարենան իրենց երազած նուէրները ստանալ Ամանորին:

Ազնուասիրտ աղջնակը շատ ազդուած էր այս լուրէն եւ այդ օրէն սկսեալ կը մտածէր, թէ ինչպէ՞ս կամ ինչպիսի՞ միջոցներու պէտք էր դիմեր, հասնելու այդ կարօտեալ երեխաներուն, զանոնք ուրախացնելու եւ իրականացնելու անոնց երազը:

Սեւաչեայ թեւատը, որ մտիկ ըրած էր ամբողջ պատմութիւնը, կը մօտենայ աղջնակին, փայլուն աչուկները կ՛ուղղէ անոր եւ կը սկսի շոյել անոր այտերը: Իսկ տղեկն ու աղջնակը` անակնկալի եկած, իրենց կարգին, կը ցուցաբերեն մօտիկութիւն եւ կը փաթթուին թեւատին, յայտնելով իրենց սէրն ու  յարգանքը` այցելու դրացիին:

Թեւատը, որ արդէն հասկցած էր աղջնակի ներաշխարհն ու մտածումները, կը սկսի յաւելեալ բացատրութիւն պահանջել, որպէսզի յարմարագոյնը կատարեն եւ շատ արագ լծուին աշխատանքի: Թեւատները քաջածանօթ էին Կաղանդ պապուկին եւ գիտէին անոր առաքելութեան ամբողջ մանրամասնութիւնը:

Բարի ու մարդամօտ թեւատը կ՛առաջարկէ, որ միասնաբար երթան անտառի խորերը եւ տեսակցութիւն ունենան Կաղանդ պապուկին հետ: Իսկոյն, ան կը կանչէ իր ընկեր-թեւատները, որոնք նազ քալուածքով կը շրջէին փողոցներու մէջ, եւ անոնց կը յայտնէ իր ծրագիրը:

Ճիշդ է, որ կարմրաւուն այտերով աղջնակը եւ տղեկը քիչ մը զարմացած էին, սակայն, իրենց մարդասէրի խառնուածքը կը մղէ, որ անոնք հաւատան եւ ընդառաջեն թեւատին առաջարկին եւ հանդիպին Կաղանդ պապուկին հետ:

Բազմահարիւր թեւատներու ընկերակցութեամբ անոնք կը հասնին բեւեռային անտառածածկ շրջան մը, որ ունէր հրաշալի գեղեցկութիւն: Անոնք զմայլած կը դիտեն ձիւնածածկ անտառը եւ զարմանք կը յայտնէին իրենց տեսած լուսաւոր աշխարհին: Փաստօրէն, ընդարձակ այս տարածքին մէջ կը շրջէին բեւեռային անասուններ, որոնք փայլուն աչուկներով կը դիմաւորէին պատանի հիւրերը: Քիչ անդին, արդէն, Կաղանդ պապուկի բնակարանին հանդիպակաց` իրենց ներկայութիւնը կը յայտնէին եղջերու կենդանիներ, որոնք կազմ ու պատրաստ էին` լծուելու իրենց առաքելութեան:

Պատանի աղջնակն ու տղեկը` ի տես Կաղանդ պապուկի հսկայ բնակարանին, ուղղակի կ՛ապշին եւ անհամբեր կը սպասեն մտնելու ներս: Բարեկամ թեւատները շտապ կը թակեն զարդարուած դուռը եւ հիւրերը կ՛առաջնորդեն ներս:

Ու ահա, հսկայ բնակարանին կեդրոնը, կրակարանին մօտ, նստած էր բոլոր ժամանակներու մեծագոյն մարդասէրն ու ազնուահոգի Կաղանդ պապուկը: Ան հագած էր իր կարմիր զգեստը, ծխամորճը ձեռքին` ինկած էր մտածումներու գիրկը: Երբ կը տեսնէ թեւատներն ու հիւրերը, կը ժպտի եւ ուրախութեամբ կը դիմաւորէ զանոնք: Կարմրազգեստ Նանէն եւ քաջ Սերգէյը ամբողջութեամբ հմայուած կը սկսին շրջիլ բնակարանին մէջ: Փաստօրէն ամէն անկիւն կար զարդարուած տօնածառ մը, որուն տակ դրուած էին բազմաթիւ նուէրներ:

Պատանիները ուշադրութեամբ կը զննեն պատերը, ուր կախուած էին գոյնզգոյն գուլպաներ: Անոնք կը նշմարեն, որ գուլպաներուն մէջ կային նամակներ, որոնք հասած էին Կաղանդ պապուկին եւ անոնց բովանդակութեան հիման վրայ Կաղանդ պապան, իր կարգին, պատրաստած էր նուէրները:

Թեւատը, որ լսած էր Նանէի եւ Սերգէյի խօսակցութիւնը, կը մօտենայ Կաղանդ պապուկին ու անոր կը յայտնէ անոնց մտածումը: Կաղանդ պապուկը, իր կարգին, կը հրճուի, երբ կ՛իմանայ, թէ պատանի աղջնակին նշած երկիրը Հայաստանն էր, որ կը յատկանշուէր իր ձիւնածածկ Արարատ լեռով:  Ան  քաջածանօթ էր եւ շատ սիրած այս երկիրը, որ ունի հրաշալի բնութիւն եւ հիւրասէր ժողովուրդ:

Պատանիները կը մօտենան Կաղանդ պապուկին, կը համբուրեն անոր կարմիր այտերը, կը փաթթուին եւ կը սկսին ներկայացնել իրենց ծրագիրը` հասնիլ այն բոլոր մանուկներուն, որոնք առիթ չեն ունեցած նամակ գրելու Կաղանդ պապուկին:

Կաղանդ պապուկը կը խանդավառուի եւ թեւատները կը մղէ աշխատանքի` յաւելեալ նուէրներ պատրաստելու եւ Նոր տարուան օրը բաժնելու Հայաստանի մանուկներուն: Թեւատները, որոնք խոստացած էին օժանդակել Նանէի եւ Սերգէյի, տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատին եւ կը պատրաստեն խաղալիքներ, որոնք պիտի բաժնուէին բոլոր  անոնց, որոնք չէին կրցած նամակներ ուղարկել Կաղանդ պապուկին:

Ամանորի նախօրեակն է, Կաղանդ պապուկը հագած է իր կարմիր զգեստն ու մոյկերը, մէջքին կապած է հաստ սեւ գօտին, անոր սպիտակ մօրուսը երկարած է ու աւելի տարածուած դէմքին վրայ: Թէեւ ան կը կրէ տարիքի ծանրութիւնը, սակայն անոր կարմիր այտերը դեռ կը փայլէին ուժգնօրէն եւ կը ներշնչէին բոլորը:

Դուրսը, սպասողական վիճակի մէջ էին եղջերուները, որոնք անհամբեր, կազմ ու պատրաստ կը սպասէին Կաղանդ պապուկի ազդանշանին` սկսելու ամանորեան շրջապտոյտին, որպէսզի հասնին աշխարհի բոլոր մանուկներուն:

Հարիւրաւոր սայլերը բեռցուած էին նուէրներով, որոնք կը յատկանշուէին իրենց գեղեցիկ ու բարեհաճ տեսքով: Հարկ էր արագ շարժիլ, որպէսզի ժամ առաջ Կաղանդ պապուկը կարենար շրջիլ երկիրները, իջնէր ծխնելոյզերէն եւ նուէրները զետեղէր կաղանդի ծառերուն տակ, որպէսզի առաւօտուն մանուկները արթննային եւ տեսնէին նուէրները:

Նախքան ճամբորդութիւնը, Կաղանդ պապուկը կը նշմարէ, որ Նանէ եւ Սերգէյ նեղուած հոգեվիճակ ունէին, անոնց դէմքը այդ կը ցոլացնէր, կարծես, որոշակի բան մը անհանգիստ ըրած էր զիրենք, հակառակ անոր որ անոնք խանդավառութեամբ օգնած էին թեւատները եւ մասնակից եղած խաղալիքներու պատրաստութեան:

Սեւաչեայ թեւատը, որ մտերմացած էր Նանէի եւ Սերգէյի, շուտով կ՛ըմբռնէ անոնց մտածումը եւ Կաղանդ պապուկին կ՛առաջարկէ, որ անոնք իրեն ընկերակցին եւ բաժնեկից դառնան` Հայաստանի մանուկներու ուրախութեան:

Կաղանդ պապուկը, ինչպէս նաեւ եղջերուները ուրախութեամբ կ՛ընդունին առաջարկը: Թեւատներու խումբ մը, ընկերանալով Նանէի եւ Սերգէյի, կը միանան Կաղանդ պապուկի շրջապտոյտին: Քանի մը վայրկեան ետք, արդէն սայլակները սլացած էին դէպի երկինք:  Լուսաւոր աստղերու եւ շռնդալից տօնական երգերու ուղեկցութեամբ `Մեծ մարդասէրի շքախումբը կը ճախրէ երկրէ-երկիր եւ իր լրումին կը հասցնէ իր սրբազան առաքելութիւնը:

Կը պատմուի, որ այդ օրէն սկսեալ Կաղանդ պապուկի, թեւատներու, Նանէի եւ Սերգէյի մտերմութիւնը այնքան կը զարգանայ, որ, անոնց միջեւ փոխադարձ սէրն ու յարգանքը աւելի կ՛ամրապնդուի, իսկ այցելութիւնները կը շարունակուին երկար տարիներ:

 

 

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան Աշխատանքային Այցելութիւն Տուաւ Ռուսիա

Յաջորդը

«Ամէն Ինչ Նոր Կը Դարձնեմ…». Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?