Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձօն Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-Ամեակին

Յունուար 4, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ

2019 թուականը, որ արդէն հասաւ իր աւարտին, լիովին նուիրուեցաւ մեծանուն ու անմահ Վարդապետին 150-ամեակին: Մեծանուն ու անմահ Վարդապետը` Կոմիտաս վերանուանումով, վանական մըն էր յար եւ նման այլ վանական հայրերու, որոնք զոհաբերած էին իրենց կեանքը ծառայելու Յիսուս Քրիստոսի առաքելութեան ու հայ եկեղեցւոյ հզօրութեան: Սակայն, աստուածատուր շունչը աճելով Կոմիտաս Վարդապետին մէջ կը յառաջացնէ երաժշտական կարողութիւններ` անխաթար պահելով հոգեւոր մտայղացումներն ու ձգտումները:

Վերոյիշեալ տողերը պիտի ուզէին պատկերացնել ներկայ, ինչպէս նաեւ անցեալէն եկած կացութիւն մը, վիճակ մը, որ զարգանալով կը տիրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երդիքին տակ: Արդարե՛ւ, սոյն կաթողիկոսութեան դարբնոցին մէջ թրծուող սաները, աբեղաները, վարդապետները աստուածային շունչով մակարդուած ու Տանն գահակալ տիրոջ խնամքին ապաւինած կը գործեն, կ՛արտադրեն ու կ՛արտայայտուին ի փառս հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ պայծառացման ու սփռումին: Կ՛արտայայտուին աղօթքով ու մեղեդիով, երգելով հոգեւոր թէ աշխարհիկ, անհատաբար թէ խմբակցաբար, հոգեւորականներու եղբայրակցութեամբ թէ աշխարհականներու, եկեղեցւոյ սուրբ խորանէն թէ այլուր: Ու այսպէ՛ս, կաթողիկոսարանի երկսեռ «Շնորհալի» երգչախումբը, ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 2019-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ համերգով մը հանդէս եկաւ Կոմիտաս Վարդապետի ընտրեալ ստեղծագործութիւններով: Հոգեւոր ըլլան թէ աշխարհիկ, անոնք մեկնաբանուեցան ըստ արժանւոյն: Արտայայտչական միջոցները կը տարուբերէին, ըստ երգի նկարագրական գիծերուն, ինչպիսին էին Սուրբ պատարագէն վերհանուած «Սուրբ սուրբ»-ը, «Տէր Ողորմեա»-ն, «Քրիստոս պատարագեալ»-ը, … որոնց մեղմ, խոր, ծանր ընթացքը յայտնաբերեցին` մղելով ներկաները պահ մը ամփոփուելու ու ըմբոշխնելու Տիրոջ խօսքերը: «Հայրենեաց սիրով», «Հաբրբան», «Շողեր ջան» … որոնց զուարթ նկարագիրը ի յայտ բերին աշխարհիկ կեանքի պէս պէս ծալքերը: Այսուամենայնիւ, ունկնդիրին հրամցուած այս համերգը, որ կը ցուցաբերէր բծախնդրութիւն, համբերութիւն, կեդրոնացում, լաւատեսութիւն ու սէր երգարուեստի հանդէպ` տքնաջան աշխատանքի մը արդիւնքն էր, որ կարելի ըրաւ ձեռք ձգել նպատակադրուած յաջողութիւնը:

Ի տես այս յաջողութեան, որ կը վայելէր «Շնորհալի» երգչախումբը, տեղին է մատնանշել, թէ ան, բացի քանի մը անհատներէ, ո՛չ արհեստավարժ անդամներէ կազմուած է եւ ո՛չ ալ արհեստավարժ խմբավարէ, սակայն այս վերջինը այնպէ՛ս տիրապետած էր աշխատանքի ղեկը, որ կարծէք վարպետ մը ըլլար:

Խմբավարը` Զաւէն վրդ. Նաճարեան, որուն ճակատագրուած էր այս լուծը, նորարարութիւններով ուզած էր ներկայացնել «Շնորհալի»-ն: Համեստ նուագախումբ մը, կազմուած դաշնակէ, ջութակէ, քանոնէ, տուտուկէ ու տհոլէ, որոնք երգերուն կու տային որոշ գունաւորում, ինչու չէ որոշ աշխուժութիւն, կայտառութիւն ու արթնութիւն: Կային նաեւ շաղկապուած մեղեդիներ, ինչպիսին` «Միայն սուրբ»-ը եւ «Ամէն Հայր սուրբ»-ը եւ կամ մեղեդի ու աշխարհիկ` «Տէր ողորմեա»-ն եւ «Տլէ եաման»-ը. այս շաղկապման փորձը կատարած էր Մարիա Փալազեան-Բարսեղեան: Իսկ ընդհանուր ձեռնարկը համեմուած էր արհեստավարժ, յայտնի մեներգողներով` Շողիկ Թորոսեան, Կարինէ Անդրանիկեան եւ Յովիկ Թաֆրանեան, որոնք լրջմտօրէն արտայայտեցին իրենցմէ ակնկալուածները:

Եթէ պահ մը հեռանանք համերգի հոգեբանութենէն ու մխրճուինք կրթական հոգեբանութեան մէջ, պիտի տեսնենք, թէ այս կատարուածը լոկ երաժշտա-կրթա-հոգեբանական բնոյթ ունեցող ձեռնարկ մըն է. նախ այն էր, որ երաժշտական հիմնարկ մը չէր անոր ետին կանգնողն ու ստիպողը, իսկ երկրորդը այն էր, որ սիրողական անդամներ էին, իրենց ազատ կամքով եկած ու նուիրուած ի սիրոյն հայ եկեղեցիին, ի սիրոյն հայ երգին, ի սիրոյն հայոց լեզուին, ի սիրոյն հայ հոգեմտաւոր մշակոյթին: Հոգեռանդ երջանկութիւնը կը բխէր իւրաքանչիւրին աչքերէն ու սրտերէն` սկսելով խմբավարէն հասնելով անդամներուն: Պատճա՞ռը… դրսեւորած էր ներաշխարհը յուզող ազդակները, թեւակոխած էր, շրջանցած էր պակասը իրենց մէջ գոյութիւն ունեցող երաժշտական գիտելիքներուն, ի լոյս բերած էր թաքուն ձիրքեր ու հասած երաժշտական այն մակարդակին, որ թոյլատրելի ըլլար իրենց ներկայանալ, դէմ յանդիման կանգնիլ մեծ հանրութեան: Ահաւասի՛կ կիզակէտը նմանատիպ ձեռնարկներուն:

Ահաւասիկ կիզակէտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը հովանաւորող աստուածատուր շունչին, զոր կը մարմնաւորէր Արամ Ա. կաթողիկոսը: «Մարդն է, – պնդելով կ՛արտայայտուի վեհափառ հայրը, – եկեղեցին քարաշէն կառոյցը չէ՛, այլ մա՛րդն է … »: Այո՛, մա՛րդն է, կազմուած երկու անբաժան մասնիկներէ` հոգի եւ միտք. կ՛արժէ՛ մշակել մեր հոգեմտաւոր մշակոյթը ի փառս մարդկութեան, հայ եկեղեցւոյ ու հայրենիքին:

 

 

 

Նախորդը

Տօնական Մթնոլորտ

Յաջորդը

Նոր Տարին Եւ Մենք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?