Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաղաղութիւնը` Յանձնառութիւն

Յունուար 6, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաւիթի աթոռին վրայ ու
Անոր թագաւորութեան վրայ
Անոր իշխանութեան մեծնալուն ու
Խաղաղութեան սահման չկայ,
որպէսզի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան
իրաւունքով ու արդարութեամբ հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա:
Զօրքերու Տէրոջ նախանձը պիտի ընէ ասիկա:
 Եսայեայ 9.7

Խաղաղութեան մաղթանքներով դարձեալ կը դիմաւորենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը:  Այս անգամ, սակայն, անխաղաղ վիճակները աւելի խիստ կերպով կը պաշարեն մեզ: Մեր անմիջական շրջանին մէջ` բողոքի, դժգոհանքի, ապստամբութեան եւ յեղափոխութեան արտայայտութիւններով փողոց իջած են ոմանք` իրենց խաղաղութիւնը կորսնցուցած ըլլալուն պատճառով: Միւս կողմէ` ասոնք կը խանգարեն ամբողջ երկրի ժողովուրդին խաղաղութեան այն փոքր մնացորդը, որով ժողովուրդը կը փորձէ տակաւին պահել իր ապրուստին եւ ապագայի յոյսին փշրանքները: Մինչ Սուրիոյ մէջ տակաւին կը շարունակուի պատերազմական վիճակը` Լիբանանի, Պաղեստինի, Իրաքի, Պարսկաստանի, Հնդկաստանի, Հոնկ Քոնկի, Ֆրանսայի, Սպանիոյ եւ շատ այլ երկիրներու մէջ` բազմամիլիոն մարդիկ իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերով կ՛իջնեն փողոց` պահանջելու համար կացութիւններու փոփոխութիւն, իրաւունք եւ արդարութիւն: Այդ ընելու ընթացքին` մարդիկ նաեւ կը քանդեն շատ ուրիշներու խաղաղ եւ բնականոն կեանքի ընթացքը: Նաեւ, այս բոլորին տեղեակ կ՛ըլլան բոլորը, լրատուական եւ ե-ցանցերու միջոցով, իրարմէ սորվելով եւ զիրար հրահրելով:  Փողոցներ փակելու նստացոյցերէն կ՛անցնինք քայլարշաւներու, որոնց կը հետեւին կաթսաներու զրնգոցով պահանջները, անիւներ եւ ինքնաշարժներ կ՛այրուին, մարդոց ինչքեր կը փճացուին, եւ… վիճակը անխաղաղ է:

Անխաղաղ այս վիճակներուն մէջ` կը յիշենք «Երկինքի բարձրութեան մէջ` Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն» երգող հրեշտակները, որոնք հովիւներուն աւետեցին Փրկիչին ծնունդը: Այդ «մեզի ծնած մանուկ»-ին անուններէն մէկը, «Խաղաղութեան իշխան»-ն է:  Եսայի մարգարէն, «մեզի ծնած մանուկին, մեզի տրուած որդիին» անունները յիշելէն ետք` կը շարունակէ իր մարգարէութիւնը ըսելով, թէ` «Անոր … խաղաղութեան սահման չկայ», եւ որ պիտի զօրանայ եւ հաստատուի «իրաւունքով եւ արդարութեամբ»:

Իրաւունք եւ արդարութիւն պահանջելը բոլորիս պարտականութիւնը կը սեպուի, սակայն զանոնք իրագործելու համար` խաղաղութեան կը կարօտինք:  Առանց այդ խաղաղութեան` յոյս չկայ, որ իրաւունք եւ արդարութիւն պիտի իրականանան: Անշուշտ ակնյայտ է նաեւ, թէ ասոնք բռնի չեն իրականանար:  Եթէ բռնութեամբ փորձենք հաստատել իրաւունք եւ արդարութիւն, ապա պատճառած կ՛ըլլանք նոր անխաղաղ վիճակներ եւ նոր բռնութիւններու առիթ կու տանք:  Նոյնիսկ եթէ հաստատուին ալ` շատ կարճ ժամանակի համար պիտի ըլլայ անոնց գոյութիւնը, եւ պիտի ըլլայ սահմանափակ: Ուստի պէտք է ճանչնանք, թէ «բարեփոխութիւն» պահանջողը ի՛նչ կ՛ըսէ. արդեօք կ՛ըսէ, թէ «իշխանութիւն ունեցողը բաւարար կողոպտեց մարդիկը եւ հիմա իր կա՞րգն է», թէ իրապէս պիտի փոխուի իշխանութիւն բանեցնելու որակը` հաստատելով բոլորին իրաւունքն ու արդարութիւնը:  Մարգարէին ըսածը այն է, թէ նոր Թագաւորին իշխանութիւնը եւ խաղաղութիւնը սահման պիտի չունենան:

Խաղաղութեան իշխանին Ս. Ծնունդը կը տօնենք, սակայն կ’անտեսուի շատերու կողմէ. ուրիշներ անոր մէջ կը տեսնեն շուկայական շահու առիթ միայն. տակաւին ուրիշներ, սրտանց տօնել փափաքելով հանդերձ, չեն կրնար «խանձարուրով փաթթուած մանուկէն եւ մսուրէն» անդին նայիլ:  Տօնէն անդին նայելու իմաստով հարց տանք. հրեշտակներուն աւետած «Երկինքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»-ը պարզապէս լո՞ւր մըն է երկինքէն ղրկուած, թէ՞ պատուէր մը մարդոց տրուած: Մեր պատասխանն է` թէ՛ աստուածային պատգամ է այս, թէ՛ պատուէր:

Մեր աղօթքը եւ մաղթանքն է որ Բեթղեհէմի մանուկին հաւատացողներ կարենան ընդունիլ, որ իրենց առաւելութիւնն է նախանձախնդիր ըլլալ Աստուծոյ կամքին եւ յանձնառու ըլլալ իրաւունքով եւ արդարութեամբ խաղաղութիւն ընել մեր շրջապատին մէջ, առանց սահմանափակումի, որպէսզի Աստուած միշտ փառաւորուի մեր կեանքի որակով մեր խաղաղութեան մէջ, ինչ ալ ըլլան վիճակները:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

                                                                                               ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Նախագահ Մերձաւոր Արեւելքի
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան

Յունուար 2020

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Առաջնորդական Պատգամ. Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?