ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
«Այո՛, ետեւ մնացած բան մը կայ մեր կեանքին մէջ,
եւ այդ՝ հայերէնի տարրական իմացութիւնն է,
որ ամէն օր քիչ մը աւելի կը նուազի, կը կաղայ,
ետեւ կը մնայ ու կը հեռանայ մեզմէ»:
Տք. Արմենակ Եղիայեան
Այս լայն-բարակ տողերովս կ’ուզեմ արտայայտել այն տագնապը, որ ներկայիս մտքիս մէջ դարձեալ պար բռնած է: Նախ ըսեմ, որ, թէեւ այս օրերուն կեանք ըսուածն ալ արդէն սկսած է անհաւասար հոսիլ եւ միաժամանակ կորսնցնել իր շրջագիծը, բայց միւս կողմէ պատմութիւնն ալ, իր ընթացքը առանց դադարի շարունակելով, ամէն օր նոր մը կը հիւսէ: Մերկ են մարդոց մտքերը եւ չեն վարժուած նման ցնցումի ու անդիմադրելի հարուածի: Որովհետեւ, յիշեցնեմ, որ ամիսներէ ի վեր, «շնորհիւ» «Քորոնա» ժահրին, աշխարհը փոխուած է ու բոլորովին նոր անծանօթ հունի մը մէջ մտած: Անդին, նոյնիսկ արեւն ալ չունի նախկին իր հմայքը: Մարդիկ՝ տուներուն մէջ կամաւոր ամփոփուած, ինքնամեկուսացած, իրենց համար զիրար միաւորող միակ անմիջական կամուրջը դարձուցած են հեռախօսը, հեռատեսիլն ու համակարգիչը: Զանազան արժէքներ սկսած են կորսուիլ: Մէկ խօսքով, տեսակ մը անժամանակ քաոս:
Մեկնելով այս իրավիճակէն, մարդոց օրերը, իրենց երկար ու կարճ ժամերով, ա՜լ յոգնած են, եւ իր կարգին կեանքն այլափոխուելով, անոնց տարբեր ցնցոտիներ հագցուցած: Ու մեր բոլորին աչքին առջեւ փլած կամ փլիլ սկսած է սքանչելի մեր աշխարհը: Իրապէս մեր այս գեղեցիկ եւ կապոյտ երկրագունդը կարծես դժբախտութեան հետ դաշինք կնքած ըլլայ:
Նման շատ մը լուրջ եւ նոյնիսկ վախազդու մտածումներ զիս տեսակ մը սարսափի կը մատնեն: Բնական է, չէ՞: Կը զգամ, թէ ապրելու համար ապրիլ ցանկալը ա՛լ բաւական չէ, որովհետեւ բոլորս ալ մտահոգութեան ծունկերուն վրայ ինկած ենք:
Արդ, իբրեւ երկար տարիներու կրթական մշակ-ուսուցիչ, ծուռ ու շիտակ այս մտածումներուս հետ հաւատքս ալ զիս շատ հեռուները սկսած է տանիլ:
Այլ խօսքով, բոլորին նման ես ալ սկսած եմ հարց տալ, թէ այս ընթացքով մենք ո՞ւր պիտի հասնինք: Տուն, ընտանիք, զաւակ, թոռնիկ: Անդին նաեւ ի՞նչ պիտի ըլլան մեր ընկերային եւ տակաւին՝ գաղութային կառոյցները: Դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, միութիւն, հայ կեդրոն:
Եկուր եւ որոնէ կեանքի այս նոր խորհուրդը:
Բայց անկեղծօրէն, ամէնէն մտահոգիչներէն են հայ դպրոցն ու հազարաւոր մեր նոր սերունդ-աշակերտներու իրավիճակը:
Մեր մեծերէն լսած ենք, որ մենք երազ ունեցող ազգ ենք, եւ մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է, ջուրին ու բնութեան նման եւ նոյնիսկ մեր ճակատագիրը՝ մեր պատմութիւնը: Եւ պատիւ մեզի՝ տոկացած ենք: Սակայն այս «տոկալը» առանց ոգիի եւ ապրելու կամքին անկարելի է ունենալ: Ու ներկայ այս յուսահատ վիճակին մէջ՝ ոգի՞…: Բայց ինչպէ՞ս գտնել այդ ոգին: Ինչպէ՞ս զայն ունենալ եւ ցանկալ: Ուստի կը կածեմ նախապայման է շուտով կատարել մեր ներկայ կեանքի վերագնահատումը, որպէսզի ծրագրենք նոր ժամանակներու հայութիւնը:
Եւ որովհետեւ այս օրերուն դպրոցները փակ են, յանկարծ առցանց տարբերակը կու գայ շրջանցելու իր հասկացողութիւնը: Ահա քեզի ժամանակի ու միջավայրի պայմաններու նոր միջոցառում: Տեսակ մը՝ փրկութիւն: Միջոց՝ ուսումնական իրավիճակը շարունակ եւ արթուն պահելու:
-Ի՜նչ լաւ լուծում,- կ’ըսենք առաջին իսկ հերթին,- տուն «մնացող», ինքնամեկուսացուած հա՛յ աշակերտը կապել հա՛յ գիրքին, հա՛յ գիրին, հայերէն դասին ու դասագիրքին, գիտութեան եւ ինչու չէ նաեւ՝ իր մայրենիին:
Շատերուն համար նոյնիսկ քաջ ու կայտառ, եւ, եթէ կ’ուզէք, լուսաւոր կէտ մըն է ալ այս միջոցառումը, որպէսզի հայ մատղաշ եւ պատանիի ուղեղը անտէր հայելի չդառնայ: Եթէ կ’ուզէք, մեր այս «նոր» կեանքը թեւաւորող նոր միջոց: Վերջ ի վերջոյ՝ ապրիլ եւ ապրեցնել: Վերաշինել եւ ինչու չէ նաեւ վերապատրաստել աշակերտին մտքի տունը, կառոյցը, արթուն պահելով անոր հայու ոգին, որպէսզի չկորսնցնէ գիտակցութիւնն ու ինքնութիւնը, մինչեւ այս «փոթորիկին» հանդարտիլը:
Ուրեմն հայ աշակերտին յատուկ առցանց հրամցուելիք ծրագիրը, առաջին իսկ հերթին պարզ ուսում ջամբելու կողքին, պէտք է ըլլայ հայօրէն ապրելու, մտածելու եւ գոյատեւելու գաղտնիքի բանալին ալ:
Եւ որովհետեւ մեր համրանքի փրկութիւնը առնչուած է մեր լեզուին, ուստի էական է, որ լրջօրէն ու պատշաճ մտածումով պատրաստուած այս ծրագիրը ըլլայ պարզ եւ մաքուր, շիտակ եւ ճիշդ մեր մայրենիով: Այսպէս՝ վարժութիւններու եւ լեզուին հետ կապուած զանազան գիտելիքներու եւ «բանալիներու» կողքին հարկ է ժամանցային, ոչ ձանրձրացուցիչ ու հաճելի գիտելիքներուն մէջէն ուղղութիւններ ցոյց տուող ուղեցոյցով մը մօտենալ:
Այս բոլորը կրնանք իրականացնել, անշուշտ, եթէ ունենանք առողջ եւ երկար տարիներու համար ծրագրուած ռազմավարութիւն, որպէսզի վերջը զղջում չունենանք, որովհետեւ անհրաժեշտ է տունը նստած հայ աշակերտին դրական մօտենալ, առանձին չձգել, ոգեւորել: Թէեւ նոյն այդ աշակերտը, առցանցի նման նոր միջոցով սեւով ճերմակ իր համակարգիչի պաստառին վրայ պիտի չհանդիպի իր դասատուիին կամ ուսուցիչին տաք շունչին, անոր փայլուն խօսքերուն, անոր ոգեւորող միտքերուն, պիտի չապրի հայ դպրոցին տաքուկ մթնոլորտը, բայց եւ այնպէս վերջապէս, դրական որդեգրում մը ըլլալէ չի դադրիր ասիկա: Բայց. ինչպէ՞ս կորովը բարձր պահել հայու ոգիին: Անկասկած մտային աշխատանքները ձեւով մը պիտի կարենան պահել լեզուն եւ գիտակցութիւնը, բայց անհրաժեշտ է մանաւանդ պահել ենթակային ազգային ինքնագիտակցութիւնը, որպէսզի ան մնայ ուխտապահ մարդոց հաւաքականութեան մէկ մասնիկը:
Ուրեմն, հայ ինքնութեան պահպանումի ի խնդիր պայման է ներշնչել սէրն ու հայերէնի գործածութեան վարժութիւնը, այդ ըլլայ գրաւոր կամ բերանացի, հարազատօրէն եւ հասկնալի, առանց բարդութեան փոխանցումի, որպէսզի վաղուան մեր ինքնութիւնը չմաշի:
Բոլորս ալ, մեծով-պզտիկով, չենք ուզեր հաց-պանիր հայերէնով, ինչպէս ժամանակին սովոր էր ըսել, գոհանալ: Չենք ուզեր, որ հայերէնը հինցած հագուստի նմանի: Այսինքն՝ հոսանքին դէմ ընթանալ՝ որպէսզի պղպջակ չդառնանք, բոլորս ալ, որպէսզի մէկ թեւով «չթռչինք»:
Գիտենք, որ ժամանակը բոլորիս համար ալ քմահաճ է: Անողոք եւ անզիջող:
Բայց եւ այնպէս կարեւորն ու էականը նման մտածումները իրենց խորքով բանալն է: Թող տան մէջ հայերէն գիրքն ու լրագիրը ապրին, հայ ծնողքը իր մեծ դերն ու կողմնորոշումը ունի նման ծրագրի իրականացման աշխատանքներուն մէջ:
Մօտէն հետեւելով՝ թելադրել, քաջալերել, գուրգուրալ, գնահատել:
Ազգային գոյատեւման համար լեզուն նախապայման է. միշտ շեշտած ենք: Հայ լեզուն մեր ազգային ինքնութիւնը կը կազմէ: Պահենք հայ լեզուն: Մնանք արթուն զանգուած: Այս մէկը մեր գոյապայքարին մաս կը կազմէ, մեր ռազմավարութեան: Նոր իրականութիւն մըն է, որ կը սաւառնի կեանքի հորիզոնին վրայ, յաճախ կը վախնամ մտածելէ:
Ինչպէ՞ս պահել կեանքի ջերմութեան աստիճանը: Ահա կենսականը: Մեր կեանքը նախապէս կը տրոփէր մեր սրտով: Չմոռնանք, որ կեանքը, իբրեւ հաւաքական ապրում, մեզի համար ազգային է:
Ուստի պայման է, մեր կեանքի գոյութեան պայքարը մղել առնական թափով, որովհետեւ ստիպուած ենք սերունդներու մասին առաւել լուրջ մտածել, միեւնոյն ժամանակ սէր ու հաւատք եւ գուրգուրանք տածելով հանդէպ ազգային արժէքներու:
Ճիշդ է, որ հայոց լեզուի ուսուցումը, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, դժուարացած է եւ հետզհետէ կը դժուարանայ: Նորութիւն մը չէ: Նաեւ ըսեմ, որ նոր սերունդը, քիչ ծանօթ է հայոց լեզուին, ինչպէս անոր լեզուական, նոյնպէս եւ բառագիտական յատկութիւններուն: Պատճառը՝ օտար լեզուի ներկայութիւնն է դպրոցին, ընտանեկան յարկին ու մանաւանդ շրջակայքին մէջ:
Միւս կողմէ, սակայն, առանց չափազանցելու կրնանք հաստատել, որ աշխարհի գեղեցիկ եւ լիակատար լեզուներէն մէկն է մեր հայերէնը։ Ան արդէն իսկ առանձնապէս գրականութեան ոճի յարմար ու նաեւ ամէն տեսակ թարգմանութիւններու, ինչպէս նաեւ նոր բառեր կերտելու կարելիութեամբ օժտուած լեզու մըն է:
Այսպէս, սկսելով այբուբենէն, որ լեզուի մը կատարելութեան ազդակներէն առաջինն է, մեր այբուբենը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի, իր կազմութեամբ եւ նշանակելի կերտուածքով առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ մնացեալներու համեմատ։
Իր բոլոր առաւելութիւններուն որոշ չափով ծանօթանալէ ետք, կրնանք համեստօրէն եւ հպարտութեամբ մեր մայրենին դասել հարուստ, կատարեալ լեզուներու կարգին։
Այս խրախուսիչ իրողութիւնը կը պարտադրէ մեզի ջանք ու կորով չխնայել՝ փոխանցելու համար մեծասքանչը յաջորդ մեր սերունդներուն՝ փորձառու եւ կարող մասնագէտներու յարատեւ աշխատանքով։
Ժողովուրդի մը գոյատեւման որոշիչ դերը կը կատարէ այդ ժողովուրդի լեզուն։ Կրկնած ենք շարունակ:
Լեզուն ո՛չ միայն տարբեր անձնաւորութիւններու միջեւ կենսունակ կապակցութեան կը ծառայէ, այլ նաեւ կարեւոր ազդակ մը կը ներկայացնէ ազգի ինքնութեան կառուցման։
Անկեղծօրէն կը կարծեմ, թէ մեր բոլոր ձախողութիւններու գլխաւոր պատճառը այն է, որ մեր շրջապատն ու մթնոլորտը նիւթապաշտ դարձուցած ենք։ Սկսած ենք ամէն «բան» նիւթով չափել, ձեւել եւ գնահատել։ Մեզ կլանած են ախտեր։ Չենք անդրադառնար, որ կեղծիքն ու կեղծաւորութիւնը մեր գիտակցութիւնը կը վրդովեցնեն։ Պատրանք մը ստեղծուած է։ Կարծես հոսանքէ մը տարուած ենք եւ տակաւին կը շարունակենք տարուիլ, բայց չենք անդրադառնար, որ կը տուժէ նոր սերունդի հայ միտքն ալ եւ իր կարգին իր հարազատ ազդեցութիւնը կը ձգէ մեր գիրին ու գրականութեան եւ ընդհանրապէս մեր մշակոյթին վրայ։
Անպայման պէտք է ականջի օղ ընել, թէ մշակոյթ ըսուածը առարկայ չէ…։ Չե՛ս կրնար շուկայ երթալով հայ մշակոյթ գնել։ Չե՛ս կրնար զայն փոխանցել, եթէ անոր ոգին մաս չի կազմեր հայ հողին, հայ գիրին, հայ կեանքին, ջուրին եւ պատմութեան։
Ամէն առիթով խօսած եւ արտայայտուած եմ, որ պէտք է շրջանի հայ միտքերը համախմբել։ Խանդավառ մթնոլորտ ստեղծել։ Տրամադրուիլ։ Ներշնչել եւ մտերմանալ։ Գուրգուրալ եւ հաղորդակից դառնալ։ Այլ խօսքով՝ նման հարցերով մտահոգ մարդիկը համախմբել։ Մէկ յարկի տակ քով-քովի բերելով համադրել անոնց բառերն ու ծրագիրները, տեսութիւններն ու մատնանշումները, որպէսզի բարգաւաճ եւ առողջ հաւատք ստեղծուի գաղութին մէջ եւ, անոր ազգային գիտակցութեան շեփորումի կողքին, հայեցի իմացութիւնն ալ նորոգուի։
Կը կարծեմ։ Ու միշտ կը կարծեմ, թէ դրական ալիք ստեղծող համախմբումի մը կարիքը կայ։ Ուրեմն՝ պէտք է ենթահող պատրաստել։ Հին վէճերէն հեռանալ, եւ այս մէկը՝ սկսելով մշակութային միութիւններէն հասնելով մինչեւ հայկական վարժարանները։
Պարզապէս ցանկութիւն է պէտք։ Կարծես մեր մօտ ցանկութիւնը ձեռքերը ծալլած յոյսի շուքին տակ նստած կը մտածէ։ Կարծես կը սպասէ, որ ստեղծուի ժամանակը։ Բայց չենք գիտեր, չենք անդրադառնար, որ ժամանակը հիմա՛ է, որպէսզի մեր ունեցած հաւատքը իր հոգեկան կայքը հաստատէ բոլորին հոգիներուն մէջ։ Այս ձեւով է, որ նոր շունչ կրնանք տալ ազգային մեր ոգիին։ Ժամանակը մեզի շատ բաներ կը թելադրէ, եթէ անշուշտ մեր ականջները լայն բացած ենք նոյն այդ ժամանակէն հասնող արձագանգը լսելու: Սա իրականութեան մուրճով զարնուած պղինձի պէս կը հնչէ:
Կը հաւատամ, որ մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու կանչեր են այս տողերը, որոնք յիշեցման կողքին պարտաւորութիւններ կը դնեն իւրաքանչիւրիս վրայ՝ իբրեւ մտահոգ ազգայիններ, իբրեւ կրթական մշակներ:
Արդ, եթէ լուծում մը կ՚ուզենք կամ կը փնտռենք, նախ եւ ամէնէն առաջ պարտինք դուրս գալ այս մեր ներկայի մակերեսէն։ Խօսքէն գործի անցնիլ: Նման գիտակցութեան մը պակասը հեգնանքի կը վերածէ մեր մթնոլորտը։
Բոլորին նման ես ալ կ’ուզեմ տեսնել նոր հայը, եթէ գտնենք, հաւատացէ՛ք, մեր երազին յաղթած կ’ըլլանք:
Մնացեալը դուք գիտէ՛ք: