Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Կոչ՝ Ծրագրուած Հայրենաշինութեան՝ Պետականաշինութեան

June 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Վերջերս թեր ու դէմ` մերթ ծայրայեղ, մերթ ահազանգող, մերթ խելամիտ կարծիքներ կը հնչեն Հայաստանի քաղաքական` ներքին եւ արտաքին, առողջապահական, արդարադատութեան, պարէնաւորման ինքնաբաւութեան, ոխակալ մոլուցքի, տնտեսական, միջավայրի, ազգային հարստութեան յափշտակման` գողութեան, ապրուստի մակարդակի, աղքատութեան եւ գրեթէ բոլոր բնագաւառներու վերաբերող, սակայն մէկ բան շատ յստակ է, որ նշեալ բոլո՛ր հարցերը գրեթէ ճգնաժամային վիճակի հասած են եւ շտապ լուծումի կը կարօտին: Դժբախտաբար, նոյնքան յստա՛կ է, որ գործնական ու տրամաբանական ճամբու քարտէսներ գոյութիւն չունին յաղթահարելու համար վերոնշեալ տագնապները:

«Միասնութիւն» լոզունգը լաւ բան է, թէեւ, գիտակցաբար կամ ոչ, երկու տարի է անոր հակառա՛կ ուղղութեամբ դրսեւորումի ականատես եղանք («սեւի եւ ճերմակի»), սակայն «Միասնութիւն»-ը առանձինն այս տագնապներուն լուծում չի բերեր, եթէ երկիրը այս բոլոր ճգնաժամերէն քայլ առ քայլ դուրս բերելու` յաղթահարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին, չեն պատրաստուած: Այստեղ նպատակը այս կամ այն քաղաքական հոսանքը քննադատել չէ, ո՛չ ալ այս համավարակի օրերուն կողէն դաշունահարել, ինչպէս ոմանք կը կարծեն: Կը յիշէ՞ք համավարակի սկզբնական օրերուն հանրաքուէի քարոզարշաւներ տեղի կ՛ունենային առանց դիմակներ օգտագործելու…:

ԱՐԴԵՕՔ Ե՞ՐԲ Է ՅԱՐՄԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱՅՍ ԳՐԵԹԷ ՏՂԱՅԱԿԱՆ ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐԷՆ ԴԷՊԻ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ՊԵՏԱԿԱՆԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅՐԵՆԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ: ԲՈԼՈՐՍ ՊԷՏՔ Է ԶԳԱՍՏԱՆԱՆՔ ԱՅԼԵՒՍ:

Անմիջապէս պէտք է կազմուի Ճգնաժամային ազգային խորհուրդ` հաւանաբար Հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութեամբ,  մասնակցութեամբ հայրենիքէն եւ սփիւռքէն մասնագէտներու, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ ճանապարհային քարտէս մը պատրաստել, երկիրը վերոնշեալ բոլոր տագնապներէն քայլ-առ-քայլ դուրս բերելու: Առողջապահութեան կողքին գործնական երկրորդ շտապ բնագաւառը պարէնաւորման անվտանգութիւնը` ինքնաբաւութիւնը պէտք է ըլլայ` ջուրի պաշարներու լաւագոյնս տնտեսում, հողագործութիւն, անասնաբուծութիւն եւ յարակից ճարտարարուեստներ, արտադրութիւններ, որպէսզի այժմու 30 տոկոսէն 100 տոկոսի բարձրանայ սնունդի կարիքի ներքին արտադրութիւնը եւ ինչու չէ աւելին` արտածելու համար:

Սպասելով որեւէ ձեւի Ճգնաժամային ազգային խորհուրդի մը կազմութեան եւ ճանապարհային քարտէսի մը պատրաստութեան եւ գործադրութեան:

8 յունիս 2020

Նախորդը

Հայաստան – ՀՅԴ – Սփիւռք (Դաշնակցութիւնը ՀՀ Կառավարութեան Մասնակից)

Յաջորդը

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Եւ Տորթմունտ Յաղթական

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)

October 5, 2026
Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը
Անդրադարձ

Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը

October 5, 2026
Լիւսի Թիւթիւնճեան.    Ինչո՞ւ Տիկին, Եւ Ո՛չ` Լիւսի
Անդրադարձ

Լիւսի Թիւթիւնճեան. Ինչո՞ւ Տիկին, Եւ Ո՛չ` Լիւսի

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.