Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Որպէսզի Հիթլէրեան Նախընթացը Չկրկնուի…

Յուլիս 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աշխարհի նորագոյն պատմութիւնը ուսումնասիրող ուսանողը, երբ կը հասնի Բ. Աշխարհամարտը կանխող տասնամեակներուն եւ կը սկսի սորվիլ կործանարար պատերազմին պատճառներուն ցանկը, կը հանդիպի հետեւեալ հաստատումներուն. Հիթլէրի շղթայազերծած պատերազմը հետեւանք էր նա՛եւ այն վիճակին, որ կը տիրէր Եւրոպայի մէջ, Ա. Աշխարհամարտէն ետք: Հիթլէր կը ներկայացուի իբրեւ ծնունդը՝ պարտեալ Գերմանիոյ ապրած յուսախաբութեան ու անոր պարտադրուած սանձումներուն. «Ֆիւհէր»ը նոր դրօշակիրն էր գերմանական կայսրութիւն մը ստեղծելու նախորդներուն երազանքին, իսկ Եւրոպայի հզօրները տարիներ շարունակ հանդիսատեսի աչքով հետեւեցան անոր ծայրայեղական քայլերուն, ուժի վերակուտակումին եւ այլոց հանդէպ ոտնձգութիւններուն, աճող վտանգը տեսնելով հանդերձ՝ ձեռնածալ մնացին, որովհետեւ, ի շարս ալ պատճառներու, յոգնած էին պատերազմելէ, չէին նախընտրեր լայնածիր նոր պատերազմի մը մէջ մտնել: Ուսանողը իր գիտելիքներուն վրայ կ’աւելցնէ նաեւ այն մեկնաբանութիւնը, թէ Եւրոպան եւ Գերմանիոյ հակադիր ուժերը եթէ զգաստ ըլլային ու աւելի կանուխ շարժէին Հիթլէրի դէմ, աշխարհին հաւանաբար խնայուէր Բ. Աշխարհամարտը:

(Կան անշուշտ բազմաթիւ այլ բացատրութիւններ, մեկնաբանութիւններ, որոնց շարքին այն՝ որ կային Հիթլէրի Գերմանիոյ հետ առեւտուր ընող-շահ ապահովողները…: Այս ու նման մեկնաբանութիւններ ձգենք այս փակագիծին մէջ):

***

            Հիթլէրի Գերմանիոյ հզօրացումն ու անոր հանդէպ կրաւորականութիւնը, անտարբերութիւնն ու գործնական քայլերու բացակայութիւնը որբ պարագայ չէ աշխարհի պատմութեան մէջ, սակայն բաւականանանք անով, արձանագրելու համար մեր մտահոգութիւնը:

100 տարի առաջ, Սեւրի դաշնագիրով տարանջատումի ենթարկուած Օսմանեան կայսրութիւնը կաշխատի վերաձեւաւորել ինքզինք, նման Հիթլէրի Գերմանիոյ: Մասնաւորաբար Էրտողանի իշխանութեան շրջանին, Թուրքիա միանգամընդմիշտ մէկդի ձգած է նախորդներուն քողարկեալ տարազները: Թուրքիոյ ձեռքերը կ’երկարին անմիջական դրացիներէն շատ անդին, դէպի Ափրիկէ, արաբական աշխարհի ու Ասիոյ որոշ գօտիներ եւ, անուղղակիօրէն՝ դէպի Եւրոպա: Այս բոլորը տեղի կ’ունենան բռնատիրութիւններ եւ կայսրութիւններ մերժող աշխարհին բաց աչքերուն առջեւ: Թուրքիա ո՛չ միայն զինուորական միջամտութիւններ կ’ընէ հոս-հոն (քաջալերանք ալ կը ստանայ նման արկածախնդութիւններէ շահ ապահովողներէ), այլ նաեւ աչքերը տնկած է այլ շրջաններու վրայ, այն բարձրաղաղակ «արդարացումով», թէ այդ շրջանները մաս կազմած են Օսմանեան կայսրութեան: Աւելին, Թուրքիա լաւագոյնս կը շահագործէ գաղթականներու տագնապը՝ նիւթապէս կողոպտելու համար իր… դաշնակիցները՝ եւրոպացի, ամերիկացի եւ… արաբ:

Օսմանեան կայսրութեան դաժան ժառանգութիւնը ծածուկ չէ: Եթէ մենք՝ հայերս կրած ենք ծանրագոյն հետեւանքները՝ Ցեղասպանութեան ենթարկուած ենք, այլ երկիրներ ու ժողովուրդներ, անկախ իրենց ազգային կամ կրօնական պատկանելիութենէն, առաւել կամ նուազ չափով ճաշակած են եաթաղանին համը:

Անցեալի ու այսօրուան այս իրականութիւններուն քաջածանօթ աշխարհը, մասնաւորաբար մենք՝ հայերս ու ճակատագրակիցներ՝ յոյն, կիպրացի, արաբ, քիւրտ եւ այլք, միասնաբար կանգնած ենք մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման. կասեցնել Օսմանեան կայսրութեան ու համաթուրանական ծրագիրներուն ծաւալումը, աւելին՝ զսպել եւ իր չափին վերադարձնել Թուրքիան: Հիթլէրի Գերմանիոյ հանդէպ ցուցաբերուած կրաւորականութիւնն ու անգործութիւնը աղէտ բերին: Էրտողանի յոխորտանքներուն իրականացումը նուազ աղէտալի պիտի չըլլայ: Նախաճաշակները կը կրենք նա՛եւ մենք, թուրք-ազերի անսքող գործակցութեամբ:

Ուրեմն, պէտք է արթննալ եւ գործի լծել պետական, դիւանագիտական, քաղաքական եւ կարելի բոլոր միջոցները, որպէսզի հիթլէրեան նախընթացը չկրկնուի:

27 Յուլիս 2020

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (28 Յուլիս 2020)

Յաջորդը

Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Գանատայի Խորհրդարանին Կողմէ 25 Տարուան Ճանապարհ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?