Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լորիկ Կամ՝ Թատերական Հրաշագործութիւն

Յուլիս 27, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

 «Լորիկ»-ը  անցեալ յունիս 28-ին ստացաւ Նիւ Եորքի մէջ կայացած «Ընկերային հարցեր շօշափող ժապաւէններու փառատօն»-ի  (Socially Relevant Film Festival) «Լաւագոյն գեղարուեստական ֆիլմ» մրցանակը: Փառատօնը 2014 թուականին հիմնած է ծանօթ արուեստագիտուհի Նորա Արմանին: Հիմնական նպատակը եղած է պայքարիլ ամէն տեսակ բռնութեան եւ զայն որպէս ընդունելի վարմունք ծանուցող երեւոյթներու դէմ (1):

«Լորիկ»-ը (2018, 98 վ. բեմադրիչ՝ Ալէքսէյ Զլոպին) ցուցադրուած էր «Ոսկէ Ծիրան-15»-ի արտամրցոյթային ծրագիրի ծիրին մէջ: Աւելի ուշ մասնակցած է այլ փառատօներու եւ ստացած մրցանակներ: Մտայղացումը կը պատկանի վաստակաւոր դերասան Միքայէլ Պօղոսեանի, որ միաժամանակ բեմագիրը, կեդրոնական դերասանը եւ արտադրողն է:  Ժապաւէնը Զլոպինի առաջին բեմադրութիւնն է, թէեւ  այլապէս ունի մեծ փորձառութիւն ֆիլմաշխարհի մէջ: Երկրորդական դերեր ունին բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, որոնց շարքին հեղինակային երգիչ Ֆորշ (Վահան Գէորգեան)՝ գինեմոլի վերածուած երաժիշտ Ջոնիկի դերով: Արտադրիչն է «Թիմ» միջազգային ընկերութիւնը: Ժապաւէնը ստացած է նաեւ Հայաստանի Շարժապատկերի Ազգային կեդրոնին աջակցութիւնը:

Դիպաշար .- Լորիկի դերասան ծնողները մահացած են շատ կանուխ, բայց ոչ նախքան Լորիկի մէջ արմատացնել թատրոնի սէրը: Լորիկ պահած է լուսանկար մը, ուր կը տեսնենք ծնողքը «Ալիս հրաշքներու աշխարհին մէջ»  թագուհի եւ թագաւոր կերպարներու տարազով: Նկարը առնուած է այդ թատրերգութեան բացման օրը:

Լորիկ այժմ միջին տարիքի դերասան մըն է, որ փակուած է իր աշխարհին մէջ: Կ’ապրի ի՛ր կերպարներու կեանքով, կ’անտեսէ քաղաքը (Երեւան), որ կ’ապրի բարոյական անկում եւ կը կեղեքուի նորելուկ կեղեքիչներու կողմէ: Լորիկ ամբարտաւան է, անտարբեր, կ’արհամարհէ եւ կը նախատէ  բոլորը, ներառեալ Անուշքան (Եւգենիա Տմիթրեւա), որ զինք կը խնամէ եւ նոյնիսկ գուրգուրանքով կը մաքրէ իր կօշիկները: Իր խաղակիցները կը տեսնենք ոչ որպէս լիարժէք խաղընկերներ, այլ մարդաչափ անշունչ տիկնիկներ: Կ’ընդունի Լորիկ անունը՝ նմանութեամբ ասպետական տիտղոս կրող հանրածանօթ Լորանս Օլիվիէյի: Մեծամտութեան ցուցանիշ մը եւս:

Լորիկ կ’անտեսէ համատարած աղէտը, բայց աղէտը, ի հարկէ, չ՛անտեսեր զինք: Կեղեքիչիներու նոր-նացի-մասոն կուսակցութիւնը, քաղաքապետի արտօնութեամբ, կը գրաւէ թատրոնը (ոչ նուազ քան Սունդուկեանն է) եւ զայն կը վերածէ կուսակցական կեդրոնի: Թատրոնի վարիչը արագ կաշառուած էր: Այդ կարելի է նկատել ակնարկ՝ ներկայ վարիչներու բարոյականին եւ արուեստի հանդէպ կեցուածքին:

Լորիկ կը շպրտուի աստիճաններն ի վար դէպի փողոց (խորհրդանշական գործողութիւն), փոխան բեմական սպիտակ շպարին, Լորիկի դէմքը կը ծածկուի քանդուող թատրոնի սպիտակ փոշիով, որ անոր անդենական ուրուականի տեսք կու տայ, վերջին տեսարանին մէջ կը դառնայ իր «մահուան դիմակը»: Լորիկ կ’ուշաթափի, երբ գլուխը կը բախի մայթին: Կարելի է ենթադրել, թէ հետագայ իրադարձութիւնները Լորիկի երեւակայութեան մէջ կը կատարուին, մանաւանդ որ անոնք ունին ծայրայեղ անիրապաշտ բնոյթ:

Լորիկ խորհրդանշական ձեւով կը լուայ դէմքի «շպար»-ը եւ կը հանէ «Սիրանօ տը Պերժրաք» կեղծ քիթը: Լորիկ այլեւս թատրոնի դերասան չէ: Կոտրած մարդը կը վերադառնայ տուն եւ կ’արտասանէ Մաքպէթի խօսքերը.- «Հանգիր, կարճ ճրագ, կեանքը քալող պատրանք է միայն, խեղճուկ դերասան, որ բեմի վրայ կը փքուի պահ մը, ապա կը կորչի անհետ: (Արար 5 տեսարան 5): Լորիկ ինքզինք կը համեմատէ Համլեթի մեռած ծաղրածու խեղճ Եորիկի հետ (հանրածանօթ գանկի մենախօսութիւնը): «Ձեւացնելը հեշտ է», փախուստ իրական յարաբերութիւններէ եւ անոնց պարտադրած պատասխանատուութիւններէ: Տեսարանը կը թելադրէ, թէ Լորիկի ինքնա-արգահատանքը հասած է այն խորութեան, որ ան գիտակցաբար թէ անգիտակից մահ կը ցանկար:

Երբ Լորիկ կ’ողբար՝ իր ծնողքին լուսանկարը ձեռին, կը կատարուի գերբնական միջամտութիւն: Երկինքը կ’ամպրոպէ ու կը փայլատակի եւ Լորիկի հոգին կը մտնէ գինով Ջոնիկի մարմնին մէջ: Լորիկ կ’ենթադրէ, որ լուսանկարը ինքնին գերբնական յատկութիւններ ունի: Առնուած է «Ալիս հրաշքներու աշխարհին մէջ» ելոյթի բացման օրը: Եւ ծնողքը մահացան: Լորիկի թատրոնը փակուեցաւ նոյն այդ հեքիաթի բացման օրը: Նկարին վրայ կպցուած է մանուկ Լորիկ՝ ճագարի տարազով: Անդադար ինքզինք ողբացող վախկոտ «Թրի-Վրի» ճագարի կերպարը պիտի ըլլար Լորիկի վերջին դերը, բայց ոչ թէ պատրանք-թատրոնի, այլ իրական կեանքի մէջ … ըստ իր հեւքոտ երեւակայութեան, Պօղոսեանի բառերով՝ «Ֆանտաստիկա»-յի:

Իսկական փոփոխութիւնը հոգեկան է: Լորիկ՝ Ջոնիկի մարմինը փոխ առած, կը վերականգնէ սէրը անոր բազմաչարչար կնոջ հանդէպ, կը հեռացնէ զինք թմրամոլութեան մղող ընկերը եւ թերեւս կը վերադարձնէ երբեմնի ստեղծագործող երաժշտական խումբը վերակենդանացնելու փափաքը:

Պատահակա՞ն է, որ ֆիզիքական բախումի մը միջոցով Լորիկի հոգին կ’անցնի իր հիւանդ ընկերուհին խնամող աղջկան՝ Չինարի (Անի Գալստեան) մարմնին եւ անոր համարձակութիւն կու տայ զգլխելու իշխանազունը … ներողութիւն, նեօ-նացի «շէֆ» միլիոնչիկի Գագոյի որդին որ, ո՜վ զարմանք, գրականութիւն ուսանած է եւ ի տարբերութիւն իր գազանատիպ հօր, ունի արուեստագէտի նուրբ դիւրաբեկ կերպարանք: Այդ դրուագը յաւելեալ առիթ մըն էր Շէյքսպիրեան Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ, պատշգամի հանրածանօթ տեսարանը եւս խաղալու: Չինար պալատէն … ներողութիւն, թանկավճար ճաշարանէն կը փախչի կօշիկները ետին ձգած, ի հարկէ զերթ Մոխրիկ: Ի դէպ դերասանուհին (Անի Գալստեան) ըսած է, թէ ինք յաճախ հայելիի առջեւ իշխանուհի ըլլալ կը ձեւանայ (2):

Լորիկ ապա կ’անցնի մահամերձ աղջնակ Ասիա-Յասմիկի (Իրենա Այվազեան) մարմնին, բայց այդտեղ կարիք կայ ոչ թէ հոգեկան, այլ ֆիզիքական բուժումի: Որպէս Յասմիկ, Լորիկ կը հասկնայ,  թէ Անուշքա որքան երկար եւ լուռ  տառապած է: Գեր-ճարտարագիտական զննիչ հսկայ մեքենայի ընդերքէն Լորիկ կը յաջողի կախարդանքի գաղտնիքը փոխանցել զինք սիրող կնոջ (յոյժ մեկնաբանելի պատկեր): Լորիկ կ’անդրադառնայ, որ ինք միշտ եղած է վախկոտ ճագար մը: Ինչպէս գծանկարը ցոյց կու տայ, Ալիսի ճագարը միշտ մտահոգ է «ճիշդ» ժամանակով: Լորիկ եւս  քանի մը առիթով նոյնպէս ճիշդ  ժամանակով մտահոգուած է: Այդ ի հարկէ կերպարի ցուցանիշանիշներէն մէկն է: Այլ ցուցանիշ մըն էր յաճախ պեխերով խաղալ: Ճագարը յաճախ կը նշէ իր «խեղճ պեխերը»:

Լորիկ վերջապէս կը յայտնուի նէօ-նացի կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի մարմնին մէջ: «Շէֆ»-ը միաժամանակ Չինարի հմայած իշխանազունի հայրն է (ա՛յ քեզ բա՜ն): Լորիկ այստեղ կը կատարէ չորս միջամտութիւն: Նախ իր օրհնութիւնը կու տայ Չինարի ամուսնութեան, ապա հիւանդանոցի մէջ կը թելադրէ, որ Յասմիկը փոխադրուի լաւագոյն սենեակը եւ անոր համար դասաւորուի լաւագոյն բուժումը … Իսրայէլի մէջ: Ասպետական կոչում եւ նացի սաղաւարտ  ստանալու համար կազմակերպուած մասոնական ծէսի բացման կը նուաստացնէ բոլորը անդամները՝ պարտադրելով, որ շուն ձեւանան: Կը պարտադրէ նաեւ, որ խոշոր տոլարներով նուիրատուութիւններ կատարեն յօգուտ իր շան: Այդ գումար կու տայ Անուշքային, որպէսզի ան հոգայ Յասմիկի բուժման ծախսերը: Լորիկ ապա, ապշած լրագրողներուն կը յայտարարէ, թէ ինք նախագահական թեկնածու չէ:

Ծանր յատուցում .- Լորիկ կորզած գումարը գրկած կը փախչի: Անուշքա բերած է ծնողներու լուսանկարը, որպէսզի Լորիկ վերագտնէ իր մարմինը: Բայց խաւաքարտի կտորը անզօր է առանց երկնքի միջամտութեան: Երկինքը լուռ է: Լորիկ բաց պատուհանի առաջ, աչքերը երկինք յառած փրկութիւն կը խնդրէ: Փրկութիւնը կ’ըլլայ դաժան: Անտեսանելի անձ մը կը կրակէ Գագո-Լորիկի կուրծքին: Մահացող դերասանը կը սկսի երեւակայել բարեզարդ աւարտ: Իր բոլոր հարազատները հաւաքուած են Կախարդական աշխարհի ծանօթ թէյասեղանին շուրջ: Այդ ողջերթ մըն է: Լորիկ կը համոզէ Յասմիկը, որ դուրս ելլէ Ալիսին տնակէն: Աղջնակը վարանոտ կը հեռանայ: Մահաքունի մէջ եղող Յասմիկ կը վերակենդանանայ:  Լորիկ կ’երազէ,  որ քաղաքը մաքրուած է, եւ թատրոնը՝ վերականգնուած: Ուրեմն իր ինքնազոհութիւնը ի զուր չէր … Բոլորը տնակի պատուհանէն երախտագիտութեամբ եւ սիրով հրաժեշտ կու տան յաղագս մեր մարդկանց զոհուած փրկիչին … ներողութիւն, Լորիկին: Լորիկի դիակը կը հանգչի այն մահիճի վրայ, ուր առաջին տեսարանին մէջ տեսած էինք սպաննուած Edward IV-ի խամաճիկը: Ի հակադրութիւն եռուն թէյասեղանին, դիակը առանձին է:

Գեղարուեստական .- Ժապաւէնի կշռոյթը արագ է, պատկերաւոր լեզուն՝ խիտ եւ յաճախ բազմիմաստ: Այդ կը պարտի բեմադրիչին, որ նաեւ իր քաղաքական դիրքորոշումը վարպետօրէն սպրդեցուցած է   ժապաւէնէն ներս: Նէօ-նացի կեդրոնի վերածուած թատրոնի ղեկավարի գրասենեակի պատին կը տեսնենք Իլիական դիւցազներգութեան կերպարներէն Ակամեմնոնի մահուան դիմակը: Ագամեմնոն նուաճող կողմի ղեկավար անգութ եւ վճռական արքան էր: Մի րոպէ դիմակը յստակօրէն կը յիշեցնէ … արքայ Փութինը: Այս կէտը անմիջապէս կը հաստատուի, երբ ծիսակատարութիւնը կը սկսի ռուս ցարերը փառաբանող օրհներգով մը:

Օրհերգի բնորոշումը ստացայ նոյնինքն բեմադրիչէն: Այլապէս Ռուսական դաշնութենէն դուրս գտնուող հանդիսատեսին համար օրհներգը անճանաչելի է: Այս ուղղութեամբ կայ այլ նկատողութիւն: Տիպարները իրարու կը դիմեն ռուսավարի՝ Ալեքսանտրովիչ, Նիքոլաեւնա եւ այլն: Այդ կը խորացնէ այն տպաւորութիւնը, որ ժապաւէնը ուղղուած է ռուսախօս հանդիսատեսի:

Պատկերներէն մի քանին արդէն իսկ վերը յիշած եմ:

Փակ, ներքին տեսարաններու յարդարումը եւ մանաւանդ լուսաւորումը բեմական են: Բեմական են նաեւ կարգ մը արտաքին տեսարաններ, ինչպէս այն՝ ուր Լորիկ-Սիրանօ տը Պէրժըրաք քուլիսներու ետին պահուիլ կը փորձէ:

Բարձր ճարտարագիտութիւնը կ’առնչուի թալանի եւ բռնութեան հետ: Այդ քաղաքական կեցուածք է: Նացի կեդրոնին մէջ կը տեսնենք ելեկտրոնիք բարդ սարքեր, իսկ Յասմիկի մօր, Արմինէյի (Նարինէ Գրիգորեան) կիսանկուղ տան մէջ հեռատեսիլ իսկ չկայ: Կինը կը կարէ 19-րդ դարու վայել ձեռաշարժ մեքենայով մը:

Յաճախ կը տեսնենք ցայտող ջուր կամ անձրեւ, որոնք կը փորձեն մաքրել փողոցի աղտերը … իմա՝ քաղաքի բարոյական աղտերը:

Լորիկ երբեք Ժոնիկին կամ այլոց բացայայտ թելադրանքներ չի տար, անոր ասքը խորհրդանշական կերպով ամփոփուած է երաժշտական կարճ հատուածի մը մէջ.- «պու պու պում՜ պու պու պում»: Տիպարներու կողմէ այդ կ’ընկալուի անմիջական կերպով, առանց բարոյախօսութեան:

Ժապաւէնի մէջ «Ալիս»-ի այլաբանական հեքիաթը առանցքային դեր ունի ե՛ւ ձեւական, ե՛ւ մեկնաբանական առումներով: Ալիս կրկին ու կրկին կը կերպարանափոխուի: Կրկին ու կրկին կը կերպարանափոխուի նաեւ Լորիկ: Հեքիաթը հարուստ է իմաստներով: Հայելիի դրուագը եւ կատուի ժպիտը, օրինակ, կը համեմատուին «քանակային» (Quantum) երեւոյթներու հետ: Այս մասին կայ ընդարձակ գրականութիւն (4):

Մեկնաբանական .- Լորիկը հոգեհան-բարոյական վերազարթնումի ինծի ծանօթ երրորդ «կոչ»-ն է, զոր Մ. Պօղոսեան կ’ուղղէ հայ հանդիսատեսին: Պօղոսեան բեմագիր, արտադրող եւ գլխաւոր դերակատարն է երեք ժապաւէններուն:

1998, «Երեւան Բլյուզ» (Yerevan Blues, 90 վ.) (5)  Գլխաւոր հերոսը օտարացած է իր հարազատ քաղաքին մէջ: Կը փորձէ կը փրկել Երեւանը շուկայապաշտ  յարաբերություններէ: Պօղոսեան կը մարմնաւորէ առնուազն հինգ կերպարներ: Յատկապէս սրամիտ է յառեալ Արգիշտի Ա. Արքայի եւ հանքափորներու միջեւ երկխօսութիւնը: Ինչպէս Լորիկի մէջ ելոյթ ունեցած է  հեղինակային վաստակաւոր Երեւանի երգիչ Ֆորշ, այնպէս եւ «Երեւան Պլուզ»-ի մէջ ելոյթ ունեցած էր հեղինակային վաստակաւոր Երեւանի երգիչ Ռուբէն Հախվերտեան:

2002 «Երեւան Ջան» (88 վ.) Երեւանը հիւանդ է, բացակայ են իրարու հանդէպ սէրն ու հոգածութիւնը: Հերոսը անանուն փողոցային կերպար մըն է (ինչպէս Չափլին), որ առանց յաջողութեան կը փորձէ մօտենալ անտարբեր եւ բիրտ մարդոց: Բայց իր ձգտումին մէջ այս անգամ առանձին չէ: Մենք կը տեսնենք նաեւ մուրացիկ փիլիսոփայ բանաստեղծը (Կարեն Ջանգիրով), որ սէր կը քարոզէ եւ «ոչ լաւ» մարդոց դէմ իր մուրճով պայքարող արուեստագէտը (Սերգեյ Դանիելյան) եւ անոր մանուկ որդին, որ նոյնպէս կը պայքարի … իր պարսատիկով: Թափառական հերոսի (tramp) եւ պայքարող նոր սերունդի … ներողութիւն, մանկան միջեւ անմիջապէս կապ կը ստեղծուի: Այդ կը յիշեցնէ Չափլինի ծանօթ “The Kid”-ը (1921): Մանուկի գլխանոցը ակնյայտօրէն կը նմանակէ Չափլինի կերպարը: Այդ թերեւս յարգանքի տուրք է մեծ վարպետին:

Հերոսը ի վերջոյ կը դիմէ դաժան, բայց բարեհաճ որձեւէգ կախարդի մը (պատկերին մէջ թեւատարած, մէջքը քամերային), որ այսահանութեան (exorcism) ոչ քրիստոնէական ծէս մը կը կատարէ: Հերոսը ոտաբոպիկ կը մտնէ արնագոյն աւազանի մը մէջ (մկրտութի՞ւն): Չար ոգիները Երեւանի (թուրիստական) քարտէզէն կ’անցնին դէպի հերոսի մարմին եւ դուրս կու գան անոր բերնէն: Գլխաւոր դեւի ֆէմքը յստակօրէն կը յիշեցնէ Լենինը: Այդ ի հարկէ նոյնպէս քաղաքական մեկնաբանութիւն եւ դիրքորոշում է: Քաղաքը կը բուժուի եւ կ’երջանկանայ:

«Երեւան Ջան»-ի մէջ կայ նուազ հումոր եւ առաւել բացայայտ բարոյախօսութիւն: Այս ակնբախ է Պանթէոնի դրուագին մէջ, ուր կը Հերոսը մանուկ-նոր սերունդին կը սորվեցնէ տառացիօրէն խնկարկել Կոմիտասին, Փարաջանովին եւ այլոց: Մշակոյթային ժառանգութիւնը կը ներկայացուի որպէս անքննարկելի երկրպագելի սուրբ մասունք:  Աւարտական տեսարաններուն մէջ մանուկը կը տեսնենք կոկուած եւ սանտուած դպրոց կ’երթայ՝ հսկայ բեռը… ներողութիւն, պայուսակը կռնակին: Յիշեցի Փինք Ֆլոյտի «Another Brick in the Wall» բողոք-երգը:

«Երեւան Ջան»-ի աւարտական տեսարաններու ընթացքին կը լսենք «Պիիթլզ» խումբի «Քամ Թուկէտըր»-ի (միացէ՛ք) մեղեդիով «Ո՞վ է, ո՞վ է մեղաւորը» հարցում-երգը եւ պատասխանը.- «Ես ու դու»:

Ո՛չ, տիկնայք եւ պարոնայք, «ես ու դու» զոհերն ենք, ոչ ոճրագործները: Պօղոսեանի մօտեցումը անիրապաշտ է եւ էապէս կրօնական: Անհատը ազատ կամքով կ’ընտրէ չարը կամ բարին: Բայց ինչպէս Զիատ Րահպանին կ’ըսէ.- «Ես քաֆիր չեմ, անօթութիւ՛նն է քաֆիր, նուաստացումն է քաֆիր …»: Քաղաքի բարոյականը խաթարուած է որովհետեւ վայրագ դրամատիրութեան գերիշխանութեան տակ կարելի չէ՛ պարկեշտ ապրիլ: Այդ գաղափարախօսութիւնը նաեւ անհատապա՛շտ է, լոզունգն է «ամէն մարդ ինքն իր գլխուն»: Անհատապաշտ դարձած են քաղաքի բնակիչները:

Թափառականի մը անդուլ ճիգերով թերեւս կարելի է վերականգնել ամոլի մը սէրը եւ կամ շնորհալի աղջկայ մը համար ճարել պարարտ փեսացու, որ ներկայ պայմաններու տակ կրնայ ըլլալ միայն թալանչի նորելուկ միլիոնչիկի մը որդին: Բայց ի՞նչ կը փոխէ այդ: Չարիքի արմատը վարչակարգն է: Պօղոսեանի երագրութեան մէջ տրամաբանութիւնը շրջուած է: Ինչպէս «Լորիկ»-ի, այնպէս եւ «Երեւան Ջան»-ի մէջ Պօղոսեանի լուծումը կու գայ գերբնական ուժերու միջամտութեան շնորհիւ: Այլ կերպ ասած՝ հրաշքի: Թաւշեայ «յեղափոխութեան» առաջին օրերուն շատեր հաւատացին որ հրաշքը պատահած է: Շուտով պարզուեցաւ, որ «Իմ քայլը» արմատական փոփոխութիւններ կատարելու ոչ մէկ նպատակ ունի: Ինչեւիցէ, այդ առանձին նիւթ է:

Լորիկը ձեւով մը նաեւ ինքնաքննադատութիւն է: Պօղոսեանի հեղինակած եռագրութեան մէջ ի՛նքն է կեդրոնը: Միւս կերպարները ունին անցողակի, փոխարինելի հանգամանք: Տեսակցութեան մը ընթացքին կ’ակնարկէ, թէ Լորիկը ի՛նքն է, Պօղոսեանը, թէ ինք յոգնած է խեղկատակութենէ եւ կ’ուզէ խաղալ ի՛ր կերտած կերպարը:  Եւ կերտած է Լորիկը:

——————

  1. Փառատօնը հիմնելու անմիջական դրդապատճառը եղած է անձնական խոց մը: Արմանի հարազատներէն երկուքը զոհ գացած են ծայրայեղական բռնարարքի: Փառատօնի մրցանակներէն մին կը կրէ Արմանիի զարմիկ զոհի անունը.- The Vanya Exerjian ‘Empowering Women and Girls’ Award
  2. Ani Galstyan: “I often ‘meet’ myself in the mirror”, http://erit.am/news/en/74913
  3. Ուշ պրոնզէ դարուն մղուած այդ տասնամեակ մը տեւող պատերազմը ի հարկէ կապ չունէր ոեւէ կնկայ հետ: Յոյներ կ’արհամարհէին կիները: Այդ յունական քաղաքներու դաշինքին եւ հիթիթներու միջեւ պայքար մըն էր, որ աւարտեցաւ Եգէան ծովու վրայ մրցակից բարգաւաճ Տրովարդայի բնաջնջումով:
  4. Բայց հեքիաթը (1865) ունէ նաեւ յոռի վանողական կողմեր: Անոր ետին կայ իսկական պամութիւն ուր չափահաս տղամարդ մը, Charles Lutwidge Dodgson (1832-1898) որ Lewis Carroll ծաղկանունը գործածեց, սեռային յարաբերութիւն կ’ունենայ աղջնակի մը Alice Pleasance Hargreaves-ի (1852-1934) հետ, որ վաղուց իր լուսանկարչական բնորդն էր: Յարաբերութիւնը կը շարունակուի տարիներ: Հեքիաթի մէջ կան մեկնաբանելի պատկերներ: Չեմ ուզեր աւելի ընդլայնել: Այս ուղղութեամբ կայ բազմաբնոյթ գրականութիւն, եւ ոչ միայն:
  5. Blues երաժշտական սեռ մըն է, որ 19-րդ ստեղծուած է Ասեւամորթ գերիներու կողմէ: Փոխաբերաբար կը նշանակէ «տխուր երգ»:
  6. https://lorikfilm.com/we-engage-in-art-so-as-not-to-die-from-the-truth/

 

 

 

Նախորդը

Կեցուածք. Համբերութեան Բաժակը

Յաջորդը

«Ոչ պատերազմին». Ախալքալաքում Տեղի Ունեցաւ Ակցիա Ի Աջակցութիւն Հայաստանին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?