Անդրադարձ

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

130-ամեայ Մտորումներ. Խօսելով Անցեալի Եւ Ներկայի Հետ, Լսուիլ Եւ Լսել

Յ.  ՊԱԼԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան 130-ամեակը մտածելու, դատելու եւ գնահատելու առիթ պէտք է ըլլայ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ երեւցած, գործած եւ դեռ գործող կուսակցութեան մասին, ոչ միայն իր անդամներուն կողմէ, այլ ընդհանրապէս հայ մարդոց, ոչ միայն գովերգելու կամ դատափետելու համար, այլ անոր ընդմէջէն սեւեռելու մեր ազգի եւ հայրենիքի երթը, տատանումները, ազգակերտ յաջողութիւնները եւ քաղաքականութեան անխուսափելի տատանումները: Թէեւ այս քննական, ի հարկին՝...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Նշմար. Արդար Դատը Ժամանցելի Չէ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միջազգային լրատու աղբիւներ հինգշաբթի, 24 սեպտեմբերին հրապարակեցին տեղեկութիւն մը, որ չի կրնար անտես մնալ հայութեան «ռատար»-ներէն: Լուրը՝ քանի մը տողով: Գերմանական «Վոլքսվակըն» ընկերութիւնը մօտաւորապէս 6.5 միլիոն տոլարի հատուցում պիտի կատարէ պրազիլիացի 12 նախկին աշխատաւորներու, որովհետեւ Պրազիլիան գործակցած է 1964-էն մինչեւ 1985 կառավարող զինուորական բռնապետութեան հետ: Ընկերութեան աշխատաւորներ բռնարարքներու ենթարկուած են իշխանութեան զինեալ ուժերուն կողմէ, գործազրկուած են եւ ենթարկուած՝...

Մինչեւ Ե՞րբ

Ներգաղթին Կը Հաւատա՞նք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հարցումս ուղղուած է Հայաստանի եւ սփիւռքի ղեկավարութիւններուն: Փաստօրէն 2011-էն մինչեւ օրս` Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն մինչեւ 4 օգոստոսի Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումը, զանազան փուլերով թէ՛ սուրիահայ եւ թէ՛ լիբանանահայ ընտանիքներ ուղղուեցան դէպի Հայաստան: Փաստօրէն սփիւռքի քաղաքական, կրօնական եւ ազգային-հասարակական կազմակերպութիւնները միշտ ալ քաջալերած են, որ եթէ գաղթելու տրամադրութիւն, փափաք եւ որոշում կայ, պէտք է ուղղուիլ դէպի հայրենիք: 2011-էն ի վեր...

Սեւրէն Մինչեւ Տաւուշ

Այս Անկիւնէն. Մնայուն հա՞յ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Երբ հայու մը հարց կու տաս, թէ ի՞նչ ազգի կը պատկանի, սովորաբար, առանց վարանելու կը պատասխանէ «հայ եմ»։ Խօսքս չի վերաբերիր ի՜նչ-ի՜նչ պատճառներով հայութենէն հեռացած մարդոց։ Երբ օտարներուն նոյն հարցը կ՚ուզես տալ, նախ դուն կը վարանիս, թէ ի՛նչ պէտք է հարցնես։ «Ազգ» (nation) եւ «ազգութիւն» (nationalité, nationality) տարբեր իմաստներ ունին բայց նաեւ յաճախ կը շփոթուին, մէկը միւսին տեղ կը...

Տառադարձութիւն

Փոքրիկ Հայաստան (3)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Դրաստամատ Կանայեան: Ճեմարանը փոքրիկ Հայաստան  դարձնողներու շարքին իր ուրոյն տեղը ունէր  Դրաստամատ Կանայեանը՝ զօր. Դրոն, որ այն օրերուն կայտառ ծերունի մըն էր, իր կարգին 70-նոց մը՝ Վրացեանին հասակակից, սակայն անհամեմատ աւելի  աշխուժ ու կենսունակ: Ան կը բնորոշուէր իր ուղիղ,  առողջ ու կոկիկ կերպարով, շարժումներու թեթեւութեամբ  եւ դէմքի մեղմ փայլով մը, որ  անջնջելի կը մնար: Զինքը նոր տեսնողը կամ...

Սպասում

Քարոզիչի Սուրը

Հ.Պ. Թուրքիոյ կրօնական գործերու վարիչ Ալի Էրպաշ բարձրացաւ «Քիպիր Ճամիի Շերիֆ» վերանուանուած Այա Սոֆիայի մէջ կանգնեցուած հարթակ (մինպար) եւ քարոզեց՝ սուրի մը յենած: Խորհրդանշական ժեստը յաւելեալ վրդովմունք յառաջացուց: Թուրք պետական աղբիւրներ «բացատրեցին», թէ ուրբաթօրեայ քարոզին սուրով դուրս գալու աւանդութիւնը սկսած է աւելի քան 7 դար առաջ, ուրեմն եւ արտասովոր երեւոյթ չէ: Այո՛, այդ ստոյգ է, սրակիր քարոզը հաստատուած է 14-րդ...

Թեւ. Մեր Բառերուն Ամէնէն Լայնատարածը

Լանջ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ Հայու լանջը եւ անոր պաշտելի «լանջ» բառը… Ինչե՜ր ընդունեց անիկա իր պատմութեան մէջ. սիրելիի մը գլուխը, նորածինի շունչը, կարօտի հուրը, դաւաճանի դաշոյնը… Իսկ հայկական լեռնաշխարհը, որ ծածկուած է սիգապանծ գագաթներէ իջնող ժայռոտ-զմրուխտ լանջերով, ընդունած է վերնասլաց վանքեր, ինչպէս կոյս մը, որ զարդարուած կ’ըլլայ մարգարտեայ լանջագեղով: Յարգելի ընթերցող, հետեւեալը հայոց կիտուած, մաշած, բայց դեռ հեւացող «լանջ» բառի պատմութիւնն է:...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Չէ՞ Որ Մենք Ենք Մեր Երկրի Տէրը

ԴՈԿՏ․ ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Իւրաքանչիւր անգամ, երբ մեր երկրում տնտեսական, առողջապահական, ընկերային, կրթական, հարցերը անելանելի վիճակի առջեւ է կանգնեցնում իշխող կառավարութեան, նրանք գտնում են անկապ մի միջոց ժողովրդի ուշադրութիւնը շեղելու այդ  կարեւորագոյն խնդիրներից։ Այսօր, երբ ժողովուրդը դեռ վտանգաւոր համաճարակի երկարամսեայ մեկուսացման մէջ գտնուելով, զրկուած է հիմնական եկամուտից, երբ մարդիկ ոչ միայն կոմունալ վճարումների, այլ իրենց ամէնօրեայ հացի դրամ չունեն, երբ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Վերանկախանալու Յանձնառութեան Գործընթացը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վերանկախանալու Յանձնառութեան Գործընթացը

Միայն վերանկախացման եւ ազատութեան վերատիրացման տօն չէ 21 սեպտեմբերը, որ այս տարի կը նշէ 29-րդ տարին։ Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներն ալ՝ հայաստանաբնակ, արցախաբնակ թէ սփիւռքեան զանազան գաղթօճախներու մէջ, անսահմանօրէն երջանիկ են, ուրախ պէտք է զգան ու հպարտութեամբ նշեն վերանկախացման տօնը։ Բոլորս ալ, առանց բացառութեան, երախտապարտ ենք մեր բոլոր հերոսներուն, խիզախ, մարտունակ ու քաջակորով մարտիկներուն, որոնք ամբողջական նուիրումով կռուեցան, պատերազմեցան, ինկան...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Հանգիստ՝ Հայ Դատի Անխոնջ Զինուոր` Ընկ. Մանաս Պուճիքեանի

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Սրտի խոր կսկիծով կը միանամ Ամերիկահայ Համայնքի եւ Դաշնակցութեան գաղափարական ընտանիքի մեծ սուգին։ Կեանքէն հեռացած է Քեսապի հայկական արծուեբոյնի հպարտ զաւակ՝ Ընկ. Մանաս Պուճիքեանը մեծ բաց մը թողնելով մեր հասարակական գործի ասպարէզներէն ներս։ Հայ Դատի հետապնդման գործին անխոնջ նուիրեալն էր ան իր հաւատքով, յստակատեսութեամբ եւ յանձնառութեան ուժով։ Կը յիշեմ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հիմնադիր կազմին մէջ էր ան...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Թրամփի Կողմնակից Սեւամորթ Ամերիկացիներու Խումբի Վիճայարոյց Կապերը Թուրքիոյ Հետ (Վերջին Մաս)

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր www.TheCaliforniaCourier.com Անցեալ շաբաթ հրապարակեցի յօդուածին առաջին մասը՝ նկարագրելով խումբ մը սեւամորթ ամերիկացիներու լոպիինկ իրականացնելու ջանքերը Թրամփի վերընտրութեան կապուած՝ ֆինանսական աջակցութեամբը հարուստ թուրք գործարարներու, որոնք միլիառաւոր տոլարներ պիտի ներդնէին Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս գործարարներէն մէկը Ալի Աքաթն էր։ Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան ընթացքին Աքաթ տեսակցած է XStrategiesի գործադիր տնօրէն Ալեքսանտր Պրուզեւիցի հետ...

Հայ Ժողովրդի Համար Անկախութիւնը Գերարժէք Է, Որի Համար Պատրաստ Է Անգամ Իր Կեանքը Զոհել

Հայ Ժողովրդի Համար Անկախութիւնը Գերարժէք Է, Որի Համար Պատրաստ Է Անգամ Իր Կեանքը Զոհել

ՎԱՀԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրն ընդունւեց 1990 թ. օգոստոսի 23-ին: Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը՝ արտայայտելով Հայաստանի ժողովրդի միասնական կամքը եւ 1918 թւականի մայիսի 28-ին ստեղծւած Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները, հռչակեց անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը եւ 1991 թւականի սեպտեմբերի 21-ին, Խորհրդային Հայաստանի քաղաքացիները հանրաքւէում իրենց վճռական «այո»-ն ասելով, բռնեցին անկախութեան ուղին: Մեր անկախութիւնը մեր ազգի դարաւոր պայքարի արդիւնքն է: Հայաստանի...

Սան Ֆրանսիսքոյի Մարտահրաւէրը

Սան Ֆրանսիսքոյի Մարտահրաւէրը

Ա. Պ. Երկու ամիսներու կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, արդէն երրորդ անգամն է, որ Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքային մեր հաստատութիւնները եւ կեդրոնները թիրախ կը դառնան խափանարարութիւններու: Անցեալ Յուլիսին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած սահմանային բախումներու հրահրումով, տարբեր երկիրներու մէջ կատարուած հակահայ արարքներու մէկ դրսեւորումն էր Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի շրջափակի պատերը հակահայ եւ Ատրպէյճանամէտ «կրաֆիթի»ներով նկարելու արարքը: Շուրջ երկու շաբաթ առաջ, հակահայ...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Նշմար. Փոքրիկ Կիպրոսի Մեծ Փոթորիկը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Այն օրը, երբ Հայաստան ու անոր հետ ամբողջ հայութիւնը անխառն հպարտութեամբ կը տօնէին մեր հայրենքի վերանկախացման 29-րդ տարեդարձը, անդին, փոքրիկ Կիպրոսը մեծ փոթորիկ ստեղծեց Եւրոպայի Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, վեթօ դնելով Պելորուսիոյ շուրջ 40 իշխանաւորներու դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու բանաձեւի մը դէմ, յայտարարելով, որ նման քայերու մէջ, եւրոպական համայնքը պէտք է ըլլայ հետեւողական եւ պատժամիջոցներ որդեգրէ նաեւ Թուրքիոյ...

Ստացուած Գիրքեր.  Տիգրան Մեծ. Հին Կայսրութեան Մը Ծագումն Ու Անկումը  (Հեղինակ` Սերժ Մոմճեան)

Ստացուած Գիրքեր. Տիգրան Մեծ. Հին Կայսրութեան Մը Ծագումն Ու Անկումը (Հեղինակ` Սերժ Մոմճեան)

  ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեծն Բրիտանիոյ «Հետըն» (Heddon) հրատարակչատունէն 2020-ին լոյս տեսաւ Սերժ Մոմճեանի «Տիգրան Մեծ. հին կայսրութեան մը ծագումն ու անկումը» անգլերէն աշխատութիւնը: Գիրքը բաղկացած է 173 էջերէ եւ բաժնուած է 24 գլուխներու: Առաջին գլուխին մէջ հեղինակը կը խօսի գահաժառանգ իշխան Տիգրանի Պարթեւաստան տարուելուն, Ն. Ք. 112-111-ին, պարթեւական բանակի Հայաստան ներխուժումի ժամանակ: Տիգրան Ն. Ք. 95-ին եօթանասուն հովիտներ զիջեցաւ Պարթեւաստանի...

Սլաք.   Յետսեպտեմբեր 15-եան Նկատումներ

Սլաք. Յետսեպտեմբեր 15-եան Նկատումներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 15 սեպտեմբերին Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ Իսրայէլի հետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիրներու ստորագրման արարողութիւնը: Համաձայնագիրները ստորագրեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտելլաթիֆ Զայանի: Այսպիսով,  Իսրայէլը ճանչցած արաբական երկիրներուն թիւը բարձրացաւ 4-ի: Համաձայնագիրները ստորագրողները իրենց խօսքերուն...

Կ՚ուզեմ Դուրս Ելլել

Անկախութիւնը` Առաքելութիւն Մը, Որուն Համար Արժէ Ապրիլ

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Ընդհանուր Քարտուղար Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան Ես հայ մըն եմ, ծնած, դաստիարակուած եւ ապրած եմ Պէյրութ, Լիբանան եւ ունիմ լիբանանեան հպատակութիւն: 2005 թուականին աշխատանքային նստավայրս հաստատուեցաւ Նիկոսիա, Կիպրոս, ուր նաեւ ստացայ կիպրական հպատակութիւն: Արդէն եղաւ աւելի քան երեսուն երկար տարիներ, որ կը գործեմ Արաբական Ծոցի երկիրներու տարածաշրջանին մէջ: Այս իրականութիւնը տուն կու տայ հարցումի մը. «Ո՞ւր է...

Հայու Միակ Հայրենիք՝ Անկախութիւնդ Շնորհաւոր

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Տակաւին քանի մը ամիս առաջ էր, երբ մենք՝ բոլորով նշեցինք 20-րդ դարու առաջին քառորդին, մեր անկախ պետականութեան ստեղծման 102-րդ տարեդարձը: Ու նոյն օրը, խորին յարգանքով կանգ առինք յիշատակին առջեւ, Մայիս 28-ի ազատատենչ եւ մարտական սերունդին: Սերունդ մը, որ իր աննկարագրելի իմաստութեամբ եւ նոյնքան ալ աննկարագրելի քաջութեամբ պատմական երեք ճակատամարտերու վրայ կռուի դաշտ իջնելով, հիմնովին շրջեց իր իսկ պատմութեան անիւը ու իր արիւնով գրեց իր...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Նշմար. Թուրք-Ազերիական Նո՛յն Ստորագրութիւնը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողքի սրահը հրձիգութեան մը զոհը դարձաւ եւ լուրջ վնասներու ենթարկուեցաւ հինգշաթի, 17 սեպտեմբերի կանուխ առաւօտուն: Ո՛չ մէկ կասկած, որ ոճրային այս արարքին տակ կայ ստորագրութիւնը թուրքին ու ազերիին: Այդ ստորագրութիւնը աւելի բացայայտ տառերով արձանագրուած էր շուրջ 2 ամիս առաջ, երբ Ազգային Գռուզեան-Զաքարեան վարժարանի շէնքը նմանապէս գիշերով խափանարարութեան թիրախ դարձած էր. անոր պատերուն...

Անդրադարձ.  Պայմանաժամի Երկարաձգման Քաղաքականութեան Պատճառն Ու Պարունակած Վտանգները

Անդրադարձ. Պայմանաժամի Երկարաձգման Քաղաքականութեան Պատճառն Ու Պարունակած Վտանգները

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Պէյրութի մէջ մեծ աւեր գործած 4 օգոստոսի պայթումէն ետք, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երկու առիթներով այցելեց Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ: Մաքրոն Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին նշեց. «Եթէ Ֆրանսան իր դերակատարութիւնը չկատարէ, լիբանանեան ներքին հարցերուն պիտի միջամտեն իրանցիները, թուրքերն ու սէուտցիները, որոնց տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական շահերը հաւանաբար ի վնաս լիբանանցիներուն ըլլան»: Այն տպաւորութիւնը ստեղծելով, թէ...

Page 372 of 807 1 … 371 372 373 … 807

Արխիւներ