Անդրադարձ

Ժպիտովդ Ու Յիշատակովդ Պիտի Ապրիս   (Ճեսիքա Պեզճեանի Յիշատակին)

Ժպիտովդ Ու Յիշատակովդ Պիտի Ապրիս (Ճեսիքա Պեզճեանի Յիշատակին)

Վ. ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անցած են 40 օրեր, բայց տակաւին այս ահաւոր ցնցումին ձգած վիշտն ու ցաւը տարբեր տարողութեամբ փորագրուած կը մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ: Պայթումին յաջորդող ժամերուն, երբ տակաւին աւերներու ստուգման մէջ էի, յանկարծ կարծես երկրորդ պայթում մըն էր երիտասարդ հիւանդապահուհի Ճեսիքա Պեզճեանի անունը լսել զոհերու անուանացանկին մէջ: Ճեսիքան ճանչցած եմ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ պաշտօնավարած տարիներուս: Առաջին պատկերը,...

Յայտարարութիւններ (14 Սեպտեմբեր 2020)

Ընկ. Վարանդ Փափազեանի Յիշատակին. «Մոռցուած» Անմոռանալի Դէպք Մը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ» խորագիրը հագած` աւելի քան 15 տարիներու դժոխային տարիները, բազմապիսի երեսներուն շարքին, պատմութեան անցուց «հակահայ արարքներ»-ու դիպաշար մը (որուն տարբերակներուն ականատես ենք նաեւ այս օրերուն): Պայթումէն կարճ ատեն ետք, Պէյրութը, նաեւ ամբողջ Լիբանանը իրողական բաժանումի ենթարկուեցան, եւ յառաջ եկան երկու մեծ գօտիներ` իրենց ենթագօտիներով հանդերձ: Պէյրութի մէջ ստեղծուեցան արեւելեան ու արեւմտեան կէսերը, որոնք տարբեր փուլերու զգեցան...

Գրողի անկիւն. Ապտակը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Չեմ յիշեր ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը: Մի հարցնէ՛ք ինչո՞ւ, կը խնդրեմ, որովհետեւ նոյնիսկ չեմ յիշեր այդ օրուայ ուսերէն կախուած այլ մանր-մունր մանրամասնութիւններն ալ: Այդ բոլորը մտքիս ծալքերէն արդէն շատոնց ջնջուած են: Միայն մինչեւ այսօր, այս տարիքիս, տակաւին ուղեղիս նոյն այդ ծալքերուն մէջ կը յամենայ դէպքի մը կնիքը, իբրեւ տեսակ մը գեղեցիկ եւ հպարտալի օրինակ: Տողերս պարզեմ:...

Լիբանանի Կը Սպասէ Քաղաքական  Անորոշութեամբ Խորհրդանշուող Շաբաթ Մը

Ակնարկ. Չկորսնցնել Վերջին Առիթը

Կառավարութիւն կազմելու երկշաբաթեայ ժամկէտը սպառած է: Քաղաքական հորիզոնին վրայ չ՛երեւիր փրկութեան կառավարութիւնը: Յոռետեսական կանխատեսումներ մրցավազքի մէջ են գալիք ահաւորութեան մասին նախանշումներ կատարելու առումով: Քաղաքական տրամաբանութեամբ եթէ ընդունինք, որ վերջին առիթի ընդգծումով, ֆրանսական նախաձեռնութեան գործընթացը քանի մը օրով յետաձգելով ճնշում կը բանեցուի համաձայնելու առաջադրուած կառավարական ձեւաչափին շուրջ, ապա իսկապէս անորոշ է, թէ նախաձեռնութեան ձախողութեան պարագային ի՛նչ իրավիճակ կը սպասէ այս երկրին:...

Յայտարարութիւններ (14 Սեպտեմբեր 2020)

Դաշնակցութեան Գաղափարաբանութեան Անզիջում Պահանջատէրը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 12 սեպտեմբերի առաւօտուն մեզմէ անակնկալօրէն վաղաժամ բաժնուած ընկ. Վարանդ Փափազեանի մասին շատեր գրեցին, ցաւակցեցան ու մանաւանդ վկայեցին: Ճեմարանը աւարտելէ ետք ազատ ասպարէզ որդեգրած Վարանդ Փափազեանը լիբանանեան պատերազմի ամենաթէժ շրջանին դարձաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն, 1988-ին Ղարաբաղեան պահանջատիրական պայքարը, իր նկարագրին ու ազգային ազատագրական պայքարին մասին իր համոզումներուն պատշաճող ասպարէզ ստեղծեց: Վարանդը անտարբեր չէր կրնար մնալ ու ՀՅ Դաշնակցութեան «Դէպի Երկիր»...

Մինչեւ Ե՞րբ

Վերամուտ` Առանց Զանգի

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ամէն տարի շատ կը գրուի վերամուտի մարտահրաւէրներուն մասին: Ամէն տարի շատ կը խօսուի հայեցի դաստիարակութեան մասին: Ամէն տարի շատ կը լսուի օտար վարժարաններ յաճախողներու մասին: Այս տարի բոլորս տխուր վերամուտ կը դիմաւորենք: Լիբանանահայութիւնը հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ աննախընթաց ճգնաժամի մէջ էր: Տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, ազգային, առողջապահական եւ ապահովական մարտահրաւէրներու դիմաց ապրելու եւ տոկալու ճիգի մէջ էր: Անշուշտ «Քորոնա» ժահրի...

Տառադարձութիւն

Լեզուական Զրոյցներ(1) Բառի Մը Ծնունդը

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Ձեզմէ շատերուն կը պատահի, որ իրենց տնտնացող դպրոցականին թելադրեն՝  «աճապարէ՛, bus-ը  հասնելիք է»: Ուրիշներ իրենց կարգին եւ այլազան առիթներով օգտագործած են այս նոյն բառը, որ մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ եւ արեւմտահայերուս (արդէն երբէն ի վեր նաեւ՝  սփիւռքացած արեւելահայերու) բառամաթերքին անքակտելի մասը կը կազմէ...իրերու տրամաբանական բերումով: Երբ գրեթէ ամբողջ եւրոպան ու Ամերիկան ալ հետը որդեգրած են  այս բառը, մեզի համար...

Յայտարարութիւններ (14 Սեպտեմբեր 2020)

ՎԱՐԱՆԴԸ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Գնա՜ց, Վարա՛նդն ալ գնաց... Ափսո՜ս, հազա՚ր ափսոս։ Որքան որ կրցած էի ճանչնալ զինք, որքան որ հասկցած էի իր հոգին, ընկեր Վարանդի հաւատքն ու հաւատարմութիւնը իր ինքնութեան ու գաղափարականին նկատմամբ չափանիշեր էին ինծի համար։ Կրնայինք տաք-տաք վիճիլ, երբ իրարու համաձայն չէինք ըլլար այս կամ այն հարցին մասին, սակայն կը շարունակէինք զիրար սիրել ու յարգել։ Կ՚ուզեմ վերյիշել մէկ դրուագ, ուր կը...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Վարանդ Փափազեան՝ ՀՅ Դաշնակցութեան Ընկերվարական Գործին Եւ Ազգային Ռազմավարութեան Տեսաբանը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ընկեր Վարանդը ճանչցայ կուսակցական կեանքիս էն սկիզբը: Բառացիօրէն: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան «Բաբգէն Սիւնի» մասնաճիւղին ներկայացուցած դիմումնագիրս ընդունուած էր, եւ հրաւիրուած էի հերթական ժողովին Պէյրութի հին ակումբին մէջ, շաբաթ յետմիջօրէի մը: 1975-ին էր, չեմ յիշեր, եթէ պատերազմի առաջին բախումը ապրիլ 13-ին տեղի ունեցա՞ծ էր արդէն, թէ՞ ոչ: Առաջին ժողովս էր, օրուան դասախօսը՝ ընկեր Վարանդ Փափազեան, նիւթը՝ «Բաղդատական...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Նշմար. Երաժշտութենէ Ծնած Հանելուկ Մը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Վստահ եմ որ, սիրելի ընթերցողներս, դուք ալ ունիք բարեկամներ, որոնք ձեզ երբեմն բաժնեկից կը դարձնեն հաճելի գրութիւններու, պատկերներու, երաժշտական կտորներու, որոնք պտոյտի կ'ելլեն համացանցի վրայ, կամ կը տեղադրուին կայքէջներու մէջ, կը քաղուին You Tube կոչուած սարքի գանձարանային բաժինէն (հոն աղբ ալ կը գտնուի անշուշտ, ինչպէս որ, բարիքի կողքին, աղբ կը կուտակուի ««դիմատետր»ի վրայ): Նման նիւթերու բաժնեկցութիւն վերջին ամիսներուն...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները Կը Կործանեն Երկիրներ, Տնտեսական Սիկարեանի Մը Խոստովանութիւնները – Բ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հեղինակը՝ Ճոն Փըրքինզ (այսուհետեւ ՃՓ) նշած էր, որ 2004-ին, արդէն իրեն նմանները՝ աւելի մեղմ տիտղոսներով, տարածուած էին ամէնուրեք գերընկերութիւններու մէջ: Իսկ, թէ ինչպէ՞ս կրցաւ այս գիրքը հրատարակել, երբ իր իսկ խոստովանութեամբ, նախապէս, սպառնալիքներն ու կաշառքը տարհամոզած էին զինք: Առաւել եւս, երբ առաջին օրէն իրեն ըսուած էր, թէ՝ իր այս պաշտօնը ցկեանս է... Հաւանական է, որ 29 հրատարակիչ այս...

Գաղութէ – Գաղութ

HyeAid Lebanon-ի Դրամահաւաքի Եւ Թելեթոնի Աննախընթաց Յաջողութիւնը

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական խորհուրդը խորապէս երախտապարտ է իր բոլոր ազգակիցներուն,  «Մէկ ազգ, մէկ ապագայ» լօզունգով եւ HyeAid Lebanon անուան տակ կազմակերպուած դրամահաւաք-թելեթոնի ընթացքին իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար: Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կազմակերպուած նուիրահաւաքին, որուն թագադրումը եղաւ երեք ժամուան թելեթոնը՝ կարելի եղաւ գոյացնել 1,375,555 տոլարի գումար մը: Արդէն իսկ ստացուած է նշեալ գումարին 85 տոկոսը, եւ լիայոյս ենք, որ մնացեալ...

Անդրադարձ.  Ուաշինկթըն Խոցեց Թուրքիոյ Վարկը

Անդրադարձ. Ուաշինկթըն Խոցեց Թուրքիոյ Վարկը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ 12 սեպտեմբերին, իր Կիպրոս այցելութեան նախօրեակին, խօսելով արեւելեան Միջերկրականի մէջ տիրող լարուածութեան մասին, յայտնեց. «Կը յուսանք իսկական զրոյցներ ունենալ, նաեւ կը յուսանք, որ հոն գտնուող սպառազինութիւնները պիտի հեռացուին, որպէսզի այդ զրոյցները կարելի ըլլայ կայացնել»` այդպիսով Թուրքիոյ կոչ ուղղելով` իր ուժերը հեռացնելու արեւելեան Միջերկրականի շրջանէն: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ Կիպրոսի նախագահին հետ...

«Ամէն Ինչ Լաւ Է»…

Անվստահութեան Հետեւանքը, Պատուհանները, Դրամին Հոտը Եւ Ծանր Դասը

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Երբ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը յայտարարեց, որ Պէյրութի պայթումէն ետք վնասներու արձանագրութիւններ պիտի կատարուին, շատեր կարծեցին, թէ մերիններն ալ բազմաթիւ կազմակերպութիւններու նման միայն լուսանկարներ պիտի հաւաքեն: Անոնցմէ շատեր մոռցան, որ երբ մենք ծառայելու գործին մէջ մտնենք, ապա պատկերը վերջին օղակը կ՛ըլլայ: Անոնք չունեցան այն վստահութիւնը, որ երբ մարմինը խօսի, ապա կը գործէ: Անոնք սկսած էին հաւատալ, որ անհատները միայն...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Քեսապ 2020. Իրավիճակը Եւ Մտորումներ

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քեսապ հայաւանը կը գտնուի Միջերկրական ծովուն հարեւանութեամբ՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը՝ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Իսկէնտէրուն (այժմ` Հաթայ) նահանգին սահմանագիծին վրայ։ 2014ի մարտ 21ին` առաւօտուն, Քեսապի բնակչութիւնը տեղահան կ’ըլլար, երբ յանկարծակիօրէն թրքական բանակի զօրանոցներու ճիշդ տակէն ու անոնց օժանդակութեամբ ահաբեկչական խումբեր՝ «Ահրար ալ Շամ» եւ անոնց դաշնակից խմբաւորումներ («Ճապհէթ ալ Նուսրա»ի մաս կազմող, թուրքմէն, թուրք, աֆղան, չէչէն, ազերի եւ այլ...

Խաչվերացի Տօնը

Խաչվերացի Տօնը

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Քրիստոնեայ աշխարհը եւ հայերս, Խաչվերացը կը տօնենք ի յիշատակ Քրիստոսի խաչափայտին պարսկական գերութենէն ազատելով Երուսաղէմ վերադարձին։ 614 թուականին, Պարսկաստանի Խոսրով թագաւորը յարձակեցաւ Երուսաղեմի վրայ, աւերեց քաղաքը եւ Ս. Յարութեան տաճարէն վերցուց ու Պարսկաստան տարաւ Ս.Խաչը, ուր մնաց 14 տարի։ Սակայն 628֊ին, Բիւզանդիոնի Հերակլ կայսրը հսկայական բանակով յարձակեցաւ պարսիկներու վրայ եւ ազատագրեց Խաչը, բերաւ եւ զայն բարձրացուց նոյն տեղը,...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Ի՞նչ Է Միտումը Հայաստանի Հայերէնի Դասագրքերէն Արեւմտահայ Գրողներու Զանցառման

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Գրուեցաւ եւ դեռ պիտի գրուի Հայաստան պատրաստուած հայերէնի եւ գրականութեան դասագիրքերէն արեւմտահայ գրողներու գրեթէ զանցառման մասին: Հարցը ծաւալուն է. հատուածական, ազգային, քաղաքական, մշակութային: Թող ինծի չվերագրուի արդիականութեան, յառաջդիմութեան եւ որակի դէմ ըլլալու մեղքը: Իրաւունքներ վերականգնելու, միասնութիւն, ապահովութիւն եւ բարօրութիւն նուաճելու բազմաբնոյթ խնդիրներ դիմագրաւող մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ենթադրեալ նորարարական խարխափումներով չի կրնար մօտենալ պետական, ազգային, տնտեսական, մշակութային...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Իւրաքանչիւրիս Ընտրութիւնը Կարմիր Գիծի Առջեւ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Իւրաքանչիւրիս Ընտրութիւնը Կարմիր Գիծի Առջեւ

Ա. Շ. Վերջին տասնամեակներին հայոց տօնացոյցը հարստացել է յոբելեանական երկու օրերով` Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան ամրագրմամբ: Այս երկու պատմական իրադարձութիւններն էլ տեղի են ունեցել 1991 թուականի սեպտեմբեր ամսին: Երկու ձեռքբերումների ճանապարհն էլ սկսուել է նոյն ակունքից` 1988 թուականին բռնկուած Արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարից: Ինչո՞ւ բռնկուեց եւ ինչո՞ւ հենց տուեալ ժամանակ ընթացք առաւ համաժողովրդական այդ շարժումը: Եթէ փորձենք պատասխանել նման հարցի, նախ...

Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմունքները

ՀՅԴ-ի Համաներման Առիթով

ԹԱԹՈՒԼ ՕՀԱՆԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոն, կուսակցութեան 130-ամեակի առթիւ, համաներում է յայտարարել, շարքերից հեռացուած կամ հրաժարուած նախկին բոլոր դաշնակցականների նկատմամբ, որը համայնքի լայն շրջանակների մօտ մեծ հետաքրքրութիւն է առաջացրել եւ այլեւայլ մեկնաբանութիւնների տեղիք տուել: Աշխարհի բոլոր կրօնները, պետութիւնները, զանազան հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւններն, իրենց անկարգ հետեւողների, քաղաքացիների եւ անդամների նկատմամբ մշակել են մի շարք կարգապահական եւ պատժական օրէնքներ, որոնք կիրառւում են ոչ...

Վերջին Զրոյցը  (Ընկեր Սամ Խայեաթի Յիշատակին)

Սամ Խայեաթին

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ 13 Ապրիլ 1975ին՝ «ռաունտ»երով։ Առաջին, երկրորդ, երրորդ… երբ մարդիկ կարծեցին, թէ ալ վերջ գտաւ, հարցերը լուծուեցան…։ Երրորդ «ռաունտ»ի տաք Կիրակի մըն էր, երբ Էշրէֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մօտ ինկան հրասանդի երկու ռումբեր, վիրաւորելով տասնեակ մը հայորդիներ եւ պահակ տղաք։ Սամ Խայեաթը, որ կը բնակէր ակումբին յաջորդ՝ զուգահեռ փողոցին վրայ, միայն այդ օր իմացած էր, որ...

Page 373 of 807 1 … 372 373 374 … 807

Արխիւներ