Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Միջազգային լրատու աղբիւներ հինգշաբթի, 24 սեպտեմբերին հրապարակեցին տեղեկութիւն մը, որ չի կրնար անտես մնալ հայութեան «ռատար»-ներէն:
Լուրը՝ քանի մը տողով:
Գերմանական «Վոլքսվակըն» ընկերութիւնը մօտաւորապէս 6.5 միլիոն տոլարի հատուցում պիտի կատարէ պրազիլիացի 12 նախկին աշխատաւորներու, որովհետեւ Պրազիլիան գործակցած է 1964-էն մինչեւ 1985 կառավարող զինուորական բռնապետութեան հետ: Ընկերութեան աշխատաւորներ բռնարարքներու ենթարկուած են իշխանութեան զինեալ ուժերուն կողմէ, գործազրկուած են եւ ենթարկուած՝ հալածանքի: Այս հարցը դատարան հասած է աւելի քան 5 տարի առաջ եւ ահա, ընկերութիւնը կ’ընդունի իր յանցապարտ մեղսակցութիւնը: Հատուցումի արժանացողներէն ոմանք մեռած են, սակայն անոնց դատը չէ մոռցուած…
Ընկերութիւնը յանձն առած է նաեւ ուրիշ հատուցումներ տրամադրել զինուորական խունթային բռնատիրական ընթացքէն վնասուածներու: Ըստ որոշակի տուեալներու, այդ տասնամեակներուն սպաննուած են շուրջ 400 հոգի, վնաս կրած՝ աւելի քան 40 հազար ուրիշներ:
Իբրեւ քովընտի տեղեկութիւն-մեկնաբանութիւն՝ նոյն լրատու աղբիւները հպանցիկ ակնարկութիւն կատարեցին, որ այժմու նախագահը՝ Պոլսենարօ, զինուորական բռնատիրութեան օրերուն ու «հերոսներուն» կը նայի հմայքով, մերթ ակնարկութիւն կ’ընէ, որ անոնց կարգ մը կիրարկումները պէտք է վերականգնին: (Նոյն Պոլսենարոն նաեւ մեղադրանքներ կը դիմագրաւէ Ամազոնի անտառներու ոչնչացման, Պսակաւոր ժահրի տարածման դէմ անտարբեր մնացած ըլլալու եւ երկրին մէջ ընկերային անհաւասարութիւնը խորացնելու յանցանքներով):
Իբրեւ միջանկեալ մանրամասնութիւն՝ նշենք, որ ժապաւէններու աշխարհը հարաւ-ամերիկեան բռնապետներու «ժառանգութիւնը» նիւթ դարձուցած է անմոռանալի գործերու, որոնցմէ մէկը՝ Ռոման Փոլանսքիի Death and the Maiden խորագիրը կրող ժապաւէնը (Պէն Քինկզլի, Սիկուռնի Ուիվըր), Չիլիի դէպքերուն յստակ ակնարկութիւն կ’ընէ, սակայն Չիլին կրնար ըլլալ նաեւ դրացի երկիրներէն մէկը…
***
Իբրեւ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան մը ժառանգորդներս, բնականաբար ողջունելի կը գտնենք գերմանական ընկերութեան՝ յանցապարտութիւնը ընդունելու եւ հատուցում տալու քայլը (մեր միտքէն չ’անցնիր այս «մանր պատահարը» Ցեղասպանութեան հետ համեմատել):
Միւս կողմէ, չենք կրնար անտարբեր մնալ բռնատիրութիւնը երանաբաղձութեամբ դիտելու Պոլսենարոյի մը տրամադրութիւններուն նկատմամբ, հարց չտալ, թէ արդեօք աշխարհի այս կամ այն ծագին՝ ժողովրդավարութիւն պաշտպանելու պատմուճանին տակ, միջամտութիւններ կատարողներ եւ տագնապներ հրահրողներ ինչո՞ւ անտարբեր կը կանգնին նման կարօտաբաղձերու հանդէպ:
Նո՛յն անտարբերութիւնը կը տիրէ նաեւ բռնապետական ու նոր-կայսերական կիրարկումներու հետամուտ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հանդէպ, որոնք կը մերժեն ընդունիլ իրենց աղաղակող ու փաստարկուած յանցապարտութիւնը, կը խուսափին անհրաժեշտ հատուցումները կատարելէ. իսկ ցեղասպանէն պահանջուած հատուցումը չի սահմանափակուիր նիւթականով, այլ կայ հողի եւ ամէն օր փճացումի ենթարկուող մշակութային ժառանգութեանց երեսը: Տակաւին, Էրտողան եւ իր «խունթա»-ն այսօ՛ր իսկ կը կիրարկեն հակառակորդներու հանդէպ բռնատիրական այն միջոցները, որոնք անցեալ դարու կէսերէն սկսեալ կը կիրարկուէին Պրազիլիոյ եւ դրացի երկիրներու զինուորական «խունթա»-ներուն կողմէ, եւ որոնք այսօր կը յիշուին անվերապահ դատապարտանքով, ատելութեամբ, սրբագրելին-դարմանելին ահա կը սրբագրուի ըստ կարելւոյն…
«Վոլքսվակըն»-ի կատարելիք հատուցումը, նաեւ մոռցուած արդարութիւնը վերականգնելու նման պարագաներ չեն կրնար վրիպիլ մեր «ռատար»-ներէն, անոնք ցոյց կու տան, որ արդարութեան վերականգնումը ժամանցելիութեան հարց չունին, չի նմանիր պահածոյի մը, որուն տուփին վրայ գրուած կ’ըլլայ, թէ պարունակութիւնը ո՞ր թուականէն անդին պէտք չէ գործածել:
24 Սեպտեմբեր 2020