Ա. Ա.
«Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը, որ Եւրոպայի տարածքին աւերներ կը գործէ թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան, կազմակերպուած յանցագործութիւններու եւ աւազակախմբային գործունէութեամբ, Ֆրանսայի մէջ արգիլուած է, որովհետեւ արցախեան պատերազմին ընթացքին կազմակերպութեան անդամներ Հայոց ցեղասպանութեան Լիոնի յուշարձանը պղծեցին եւ կազմակերպութեան ու Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի անուններուն սկզբնատառերը գրելով` սպառնալիքներու տարափ մը տեղացուցին հայութեան հասցէին: Այս արարքը մէկն էր ահաբեկչական բնոյթի այն գործունէութիւններէն, որոնք կը կատարուին «մշակութային օճախներ» անուան տակ թաքնուած թուրք ահաբեկչական աւազակախումբերուն կողմէ:
Արցախեան պատերազմին ընթացքին Նախիջեւանէն Ազրպէյճան անցքի մը կարեւորութեան մասին ծանուցած «Գորշ գայլեր»-ու քաղաքական թեւը համարուող ծայրայեղ ազգայնական Ազգային շարժում կուսակցութեան ղեկավարութիւնը անցեալ շաբաթ բացայայտեց Շուշին թրքական ծայրայեղականութեան օճախի մը վերածելու իր ծրագիրը: Տեւլեթ Պահչելիի թելադրանքով կուսակցութեան փոխնախագահ Մեւլութ Գարագայա, «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան ղեկավար Ահմետ Եըլտըրըմ եւ ճարտարապետ Եուսուֆ Կիւնայտըն այցելեցին Պաքու եւ Շուշի: Այս այցելութեան նպատակն էր Իլհամ Ալիեւին ներկայացնել Շուշիի մէջ «Գորշ գայլեր»-ու հովանաւորութեամբ արուեստից վարժարանի մը հաստատման ծրագիրը, որ անմիջապէս արժանացաւ Ալիեւի ջերմ գնահատանքին, եւ Ազրպէյճանի նախագահը անհրաժեշտ թելադրանքները կատարեց, որպէսզի Շուշիի մէջ յարմար շէնք մը տրամադրուի այս ծրագրին իրագործման համար:
Պէտք է նշել, որ թրքական այս պատուիրակութիւնը Պաքուի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էրքան Էօզորալի եւ «Գորշ գայլեր»-ու` Ազրպէյճանի մէջ համակարգող Հաքան Շէյհանի կողմէ: Այս վերջինը թուրք մըն է, որ տարիներէ ի վեր Ազրպէյճան փոխադրուած է եւ կը համակարգէ ու կը գլխաւորէ «Գորշ գայլեր»-ու կազմակերպութեան ազրպէյճանական մասնաճիւղին աշխատանքները` դարձեալ «մշակութային օճախներ» անուան տակ թաքնուած գործունէութիւններով, որոնք հայատեացութեան ենթահողի վրայ հակահայ քարոզչութեան եւ աշխատանքներու ամբողջական ծրագրեր են: Եւ ահա առաջին իսկ առիթով Շուշին կ՛ընտրուի հիմնադրելու համար թրքական ազգայնական ծայրահեղականութեան գաղափարներու սնուցման ինը դասարաններէ բաղկացած «արուեստներու դպրոց» մը:
Մինչ այդ Շուշին արդէն իսկ վերածուած է ազրպէյճանցի պետական պաշտօնեաներու միջեւ գզուըռտուքի եւ հողատարածքներու տիրացման նպատակով խուլ պայքարի մը մրցադաշտին:
Պետական պաշտօնեաներու այս ծրագրերը այնքան յառաջ գացած են, որ նախագահ Իլհամ Ալիեւ չափազանց զայրացած է եւ պատկերասփիւռի պետական կայանէն ուղղակի սպառնացած է պատժել այն բոլոր պատասխանատուները, որոնք առանց իշխանութիւններուն հետ համակարգելու իրենց ծրագրերը` Շուշիի մէջ սեփականութիւն մը ունենալու ճիգեր կը թափեն: Ալիեւ նաեւ զգուշացուցած է Ազրպէյճանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը, որ նախապէս փափաք յայտնած էր Շուշիի մէջ Կեդրոնական դրամատան մասնաճիւղ մը բանալու վերաբերեալ: «Թոյլ պիտի չտանք, որ ամէն ոք իր ծրագիրը յառաջ քշէ Շուշիի մէջ: Եթէ ոմանք մոռցած են մեր գոյութիւնը, անոնց կը յիշեցնենք», սպառնաց ան:
Արցախեան պատերազմէն ետք առաջին անգամ խօսելով քաղաքական վերնախաւին այս ծրագրերուն մասին` Ալիեւ բացայայտեց, որ միայն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը չէ, որ Շուշիի մէջ ծրագրերու փափաք ունի: Ալիեւ խօսեցաւ պետական պաշտօնեաներու երկար ցանկի մը մասին` պետական ընկերութիւններու ղեկավարներէն մինչեւ մաքսային եւ սահմանային ուժերու սպաներ, որոնք կ՛ուզեն Շուշիի մէջ հողատարածքի մը սեփականատէրը ըլլալ: «Երբեմն բարձրաձայն չեմ ըսեր, որպէսզի ժողովուրդին մէջ նողկանք չստեղծեմ ասոնց նկատմամբ: Սակայն հարցը իր հունէն դուրս ելլելով` անհեթեթութեան մը վերածուած է: Վերջերս հեռաձայնեց ազրպէյճանական օդանաւային ընկերութեան տնօրէնը եւ բացատրեց, որ կ՛ուզէ Շուշիի մէջ գրասենեակ մը բանալ: Յետոյ սահմանային պետական ծառայութեան ղեկավարը հեռաձայնեց եւ ծիծաղելի առաջարկ մը ներկայացուց, թէ կ՛ուզէ Շուշիի մէջ սահմանային անցակէտ մը հաստատել: Հարցուցի, թէ Շուշիի մէջ սահման կա՞յ, որ կ՛ուզէ սահմանային անցակէտ մը հաստատել», պատմեց ան:
Ալիեւ յայտարարեց, որ շատ լաւ կը հասկնայ, թէ Շուշիի մէջ նման ծրագրերու մասին երազողներուն իսկական նպատակը ի՛նչ է, աւելցնելով,որ Շուշին մշակութային մայրաքաղաք եւ ոչ թէ պետական պաշտօնեաներու կեդրոնի պիտի վերածէ: Ան նաեւ ըսաւ,որ Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած շրջաններուն մէջ վերականգնումը պիտի կատարուի` ըստ իր ծրագրերուն, եւ ոչ թէ` ասոր կամ անոր կամքին համաձայն:
Իսկ Շուշին «մշակութային մայրաքաղաք»-ի մը վերածելու առաջին ծրագիրը վաւերացուած է: «Գորշ գայլեր»-ու կողմէ` «գեղարուեստի կրթութեան» վարժարան մը, որ պիտի ֆինանսաւորուի Թուրքիոյ ծայրայեղ ազգայնական Ազգային շարժում կուսակցութեան կողմէ: