Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Շուշանեան` Սիրոյ Եւ Արկածի Տղան, Յեղափոխութեան Հաւատարիմը, Որուն Համար Հյ Դաշնակցութիւնը Հայ Մշակոյթի Հարազատ Ներշնչարանն Ու Տարածիչն Է

Փետրուար 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Թերեւս շատեր տեղեակ չեն Վազգէն Շուշանեանի մասին: Փետրուար 9, անոր ծննդեան օրն է: Արձակագիր, հրապարակագիր թէ քննադատ, Շուշանեան սփիւռքահայու կերպարը դարբնեց իր մտքով ու գրիչով: Այն կերպարը, որ անքակտելիօրէն կապուած է մեր պատմութեան, մեր տառապանքին եւ մեր յեղափոխութեան:

Սփիւռքահայուն պահանջատիրութեան եւ քաղաքականացման արմատները հասկնալու համար պէտք է դիմել Շուշանեանի գրութիւններուն: Սփիւռքահայ երիտասարդի հոգեկան զարկերը հաշուելու համար պէտք է կրկին կարդալ Շուշանեանի գործերը: Կարդացա՞ծ էք անոր «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը»: Այն հայ երիտասարդը, որ չէ կարդացած զայն, չի կրնար ըմբռնել հայ երիտասարդին հոգեկան յոյզերը:

Վազգէն Շուշանեան սիրոյ եւ արկածի տղան էր, մանաւանդ հաւատարիմն էր մեր յեղափոխութեան բովանդակութեան եւ խոյանքին:

Մանաւան՛դ մեր Յեղափոխութեան: Վազգէն Շուշանեան ամբողջական հայու հաւատարմութեամբ դիտեց ու ապրեցաւ մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթը եւ մեր ազատագրական փորձառութիւնը: Ճառագայթող եղաւ այդ հաւատարմութիւնը` իր պատկանած կուսակցութեան առաքելութեան ու գործին նկատմամբ: Նոյն հաւատարմութեամբ ան բնորոշեց Դաշնակցութեան այն մեծ դերը, որ իր կուսակցութիւնը ունեցաւ մեր մշակոյթի յեղափոխականացման, ժողովրդականացման ու հարստացման մէջ: Ան էապէս ըմբռնած էր Դաշնակցական ու ժողովրդային մշակոյթը, որու աւելի հարստացման մէջ ի՛նք` Վազգէն Շուշանեան ունեցաւ իր անփոխարինելի դերը:

Ստորեւ` հատուած մը Վազգէն Շուշանեանի «Փորձ` բնորոշելու ՀՅ Դաշնակցութեան մշակութային դերը» յօդուածէն, որ ան գրի առած էր 1 մայիս, 1932-ին, Փարիզի մէջ: Յօդուածը ամբողջութեան լոյս տեսած է Պէյրութի «Բագին» ամսագրի մէջ, յունուար-փետրուար 1971, Ժ. տարի, թիւ 1-2, էջ 69-80: (Դիմատետրի տպագրական հասկնալի պատճառով Շուշանեանի կողմէ շեշտուած բառերը ԳԼԽԱԳԻՐԻ վերածուած են):

––––––––––––––––––––––––––––––––––––

«Փորձ` բնորոշելու ՀՅԴաշնակցութեան մշակութային դերը»

ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

Երբ ակներեւ խզում կայ ժողովրդական զանգուածներու եւ պաշտօնական դպրութեանց միջեւ, երբ լեզուն կ՛ապաստանի եկեղեցի, ու հայոց լեզուն, պաշտօնականը` ապաստանած էր եկեղեցի, աշխարհաբարի յաղթանակէն առաջ: Ու նկատեցէ՛ք, որ աշխարհաբարը (որով ՀՅ  Դաշնակցութիւնը զանգահարեց ափէ ափ, Սիւնեաց լեռներէն մինչեւ Ամանոս, ազատագրութեան գաղափարը) վերջնականապէս յաղթեց, ստացաւ իր լրիւ գեղեցկութիւնը, աւիշն ու այսօրուան քաղցր շնորհը` 1900-էն յետոյ միայն: Երբ չնչին փոքրամասնութիւն մը միայն, սահմանէն ասդին ու անդին, կրնայ մատչիլ իմացական հարստութեանց, մինչդեռ հայրենի հողերուն վրայ զանգուածը կը մնայ թանձր քունի մէջ, բոլո՛ր բնազանցական, աստուածաբանական, նոյնիսկ գրական նուաճումները, տաղերն ու գրաբար պատկառելի հրատարակութիւնները ու նաեւ ասոնց յաջորդող ու վերածնունդի շրջանին ծաղկած ամբողջ գեղեցիկ դպրութիւնը, չեն կրնար ըլլալ եւ չեն` ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ, ՀԱՐԱԶԱՏ ՈՒ ԻՐԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ:

Կը կրկնենք, որքան ալ անգին, համբուրելի ըլլան այս բոլորը` որպէս անցեալի ժառանգութիւն,  ՄՇԱԿՈՅԹ ՉԵՆ ՈՒ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ:

Ու անտարակոյս դպիրներ են միայն, լուսանցքի վրայ բանաստեղծներ, գրադարանի գիտուն մուկեր, շրջուն մատենագրութիւն ու մարմին առած հմտութիւն` բոլո՛ր նախորդ սերունդներուն այն յուզիչ դէմքերը, եթէ ՄԻԱՅՆ ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ ունեցած են որպէս դրամագլուխ ու ո՛չ նաեւ ԱՒԵԼԻ ԲԱՆ ՄԸ, ԲԱՆ ՄԸ, ՈՐ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆ ԻՍԿ Է ՈՐԵՒԷ ՄՇԱԿՈՅԹԻ:

Ո՛չ, մշակոյթ չէ նորին մեծութիւն հմտութիւնը առանձին:

Մշակոյթ չէ, կ’ըսեմ, ԳԵՂԵՑԻԿ ԴՊՐՈՒԹԻՒՆԸ առանձին:

Ո՛չ, միայն բանաստեղծները, ուսուցիչներն ու այլ կարգի մտաւորականները չեն, որ կրողն են որեւէ մշակոյթի:

Այլ ինքը, ժողովուրդն է, հայրենի հողերուն վրայ աշխատող, տառապող, ստեղծագործող բազմութիւնը, որ հաւաքականօրէն կը ստեղծէ իր մշակոյթը եւ նուաճումէ նուաճում կը տանի զայն:

Ու որպէսզի որեւէ մշակոյթ ստեղծուի, հարկ է, որ մասնակցի այն ընդհանուր երկունքին ԱՄԲՈՂՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ, ԻՐ ԲՈԼՈՐ ՄԱՍԵՐՈՎ:

Հովիւը իր սրինգին վրայ փչէ իր եղանակը ու Հայր Կոմիտասը հաւաքէ զայն. մաճկալը հիւսէ որեւէ տաղ, երգէ ցորենին բարութիւնը ու Դանիէլ Վարուժանը կերպարանափոխէ զայն ու տայ «Հացին երգը»: Հարկ է, որ մարտիկը թափէ իր արիւնը յանուն գիրի բազմութեան ու բազմահազար շինականներ այլեւս զարթուն, ու այլեւս ըմբոստ, թօթուեն բռնութեան անուրը, որպէսզի պատմութեան յատակէն ու մայր ժողովուրդի երանգներէն ծնի ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Հարկ է, որ այս վերջինը` որպէս հսկայ սերմնացան® ափերը պարզած կարմիր հողերուն, տարածէ, անդրդուելի յամառութեամբ մը, բոլո՛ր սեպուհ գաղափարներուն ազնիւ հունտերը: Որպէսզի այսօր որբերու ամբողջ սերունդ մը, ճղակոտոր այլ հպարտ, փարի սրտառուչ սիրով ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՏԱՐՐԵՐՈՒ, դեռ ՉԱՄԲՈՂՋԱՑԱԾ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԸ, որ հայրենի հողին հետ, մեր միակ վաւերական հարստութիւնն է:

Ու հո՛ս է ահա, որ կը յայտնուի ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ: Ու հո՛ս է ահա, որ կ’երեւի ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՍԿԱՅ ԴԵՐԸ: Ու հո՛ս է ահա, որ մարդ կը զգայ ԱՅԴ ԱՒԵԼԻ ԲԱՆԻՆ բացառիկ կարեւորութիւնը:

Ու ի՞նչ է այդ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ, ի՞նչ է այդ ԱՒԵԼԻ ԲԱՆԸ:

Ատիկա նախ` սերտ, կարելի է ըսել` կազմախօսական ու բնական կապն է, ամբողջական համերաշխութիւնը, ծնողէ դէպի ծնուած ու արարածէ դէպի արարիչ եղած յարաբերութիւնը, որ պէտք է գոյութիւն ունենայ ժողովուրդին եւ իր մշակոյթին միջեւ: Պէտք է, որ ժողովուրդը հաւաքականօրէն ու ծանր երկունքով ծնունդ տայ անոր, ու ան իր բարձրագոյն ձեւերուն մէջ, ըլլայ ընդհանրական բարիք, տէրունական հաց ու արիւն ու հաւասար սիրով բաշխուի մակընթաց սերունդին, աղքատի ու հարուստի զաւակներուն: Հարկ է որ բոլոր արթնցող իմացականութիւններուն առջեւ բաց ըլլան բոլոր ճամբաները:

Բոլո՛ր նուիրապետութիւններն ու փոքրամասնութեանց մենաշնորհները ջնջուին, նաեւ դրամը չդառնայ միջակութեան գերակշռութեան գործիք: Արդ, եթէ դուք քննէք Կ. Պոլսոյ հայ հանրային կեանքը, ԱՄԻՐԱՆԵՐՈՒ ու ԷՖԵՆՏԻՆԵՐՈՒ իշխանութան շրջանին, պիտի համոզուիք, որ նախ Հայկական Բաձրաւանդակին վրայ թմբիրի մէջ էր հայ մշակոյթը, երկրորդ` ժողովուրդին եւ յայտնի «մտաւորականութեան» միջեւ խզուած էր գրեթէ կապը, երրորդ` պաշտօնական «մշակոյթ»-ը անամորձիք, տժգոյն բան մըն էր, զրկուած` լայն զանգուածներու տաք աւիշէն ու բանտարկուած մատենադարաններու մէջ:

Ահա՛ հոս է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կատարեց իր անփոխարինելի դերը: Մէկ կողմէն եղաւ անխոնջ տարածիչ, միւս կողմէն, արթնցնելով ժողովուրդը, զայն մղեց սրբազան ստեղծագործութեան, որոնումի եւ աշխատանքի:

Տարածելով աննկուն ու խենթ քաջութեամբ Յեղափոխութեան առաջին կայծերը` ան մաքրեց հայ մշակոյթը իր սկզբնական, ադամական արատէն: Որովհետեւ, ի՛նչ ալ ըսուի, ժողովրդական զանգուածներու փաստական ազատագրական պայքարը կը սկսի ՀՅ Դաշակցութեան հանդէս գալէն յետոյ: Ու որովհետեւ ամէ՛ն բանէ առաջ ու մանաւանդ հաւաքականութեանց ու անհատներու համար ԿԵՑՈՒԱԾՔ մըն է մշակոյթը, ազատ, ինքնօրէն ու որոնող մարդոց հաւաքականութեանց ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ` աշխարհի բոլոր հրատապ խնդիրներուն առջեւ: Դաշնակցութիւնը ուսուցանելով ժողովուրդին, որ բռնութեան տապալումն ու ազատութեան յաղթանակը նախապայման են, ատո՛վ իսկ հանդիսացաւ հայ մշակոյթի հարազատ ներշնչարանն ու տարածիչը:

Փարիզ, 1 մայիս 1932

Նախորդը

«Հորիզոն-ի Խմբագրական

Յաջորդը

«ՀՄԸՄ-ի Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան Ֆոնտ». Նուիրատուութիւններ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?