Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տարուան Հաշուեփակը

Յունուար 4, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէ՞ս, կամ ճիշդ ուրկէ՞ սկսիլ: Հապա՞ աւարտը:

Խօսքը փոքր ընկերութեան մը, կամ հիմնարկի մը չի վերաբերիր, այլ երկրի մը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անշուշտ` Արցախին, առանց մոռնալու անոնց սեւեռող հայաշխարհը:

Ոչ ոք կրնար երեւակայել, թէ ծանր պարտութենէ մը ցնցուած եւ շլմորած հայորդիներս ա՛յսքան փոթորկոտ եւ պղտոր տարեշրջան մը պիտի բոլորէինք, սակայն արդէն…բոլորած ենք:

Ամբողջ տարի մը, երբ քաղաքական բեմը ապրեցաւ ցոյցեր, հաւաքներ, ընտրութիւններ, իսկ սահմանագիծերուն վրայ «անսահման» էր տիրող կացութիւնը, ուր ազրպէյճանցի բանակայիններ իրենց տունը մտնելու պէս մուտք կը գործէին մեր հայրենիքի հողամասերը` ո՛չ մէկ օրէնք յարգելով, ո՛չ ալ մտահոգելով ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու կառավարութեան պետը: Կայ աւելին ու գերմտահոգիչը, ա՛յն, որ մեր հայրենիքի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը ոտնակոխ կ՛ըլլան, կ՛անտեսուին եւ նոյնինքն մե՛ր երկրի ղեկավարութեան կողմէ բազմիցս կը խեղաթիւրուին:

Իսկ եթէ նկատի ունենանք գործէ արձակման, փոխարինման, վերստին արձակման եւ վերանշանակման ցանկը…«ելեւմուտք»-ի հաշիւներու տետրակի էջերը պիտի յորդին, յաւելեալ տետրակներու կարիք պիտի ստեղծուի:

365 օր շարունակ պատահեցան դէպքեր, որոնք ընդհանրապէս նպաստաւոր չեղան Հայաստանին ու Արցախին, ո՛ղջ հայութեան համար: Ներքին քաղաքական մթնոլորտը այնքան թունաւորուած ու խարխլած է, որ փուլ եկած են հաւաքական ուժն ու կամքը:

Այս գծով, առանց նախապայմաններու, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին «աւետում»-էն ետք, վերջին անկիւնադարձային պատահարը դեկտեմբեր 24-ին վարչապետ Փաշինեանի առցանց ասուլիսն էր. հետեւողը վստահաբար ապշեցաւ եւ հարց տուաւ ինքն իրեն, թէ խօսողը արդեօք մեր հայրենիքի ազգային շահերը ներկայացնող ղեկավա՞ր մըն է, թէ՞ Պաքուի մէկ բանբերը, ներկայացուցիչը, ազերիական շահերու երդուեալ պաշտպանը:

Թուականներով եւ ամենայն մանրամասնութեամբ, Նիկոլ Փաշինեան Արցախի մասին այնպիսի զեկուցումներ եւ վերլուծումներ կատարեց, որ միայն Ազրպէյճանի քարոզչական լոպիինկի մեքենան կրնայ պատրաստել, սուտը ծածկելով եւ սեւը ճերմակի վերածելով`  իբրեւ իրականութիւն ներկայացնել:

Քաղաքագէտի ճկուն արտայայտութիւններէ բոլորովին հեռու, տակաւին երէկ, իշխանութեան գալէն կարճ ատեն մը ետք, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» որոտացող Փաշինեան չմոռցաւ յիշատակելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ ապրած են նաեւ ազրպէյճանցիներ, որոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եղած է բանակցային նիւթ եւ, իրենց հերթին, անոնք կրնան բարձրացնել իրենց ինքնորոշման խնդիրը: Ո՛չ մէկ խօսք` պատմութեան այն մութ էջերուն մասին, երբ 7 յուլիս 1923-ին Ստալին հայահոծ Արցախը յանձնեց Խորհրդային Ազրպէյճանին:

Վարչապետին տրամաբանութեամբ եւ տեսութեամբ, ուրեմն կարելի է եզրակացնել, որ այսօր Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած հնդիկներն ալ ժամանակ մը ետք իրենց ինքնորոշման խնդիրը կրնան բարձրացնել եւ Ազգային ժողովէն ներս ալ աթոռի տիրանալ:

Այս ցնդաբանութեան դէմ պատասխանը չուշացաւ եւ Արցախի Ազգային ժողովը բուռն կերպով հակադարձեց սին եւ սնոտի բացատրութիւններ տուող ու հայորդին մոլորեցնել փորձող վարչապետին:

Յստակ էր Արցախի Ազգային ժողովի ահազանգային կոչը, որ կ՛արժէ կրկին ու կրկին ընդգծել:

Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք ճանաչումը որեւէ վերապահութեան ու զիջման ենթակայ չէ, եւ այդ հարցի բացառիկ տէրը ինքնին արցախահայութիւնն է: …Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման նպատակը մեր հիմնական ուղենիշն է, եւ անկէ որեւէ զիջում ինքն իրեն չ՛արտօներ որեւէ իշխանութիւն: Հուսկ, միայն Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները լիազօրուած են խօսելու Արցախի բնակչութեան անունով:

Ի դէպ, սա նորութիւն չէ. չմոռնանք, որ Հայաստանի վերանկախացման առաջին քայլերը ծայր առին արցախեան շարժումով, Արցախը ի՛նք հանրաքուէով եւ միջազգային օրէնքի հիմունքներով վճռեց դառնալ ինքնիշխան հանրապետութիւն, մերժեց ազերիական տիրապետութեան որեւէ ձեւաչափ եւ մինչեւ իսկ «սպառնաց» Հայաստանը իրեն միացնել, եթէ Հայաստան իրեն չմիացնէ Արցախը:

Այո՛, տարեփակ է, սակայն հայութեան հաշիւները կը մնան բաց, մեր անվիճելի իրաւունքներուն հետապնդումն ու կենսագործումը ժամանակով չեն պայմանաւորուած, բայց մանաւանդ չեն կրնար տնօրինուիլ Ազրպէյճանի ինքնակոչ փաստաբանի դերը յանձն առնող փաշինեաններով ու նոյն «տրամաբանութենէն» ջուր խմողներով: Արցախի, Հայաստանի եւ ողջ աշխարհի հայութիւնը բազմիցս գործնապէս ապացուցած է, որ անկարելի է հրաժարիլ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆի «ճամբու քարտէս»-էն, որ մեզի աւանդ հասած է անդրանիկ հանրապետութեան Ազգային ժողովէն:

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Եթէ Ի Սպառ Մենք Հանենք Փոքրոգութիւն Մեր Սրտէն

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?