Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չկայ, Չէ Եղած Երբեք Գրիգոր Զօհրապ Գրագէտը

Յունուար 6, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Տաղանդաւոր գրագէտ Յակոբ Օշականի զաւակը` Վահէ Օշական, աններելի մեղք մը գործած էր` «Բագին»-ի մէջ հրատարակելով յօդուած մը գրագէտ, նորավէպերու անմրցելի վարպետ եւ մեծանուն նահատակ Գրիգոր Զօհրապին դէմ:

Չգտնուեցաւ ընթերցող մը, մտաւորական կամ ոչ մտաւորական խաւերէն մէկը, որ գայթակղած չըլլար` կարդալով այդ յօդուածին մէջ տեղ գտած արտառոց, ծանրօրէն վիրաւորական եւ տրամաբանութեան հետ կապ չունեցող դատաստանը Գրիգոր Զօհրապի մասին: Մանաւանդ որ այդ անիրաւ դատաստանը կ՛ըլլար Մեծ եղեռնի յիսնամեակին նուիրուած «Բագինի»-ի բացառիկ թիւին մէջ: Այսինքն այն օրերուն, երբ բոլորը, Վահէ Օշականն ալ` այդ բոլորին կարգին, կը գտնուէին պարտադիր, այլ ինքնաբուխ յարգանքի մը հարկադրանքին տակ` նահատակներու յիշատակին հանդէպ:

Եթէ նոյնիսկ ճիշդ ու արդար եղած ըլլար այդ անճիշդ եւ անարդար դատաստանը, Վահէ Օշականը իրաւունք չունէր այդ օրերուն սեւով ճերմակի վրայ գրելու բերան չառնուելիք սա խօսքերը.

– Զօհրապի գրական խառնուածքը արդէն սկսած էր մեռնիլ, երբ սպաննեցին զինք:

– Արեւմտահայ գրականութիւնը մեծ բան մը չկորսնցուց իր անհետացումով:

– Եթէ պահ մը բաղդատենք զինք Արփիարեանի մը, Եսայեանի մը կամ նոյնիսկ Չօպանեանի մը հետ, Զօհրապի զուտ գրական ու ազգային դիմագիծը կը տժգունի:

– 1893-էն անդին Զօհրապ հատ ու կտոր պատմուածքներ նետեց սովահար խմբագիրներու կոկորդը, գրուած` անհոգ ու ինքնաբաւ, «ամաթէօրական» գրիչով մը:

– Զօհրապ ունի մտածումի «պտըլիկ կառուցում մը», եւ սակայն «կայ կեանքի իրողութեան խորունկ թափանցում մը» (ի՛նչ հակասութիւն պտըլիկ մտքի մը պարագային), բայց չկայ, չէ եղած երբեք Զօհրապ գրագէտը:

Ուրեմն, խտացնելով`

ա) Գրիգոր Զօհրապ ֆիզիքապէս չմեռած` մեռնելու վրայ էր արդէն «գրական» մահով: Որովհետեւ`

բ) Արժէք մը չէր ան արեւմտահայ գրականութեան համար:

գ) Տժգոյն էր ոչ միայն անոր գրական, այլեւ, լա՛ւ լսեցէք, ազգային դիմագիծը, բաղդատմամբ իրենց անուններով յիշուած երեք գրողներուն, «նոյնիսկ Չօպանեանի մը հետ»:

դ) Գրագէ՞տ, քա՛ւ լիցի. Գրիգոր Զօհրապ գրականութեան «ամաթէօր» մըն էր, քանի որ`

ե) Ճարտասան եւ անմրցելի իրաւագէտ Գրիգոր Զօհրապին մտածելու կարողութիւնը ունէր «պտըլիկ կառուցում» միայն, եւ, ի միջի այլոց`

զ) երբեք գոյութիւն չէ ունեցած Զօհրապ գրագէտը…

Կրնայի՞ք երեւակայել ասկէ աւելի անճիշդ ու այլանդակ ելոյթ մը` ըսելու համար պարզապէս, որ մեր գրական պատմութեան մէջ իր բարձր դիրքը գրաւած սքանչելի գրագէտ եւ արուեստագէտ Գրիգոր Զօհրապը գրական ոչնչութի՛ւն մըն էր, առանց այլեւայլի…

Մինչեւ այսօր բազմատասնեակ գրադատներ եւ գրողներ պանծացուցած են անոր անմրցելի տաղանդն ու ստեղծագործութիւնները, եւ չէ գտնուած մէկը, որ նմանօրինակ անիրական ու այլանդակ կարծիքներու մէկ աննշան մասն իսկ արտայայտած ըլլայ վարկազրկելու, պզտիկցնելու, զերոյի վերածելու համար վաւերական գրագէտը: Եւ ահա Վահէ Օշականն էր, որ ամենայն համարձակութեամբ, կանգնելով գրական բեմի մը յառաջամասին վրայ, ըսաւ չըսուելիք, բերան չառնուելիք բաներ, որոնք վարկաբեկիչ էին միայն ու միայն իրեն համար:

Այդպէս շարժելով` կը ձգտէր աղմո՞ւկ ստեղծել իր շուրջը, թէ՞ ինքզինքը ներկայացնել իբրեւ բոլորովին ինքնատի՛պ, բայց ամէն բան ծուռ տեսնող «գրադատ» մը, որ գիտէ վերջ ի վերջոյ, որ «Եկեղեցին շինողն ալ կը յիշուի, քանդողն ալ»: Գրադատական այս մարզին մէջ, հետեւաբար, կ՛ուզէր ան յիշուիլ միշտ իբրեւ քանդող, միշտ իբրեւ բացասական գրիչ մը:

Պոլսոյ «Ճակատամարտ» օրաթերթի` Մեծ եղեռնի նուիրուած 25 ապրիլ 1920 բացառիկ թիւի առաջին էջի առաջին սիւնակին վրայ Յակոբ Օշական ստորագրած է յօդուած մը` նահատակ գրագէտ Գեղամ Բարսեղեանի յիշատակին: «Ճակատամարտ»-ն ալ, յայտնօրէն, «կարծիքի ազատութիւնը» յարգած ըլլալու համար տեղ տուած է այդ գրութեան, որ անողոք դատաստանով մը կը հարթէր իրեն հասակակից գրողներուն հետ նաեւ ինքզինքը:

Կարդացէք հետեւեալ հատուածը եւ զարմացէք.

– Անիկա (Գեղամը) ցաւն ունէր միջակութեանը մեր սերունդին, որ Մեծարենցով կը սկսէր ու իր լաւագոյն դէմքերուն մէջն անգամ խոստում մը միայն մնաց:

–  Ու տառապանք մըն է ինծի նորէն հոս կրկնել իմ մէջս իր ցաւը` մեր խեղճ, մեր միջակ սերունդին, որ հորիզոններ նշմարեց ու չհասաւ անոնց պարագրկումին, որ երազեց իր արուեստը մեհեանել ու գնաց փայտի կամ քարի տակ իր հոգին խեղդելու կամ ապրեցաւ, իր պարմանութեանը մէջ, մեծ խաւարումը մեր պատմութեան:

– Ատկէ դուրս եղողնե՞րը: Անոնք ուրուականներ են ու անոնց միսերը գերեզմանի չափ տժգոյն են ու մահատիպ:

Միջակութի՛ւն մը, ուրեմն, Մեծարենցն ու անոր պատկանած «խեղճ ու միջակ» սերունդը, Դ. Վարուժանէն, Ռ. Սեւակէն, Գեղամէն ու անոնց դասակիցներէն սկսեալ մինչեւ ինքը` Յ. Օշականը, որոնք արժէք… չդարձա՛ն, այլ « խոստում մը միայն մնացին»…

Հապա «մեր պատմութեան մեծ խաւարումէն» դուրս եկողնե՞րը, այսինքն` Մեծ եղեռնէն վերապրողնե՞րը, պարզապէս «ուրուականներ, գերեզմանի չափ, տժգոյն ու մահատիպ»…

Ինչպէ՞ս հաշտեցնել, սակայն, այս տարօրինակ դատաստանը տարիներ ետք հրատարակուած Յ. Օշականի մէկ այլ ընդարձակ ուսումնասիրութեան մէջ («Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան»), ուր, օրինակի համար, զեղուն գնահատանքի արդարագոյն տուրքը կ՛ընծայուի, ի միջի այլոց, մեծահամբաւ Դ. Վարուժանին, որ ծնունդով, տարիքով մաս կը կազմէր «Մեծարենցով սկսած եւ իր լաւագոյն դէմքերուն մէջ անգամ խոստում մը միայն մնացած խեղճ ու միջակ սերունդին»: Եւ խորհիլ, որ այդ «Համապատկեր»-ին մէջ նոյն այդ սերունդը ստացած է «Արուեստագէտ սերունդ» որակումը…

Գրական ամբողջ սերունդի մը եւ մինչեւ իսկ ի՛ր հասցէին այսքան անճիշդ ու անարդար վճիռ արձակողը` «Հարթենք»-ներուն ախոյեան Յակոբ Օշականը միայն կրնար ըլլար, իր ատենին: Իսկ որդի Օշական ընտրած էր ճամբան` արժէքը անարժէք հռչակող եւ լոյսը խաւար տեսնող ծուռ ու այլանդակ կեցուածքով:

Զօհրապի մասին որդի Օշականի անարդար դատավճիռը «գրադատի» իր արժանիքը ժխտող փաստաթուղթ մը դարձաւ Զօհրապին ու Զօհրապներուն պաշտամունքը ունեցող գրասէր բազմութեանց համար:

 

 

Նախորդը

Մարդկային Վեհ Արժանիքներու Տէր Շողիկ Ակոբեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Բանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ամանորեայ Պատգամը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?