Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. «Հզօր Սփիւռք՝ Հզօր Հայաստան, Ազգային Ռազմավարութեան Հիմք Ու Նպատակակէտ»

Յունուար 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Ար­դէն թե­ւա­կո­խած ենք նոր տա­րին եւ իւ­րա­քան­չիւր նոր սկիզ­բի պա­րա­գա­յին, մեր առ­ջեւ կը դրո­ւին խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ եւ մտա­հո­գու­թիւն­ներ, ո­րոնք նախ որ­պէս բեռ կ­՚ա­ւել­նան անց­նող տա­րո­ւան հոս­քէն, ա­պա ե­կող նոր օ­րե­րուն հա­մար կը սահ­մա­նեն այն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, որ մարդ էա­կը ան­հա­տա­բար եւ մարդ­կա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը միաս­նա­բար՝ կո­չո­ւած են դի­մագ­րա­ւե­լու։

2021-էն ետք հա­յու­թեան ճա­կա­տա­գի­րին վրայ սահ­մա­նո­ւած դառն ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ծանր կշռել ­Հա­յաս­տան ու Ար­ցախ աշ­խար­հի եւ սփիւռ­քեան հա­տո­ւած­նե­րուն վրայ։ Եւ մինչ կը սպա­սո­ւէր, որ հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան միտ­քը պի­տի կա­րո­ղա­նար այն­քան սպա­սո­ւած ոս­տու­մը ը­նել, ճա­հի­ճէն դուրս գա­լու զօ­րու­թիւ­նը գտնէր ու զայն տա­րա­ծէր ա­մէն հայ մար­դու վրայ, իշ­խա­նա­կան խաւն ու ա­նոր ա­ռաջ­նոր­դը կը շա­րու­նա­կեն հա­յու­թեան ա­պա­գան մէկ ա­ւե­լի կաս­կա­ծի տակ դնել, իսկ Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դի­րը խեղ­թել թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սաղ­մին մէջ։

Այս բո­լո­րին դի­մաց, Ս­փիւռ­քի հսկայ զան­գո­ւած­նե­րը կը թո­ւին ա­նո­րո­շու­թեան մէջ մնալ, յու­սա­խափ ու ան­կա­րող վի­ճակ մը կը ներ­կա­յաց­նեն, կա­րե­նալ ազ­դե­լու հա­մար այն բո­լոր վտան­գա­ւոր զար­գա­ցում­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կը սահ­մա­նո­ւին ի հե­ճուկս հայ ժո­ղո­վուր­դի կամքին, իր հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քեան մաս­նիկ­նե­րով։

Այ­սօր, հայ­րե­նի­քի եւ Ս­փիւռ­քի մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թիւնն ու հա­մե­րաշխ յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւ­նը խո­չըն­դոտ­նե­րու առ­ջեւ կը գտնո­ւի, ո­րով­հե­տեւ հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գե­րու քննու­թեան լոյ­սին տակ Ս­փիւռ­քը ամ­բող­ջու­թեամբ ան­տե­սո­ւած կը մնայ, ան­դին պե­տու­թեան իշ­խա­նա­կան խա­ւը ար­դէն մտած է հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հու­նին մէջ, սե­պե­լով թէ այդ գոր­ծըն­թա­ցը պե­տա­կան ըն­թա­ցիկ հար­ցի մը լուծ­ման խնդիր է եւ ոչ ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը յու­զող ու մտա­տան­ջող ի­րո­ղու­թիւն մը։

­Միւս կող­մէն, Ս­փիւռ­քը եւս ան­կա­րող կը թո­ւի ըլ­լալ միաս­նա­կան կար­ծիք, խօսք ու տե­սա­կէտ բա­նա­ձե­ւե­լու, պար­զա­պէս ո­րով­հե­տեւ փո­խո­ւած է դա­սա­կան սփիւռ­քի պատ­կե­րը։ Այ­սօր, Ս­փիւռ­քը կը ներ­կա­յա­նայ պատ­մա­կան տար­բեր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու մէջ ստեղ­ծո­ւած խա­ւե­րով, ո­րոնք յա­ճախ կը գո­յակ­ցին ի­րար­մէ տար­բեր մտայ­նու­թիւն­նե­րով, տար­բեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով եւ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րով։

­Վեր­ջին ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն, այս այ­լա­զա­նու­թիւ­նը խո­չըն­դոտ կը դառ­նայ Ս­փիւռ­քեան պատ­կե­րի միա­ձուլ­ման, թի­րախ­նե­րու ճշդու­մին, կա­ռա­վար­ման գոր­ծե­լաո­ճին, ո­րոնք պի­տի ստեղ­ծեն միաս­նա­կան եւ ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րը հա­յու­թեան այն հա­տո­ւա­ծին, որ հա­կա­ռակ իր սե­փա­կան հո­ղէն հե­ռու ապ­րե­լու ի­րա­կա­նու­թեան, պի­տի շա­րու­նա­կէ հայ­րե­նի աշ­խար­հի զար­գաց­ման ու բար­գա­վաճ­ման գլխա­ւոր ազ­դակ­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­նալ։

Այս ի­րա­կա­նու­թեան վրայ կու գայ բար­դո­ւիլ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու այ­լան­դակ եւ վտան­գա­ւոր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, Ս­փիւռ­քը պա­ռակ­տո­ւած տես­նե­լու նպա­տա­կով, որ ճամ­բայ ա­ռաւ նախ սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան լու­ծու­մով ու կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ այ­սօր՝ իւ­րա­քան­չիւր գա­ղու­թի ու հա­մայն­քի մէջ յանձ­նա­կա­տար­ներ նշե­լու ա­նի­մաստ վար­քա­գի­ծով։

­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս 2022-ը հռչա­կած է Ս­փիւռ­քի տա­րի։ Իր պատ­գա­մը հա­ւա­սա­րա­պէս ուղ­ղո­ւած է թէ՛ հայ­րե­նի­քին եւ թէ՛ Ս­փիւռ­քին, ա­հա­զան­գե­լով այն բո­լոր վտանգ­նե­րը, ո­րոնք կը սպառ­նան Ս­փիւռ­քի գո­յու­թե­նա­կա­նու­թեան վրայ, որ­պէս գլխա­ւոր ե­րաշ­խիք ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ու յա­րա­տեւ­ման։

Ս­փիւռ­քը հայ­րե­նի­քին հա­մար նիւ­թա­կան գոր­ծօն մը ըլ­լա­լէ ան­դին, ու­նի ա­ւե­լի կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն իր ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին նե­րու­ժի ամ­բող­ջա­կան եւ լիա­կա­տար զօ­րա­շար­ժով։ Այդ զօ­րա­շարժն էր, որ յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժի ու ան­կէ ետք ար­ցա­խեան հե­րո­սա­պա­տու­մի ու ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն իր հսկայ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ի սպաս դրաւ հայ­րե­նի­քին առ­ջեւ։

Հ­րա­մա­յա­կան է, որ այ­սօր եւս Ս­փիւռ­քի ազ­գա­յին եւ քա­ղա­քա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը վերս­տին ար­ժե­ւո­րո­ւի հայ­րե­նի­քին կող­մէ։ ­Վե­րա­կանգ­նու­մը վեր պէտք է դա­սո­ւի այ­սօ­րո­ւան իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու քա­ղա­քա­կան կարճ ու մշու­շոտ հո­րի­զո­նէն ու այն դառ­նայ հա­մա­հայ­կա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան գոր­ծըն­թաց։

Այս մէ­կը կը պա­հան­ջէ գործ­նա­կան քայ­լեր, զոր հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան միտ­քը իր ամ­բող­ջու­թեամբ պար­տի ի գործ դնել։ ­Կը պա­հան­ջէ հա­մե­րաշ­խու­թեան մթնո­լոր­տի վե­րա­կանգ­նում, որ այ­սօր ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ի վի­ճա­կի չեն յա­ռաջ մղե­լու, հե­տե­ւա­բար այն կ­՚իյ­նայ հայ­րե­նի ա­ռողջ ու­ժե­րու ու­սե­րուն վրայ։ ­Կը պա­հան­ջէ Ս­փիւռ­քին կող­մէ եւս ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման, վե­րըն­ձիւղ­ման բարդ ու դժո­ւար աշ­խա­տանք, նոյ­նիսկ իր մէջ վե­րա­միա­ւո­րո­ւե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն, տար­բեր հա­տո­ւած­ներն ու մտայ­նու­թիւն­նե­րը մէկ յայ­տա­րա­րի տակ բե­րե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ։

­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի պատ­գա­մը ա­հա­զանգ մը ըլ­լա­լէն ան­դին, Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ազ­դան­շա­նը տո­ւող խրա­խու­սիչ քայլ մըն է, ո­րուն հաս­ցէա­տէ­րե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս պար­տին զայն սեր­տել ի ­Հա­յաս­տան եւ ի Ս­փիւռս աշ­խար­հի։

Նախորդը

Խ. Տէր Ղուկասեան. «Սփիւռքի Օրակարգ»-ը Կ’ենթադրէ Սփիւռքի Կառոյցներու եւ Հաստատութիւններու Միջեւ Նուազագոյն Հասարակաց Յայտարարի Բանաձեւում Եւ Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Գետ-Գիտութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?