Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Հայաստան Նոր Մարզպան Ունի…

Յունուար 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քանի մը ամիս առաջ, երբ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի բեմէն ճակատաբաց յայտարարեց, որ Գորիս-Կապան ճամբուն` ազերիներուն կողմէ խլուած ծանօթ հատուածը ազերիներուն կը պատկանի (եւ ՔՊ-ական «երգչախումբ»-ը անմիջապէս ձայնակցեցաւ անոր), սրտցաւ սիւնակ մը արձանագրած էինք` նախատեսելով, որ Փաշինեան (եւ Պապիկեան ու ուրիշներ) կրնան Հայաստանի մէջ Ազրպէյճանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի ու այլ պաշտօններու կոչուիլ, որովհետեւ լիովին կը պաշտպանեն Ալիեւի տեսակէտները:

Այսօր, սիրելի՛ ընթերցող, նոյն սրտցաւութեամբ կ՛ուզենք հրապարակաւ խոստովանութիւն մը ընել` թողութիւն ստանալու յոյսով: Կը խոստովանինք, որ նման նախատեսութիւն ընելով` սխալա՜ծ ենք եղեր, չարաչա՛ր սխալած: Մարդուն (եւ խմբակիցներուն) աչքը շատ աւելի բարձրերը ուղղուած են յայտնապէս, կը ձգտին շատ աւելիին` քան` դեսպանի կամ նման դիրքերու: Փաստօրէն իր վերջին «մամլոյ ասուլիս»-ին Փաշինեան գործնապէս փաստեց, որ ապահոված է պաշտօնի բարձրացում մը` Հայաստանի… մարզպանի պաշտօնը (վաղն ալ կրնայ սահմանադրական փոփոխութեան խաղը ըստ այնմ ձեւաւորել), եթէ ի վերջոյ բանը հոն հասնի, որ Հայաստան վերածուի, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով, թրքական վիլայէթի (Ազրպէյճանը արդէն Արեւելեան Թուրքիա է, ըստ համաթուրանական ծրագիրին):

Փաստօրէն հերիֆը (ուրիշ ի՞նչ որակում տանք, քանի «դաւաճան» կոչումը զինք ջղագար կը դարձնէ) առանց բառերը ծամծմելու` յայտարարեց, որ Արցախը երբեք Ազրպէյճանի կազմէն դուրս չէ եղած, թէ` Արցախի նախկին բնակիչ ազերիներն ալ իրաւունքներ ունին (լռելեայն ըսել կ՛ուզէր, որ հայերս իրաւազրկած ենք զանոնք, ինչպէս Ալիեւն ու իր «երէց եղբայր» Էրտողանը կը յանկերգեն), անուղղակիօրէն յիշեցնելով իր այն «հանճարեղ տեսութիւնը», թէ` Արցախի հարցին լուծման տարազը պէտք է ապահովէ նաեւ ազերիներուն համամտութիւնը…

***

Կը յիշէք, չէ՞: Երբ աւելի քան 1550 տարի առաջ վերջ գտաւ Արշակունիներու թագաւորութիւնը (սա Անիի վաճառքէն մօտաւորապէս հինգ դար առաջ էր), Տիզբոն նստած թագաւոր մը Հայաստանը (իր տիրապետութեան տակ անցած բաժինը) վերածեց մարզպանութեան` նշանակելով կառավարիչներ` մարզպաններ (Հայաստանի արեւմտեան փոքր պատառիկն ալ, որ անցեր էր յոյներու տիրապետութեան տակ, կը կառավարուէր յոյն կառավարիչներով):  Հայութիւնը չհանդուրժեց այդ վիճակը, Մամիկոնեաններու ժառանգորդ Վահանը շուրջ երեք տասնամեակ պայքարեցաւ բանիւ եւ գործքով, Նուարսակի դաշնագիրով վերականգնեց Հայաստանի ինքնավարութիւնը (սակայն ինքնիշխանութիւնը` թագաւորութիւնը կորսուած մնաց): Հայաստան եւ հայութիւնը այնուհետեւ անցան աւելի՛ երկարատեւ տաք (քան թէ բարեխառն) փուլերէ, մինչեւ որ Բագրատունիները (յետոյ նաեւ` Արծրունիներն ու Սիւնիները) վերականգնեցին հայկական անկախ իշխանութիւնը:

Յետոյ, պատմութեան անիւը կանգ չառաւ Անիի վաճառքով ու անկախութեան կորուստով: Հայաստան Բագրատունիներէն եւ ժամանակակիցներէն ետք մտաւ խաւարի դարաշրջաններ: Օր մըն ալ, Էրզրումի հայոց լեռներէն հնչած ձայնէն շա՜տ առաջ, նոյնինքն ՀԱՅԿԱԿԱ՛Ն Արցախէն ծագեցաւ լոյսի առաջին շողը. Իսրայէլ Օրի, Դաւիթ Բէկ, Մխիթար սպարապետ եւ յետնորդներ բացին քաղաքական եւ բազկի պայքարի ուղիները, արձանագրեցին որոշ յաջողութիւններ, ձախողութիւնները աւելի առատ եղան: Անոնց խօսքն ու գործը մեկնակէտ ունէին Հայաստանի ու Արցախի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ: Սա իրենց հնարած տեսութիւնը չէր, այլ պարզապէս հաւատարմութիւն` Հայկի, Արամի ու ժառանգորդներու օրերէն կուտակուած` դարաւոր աւանդին, ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆՎԻՃԵԼԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ:

***

Յետոյ եկան պայքարի ու անկախութեան բիւրեղացման փուլերը: Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն եւ կորուստէն ետք, մինչեւ իսկ ստալինեան ծանօթ կամայականութեան տրամաբանութեամբ, Արցախը եղաւ ու մնաց հայկական, իսկ «Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ ինքնավար մարզ»-ի անոր նկարագիրը նման էր թուքով փակցուած հրովարտակի, որ պատռուեցաւ ու այրեցաւ Հայաստանի վերանկախացման ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ, Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն, հայկական այդ տարածքի ժողովուրդին ջախջախիչ քուէով: Սա «հեռաւոր անցեալ»-ին չպատահեցաւ, այլ` մեր օրերուն, Փաշինեանի եւ նմաններու քաղաքական ասպարէզ բերուելու օրերուն…

Իսկ հիմա Փաշինեան էֆենտին` Ալիեւի կամ Էրտողանի կողմէ մարզպան նշանակուելու յաւակնորդը, կը փորձէ իր կարգին պատռել պատմական ճշմարտութիւնները, ոչնչացնել Դաւիթ Բէկէն առաջ եւ յաջորդներուն օրերուն ամրագրուած հնադարեան ճշմարտութիւնը` յայտարարելով, որ… Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս չէ եղած: Հայաստանէն ալ հողեր զիջած է եւ պատրաստ է նոր զիջումներ ընելու` «սահմանազատում եւ սահմանագծում» ընելու համար ընդունելով Ազրպէյճանի համար ամէնէն նպաստաւոր` «խորհրդային օրերու վարչական բաժանումի քարտէսները»: Մտային շլութիւնը սահման ունի՞, իսկ մարզպանամէտութի՞ւնը…

Հիմա աւելի պարզ աչքերով կը տեսնէ՞ք (եթէ այդ կարողութիւնը չէք բթացուցած), թէ Փաշինեան, Արայիկ Յարութիւնեան (ո՛չ Արցախի Արայիկը) եւ ընկերներ 2019-ի հոկտեմբերին ինչո՛ւ որոշեցին համալսարան մուտքի համար հայագիտական որոշ նիւթեր ջնջել քննութիւններու ցանկէն: Հերիֆները չեն ուզեր, որ նոր սերունդը ծանօթանայ, կապ ունենայ մեր հին ու նոր պատմութիւններուն հետ, իսկ ունեցողն ալ ուղեղալուացքի կ՛ենթարկեն, որպէսզի մոռնայ եւ օր մըն ալ միայն զիրենք ընդունի իբրեւ «պատմական ճշմարտութեանց» ռահվիրայ եւ աղբիւր: Երբ պատմութիւն եւ ճշմարտութեանց յիշողութիւնը ջնջուին, շատ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ զանգուածը համոզելը, որ մենք` հայե՛րս սխալներ գործած ենք դարեր շարունակ, Արցախը Ազրպէյճանին պատկանած է… Ազրպէյճանի գոյառումէն շա՜տ առաջ, իսկ վաղը, երբ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ալ, պատմական դաժան նախընթացներուն հետեւողութեամբ, չիք դառնայ, Փաշինեան կրնայ դառնալ մարզպան, իսկ իր գործակիցները` համապատասխան իշխանիկներ:

Ախորժակները կրնան այդքանով չյագենալ, որովհետեւ «ախորժակը (ի վերջոյ) ուտելով կը բացուի»: Չէ՞ որ Էրտողանն ալ Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ ախորժակներ ունի. Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան եւ գործակցութեան էջը բանալու սիրոյն հերիֆը կրնայ ընդունիլ Էրտողանի նախապայմանները` հրաժարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն, Արեւմտեան Հայաստանի պահանջատիրութենէն, Արցախի մնացեալ պատառիկէն (եթէ այս բոլորը արդէն չէ ըրած կամ խոստացած), ուրեմն նոր «սուլթանն» ալ կրնայ այս հայանուն արարածներուն (եթէ մինչ այդ անուանափոխ չըլլան) վստահիլ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հովանաւորութիւնն ու տնտեսումը:

Ահա թէ ինչպիսի՛ ապագայ կայ Հայաստանի մէջ: Ահա թէ ինչպիսի՛ լիազօրութիւններ ստացած են Փաշինեան եւ ընկերները` 20 յունիսի ընտրութիւններուն ճամբով:

***

Սակայն ամէն բան «տժգոյն ու դժբախտ» չէ, ինչպէս որակուեցաւ Շուշին` տարի մը առաջ: Ո՛չ միայն Հայաստանի ընդդիմադիր ճակատը, այլ նոյնինքն Արցախը` իր ընդդիմադիրներով ու արտաքին գործոց նախարարով, մինչեւ իսկ Փաշինեանի «պոչիկը» դարձած իր նախագահով կը յայտարարեն, որ Փաշինեան շրջանցած է իր լիազօրութիւնները, կ՛ոչնչացնէ ո՛չ միայն արցախեան պայքարին արդիւնքները, այլ նաեւ աննախընթաց վտանգի տակ կը դնէ հայկական պետականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, գոյութեան իրաւունքն իսկ: Վահան Մամիկոնեանի ժառանգութիւնը այսօր ալ կ՛ապրի ողջ հայութեան մէջ, եւ փաշինեանասէրներուն կը մնայ բանալ աչքերն ու ուղեղները, օր առաջ վերականգնել Հայաստանին, Արցախին ու մեր պետականութեան տիրութեան կամքը:

Ահաւոր վնասներ կրա՞ծ ենք. ո՛չ մէկ վէճ ու կասկած: «Վնասին ո՛ր կէտէն ալ դառնաս, շահ է», ըսուած է: Դառնալէն ետք կայ նաեւ լիարժէք վերականգնումի մարտահրաւէրը, որ գետին պիտի չձգուի հայութեան ձեռքերուն միացումով եւ մարզպանամէտներուն չէզոքացումով:

28 դեկտեմբեր 2021

Նախորդը

«Կամաւորական Շարժում» Կազմակերպութեան Նախագահ Հրանդ Մարգարեանի Խօսքը` Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցած ՀՅԴ-ի 131-Ամեակին Հանդիսութեան

Յաջորդը

Նորը Եկաւ, Բայց Հինը Մնաց

RelatedPosts

Դժուա՞ր Բան Է Հայ Ըլլալը (Թարթափումներ)
Անդրադարձ

Կինը Եւ Պատերազմը

Մայիս 21, 2022
Հրաժեշտի Խօսք (Յովհաննէս Աբրահամեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Հրաժեշտի Խօսք (Յովհաննէս Աբրահամեանի Յիշատակին)

Մայիս 21, 2022
Ծառայութեամբ Յատկանշուած Համակ Կեանքը Մը (Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Ծառայութեամբ Յատկանշուած Համակ Կեանքը Մը (Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի Յիշատակին)

Մայիս 21, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In