Անդրադարձ

Տարեվերջի Խմբագրական Նիւթեր (Գ.) Գաղափարական

Յիշարժան Փորձառութիւն Մը` Դաշնակցական Գաղափարաբանական Մամուլի Պատմութեան Մէջ

 ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 95-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծրագրաւորման եւ յատկապէս այս յատուկ թիւի ձեւաչափի ճշդման յատկացուած խմբագրական կազմի ժողովներուն ընթացքին քանի մը անգամ հնչեց այն միտքը, թէ արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած, որ խմբագրակազմի այն անդամները, որոնք քիչ թէ շատ երկար ճամբայ կտրած են թերթին ընտանիքին հետ, սկսին գէթ սաղմնային կերպով իրենց անցած ճամբուն յիշատակներուն մասին գրել: Այս միտքը յառաջացաւ այն իրողութենէն,...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

«Ազդակ« 95-ամեակ. «Ազդակ»-ը` Լիբանանահայութեան եւ Սփիւռքի Փնտռուած Օրաթերթը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Լիբանանահայերէն շատերուն համար «Ազդակ» օրաթերթը եղած է եւ է առօրեայ ընթերցումի, ծանօթութեան եւ զբաղումի միջոց մը: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ նախկին լիբանանահայերուն մասին, որոնք ամէնուրեք տարածուած են եւ համացանցին միջոցով կը շարունակեն կարդալ թերթը: Այդպէս կ՛ըսեն ծանօթներս եւ ազգականներս: Ի՞նչ է գաղտնիքը: Գաղտնիքը նոյնինքն յարատեւութեան մէջ է, որ կը կայանայ: 95 տարիներ շարունակ լոյս տեսած օրաթերթ մը...

Սպասում

Ուղերձ

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Ազդակ» կը հրապարակուի Լիբանանի մէջ, բայց կ՛ընկալուի ամէնուր: Այս առումով անիկա երեւոյթ մըն է, որ հազիւ թէ ունենայ բաղդատելի զուգահեռ: «Ազդակ» գրեթէ անխափան լոյս տեսած է եւ կը տեսնէ դաժան պայմաններու տակ` ի գին մեծ զոհողութիւններու: Հարկ է այդ հանգամանքները ըստ արժանւոյս գնահատել: «Ազդակ» պարբերաբար տեղ կու տայ տարախոհ  յօդուածներու: Այդ իր կարգին բարոյական արժանիք է: Այժմ...

Գաղափարական Առաջնորդը

Գաղափարական Առաջնորդը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Երկարամեայ գոյութեան տարեդարձի նշումը անցեալէն աւելի ներկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման պէտք է ծառայէ: 95 տարիներ ամբողջ «Ազդակ» անխափան լոյս տեսած է: 95 տարիներ, շաբաթը վեց օր օրաթերթը տեղեկացուցած է, մեկնաբանած, լուսաբանած եւ հանրային կարծիք ձեւաւորած: Սկիզբը` 4 էջ, ապա` 6, աւելի ուշ` 8 եւ 10 էջ, «Ազդակ» այժմ վերադարձած է 8 էջի ծաւալին: Իր գոյութեան սկիզբէն շուրջ երեսուն տարիներու...

«Ազդակ»-ն ու Ես

«Ազդակ»-ն ու Ես

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ «Ազդակ»-ի հետ իմ ճանապարհորդութիւնս տարիքիս համազօր է, որովհետեւ օրաթերթը մեր տան մէջ մնայուն ներկայութիւն է` բացի անկէ, որ հայրս աւելի քան 30 տարի «Ազդակ»-ի ցրուիչը եղած է, «Ազդակ»-ը ոչ միայն մեր տան մաս կը կազմէ, այլեւ «Ազդակ»-ի խմբագրատունը տուն է ինծի համար: Մանկութեանս, «Ազդակ»-ը հօրս «Լէնտի»-ին ետեւ ամրացուած կանաչ պայուսակի մէջ զետեղուած թերթերու տրցակներն էր, որոնցմէ մէկ հատը...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Մեր Երդիքը Պարտաւոր Է «Երիտասարդանալ» (Ազդակ – 95-ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Բացառուած է որեւէ լրատուական ցանցի` ինքնիրեն հետ խօսիլը»: ՂԱՍՍԱՆ ՊԸՆ ԺԸՏՏՕ (Վաստակաւոր լրագրող-վերլուծաբան) Մաշտոցեան լեզուն գեղեցկօրէն բնորոշած է վերեւ յիշուած երիտասարդանալ չէզոք բայը: Կը կարդանք սա հոմանիշները` երիտասարդ դառնալ, աշխուժանալ, կենսաւորուիլ եւ այլն: Այլ հարց է, անշուշտ, թէ որքանո՞վ մեր հաւաքական կեանքին մէջ նման բառերու իմաստն ու գործադրութիւնը կ՛ապահովենք, միջավայր, հարթակ ու մթնոլորտ կը պատրաստենք յանուն ապագայ սերունդներու...

«Ազդակ»-ի  Նաւատորմիղը Կը Դիմադրէ Բոլոր Փոթորիկներուն` Յարձակողական Ռազմավարութեամբ

Մօտեցաւ 100 Տարին

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Սովորաբար, երբ  գիւղատնտեսական աշխատանքները  կը հասնին իրենց աւարտին, գործերս կը նուազին, եւ կը սկսիմ «Ազդակ»-ը կարդալ առաւօտեան եւ ոչ թէ գիշերները, ինչպէս կ՛ըլլայ ընդհանրապէս տարուան մնացեալ ամիսներուն ընթացքին: Հոս է, որ տեղացի յաճախորդներս, տեսնելով օրաթերթը սեղանիս վրայ, միշտ հարց կու տան. - Այս թերթը այսօրուա՞ն թիւն է: - Այս թերթը ո՞ւր կը տպուի, հո՞ս, Այնճարի մէջ, թէ Պէյրութի:...

Տեսակէտ.   Աղօթք Փարիզի Նոթր Տամ Եկեղեցւոյ Մէջ

«Ազդակ»… Մտքի Ու Հոգիի Սնունդի Աղբիւր

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ 1975-ի աշնան ծնողքս զիս ուղարկեց Պէյրութ` իբրեւ գիշերօթիկի աշակերտ Ն. Փալանճեան Ճեմարանի, աւարտելէ ետք Քեսապի Ազգային ուսումնասիրաց վարժարանը (այդ օրերուն նախակրթարան, այժմ` երկրորդական Ճեմարան): Այնտեղ հետս վերցուցած ու տարած էի ծնողացս ու իմ ուսման պապակս, իսկ Ճեմարան այդ ծարաւը յագեցնելու յորդառատ աղբիւրն էր: Ն. Փալանճեան ճեմարանը, իր դասարան ու դասապահներէն զատ ունէր մեծ գրադարան-մատենադարանը, որուն պատասխանատուներն էին...

Թերթը` Իմ Աչքով

Թերթը` Իմ Աչքով

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Տարուբերեմ ձեզ անձնականին եւ ընդհանրականին միջեւ Նեղութիւն կը զգայի թերթ բռնած ժամանակ. ա՛լ աւելի նեղութիւն կը պատճառէին անոր մեծ ու չկցուած էջերը, երբ պզտիկ ձեռքերովս չէի կրնար պահել զանոնք բոլորը մէկ, եւ ամէն ինչ իրար կ՛անցնէր: Ի վերջոյ, յանձնուելով, մէկ կողմ կը դնէի թուղթերու այդ խառնարանը` յանցաւորի մը զգացումով, եւ կը մտահոգուէի. «Արդեօք մէկը պիտի կրնա՞յ ետ շտկել...

aztag-f

Ազդակասիրութեանս Ծննդոցը

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Հայ մամուլը իր էութեամբ ու կոչումով առաքելութիւն ըլլալով, կոչուած է վերանորոգ յանձնառութեամբ ջատագովը հանդիսանալ մեր ինքնութեան էական տարրերը կազմող հոգեւոր, բարոյական, ընկերային, մշակութային ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, իտէալներուն ու խորհրդանիշներուն»: «Հայ մամուլի տարի» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կասկածէ վեր է, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ մամուլը իբրեւ տեղեկատուական բնագաւառ աշխարհին մէջ ամէնէն հզօր եւ ազդու միջոցներէն...

Մեծ Իրաքէն Փոքր Հայաստան

Հայակեդրոն Մամուլի Ջատագովը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Ընդհանուր քարտուղար` Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն «Սփիւռքը զգուշ պէտք է ըլլայ թէ՛ հայաստանակեդրոն, եւ թէ՛ սփիւռքակեդրոն մտածողութեան մէջ ինքզինք բանտարկելէ: Իր կիզակէտը պէտք է դառնայ հայակեդրոն մտածողութեան զարգացումը»: ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի»` նպատակ ունենալով սփիւռքը «վերակազմակերպել եւ վերաշնչաւորել»: «Ազդակ» այսօր կը յիշատակէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը: Եթէ...

Խորհուրդ Ծննդոց («Ազդակ» Օրաթերթի 95-ամեակին Առիթով)

Խորհուրդ Ծննդոց («Ազդակ» Օրաթերթի 95-ամեակին Առիթով)

ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ 95 տարեկան «Ազդակ» օրաթերթի 60 տարուան ընթերցող եմ: Հայոց լեզուի ուսուցիչս` պրն. Յակոբ Սահակեան, կը կարդար մեզի լաթաքիաբնակ մեծ վիպասան Սմբատ Փանոսեանի շատ գեղեցիկ նկարագրութեամբ պատմուածքները, ինչպէս նաեւ հետը կը բերէր հայկական թերթեր, որոնցմէ մէկն էր Պէյրութ հրատարակուող «Ազդակ» օրաթերթը: Աւարտեցի նախակրթարանը, շարունակեցի ուսումս միջնակարգ եւ երկրորդական` արաբական դպրոցներու մէջ: 1970-ին Դամասկոս տեղափոխուեցայ` ուսումս շարունակելու: Այդ տարի...

«Պարտութեան Եւ Պատերազմի Խորհրդանիշ Ուժը Չի՛ Կարող Ապահովել Խաղաղութիւն»  Իշխան Սաղաթէլեան

«Պարտութեան Եւ Պատերազմի Խորհրդանիշ Ուժը Չի՛ Կարող Ապահովել Խաղաղութիւն» Իշխան Սաղաթէլեան

Հայաստանի համար բարդագոյն ժամանակներում մշտապէս զգացել ենք ձեր աջակցութիւնը: Հայրենիքի ցաւով, նրա յաղթանակներով, պարտութիւններով ու ձեռքբերումներով ապրող, նրա ապագայի համար պայքարող, ջանք ու եռանդ չխնայող ձեր տեսակը մշտապէս մեր կողքին է եղել: Դաշնակցութեան պատմութեանը ծանօթ իւրաքանչիւր ոք կը վկայի, որ հայրենիքի եւ ժողովրդի ազատագրութեան դատին ծառայող կազմակերպութեանը ոչ միշտ է բախտ վիճակուել իր բարձրագոյն ժողովները գումարել հայրենիքում: ՀՅ Դաշնակցութեան 33...

Սլաք.  Վա՞տը, Թէ՞ Յոռեգոյնը

Սլաք. Վա՞տը, Թէ՞ Յոռեգոյնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 21 փետրուարին ճանչցաւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութիւններուն անկախութիւնը: 22 փետրուարին Տուման միաձայնութեամբ վաւերացուց այդ հանրապետութիւններու ճանաչման եւ անոնց հետ բարեկամութեան ու համագործակցութեան համաձայնութիւնները: Փութին Տումայէն «Կանաչ լոյս» ստանալէն անմիջապէս ետք ստորագրեց նշեալ հանրապետութիւններ զօրք մտցնելու որոշումը, որ ներառուած էր անոնց ճանաչման հրամանագիրներուն մէջ: Երկու օր ետք` 24 փետրուարին, Փութին յայտարարեց Տոնեցքի եւ Լուկանսքի...

Առաջնորդական Պատգամ.  Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

Մանրապատումներ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ (27) Ձմեռ է: Տեղատարափ անձրեւ կու գայ: Վեհարանն ենք եւ միաբանական թափօրով վեհափառ հայրապետը կիրակնօրեայ սուրբ պատարագին պիտի տանինք: Արտակ արք. Մանուկեան երկինք կը նայի եւ կ՛ըսէ. «Երկինքը էսօր խլինքոտ է»: Գերզգայուն Սահակ արք. Այվազեան կը հակադարձէ. «Ա՛ռ քեզի բանաստեղծ...»: Պատարագէն ետք դարձեալ թափօրով վեհարան կը վերադառնանք եւ Սահակ սրբազան իր երաժիշտի գնահատականը կու տայ. «Այսօրուան պատարագի...

Իրանի Հարկադրական Արտաքին Քաղաքականութիւնը` Հարաւային Կովկասի Մէջ

Իրանի Հարկադրական Արտաքին Քաղաքականութիւնը` Հարաւային Կովկասի Մէջ

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Իրանի դեսպանատան մէջ հանդիպում` 9 փետրուար 2022-ին Այս խօսքը արտասանեցի «Հայաստան-Իրան պատմական անցեալը եւ ներկան» միջազգային խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, 9-10 փետրուար 2021-ին: Անիկա նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին եւ կազմակերպուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպանութեան մշակութային կեդրոնին եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկին եւ Երեւանի...

«Արեան Գնով Ձեռք Բերուած Մեր Յաղթանակը Ոչնչացնելու Այս Ընթացքը Պէտք Է Կասեցուի»  Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Արեան Գնով Ձեռք Բերուած Մեր Յաղթանակը Ոչնչացնելու Այս Ընթացքը Պէտք Է Կասեցուի» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի արտասանած խօսքը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, 28 փետրուար 2022-ին: Մի քանի շաբաթներ առաջ, փետրուար 5-ին, Երեւանի մէջ նշուող ՀՅԴ օրուան առթիւ մեր խօսքին ընդմէջէն մեր ժողովուրդին ներկայացուցինք 2021 տարուան մեր հաշուետուութիւնը եւ պարզեցինք Դաշնակցութեան դիրքորոշումները այսօրուան հիմնախնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ: Դաշնակցութիւնը, քաղաքական ուժ...

Աստուծոյ Կտակը

Երկրէն Երկինք Անցնելու Ուղին…

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Դպրեվանք Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Պահեցողութիւնը զէնք մըն է, որով կը կռուինք մեղքի ալիքներուն դէմ եւ կը ճամբորդենք դէպի երկինք» Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ Կան անձեր, որոնք կ՛ուզեն պահեցողութենէ հեռու մնալ` պատճառաբանելով, որ «պահքը այնքան ալ կարեւոր բան մը չէ հոգեւոր կեանքը զօրացնելու համար», «ես աղօթքով ալ կրնամ իմ հոգեւոր կեանքս զօրացնել», «եթէ միս չուտեմ, մեղքերս պիտի...

Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններն Ու Ազրպէյճանական Եւ Ռուսական Գործօնները

Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններն Ու Ազրպէյճանական Եւ Ռուսական Գործօնները

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը անգամ դիմեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` առաջարկելով երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ «առանց նախապայմաններու» բանակցութիւններու սկսիլ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու օրին կատարեց յայտարարութիւն մը` նշելով, որ Անգարան իր բոլոր քայլերը կը համակարգէ Պաքուի հետ, Թուրքիան սահմանի բացման որոշումը պիտի տայ Ազրպէյճանի հետ համաձայնելէ ետք միայն,...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. «Ուքրանիոյ Տագնապը Ուքրանիոյ Մասին Չէ, Այլ` Գերմանիոյ Համար» Եւ Ի՞նչ Է Կապը Արցախի 44-օրեայ Պատերազմին Հետ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Առաջին տողը խորագիրն է 11 փետրուար 2022-ի «Տը Ունզ Ռիվիու»-ի (The Unz Review) մէջ Մայք Ուիթնիի յօդուածին (1), որ կը ներկայացնէ Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ հանդէպ Միացեալ Նահանգներուն աշխարհաքաղաքական հիմնական եւ անփոփոխ ռազմավարութիւնը, որուն հետեւանքն է այս շինծու տագնապը: 20 յուլիս 2020-էն 27 յուլիս 2021, 14 յօդուածներով (ցանկը եւ կապերը տես վերջաւորութեան) այս նիւթին շուրջ անդրադարձ կատարած էի, յատկապէս`...

Page 273 of 807 1 … 272 273 274 … 807

Արխիւներ