Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 21 փետրուարին ճանչցաւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութիւններուն անկախութիւնը: 22 փետրուարին Տուման միաձայնութեամբ վաւերացուց այդ հանրապետութիւններու ճանաչման եւ անոնց հետ բարեկամութեան ու համագործակցութեան համաձայնութիւնները:
Փութին Տումայէն «Կանաչ լոյս» ստանալէն անմիջապէս ետք ստորագրեց նշեալ հանրապետութիւններ զօրք մտցնելու որոշումը, որ ներառուած էր անոնց ճանաչման հրամանագիրներուն մէջ: Երկու օր ետք` 24 փետրուարին, Փութին յայտարարեց Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու խնդրանքով Ուքրանիոյ մէջ յատուկ գործողութեան շղթայազերծումը:
Այդ յարձակումէն առաջ եւ անոր շղթայազերծումէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր յայտարարութիւններուն մէջ շարունակ կը նշէ, թէ Ուքրանիա ամերիկեան ուժ պիտի չուղարկէ, եւ թէ այդ ուժերը պիտի օգտագործէ միայն ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները պաշտպանելու համար: Նոյնիմաստ յայտարարութիւններ կատարեց նաեւ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը: Անոնք այդպիսով իրենց կարգին Մոսկուայի «կանաչ լոյս» տուին ու կու տան շղթայազերծելու եւ շարունակելու իր զինուորական գործողութիւնը:
Ստեղծուած կացութեան մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին յայտարարեց, թէ իր երկիրը առանձին ձգուած է Ռուսիոյ դէմ կռուելու եւ օտարերկրեայ կամաւորներու կոչ ուղղեց` ուքրանական ուժերուն կողքին կռուելու: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ շարք մը իսրայէլացիներ որոշած են ընդառաջել Ուքրանիոյ կոչին եւ անոր կողքին կռուիլ: Ըստ երեւոյթի, Հրէական ողջակիզումի այդ ժառանգորդները ուքրանացի նացիներուն հետ կողք կողքի պիտի կռուին…
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 26 փետրուարին յայտնեց. «Պատերազմը երկար պիտի տեւէ», եւ կոչ ուղղեց` նախապատրաստուելու Եւրոպայի համար երկարաժամկէտ հետեւանքներու: Այդ պատերազմը երկարատեւ հետեւանքներ պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին համար: Պատերազմի արդիւնքի երանգապնակը կը ներառէ Ռուսիոյ արագ յաղթանակը, Ռուսիոյ «Պիւրոսեան յաղթանակ»-ը, ինչպէս նաեւ բացայայտ պարտութիւնը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս տագնապի սկիզբէն ի վեր շատ յստակ ու անկեղծ կերպով կը խօսի իր ծրագիրներուն մասին` սրբագրել նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու իրաւունք տալու «մեծ սխալը»: Ան նաեւ յայտարարեց. «Ռուսիոյ ծրագիրները Ուքրանիոյ բռնագրաւում չեն ներառեր»: Ինչ որ մտածել կու տայ, թէ Փութին մտադիր է այդ «մեծ սխալ»-ը սրբագրել, ոչ թէ Ուքրանիան վերագրաւելով, այլ այդտեղ ռուսամէտ իշխանութիւն մը հաստատելով: Մոսկուա այդ ուղղութեամբ ժամանակ չի վատներ եւ արդէն ձեռնարկած է այդ աշխատանքին. «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը ուքրանական Խերսոն քաղաքի գրաւումէն մէկ օր ետք հաղորդեց, որ Խերսոնի քաղաքապետը օրաթերթին յայտնած է. «Ռուսական ուժերու հրամանատարը մեզի փոխանցեց, թէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի նմանութեամբ նոր կառավարման մարմին մը պիտի կազմէ»:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Ռուսիան կը յարգէ եւ պիտի յարգէ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու գերիշխանութիւնը եւ ատոր օրինակը Ղազախստանն է»: Մոսկուան Ուքրանիոյ մէջ յաղթելէ եւ այդտեղ ռուսամէտ իշխանութիւն հաստատելէ ետք, պիտի փորձէ նախապէս Խորհրդային Միութեան մաս կազմած մնացեալ հանրապետութիւններուն մէջ եւս նոյնը կատարել, ապա անոնց բնակչութեան` «ազատ կամքի արտայայտութեան» հիմամբ, զանոնք Ռուսիա-Պիելոռուսիա ընդհանուր պետութեան անդամ դարձնել` այդպիսով սրբագրելով «մեծ սխալ»-ը: Պարզ է, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ յաղթանակը Հայաստանի գերիշխանութեան համար վտանգ պիտի ստեղծէ:
Միւս կողմէ` Ռուսիոյ ուքրանական պատերազմէն տկարացած կամ պարտուած դուրս գալը Հայաստանի համար աւելի վտանգաւոր հետեւանք պիտի ունենայ, որովհետեւ պիտի ստեղծէ գոյութենական վտանգ մը` նկատի ունենալով թուրք-ազրպէյճանական չարիքի առանցքի գոյութիւնն ու ախորժակները:
Ուքրանիոյ մէջ ընթացքի մէջ է Հայաստանի առնչուած կացութեան մը ուրուագծումը, որ պիտի ամբողջանայ պատերազմի արդիւնքի յստակացումով: Կը թուի, թէ ատիկա կամ վատը պիտի ըլլայ, կամ ալ` յոռեգոյնը: