Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհուրդ Ծննդոց («Ազդակ» Օրաթերթի 95-ամեակին Առիթով)

March 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ

95 տարեկան «Ազդակ» օրաթերթի 60 տարուան ընթերցող եմ: Հայոց լեզուի ուսուցիչս` պրն. Յակոբ Սահակեան, կը կարդար մեզի լաթաքիաբնակ մեծ վիպասան Սմբատ Փանոսեանի շատ գեղեցիկ նկարագրութեամբ պատմուածքները, ինչպէս նաեւ հետը կը բերէր հայկական թերթեր, որոնցմէ մէկն էր Պէյրութ հրատարակուող «Ազդակ» օրաթերթը:

Աւարտեցի նախակրթարանը, շարունակեցի ուսումս միջնակարգ եւ երկրորդական` արաբական դպրոցներու մէջ:

1970-ին Դամասկոս տեղափոխուեցայ` ուսումս շարունակելու:

Այդ տարի Բարենորոգչական շարժումին միջոցով Սուրիոյ նախագահ ընտրուեցաւ զօր. Հաֆեզ Ասատ:

Պէյրութէն մեծ շքախումբով Դամասկոս ժամանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոս` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայ երեսփոխաններու եւ Բերիոյ թեմի Հալէպի ու Սուրիոյ այլ քաղաքներու հոգեւոր առաջնորդներու, ազգայիններու` շնորհաւորելու  Սուրիոյ նորընտիր նախագահը:

Այդ օրէն նոր էջ մը բացուեցաւ Սուրիոյ ու Լիբանանի միջեւ, եւ  արտօնուեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի մուտքը Սուրիոյ քաղաքներ ու աւաններ:

Հայոց ցեղասպանութեան 60-րդ տարելիցին առիթով այլ ձեռնարկներու կողքին կազմակերպուած էր գծանկարներուս ցուցահանդէսը. այս առիթով Դամասկոսի ՍՕԽ-ի ատենապետը, որ միաժամանակ «Ազդակ»-ի թղթակիցն էր`  Մարի Ֆիլհանէսեան-Պապիկեան, շատ խորհրդաւոր կերպով գրած էր Մեծ եղեռնին նուիրուած մշակութային ձեռնարկներուն մասին:

1982-ին Հայաստան մեկնեցայ` բարձրագոյն, նեղ-մասնագիտական ուսումս շարունակելու: Հինգ տարի մնացի մայր հայրենիքի մէջ, ուսանեցայ եւ գիտական հետազօտութիւններ կատարեցի,  հրատարակեցի աշխատանքիս արդիւնքները եւ ստացայ դոկտորականի աստիճանս: Այդ շրջանին «Ազդակ» օրաթերթ չկար Հայաստանի գրախանութները, բայց վստահաբար զայն կը ստանային հիմնարկները:

Վերադարձայ ծննդավայրս եւ մասնագիտութեամբս գործեցի: Միեւնոյն ժամանակ գրութիւններս սկսայ ղրկել Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթին եւ Լիբանանի «Ազդակ»,  «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն, որովհետեւ ինծի համար հայ թերթը ազգային սրբամատեան եղած է եւ է մինչեւ օրս ու յաւիտեան:

Երեք շրջան` տասներկու տարի, եղած եմ Թաղական խորհուրդի ատենադպիր. այդ շրջանին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի անմիջական ջանքերով կառուցուեցաւ Լաթաքիոյ Սրբոց Նահատակաց միջնակարգ ազգային վարժարանը: Շինարարական աշխատանքին անդրադարձած եմ տասը յօդուածներով, ուր նկարագրած եմ վարժարանի կառուցման գործընթացը:

Հակառակ ամէն ինչի, միշտ ալ հաւատարիմ մնացած եմ իմ սկզբունքիս եւ անսահման սէր ու յարգանք տածած եմ մեր հայկական բոլոր օրաթերթերուն, անոնց խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն նկատմամբ:

Ահա արդէն երեսունհինգ տարիներէ ի վեր կը գրեմ ու կը կարդամ:

Հարիւրներէ  աւելի յօդուածներ ստորագրած իմ գրիչով` մշակութային, ազգային եւ գիտական նիւթերու շուրջ:

Շուրջ տարիէ մը ի վեր կը գտնուիմ հայրենիքին մէջ: Ահա այդտեղէն կը գրեմ «Ազդակ» օրաթերթին մասին:

Դիմատետրի միջոցով կապ կը հաստատեմ թերթի խմբագրութեան հետ ու ելեկտրոնային հասցէիս նամակներ կը ստանամ:

«Ազդակ» շուրջ տասը տարիէ ի վեր ունի նաեւ արաբերէնով իր կայքը, որուն պատասխանատուն Դամասկոսէն դոկտ. Նորա Արիսեանն է. հոն եւս լոյս տեսած են յօդուածներէս քանի մը տասնեակ:

«Ազդակ»-ն ու հայկական բոլոր թերթերը իրենց աւանդական հրատարակութեան զուգահեռ անպայման ունին իրենց ելեկտրոնային տարբերակները` կայքերը, ընկերային հարթակներու վրայ էջեր, որովհետեւ այսօրուան պահանջները փոխուած են, պէտք է անոնց հետ քայլ պահել:

Աշխարհ մոլորակը այժմէական դարձած ու մէկ տուն եղած է` իր տարբեր բնակիչներով: Այսօր ձեռքիդ մէջ եղած բջիջայինով վայրկենական կերպով կրնաս կապ հաստատել ոեւէ անձի հետ, ուր ալ ըլլայ ան, հասնիլ ուզած լուրիդ, կայքիդ, կարդալ եւ լիցքաւորուիլ:

Առ ի հետաքրքրութիւն պրպտումներ կատարած եմ «Կուկըլ»-ի միջոցով: Գտայ, որ Յունաստանի «Ազատ օր» թերթը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն մինչեւ այսօրուան թուականը թերթին պատճէնը տեղադրած է համացանցի վրայ, ընթերցողը կրնայ գտնել ու կարդալ:

Հաստատ` բոլոր թերթերը, եթէ այսօր չէ, ապագային այդ ձեւով նաեւ արխիւ կը մտնէ: Կը փնտռես ոեւէ անուն եւ վայրկենական պիտի կարդաս ու գտնես հարցումիդ պատասխանը:

Փորձեցի ու գրեցի անուն-մականունս. ահա բոլոր հրատարակած յօդուածներս աչքիս առջեւ ելան, նաեւ` «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքին պարագային: Այս կը նշանակէ, որ մեր հին թերթերը նորօրեայ պայմաններուն յարմարած են արդէն ու կը մնան տիրական ներկայութիւն:

«Ազդակ»-ը այսօր իննսունհինգ տարեկան ծաղկուն պտղատու երիտասարդ է եւ կը շարունակէ կատարել իր մարդկային ու հայրենասիրական պարտականութիւնը: Արդիական է գունազարդ նկարներով, գեղեցիկ հայկական տառերով:

Ամէն առաւօտ «Ազդակ» թերթը կը կարդամ ափիս մէջ եղող բջիջայինով եւ փափաքած ժամուս` հրատարակուած թուականը ի՛նչ ալ ըլլայ:

«Ազդակ» ձեռքիդ կ՛ըլլայ ուր որ ես: Կը մնայ, որ հայորդիները մուտք գործեն կայք ու կարդան:

«Ազդակ» իր հիմնադրութեան օրէն եղած է, իր անուան նման, խթանիչ ուժ, անոր էջերը եղած են քաջալերող, բարի միտքի, ազնիւ ու ազգային գաղափարի ձայն, սիրտն ու հոգին լիցքաւորող, հայու անպարտ ոգին բարձր եւ հպարտ պահող:

Բոլորին  համար ու բոլորի սիրոյն կը գործէ` իր բազմազան ու բազմամաս բաժիններով տարածելով հայոց լեզուի  բուրմունքը Լիբանանէն հայոց ու ամբողջ աշխարհ:

Ծնունդդ շնորհաւո՛ր հայոց «Ազդակ», ես քու զինանշանիդ աղաւնեայ փետուրէ գրիչն եմ:

Գնահատանքի ու հպարտութեան խօսքս` «Ազդակ»-ի անցեալի թէ այսօրուան հրատարակութեան նուիրեալ պատասխանատուներուն, խմբագիրներուն ու ամբողջ անձնակազմին:

Ու ես ալ, ինչպէս որ էի ու եմ.
«Զինուոր եղայ, Սուրբ Մեսրոպայ,
Բալասանայ,
Ծառ ես դարձայ»:
«Մատեան Քաջաց» (Ն. Մ.)

Երեւան

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հայակեդրոն Մամուլի Ջատագովը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.