Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազդակասիրութեանս Ծննդոցը

March 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Հայ մամուլը իր էութեամբ ու կոչումով առաքելութիւն ըլլալով,
կոչուած է վերանորոգ յանձնառութեամբ ջատագովը հանդիսանալ
մեր ինքնութեան էական տարրերը կազմող հոգեւոր, բարոյական,
ընկերային, մշակութային ու ազգային արժէքներուն
ու աւանդութիւններուն, իտէալներուն ու խորհրդանիշներուն»:

«Հայ մամուլի տարի»
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Կասկածէ վեր է, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ մամուլը իբրեւ տեղեկատուական բնագաւառ աշխարհին մէջ ամէնէն հզօր եւ ազդու միջոցներէն մէկը կը նկատուի: Ան կրնայ յեղափոխութիւններ յառաջացնել, իշխանութիւններ քանդել, միւս կողմէ սերունդներու համար ուղեցոյց ու հանրագիտարան դառնալ եւ անշուշտ ձեւով մըն ալ ինքնազարգացման դպրոց է: Մամուլի ծագումը կ՛երթայ Ն.Ք.: Իսկ հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական պատմութեան մէջ հայ մամուլի մեկնարկը կը կատարուի 1794-ին` «Ազդարար»-ի հիմնադրումով, որուն վիճարկուած էր դառնալ ազգին հասարակական, քաղաքական, մշակութային կեանքի տարեգիրքը:

19-րդ դարուն, երբ հիմնուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, հիմնեց նաեւ իր մամուլը` «Յառաջ»-ը, որ իր գաղափարական եւ քաղաքական աշխուժ գործունէութեամբ մեծ հեղինակութիւն դարձաւ հայ իրականութեան արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներուն մէջ: Այս առումով դաշնակցական գործիչները ճկուն էին թերթերու հրատարակութիւնը կազմակերպելու աշխատանքին մէջ: Սակայն հարկ է ընդգծել, որ ՀՅԴ մամուլին եւ անշուշտ այլ պարբերականներու նպատակն էր Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումն ու հայ ժողովուրդի ինքնորոշման անհրաժեշտութիւնը:

Յետեղեռնեան իրականութեան մէջ, սփիւռքի սիրտը հանդիսացող Լիբանանի մէջ, ՀՅԴ-ի օրկան հանդիսացող «Ազդակ» օրաթերթի հիմնադրութիւնը վստահաբար նոյն գաղափարական սկզբունքներու տարածման առաքելութիւնն էր, որ պիտի կատարուէր: Արդարեւ, 95 տարիներ շարունակ «Ազդակ» օրաթերթը գաղափարական դպրոց ու դարբնոց հանդիսացաւ ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ սփիւռքի բազմաթիւ հայ գաղթօճախներուն, ինչու ոչ նաեւ` հայրենիքին: Առօրեայ տեղեկատուական մարզ ըլլալէ բացի, «Ազդակ» օրաթերթը հանապազօրեայ գաղափարական սնունդ եղաւ քանի՜-քանի՜ սերունդներու: «Ազդակ»-ի 95-ամեայ յոբելեանին առիթով հարկ է խոստովանիլ, որ այս թերթը` իր նիւթերու իւրայատկութեամբ, վերլուծական բաժիններով, ազատ մտածողութիւնը քաջալերող ու երբեմն նաեւ ինքնաքննադատական յօդուածներով ձեւով մը ընթերցողը մղեց ու տակաւին կը մղէ գաղափարական միտքի զարգացման, հայախօսութեան եւ ան հայ ինքնութեան պահպանման առաջատարի պատնէշին վրայ մնաց, ինչ որ կը նշանակէ, թէ թերթը իր առաքելութեան մէջ յաջողած է:

Անշուշտ թերթ կարդալու սէրը ինքնըստինքեան չի պատահիր: Գործօն մը, տիպար մը, միջավայր մը կը նախապատրաստուի, եւ կը մղեն քեզ սնունդի նման փնտռելու զայն: Եւ այսպէս եղաւ իմ ազդակասիրութիւնս: Ուրկէ՞ ծնունդ առաւ «Ազդակ»-ի հանդէպ սէրս: Երբ նախակրթարանի չորրորդ դասարանի աշակերտ էի Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ, հայոց լեզուի ուսուցչուհիս` օրդ. Մարի Ճինպաշեանը, նաեւ մեր դաստիարակն էր: Ան ամէն առաւօտ դաստիարակի քառորդժամեայ պահուն «Ազդակ» կը կարդար մեզի, մեր տարիքին յարմար յօդուած – գրութիւններ, որոնք անձս մղեցին ընթերցասիրութեան: Այնուհետեւ այլ ուսուցիչներ եւս քաջալերեցին զիս, որպէսզի «Ազդակ» օրաթերթը կարդամ: Եւ ընթացք առաւ «Ազդակ»-ի հանդէպ սէրս: Ամէն օր կը հանդիպէի «Սարդարապատ» ակումբի թաղին մէջ սուրճ եփող Պապուկին (Եսայի Ապտալեան), որ թերթ ալ կը վաճառէր: Երբ ուշանայի առաւօտուն թերթ գնելու, կէսօրին կը շտապէի գնելու զայն, եւ Պապուկը ժպիտով մը կ՛ըսէր. «Այո՛, պապուկ, թերթդ պահած եմ»: Թերթ կը գնէի երբեմն նաեւ առօրեայ սնունդս զոհելու ի գին: Թերթը գնելէս ետք կը մեկնէի Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ` ազատ ժամերուս ընթերցելու եւ ըմբոշխնելու համար զիս հետաքրքրող յօդուածները: Ահա հոս կը կայանայ նաեւ հայ վարժարանին եւ հայ ուսուցիչին անուրանալի դերը սերունդներու ներշնչարան հանդիսանալու եւ թերթ կարդալու ու առաւել ընթերցասիրութիւնը քաջալերելու նուիրական առաքելութեան մէջ: Օրին շատ կը սիրէի ընթերցել աշակերտական ինքնագիր շարադրութիւն – յօդուածները, Զաւարեանական էջը, Սարգիս Մահսէրէճեանի կուռ յօդուածները: Ընթերցանութեանս առանցքային բաժինը կը գրաւէին Շահանդուխտին յօդուածները, որոնք մեր կեանքին երբեմն սխալ երեւոյթներն ու յոռի բարքերը, երբեմն ալ գաղութի յաջողութիւնները կ՛արծարծէին:

Այո՛, երբեք չեմ զղջացած, որ հայ ինքնութեան պահպանման հիմնաքար հանդիսացող ՀՅԴ-ի մամուլի օրկան «Ազդակ» օրաթերթի բուռն ընթերցող, ապա վերստուգող սրբագրիչ եւ յօդուածագիր եղած եմ: Շատ բան կը պարտիմ «Ազդակ»-ին: Առանց անոր մեր քաղաքական միտքի կազմաւորումը, մեր կեանքը առհասարակ անջրդի ու թերի պիտի ըլլար: Այս յօդուած-խոստովանութիւնս ալ կը մաղթեմ, որ ներշնչարան հանդիսանայ նոր սերունդին, որոնք, համաշխարհայնացման ներկայ հոսանքին եւ յորձանուտին մէջ ընդգրկուելով, քիչ-քիչ կը հեռանան իրենց արմատներէն եւ հայութենէն: Թող «Ազդակ»-ի 95-ամեակը զարթուցիչ զսպանակը դառնայ բոլորիս եւ մղէ բոլորս համախմբուելու ու մեր ուժերը ներդրելու նոյն այդ վեհ, գերագոյն նպատակներուն, որոնց հաւատացին մեզ նախորդող մեր մեծերը, մեր տիպարները:

«Ազդակ»-ի 95-ամեայ յոբելեանին առիթով`

Յարգա՛նք մամուլի բոլոր երախտաւորներուն,

Յարգա՛նք բոլոր գլխաւոր խմբագիր-տնօրէններուն,

Յարգա՛նք հայ դպրոցին եւ հայ կրթական մշակներուն,

Յարգա՛նք հայ մամուլը քաջալերող բոլոր նուիրատուներուն,

Յարգա՛նք ՀՅԴ-ի իրերայաջորդ Կեդրոնական կոմիտէներուն, որոնք «Ազդակ»-ի գոյատեւումը ապահովեցին:

Բարի երթ «Ազդակ»-ին` իր ջահը անմար պահելու նուիրական առաքելութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Հայակեդրոն Մամուլի Ջատագովը

Յաջորդը

Թերթը` Իմ Աչքով

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.