Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երիտասարդուհիները Պէտք Է Հաւատան, Որ Իրենք Մեծ Դեր Եւ Պարտականութիւն Ունին Ազգային Վերականգնման Աշխատանքին Մէջ» Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան

March 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց եւ արտագրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային պետական խորհուրդի անդամ եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեանի հետ, որ անդրադարձաւ ազգային կեանքին մէջ կիներու դերին կարեւորութեան:

«ՌԱԶՄԻԿ».- Կիներու եւ տղամարդոց միջեւ իրաւունքներու հաւասարութեան եւ տարբերութեան գիտակցութիւնը կարեւոր է: Կիները իրենց տարբեր յատկանիշներուն ընդմէջէն ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ կրնան բերել ազգային գործունէութեան մէջ:

ԼՈՒԻԶԱ ՊԱՊՈՅԵԱՆ-ԱԶԷԶԵԱՆ.- Կիներու եւ տղամարդոց միջեւ իրաւունքներու հաւասարութեան գիտակցութիւնը առաջին քայլն է սեռերու խտրութեան դէմ դնելու: Իսկ կիներու յատուկ յատկանիշները մեծ փոփոխութիւն կրնան բերել մեր ազգային, ինչպէս նաեւ քաղաքական կեանքին մէջ:

Կ՛ուզեմ անդրադառնալ երկու յատկանիշներու. առաջին` կիները կարողութիւնը ունին աւելի խաղաղ եւ շրջավայել լուծումներ գտնելու, նոյնիսկ ամէնէն բարդ հարցերու` գործածելով իրենց յարաբերական հմտութիւնները, որոնք փաստօրէն աւելի բարձր են կիներու մօտ, քան տղամարդոց: Նաեւ կարելի է յիշել, որ կիները համոզելու կարողութիւն ունին, որովհետեւ հարցին կը մօտենան ընդունակութեամբ ու նուազ մրցակցականութեամբ: Մտիկ կ՛ընեն բոլոր կողմերու կարիքները եւ հակամարտութիւններու մէջ փոխադարձ շահերը կը փնտռեն:

Երկրորդ կէտը այն է, որ կիները բնազդաբար աւելի հոգատար են, եւ ուսումնասիրութիւնները փաստած են, որ անոնք ունին աւելի բարձր զգացական խելացութիւն, այսինքն կը զգան դիմացինին հետ: Անոնք պատրաստ են պայքարելու ընկերային արդարութեան հասնելու համար: Աւելի՛ն. կարեւորութիւն կու տան ազգային արժէքներուն, կենսոլորտին եւ մանաւանդ ժողովրդավարութեան:

«Ռ.».- Ինչո՞ւ ներկայիս կարեւոր է աւելի բարձր համեմատութեամբ կիներու ներկայութիւնը ղեկավար մարմիններու մէջ:

Լ. Պ. Ա.- Շատ կարեւոր է աւելի բարձր համեմատութեամբ կիներու ներկայութիւնը ղեկավար մարմիններու մէջ: Նախ` որովհետեւ իրենց արդար իրաւունքն է մասնակից դառնալ այն որոշումներուն, որոնք կ՛առնչուին հանրութեան` տրուած ըլլալով, որ անոնք կը կազմեն հանրութեան կէսը: Այլեւս ընդունելի չէ անոնց բացակայութիւնը, որովհետեւ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու հարց ալ չկայ: Աւելի՛ն. ուսանողներու 58 առ հարիւրը աղջիկներ են:

Իսկ երկրորդ` ներկայիս տիրող փտածութեան մէջ կարեւոր է ունենալ ատակ կիներ, որոնք նուազ հակամէտ են կաշառակերութեան: Կ՛ուզեմ նաեւ անդրադառնալ, որ այսօր լիբանանեան իշխանութիւններու դէմ կայ ժխտական  մթնոլորտ մը, եւ թերեւս առիթն է օգտուելու կիներու հմտութիւններէն ու կարողութիւններէն` աւելի լաւ նոր ղեկավարութեան տարբերակ մը ներկայացնելու հանրութեան: Հոս կարելի է օրինակ տալ, որ «Քորոնա» ժահրի առաջին փուլերուն այն երկիրները, որոնց ղեկավարութիւնը ստանձնած էին կիները, կառավարուեցան աւելի ճիշդ ձեւերով, եւ իբրեւ արդիւնք` ունեցան նուազ զոհեր:

«Ռ.».- Ժամանակի ընթացքին ինչպիսի՞ փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ կիներու դերը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մէջ:

Լ. Պ. Ա.- ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան առաջին օրերէն իսկ պարզուած է հայ յեղափոխական կիներու դերակատարութիւնը` իբրեւ նուիրեալ հերոսուհիներ, որոնք պաշտպանած են հայրենիքն ու ընտանիքը ըլլա՛յ պատերազմի դաշտին վրայ, ըլլայ տուներու եւ դպրոցներու մէջ: Անոնք նաեւ հիմնած են կրթական ուսումնարաններ, կատարած են բարեգործութիւններ, տէր կանգնած են որբերու: Նշենք, որ այս կիները ո՛չ դրամ ունէին, ո՛չ ալ միջազգային աջակցութիւն: Անոնք պարզապէս զինուած էին զոհաբերութեամբ եւ հայրենասիրութեան ոգիով:

Այլ կարեւոր կէտ մը, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, մարտ 1919-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն երեք կին պատգամաւորներ ընտրուեցան եւ երեքն ալ դաշնակցական կիներ էին: Աւելի՛ն. միջազգային պատմութեան մէջ մեր ժողովուրդը ունեցաւ առաջին կին դեսպանը: Հարկ է նշել, որ անոնք ցոյց տուին, թէ կինը ատակ է քաղաքական պաշտօն վարելու:

Անցնելով սփիւռք` հայ պարմանուհիներ եւ կիներ աշխուժ ներկայութիւն եղան մեր միութիւններուն, կրթական հաստատութիւններուն եւ կուսակցութեան մէջ: Անոնք զանազան պաշտօններ վարեցին եւ տակաւին կը շարունակեն վարել` օրէ օր աւելի փաստելով, որ ատակ են կատարելու իրենց վստահուած բոլոր պարտականութիւնները: Սակայն տակաւին քիչ է թիւը այս մակարդակի աշխատանք տանող ընկերուհիներուն: Պէտք է բարձր պաշտօններու վրայ տեսնենք աւելի մեծ թիւով ընկերուհիներ:

Այլ գետնի վրայ կ՛ուզեմ շեշտել, որ շատ տեղեկութիւններ չկան հայ կնոջ դերին մասին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարժման պատմութեան եւ յեղափոխականներու յուշերուն մէջ, ինչ որ արդար չէ: Հոս կարեւոր է նշել Սոնա Զէյթլեանի տարած մեծ աշխատանքը. ան պրպտեց եւ գրեց բազմաթիւ այլ կիներու տարած գործունէութեան մասին:

«Ռ.».- Ի՞նչ կը թելադրէք երիտասարդ աղջիկներուն` անոնց ազգային գործունէութեան մէջ:

Լ. Պ. Ա.- Մեր երիտասարդուհիները պէտք է հաւատան, որ իրենք մեծ դեր ունին եւ պարտականութիւն ազգային` վերականգման աշխատանքին մէջ: Մանաւանդ այսօր, երբ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ նոր ճգնաժամ կը տիրէ: Ունինք նաեւ սփիւռքահայութեան խնդիր, եւ կարեւոր է, որ հայ երիտասարդները` թէ՛ աղջիկները եւ թէ՛ տղաները ձեռնածալ չմնան: Մենք պէտք ունինք մարդուժի եւ իւրաքանչիւր հայ անհատ, մանաւանդ աղջիկները պէտք է խաղան գործօն դեր:

Իսկ ինչպէ՞ս վարել այդ դերը. նախ եւ առաջ պէտք է զինուին գիտութեամբ: Լիբանանի ներկայ տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւնները պէտք չէ պատճառ դառնան անոնց ուսումի ընդհատման:

Երկրորդ` զարգացնեն իրենց ղեկավարութեան, հաղորդակցութեան եւ հարցեր լուծելու հմտութիւնները ի գործ դնելու զանազան տեսակի աշխատանքներու յաջողութեան:

Երրորդ` պէտք է իրարու նեցուկ կանգնին եւ ինքնավստահութեամբ մասնակցին զանազան տեսակի աշխատանքներու:

Կարծրատիպերու հեռացման եւ սեռերու խտրութեան դէմ պայքարը տակաւին երկար է: Այս երթը համբերութիւն կը պահանջէ, որովհետեւ կ՛առնչուի նաեւ մեր մշակոյթին: Հոս կ՛ուզեմ յստակացնել, որ պայքարի երթը չի նշանակեր տղամարդոց հետ կռուիլ կամ մրցակցութեան մէջ մտնել, այլ միասին համագործակցելով` աւելի լաւ ապագայ կերտել մեր ազգին ու հայրենիքին համար:

 

 

Նախորդը

ԼԵՄ-ի Առօրեայէն

Յաջորդը

Մեր Խօսքը

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.