Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կին Արմատը

March 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՆՕՐ ԱՅՆԹԷՊԼԵԱՆ
ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ

Լուսանկարը՝-h-pem-էն

Երբ լսենք տուն, կը հասկնանք ընտանիք, երբ լսենք ընտանիք, կը հասկնանք զոյգ` այր ու կին: Երբ լսենք կրթական հաստատութիւն, կը հասկնանք դպրոց, այսինքն` ուսուցիչ ու ուսուցչուհի: Ինչպէս կը տեսնէք, մարդ արարածի կերտման, ինքնաճանաչման, կրթութեան եւ դաստիարակութեան երկու կարեւորագոյն վայրերուն մէջ դեր կը խաղան երկու սեռեր, մէկը տղամարդը, իսկ միւսը` կինը: Այնպէս մը պատահած է, որ բնութիւնը ինքնին փաստած է, որ այս կեանքի անվերջ օղակի գոյատեւման մէջ աշխարհը պէտք ունեցած է երկու սեռերու ներկայութեան ու ներդրումներուն: Ցաւօք սրտի, պատմութեան մէջ գտնուած են ազգեր, երկիրներ եւ նոյնիսկ կրօններ, որոնք արժեզրկած են այն սեռը, որ ամբողջացնող բաժինն է կեանքին, հաւասարակշռող տարրն է ընկերութեան… ճանչցուած սեռ, որ կը կոչուի կին: Երբ այսօր մեր իրաւունքներէն մին անտեսուի, շուտով կ՛ընդվզինք եւ կը սկսինք պահանջել զայն, սակայն երեւակայացէք` դարեր շարունակ, նուազագոյն մարդկային իրաւունքներ ոչ թէ անտեսուած, այլ գոյութիւն չեն ունեցած կիներու համար: Այդ իսկ պատճառով, երբ ժամանակի գիրկը իյնանք, կը տեսնենք, որ այս ուժեղ սեռը պայքար մղած է անարդարութեան դէմ ու յեղափոխելով` ստեղծած է միջազգային շարժում մը` ի պաշտպանութիւն կիներու իրաւունքներուն, որ դժբախտաբար կը շարունակուի մինչեւ օրս:

19-րդ դարու վերջերը սկսաւ վերոյիշեալ Կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան շարժումը, որ յաջողեցաւ իր որոշ նպատակներուն հասնիլ կարճ ժամանակի ընթացքին: Այդ օրերուն բազմաթիւ տղամարդիկ իրենց կիները կը խոշտանգէին. հետեւաբար երբ հարցը հասնէր ամուսնալուծման, կիները իրաւունք չունէին նման բան պահանջելու, իսկ տղամարդիկ ունէին, նաեւ` երեխաներուն խնամակալութիւնը կ՛անցնէր լիովին տղամարդուն կամ իր ընտանիքին: Ասոր կողքին, կիները ուսման եւ աշխատանքի իրաւունք չունէին, այսինքն երբ տղամարդիկ ամուսնալուծուէին, իրենք կը մնային անօգնական եւ թշուառ: Տարիներու ընթացքին ամուսնալուծման օրէնքները ազատականացուեցան: Աւելի՛ն. պայքարը շարունակուեցաւ ընդդէմ սեռական ամէն տեսակի ոտնձգութիւններու: Հակառակ այս միջազգային շարժումին, այս օրէնքներն ու իրաւունքները տակաւին լուրջ խնդիրներ կը հանդիսանան Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներուն մէջ:

Այսօր կիները ո՛չ միայն տարածաշրջանային, այլ նաեւ միջազգային գետնի վրայ կը կանգնին զանազան մարտահրաւէրներու դիմաց: Միացեալ Նահանգներու մէջ, որ կը հանդիսանայ աշխարհի մեծ պետութիւններէն մէկը, կը տեսնենք, որ իր իշխանութեան պաշտօններուն վրայ պակասը կայ կիներու ներկայութեան. կ՛անդրադառնանք նոյնիսկ, որ որոշումներ կայացնելու սեղանին շուրջ չկան տղամարդոց մօտաւոր հաւասար չափի կիներ: Այս գծով Էյմի Քլոպուչար` Միացեալ Նահանգներու Մինեսոթա նահանգի դեմոկրատ ծերակուտական, ըսած է հետեւեալը. «Որքան շուտ հասկնանք, որ ղեկավար դերերու մէջ կիներու բացակայութիւնը ետ կը պահէ ոչ միայն կիները, այլ նաեւ` բոլոր մարդիկը, այնքան աւելի շուտ պիտի կրնանք յառաջ տանիլ հասարակութիւնը` որպէս ամբողջութիւն»:

Միւս կողմէ, 2019-ին, «Ռոյթըրզ»-ի կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ծագած է նոր ցնցումի մը վրայ հիմնուած «ֆեմինիզմ» մը, որուն առաջնային նպատակը հաւասարութիւնը չէ, այլ` տղամարդոցմէ պաշտպանութիւն: Ասոր զուգահեռ, կը զարգանան ցեղային եւ տնտեսական անհաւասարութիւնները, ինչպէս, օրինակ, Ասիոյ տարածքին կիներ քիչ կը վաստակին նոյն աշխատանքին համար, զոր կը տանին տղամարդիկ: Այդուհանդերձ, ներկայ վիճակը չի ներեր, որ ընտանիք մը կարելիութիւնը ունենայ միեւնոյն ժամանակ հոգեկան եւ նիւթական առումով գոյատեւել միայն տղամարդուն, այսինքն` հօր շահոյթով, կիները եւս կ՛ունենան ներդրում այդ ուղղութեամբ, թէեւ, ասոր զուգահեռ, անոնք կը շարունակեն աշխատիլ տան մէջ. այդ իսկ պատճառով դժուարութիւն կ՛ունենան հաւասարակշռութիւնը պահելու եւ հասնելու թէ՛ մայրութեան, թէ՛ գործին եւ թէ՛ ալ ամուսնական կեանքին: Այս իրենց սուրբ առաքելութիւնն ու լուռ տառապանքը յաճախ կը մատնուի անտեսումի եւ անբաւարար յարգանքի ու գնահատանքի: Աւելի՛ն. Պանկլատէշի, Սէուտական Արաբիոյ, Քամպոտիոյ եւ Եգիպտոսի պէս երկիրներու մէջ կիներ կը պայքարին այնպիսի անարդարութիւններու դէմ, ինչպիսիք են` պատուոյ համար սպանութիւններ, սեռական օրկաններու խեղում եւ անչափահասներու ամուսնութիւններ: 1980-2015-ի միջեւ եռապատուած է կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խումբերը Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ. իրավիճակը այս երկիրներու կիներու համար կը մնայ չլուծուած:

Արդեօք կա՞յ կատարեալ տուն եւ ընտանիք` առանց կնոջ կերպարին, կամ ազդեցիկ դպրոց` առանց ուսուցչուհիի նրբանկատութեան ու գուրգուրանքին… Տրուած փաստերով պատասխանը պարզ է: «Պէտք է»-էն անցնելով «պիտի»-ի մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել եւ թեւ ու թիկունք ըլլալ մեզի համար ապրող, զոհուող եւ ի վերջոյ մեզ աճեցնող ու բարձրացնող կին տեսակին նկատմամբ:

 

 

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան

Յաջորդը

Հայ Կինը` Հայոց Պատմութեան Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.