Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգիս Զէյթլեանի Հետ

Մարտ 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ընկ. Սարգիս Զէյթլանի անուան շուրջ առաջին բանավէճը տեղի ունեցաւ ուսանողութեանս շրջանին: Այդ օրերուն, Հայկազեան համալսարանի Հայկական Ակումբին կողմէ դիմած էինք Սովետական դեսպանատուն՝ ուսանողական շրջապտոյտ մը կազմակերպելու Հայսաստան:Երբ բացատրեցինք մեր նպատակը, որ կ’ուզէինք մեր խումբը ուսանողական հանրակացարանները բնակեցնել եւ շփում ստեղծել Հայաստանի համալսարանականներուն հետ՝ կցորդը ուրախ չեղաւ եւ յանկարծ դարակէն հանեց Ազդակ-Շաբաթօրեակ-Դրօշակի մէկ ընդգծումներով լեցուն յօդուածը եւ ընդվզումով հարցուց, թէ համաձա՞յն ենք Սարգիս Կալեանի՝ Զէյթլեանի գաղափարներուն հետ: Իրեն պատասխանեցի, որ մենք ալ կրնայինք ընդգծուած յօդուածներով գալ եւ մեր հանդիպման նպատակը գաղափարական վէճեր արծարծել չէր: Ամէն պարագայի դեսպանատունը չընդառաջեց մեր առաջարկին:

Այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս առաջին իսկ օրէն Սարգիս Զէյթլեանի ազգային գաղափարախօսութիւնը, անոր կողքին շեշտուած առողջ ընկերային հարցադրումներով եւ կուռ տրամաբանութեամբ անմարսելի էին համայնավար իշխանաւորներու եւ իրենց անողնայար հետեւորդներուն համար: Կը զգային վտանգը, որ նման կեցուածքներէ կրնար գալ իրենց վարչակարգին, եւ այսպս Սարգիս Զէյթլեան միշտ թիրախ հանդիսացաւ նման յարձակումներու, եւ բոլոր բռնատիրական վարչակարգերու նման վերջին հարուածը կը միտէր ընդդիմադիրին ֆիզիքական վերացման՝ առանց հասկնալու, որ գաղափարները անձերու վերացմամբ չեն անհետանար:

Առաջին անմիջական շփումը ընկ. Սարգիսի հետ տեղի ունեցաւ երկու տարի ետք: Ուսանողութեանս շրջանին մասնակի ժամերով սկսած էի աշխատիլ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակը: Ինձմէ առաջ գրասենեակի եւ գրատարածի գործավարութիւնը կը կատարէր ընկ. Զէյթլեան: Իր կուսակցական բազմաթիւ պատասխանատուութիւններուն պատճառաւ առիթ չէր ունեցած վերջին շրջանի Կեդր. Վարչութեան ատենագրութիւնները պատրաստելու, հակառակ անոր որ մանրամասն նոթեր առած էր. այնպէս որ սկսաւ բերանացի կազմել այդ նիստերուն ատենագրութիւնները, մինչ ես գրամենեքային վրայ կ’արձանագրէի զանոնք: Այս մէկը պատրաստութեան՝ ֆորմասիոնի ձեւ մըն էր, որ նոյն ատեն առիթ կու տար ինծի հարցերուն աւելի լաւ ծանօթանալու:

Բնականաբար, երբ 1978-ին Պօղոս Սնապեան թելադրեց ձգել աշխատանքս եւ միանալ Բագինի խմբագրութեան, ինչ որ սրտամօտ էր ինծի համար, ընկ. Զէյթլեան համաձայն գտնուեցաւ այդ կարգադրութեան, եւ խմբագրական առօրեան շփումներու նոր առիթ մը ստեղծեց, որ երկարեցաւ մինչեւ իր առեւանգումը, եւ առիթ տուաւ աւելի մօտէն ճանչնալու զինք:

Ընկ Սարգիս Բիւրոյի Դաշնակցական մամուլի պատասխանատուն ըլլալով՝ գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն էր Արա Երեւանեան կեդրոնի երրորդ յարկին վրայ: Պօղոս Սնապեանի հետ մանկութենէն մտերիմներ ըլլալով՝ շատ հանգիստ կը զգար խմբագրատան սենեակը հանդիպելով այլազան նիւթերու շուրջ զրուցելու: Ան արդէն լաւ խմբագրական կազմ մը յառաջացուցած էր Դրօշակի շուրջ եւ անընդհատ յիշեցումներ կը կատարէր մեզի աշխատակցելու Դրօշակին: Այսպէս, մէկ-մէկ, ես, Սարգիս Կիրակոսեանը եւ Պօղոս Սնապեանը մշակութային, ընկերային կամ գաղափարական բովանդակութեամբ յօդուածներ կը ստորագրէինք այնտեղ: Հոս պէտք է աւելցնել փաստ մը, որ քիչերու ծանօթ էր այն օրերուն: Ընկ. Զէյթլեան, ի՛ր իսկ պահանջով, միայն հազար լիբանանեան ոսկիի խորհրդանշական գումար մը կը գանձէր իբրեւ պատասխանատու խմբագիր, եւ այդ գումարը որոշած էր, որպէսզի պարզապէս ընկերները կարենային հաշիւ պահանջել իրմէ իր աշխատանքին համար:

Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի տաք օրերն էին, ինչ որ յաճախ անբնական կացութիւններ կը ստեղծէր մեզի համար՝ Պէյրութի Արեւելեան շրջանէն Արեւմտեան շրջան անցնելէն սկսեալ, մինչեւ քաղաքական անակնկալները, կեցութեան եւ դրամի արժեզրկումին պատճառաւ ստեղծուած դժուարութիւնները եւայլն: Այս բոլորին վրայ կ’աւելնային Դաշնակցութեան ծրագրի վերանայման շուրջ ստեղծուած քննարկումները կամ մարմիններու ընտրութեան շուրջ ստեղծուած տարակարծութիւնները: Հասկնալօրէն, լիբանանեան քաղաքական ու տնտեսական լարուածութիւնը երբեմն կ’ազդէր բոլորիս վրայ: Ընկ. Զէյթլեան հարց չունէր երբ տարակարծութիւնները ուղղակիօրէն կ’ըսուէին իրեն եւ կը բարկանար երբ դիմացը բան մը կ’ըսէին եւ ժողովներուն տարբեր դիրքորոշումներ կ’ունենային մարդիկ: Երբեմն ալ Բիւրոյի առած մէկ վարչական կարգադրութիւնը կու գար փոխանցելու մեզի: Երկու օր ետք, երբ զգար որ նեղուած ենք, միջանցքին մէջ յանկարծ ուսով կը զարնուէր ուսիդ՝ ժպտալով ըսելու. «Ի՜նչ, դեռ նեղուած ես …»:

Այսօր ճիշդ է, ամբողջ հայութիւնը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի, սակայն Սարգիս Զէյթլեանի շունչը սերունդի մը կազմաւորման վրայ անուրանալի է:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ 95-87 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Պիպլոսի Դէմ

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.   Ռուսաստանի Անդրկովկասեան Քաղաքականութիւնը Եւ Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Զեկուցագիրը

RelatedPosts

Տեսակէտ.  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անսակարկելի Յանձնառութիւն` Սփիւռքի Թէ Հայաստանի Վերակազմակերպման Մէջ
Անդրադարձ

Ղօղանջ Զգօնութեան . «Հայ Եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները» Գիրքին Հրատարակութեան Առիթով

Օգոստոս 11, 2022
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Սեւրեան Երազանք, Հայ Քաղաքական Մտքի Բոպիկութիւն Եւ «Երրորդ Բեւեռ»-ի Հրաւէր (10 Օգոստոս 1920)

Օգոստոս 9, 2022
Սեւրի Դաշնագիրի Վերակենդանացման Հեռանկարով
Անդրադարձ

102-Ամեակ Սեւրի Դաշնագիրին. Սեւրի Դաշնագիրին Անժամանցելի Պատգամը

Օգոստոս 9, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In