Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ջերմ Արցախի Կողքին

Մարտ 30, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստեփանակերտը բնական կազով մատակարարող խողովակի խափանում, զուգահեռաբար` Շուշիի մէջ ՄԱԿ-ի դրօշակի ծածանում, նշելու համար աշխարհի մեծագոյն այս կազմակերպութեան` Ազրպէյճանի անդամակցութեան 30-ամեակը: Ներկայիս տարբեր է կեանքը իրարմէ քանի մը մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող այս երկու քաղաքներուն մէջ:

Աշխարհը կը նախընտրէ հեռու կանգնիլ արցախեան տարածաշրջանէն, ինչպէս կ՛ընէ յաճախ. նոյնպէս վարուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն` կոյր եւ անտարբեր ձեւանալով թուրք-ազերիական բազմերես ոճիրներուն դիմաց: Այս օրերուն քաղաքական եւ քարոզչական աշխարհին կիզակէտը Ուքրանիան է: Շարունակ կը գրուի, կը կարդացուի, կը լսուի եւ յատկապէս կը դիտուին (երբեմն կեղծելով ու ներկայացնելով նախկին «տաք» այլ ճակատներու ողբերգական պատկերներ) Քիեւէն, Խերսոնէն, Մարիուփոլէն եւ Լվովէն քաղուած զարգացումներ, մինչդեռ Արցախի ու արցախցիին ցայսօր շարունակուող ոդիսականը մոռցուած է:

Աշխարհին համար հարիւր հազար բնակչութիւն ունեցող եւ գրեթէ մեկուսացած, կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ կորսուած այս հողատարածքը յայտնապէս ոչ մէկ կարեւորութիւն ունի` բաղդատած Ուքրայնիոյ ու զայն բզկտող պատերազմին, ուր քանի մը տասնեակ միլիոն բնակիչ` օրհասական կացութեան մատնուած, զոհ կ՛երթայ Արեւելք-Արեւմուտք ճակատումին: Դժբախտութեան մէկ այլ երեսն ալ այն է, որ Արցախին տէր կանգնելու կոչուած պաշտօնական Հայաստանը կը կապկէ աշխարհի անտարբերութիւնը: «Ազերիները կրակում են, յետոյ ի՞նչ», կը շպրտէ հանրապետութեան նոր նախագահը լրագրողին երեսին` չհասկնալով, թէ նման պայմաններու մէջ «Մենք խաղաղութիւն պիտի հետապնդենք»-ը ինչպիսի՛ դասակարգում կը բերէ իրեն ու զինք այդ պաշտօնին հասցնող «մանտադաւորներ»-ուն, իսկ հայկական դիւանագիտութեան պետը որեւէ անբնական բան չի տեսներ Ազրպէյճանէն հասած ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ մէջ ու կը կրկնէ յանկերգը. «Խաղաղութիւն պիտի հետապնդենք առանց նախապայմաններու»…

Մէկ ամիսէ ի վեր աշխարհի մէջ ստեղծուած է կացութիւն մը, որ յաւելեալ թեւ տուած է ազրպէյճանական կողմին` իրեն գործակից եւ զինք գործակատարի վերածած Թուրքիոյ հետ տարբեր ձեւերով շարունակելու համար «կիսաւարտ» պատերազմը, մերթ փամփուշտ ու հրթիռ արձակելով, մերթ հոգեբանական ճնշում բանեցնելով Արցախի ու Հայաստանի վրայ:

Եթէ օտար զանգուածներու համար բնական է, որ Ուքրանիան այս օրերու կարեւորագոյն թնճուկը ըլլայ իր բազմաթիւ բարդութիւններով եւ դժուարութիւններով, հայորդիին համար տարբեր պէտք է ըլլայ մօտեցումը: Ընդունելով հանդերձ երրորդ աշխարհամարտի մը դռները թակող այդ պատերազմին ծանրութիւնը, հայորդին եւ յատկապէս իշխանութեան ղեկին գտնուող խմբաւորումը պէտք է մօտէն հետաքրքրուին Արցախով, սեփական մորթին վրայ զգալով, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պատսպարուիլ երկարաձգուող ցուրտին եւ բուքին, կամ` ինչպէ՞ս հոգեպէս չընկճուիլ, երբ դեռ երէկ գերիշխանութեանդ տակ գտնուող` պարիսպներու քաղաք Շուշիի մէջ ո՛չ միայն Ազրպէյճանի դրօշը կը ծածանի, այլ անոր կողքին` նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան դրօշը, ներկայութեամբ պատուիրակութեան մը եւ նախագահութեամբ մնայուն համակարգողի պաշտօնակատարին: Իսկ ՄԱԿ-ի խորհրդանիշներէն մէկն է սպիտակ աղաւնին…

Հակառակ հնչող «փրոթոգոլային» արտայայտութիւններուն, զորս կարելի է սեպել քաղաքականութեան ոլորտի «քաղաքավարութեան վնաս»-ներ, անընդունելի է Փաշինեանի վարչակազմի կրաւորական դիրքը այս ահաւոր կացութեան դիմաց: Վարչապետը քանի մը կիսատ-պռատ խօսք կմկմաց` թուքը դժուարութեամբ կուլ տալով եւ իրազեկ ըլլալով, որ իրապաշտ ձեւով չէր բնութագրեր կացութիւնը, այլ կառչած էր իր սովորական կեղծ ու պատիր ընթացքին: Նոյնիսկ ընդդիմութեան հնչեցուցած ահազանգը անգամ մը եւս կը մնայ ապարդիւն եւ անպատասխան, մի՛շտ համաձայն նոյն վնասաբեր վարքագիծին:

Թէեւ թշնամին շարունակ կը փորձէ մաշեցնել Արցախն ու արցախցին, վերջինս պահած է իր խիզախ կեցուածքն ու կամքը: Հակառակ տեղատարափ ձիւնին եւ խայթող սառնամանիքին` արցախցին կը շարունակէ իր առօրեան եւ վճռած է ծունկի չգալ, չհետեւիլ փաշինեանական խմբակի օրինակին:

Այո՛, անբնական է երեւոյթը: Առանց բնական կազի` կը շարունակուի բնական կեանքը:

… Ե՛ւ դեռ պիտի շարունակուի: Ինքնուրոյն է իր հողին կառչած ջերմ արցախցին: Ան առանձին չէ, առանձին պիտի չմնայ իր գոյապայքարին մէջ, որովհետեւ անոր պայքարին դրօշակիրներն են թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ ողջ սփիւռքը:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ազգային Միասնականութիւնը. Խոչընդոտներ Եւ Զանոնք Յաղթահարելու Միջոցներ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?