Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կինը` Հայոց Պատմութեան Մէջ

March 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱ ԱԲԷԼԵԱՆ
ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ

Հայ կինը մեծ դեր ունեցած է հայ ազգի պատմութեան մէջ, եւ այդ մէկը կրնանք կարդալ Սոնա Զէյթլեանի գիրքին մէջ, որ վերնագրուած է`  «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական  շարժման մէջ»:

Հայ կինը անուրանալիօրէն մեծ աշխատանք տարած է հետեւեալ  մարզերուն մէջ.

ԿՐԹԱԿԱՆ.- Յեղափոխական հայուհիներուն մեծ մասը ուսուցչութեան նուիրուած էր: Գաւառներուն մէջ հայը ուսում ստանալու առիթ չունէր, իսկ մեծ քաղաքներուն մէջ հայութիւնը միալեզու  չէր, այլ կային վրացախօսներ, ռուսախօսներ եւ թրքախօսներ: Ուրեմն ուսումը եւ մանաւանդ հայեցի դաստիարակութիւնը անհրաժեշտ էր ոչ միայն մտքերու զարթօնքի, այլեւ լեզուի պահպանման, դարաւոր արժէքներու ճանաչման եւ մտաւոր ու  հոգեկան պատրաստութեան համար:

ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ.- Շատ մեծ է թիւը այն հայուհիներուն, որոնք աղջիկներու եւ կիներու խումբեր կազմեցին` խրճիթներու մէջ, Րաֆֆիի եւ Ահարոնեանի գործերէն յուզիչ հատուածներ կարդացին, յեղափոխական մտքերը արծարծեցին, պարզաբանեցին եւ իրենց ունկնդիրներուն հետ վերլուծեցին: Այս ձեւով է, որ ժամանակի ընթացքին սկսաւ գոյութիւն ունենալ ազգային ընդհանուր իտէալ մը, որ հայութիւնը  ամէնուրեք իրարու կը շաղկապէր:

ԳԱՂՏՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ.- Յեղափոխական հայուհիները մեծապէս օգտակար եղան զէնքերու փոխադրութեան եւ պահեստներու ստեղծման գործին: Անոնք տարածեցին նաեւ յեղափոխական  արգիլուած գրականութիւնը, պատսպարեցին եւ խնամեցին յեղափոխական գործիչները, փախստականներն ու ֆետայիները: Կիներու այս աշխատանքները կենսական անհրաժեշտութիւն էին, մանաւանդ որ այրերու ներկայութիւնը յաճախ կասկած կը յարուցէր եւ, դէպքերու բերումով, անոնք կա՛մ փախստական դարձած եւ կա՛մ ալ բանտարկուած էին:

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ԳՈՒԹԻ ԳՈՐԾԸ.- «Հայկական կարմիր խաչ» հաստատութիւնն է, որ անհրաժեշտութեան համար հիմնուեցաւ ու տարիներու ընթացքին բազմաթիւ ծառայութիւններ կատարեց: Դրամ, զգեստ, ճերմակեղէն բաշխել բանտարկեալներուն, աքսորեալներուն, վիրաւորներուն նախնական օգնութիւն հասցնել, գործ գտնել եւ այլն…

ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ.- Յեղափոխական նուիրուած կիներ բազմատեսակ ձեռնարկներ կը կազմակերպէին, հանգանակութիւններ կ՛ընէին եւ դրամը կը յատկացնէին յեղափոխական նպատակներու` զէնք գնելու, ժողովուրդին ծառայող ֆետայիներու եւ աղէտեալներուն օգնելու, փախստական կամ բանտարկուած ընկերներու կարիքները հոգալու եւ այլ կուսակցական նպատակներ իրագործելու:

ՈՐԲԱՀԱՒԱՔ.- Ուր որ կոտորած կամ աղէտ կը պատահէր, նուիրեալ կիներու խումբ մը կը փութար ողջ մնացած բեկորները փրկելու: Հայ կինը ամենասիրութեամբ ծառայած է որբերուն, հարազատ  մօր պէս գուրգուրացած է անոնց խորշակահար կեանքին վրայ:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ.- Կոտորածներէն ետք կային նաեւ գաղթականներու հոծ կարաւաններ, որոնք դատապարտուած էին օրերով ճամբայ կտրելու ցնցոտիներով ծածկուած, կիսաքաղց եւ հիւանդ: Բժշկական, նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան նուիրուած կիներ ամէն խնամք ու աջակցութիւն ցոյց տուին եւ ջանացին բոլորն ալ տեղաւորել` կեանքը վերսկսելու պատեհութիւն ապահովելով:

Պետական մակարդակի վրայ իրագործումներուն անդրադառնալով, 1918-1920 թուականներուն առաջին հանրապետութեան օրով կիները ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք ստացան, երբ Եւրոպայի շատ մը երկիրներու կիներ տակաւին կը պայքարէին ու դեռ քանի մը տասնամեակ եւս պիտի պայքարէին այդ իրաւունքին համար: 1919-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն  ընտրուած 80 պատգամաւորներէն 3-ը կիներ էին: Յիշենք անոնց անունները` Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան, Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան, Վարվառա (Վարեա) Սահակեան:

Այսօր, ուսումէն անդին, հայ կիներու առիթ պէտք է տրուի պետական եւ կուսակցական պաշտօններ ստանձնելու եւ իրենց ձիրքերը հայութեան ու հայրենիքի ծառայութեան ի նպաստ դնելու:

 

Նախորդը

Կին Արմատը

Յաջորդը

ԼԵՄ-ի Առօրեայէն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.