Անդրադարձ

Պուրճ Համուտէն… Բարի Զատիկ

Պուրճ Համուտէն… Բարի Զատիկ

Ա. Ա. Քաղաքները դիմագիծ ունին: Պէտք է ունենան: Անդիմագիծ քաղաքները կը նմանին իրենց ծնողներուն ո՛վ ըլլալը չգիտցող եւ զանոնք բնաւ չճանչցած անբախտներու, որոնք ճիշդ է, որ կեանքը կը շարունակեն, սակայն կարեւոր բան մը պակաս կը մնայ անոնց ենթագիտակցութեան խորերը: Քաղաքին դիմագիծը անոր բնակիչներն են: Խանութպաններ, փողոցները իրենց պոռչտուքով լեցնող, վազվզող պատանիներ, իրարու հետ յաճախ վիճաբանող դրացուհիներ, իրենց տան պատշգամը լուալու...

«Ազեզէն Ամերիկա»

«Ազեզէն Ամերիկա»

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ ՀԱՃԷԹԵԱՆ Զարմինէ Պօղոսեան եզակի անձնաւորութիւն մը` մտաւորական, հրապարակագիր, հմուտ մանկավարժ, որ թէեւ Սուրիոյ մէկ փոքր գիւղաքաղաքին` Ազեզի մէջ ծնած, բայց իր իւրայատկութիւններով եւ գործունէութեան լայն կարողութիւններով ինքզինք պարտադրած` մինչեւ Նիւ Եորք, մինչեւ ամերիկեան հեռաւոր ափեր: Իր եղբօր եւ շրջապատի քաջալերանքներուն դէմ տատամսոտ քայլերով գրելու արուեստը որդեգրած ու այդ անդաստանին մէջ յառաջացած ու հմտացած Զարմինէն կը յաջողի իր անունը...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Դանակը Հասած Է Ոսկորին…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ապրիլ 24-էն քանի մը օր առաջ, Ս. Յարութեան տօնին, հայ ժողովուրդին մէջ նոր շարժում մը ծայր առած է. կիրակի օր Երեւանի Ազատութեան հրապարակը դարձաւ հաւաքավայր` Հայաստանի եւ Արցախի փրկութեան կամքով զիրար գտած հայորդիներու, իսկ անկէ առաջ Ֆրանսայի հայութիւնը տուաւ այլ ազդանշան մը: Արցախեան շարժումէն 34 տարի ետք, Երեւանի նոյն վայրին մէջ դարձեալ հնչեց «միացում» մարտահրաւէրը: Թէեւ այս անգամ...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Օրակարգ Դարձնել Ազգային-Քաղաքական Հիմնահարց Բնակեցում-Հայրենադարձութիւնը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այսօր եսերը գերանցող Ս. Յարութեան տօնն է: Եօթը օր ետք ապրիլ 24 է: Պէտք չէ բանտարկուած մնալ յոյսի եւ ցաւի մէջ:     Կը հետեւիմ Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլին, կազմակերպութիւններու յայտարարութիւններուն, հանդիսութիւններուն, կը լսեմ պատերազմի, տնտեսութեան, թատրոնի, կուսակցութիւններու եւ անոնց մրցակցութիւններուն մասին: Գրուածերուն եւ ըսուածներուն մէջ չեմ հանդիպիր ազգի եւ հայրենիքի տոկալու եւ տեւելու հիմնահարցին, որ բնակեցում-հայրենադարձութիւնն է: Հայրենիքը որպէս...

Յանձնառու Մտաւորականն Ու Արցախեան Գոյապայքարը

Յարութիւն Թորոսեան (ԺԱ.). Մշակոյթի Նուիրեալը

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ         Երեւան, 1976, Աշուն Սիրելի՛ ընթերցող, Նոր ընդունուած էի Գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկը` իբրեւ արուեստաբանութեան դոկտորայի (Phd-ի) թեկնածու, երբ իմ լաւ ընկերներէն` «Երքաղնորոգնախագիծ» բարձրագոյն հիմնարկի գլխաւոր ճարտարապետ Պետրոս Աբաջեանը այդ օր եկաւ եւ տեղեկացուց, որ շաբաթ օր երեկոյեան հրաւիրուած ենք Բագրատին մօտ, ուր անակնկալ մը կը սպասէր մեզի... Ցուցահանդէսի ընթացքին Գացինք: Բացի Յարութիւն Թորոսեանէն` ներկայ էին նաեւ Բագրատի քոյրերէն Կիման,...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան  Հայրապետական Պատգամը.  Մարդը` Աստուծոյ Որդւոյն Մարդեղութեան Նպատակը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Յարուցեալ Քրիստոսը Ապրի՛Լ` Իբրեւ Կեանքի Ուղեցոյց

Քրիստոսի հետ ապրած, անոր երկրաւոր կեանքի բոլոր դրուագներուն հաղորդակից դարձած, անոր ուսուցումները լսած ու հրաշքներուն ականատես եղած աշակերտներուն համար խորապէս ցնցիչ դէպք մըն էր Քրիստոսի յարութիւնը: Անոնք տակաւին չէին կրցած լիովին ըմբռնել յարութեան խորհուրդը: Յարութեան դէպքէն որոշ ժամանակ ետք միայն առաքեալները սկսան հասկնալ ու Քրիստոսի հետեւորդներուն  բացատրել յարութեան դէպքին իւրայատուկ նշանակութիւնը` յատկապէս շեշտելով անոր առանցքային կարեւորութիւնը քրիստոնեայ մարդու կեանքին մէջ...

Հայրապետական Պատգամ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան.  Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի  Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Հայրապետական Պատգամ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան. Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Ողջոյն եւ աստուածաւանդ օրհնութիւն պատուական եղբարց մերոց, արհիապատիւ արքեպիսկոպոսաց, եպիսկոպոսաց, հոգեշնորհ քահանայից եւ հաւատացեալ ժողովրդեանս:   Պատուակա՛ն եղբարք եւ սիրեցեա՛լ Որդեակք ի Քրիստոս, Մինչ աշխարհը այսօր արեան մէջ թաթխուած իրար կը սպաննեն անցողակի փառքի ու շահերու համար դարեր առաջ Քրիստոսը կը հալածէին: Մինչ Քրիստոս հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն կը քարոզէր, մարդիկ խաչին մատնեցին զինք: Նոյնն է այսօր, միեւնոյն մարդկութիւնը, որուն համար...

Ս.  Յարութեան Մշտանորոգ Պատգամը

Ս. Յարութեան Մշտանորոգ Պատգամը

«Հոս չէ՛ ան, յարութի՛ւն առաւ»: (Ղուկաս 24.6): Վերոյիշեալ զգայացունց յայտարարութիւնն է, որ կ՛ամփոփէ Ս. Զատկուան խորհուրդն ու պատմութիւնը: Յիսուսի խաչելութեան յաջորդող առաջին կիրակի առաւօտն էր, երբ իւղաբեր կիներ եկած էին Յիսուսի մարմինը օծելու: Իրենք զիրենք մեծ անակնկալի մը դէմ յանդիման գտան: Յիսուսի գերեզմանին մուտքը փակող հսկայ քարը գլորուած էր: Բայց աւելի՛ն. գերեզմանը թափուր էր: Յիսուսի մարմինը հոն չէր: Ի տես...

«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»

«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»

Գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք Աստուծոյ, որ Զատկուան տօնին առիթով, դարձեալ առիթ կ՛ընծայէ մեզի, քաղցրութեամբ ու խնդութեամբ զիրար ողջունելով ըսելու. - «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»: Անկասկած, տեսակաւոր խնդիրներու քովէն անցնող լիբանանահայ մեր կեանքը, այսօր կարիքը ունի նոր ու յաղթական երթի եւ հետեւաբար, զատկական աւետիսը մեզ կը հրաւիրէ, յարութեան հաւատքով դարձեալ քալելու Աւետարանի ուղիներէն,  որպէսզի մեր կեանքի պայմաններուն մէջ մենք ալ...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Վաղը Մեր Զատիկն Է…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Շատ տարիներ առաջ էր, եւ յունուարի խթման գիշերն էր, եկեղեցիէն ետք, երբ հարազատներով աւանդական սեղանին շուրջ բոլորուած կ՛ընթրէինք, յանկարծ ողորմած մայրս կը խզէր սենեակին մէջ լեցուած աշխարհ մը մթնոլորտը. - Քա՛, ըսէ՛ք նայիմ, այս տարի Զատիկը ե՞րբ է: Ամերիկայի մէջ, աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր հաստատուած, Միջին Արեւելք կամ Եւրոպա բնակող իր հարազատներուն համար ամերիկահայ նկատուած մօրս...

«Մեր Նպատակն Է Աստուածաշունչի Պատգամները Բազմաթիւ Ձեւերով Փոխանցել Մանուկներուն Եւ Պատանիներուն» Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

«Ահա Ես Նոր Բան Մը Պիտի Ընեմ»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Ու հին բաները միտքերնիդ մի՛ բերէք: Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ» (Եսայեայ 43: 18-19): «Ան, որ լալով կ՛երթայ` ցանելու սերմը տանելով, անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ` իր ցորենի խուրձերը բերելով» (Սաղմոս 126:6): «Ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ. նպատակը դիտելով դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերջին կոչումի մրցանակին կը վազեմ» (Փիլիպեցիս 3:13-14):...

Յիշենք Բոլորը Մէկ Առ Մէկ

Յիշենք Բոլորը Մէկ Առ Մէկ

ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ Օրացոյցի թերթիկը յիշեցուց, որ արդէն օրեր առաջ 13 ապրիլ էր` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին յիշատակման օրը: 47 տարի առաջ, 13 ապրիլ 1975-ին, Այն Ռըմմէնէի օթոպիւսին տխրահռչակ դէպքով Լիբանան մտաւ քաղաքացիական երկա՜ր պատերազմի մը մէջ, որուն զինուորական ճակատումներուն փուլը աւարտեցաւ Թաէֆի 1989-ի համաձայնութեամբ, բայց քաղաքական, տնտեսական, քարոզչական-տեղեկատուական ճակատումները կը շարունակուին մինչեւ այսօր, բոլոր ճակատներու վրայ եւ պարբերական սաստկութեամբ: 47...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Թօթափել Պատրանքները

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան խնդիրը` թէ՛ արցախեան հիմնահարցի կտրուածքով եւ թէ՛ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, ներկայիս կը գտնուի իր բախտորոշ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման եւ կը պահանջէ պատրանքներէ զերծ քաղաքական մտածողութիւն: Առ այդ, կ՛ուզեմ յիշեցնել հետեւեալ իրականութիւնները. 1.-  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործընթացը արդէն վաղուց դադրած է գոյութիւն ունենալէ: Ալիեւը ճիշդ էր, երբ կը պնդէր, թէ 44-օրեայ պատերազմը վերջ դրած է...

Պատերազմ

ԱԼ «Ի՞նչ է պատերազմը», եթէ հարցնէք, քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտներ կրնան հանգամանօրէն բացատրել զայն, խօսիլ անոր տուն տուած պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մասին, անոր յաղթական թէ պարտեալ ելքին մասին, դաւադրութիւններու ու դաշինքներու մասին ու դեռ շատ ու շատ մանրամասնութիւններու վերլուծումներու մասին: Բայց դուք կ՛ուզէ՞ք գիտնալ, թէ  ճիշդ ի՛նչ է պատերազմը... Պատերազմը Բողբոջ դասարան յաճախող աղջնակի մը դպրոցական օրն էր, որ ընդհատուեցաւ իրեն...

Ակնարկ.  Հերթական Տարեթիւի Խոհեր

Ակնարկ. Հերթական Տարեթիւի Խոհեր

Լիբանան երէկ բոլորեց քաղաքացիական պատերազմի հերթական տարեթիւը: Նման առիթներու կ՛ոգեկոչուին նահատակները, զոհ գացած հազարաւոր անզէն բնակչութիւնը: Կը յիշուին բախումները, առեւանգումները, անհետ կորսուածները: Տակաւի8ն. տագնապները, զանոնք յաղթահարելու համար աշխատած համակարգերը: Այս պատերազմը դիմափոխութիւն ապրեցաւ անշուշտ. պաղեստինցիներու յարաբերակցութիւնը շուտով վերածուեցաւ կրօնականի, ապա տարբեր քաղաքական հոսանքներու միջեւ ընդհարումներու. յետոյ սուրիական ներկայութեան դէմ կամ բանակին շուրջ զէնքի միաւորման դրօշակին տակ: Պատերազմը նաեւ իսրայէլեան յարձակումն...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի. «Որպէսզի Չկրկնուի 13 Ապրիլը, Եկէ՛ք Խորհրդակցինք»

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի. «Որպէսզի Չկրկնուի 13 Ապրիլը, Եկէ՛ք Խորհրդակցինք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառումով մը վերյիշեց 13 ապրիլ 1975-ին բռնկած քաղաքացիական պատերազմը ու այս գծով կոչ ուղղեց երկխօսութեան, որպէսզի 13 ապրիլի ողբերգութիւնը չկրկնուի: Ստորեւ` երեսփոխան Բագրատունիի գրառումը. «Որպէսզի չկրկնուին ողբերգութիւնն ու իրարու դէմ կռիւները, Որպէսզի սպանդէն ետք լուծումը չգայ ի հեճուկս հայրենիքին, Որպէսզի չկրկնուի 13 ապրիլը, Եկէ՛ք` իբրեւ եղբայրներ այս...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

«Բժիշկին Ե. Խօսք»-ին Հրատարակութեան Առիթով

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ես կը հաւատամ, որ ամէն մէկ գիտակից հայ ձեւով մը պէտք է հասնի իր ժողովուրդի պէտքերուն եւ իր անսակարկ օժանդակութիւնը բերէ իր արենակիցներու բարելաւման ու զարգացման: Առ այդ, այս համեստ աշխատանքովս կ՛ուզեմ հասնիլ իմ ժողովուրդիս` առողջապահական գետնի վրայ եւ հնարաւոր եղած չափով անոր փոխանցել հայերէնով բժշկական ու առողջապահական որոշ դաստիարակչական գիտելիքներ եւ ցուցմունքներ: Հոս կ՛ուզեմ յստակացնել, որ...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Մալուիններ, Պատերազմը Եւ Դատը. Այնքան Հեռու Եւ Այնքան Մօտ (Արցախին Արարատին…)

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երբ 2 ապրիլ 1982-ին Արժանթինի զինուորական խունթան (1976-1983) յայտարարեց, որ երկրի զինուած ուժերը ցամաքահանում կատարած են հարաւային Ատլանտեանի մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Մալուինեան կղզիներ` զանոնք ազատագրելու համար բրիտանական գաղութատիրական լուծէն, Լիբանանի մէջ ոչ ոք կը նախատեսէր, որ երեք ամիս եւ չորս օր ետք 6 յունիս 1982-ին Իսրայէլ պիտի ներխուժէր, վեց ամիսէն Պէյրութ հասնէր, քաղաքը պաշարուած պահէր ամբողջ...

ՋԱՀ-իՆ ՋԱՀԸ` Երիտասարդներուն

ՋԱՀ-իՆ ՋԱՀԸ` Երիտասարդներուն

ԹՈՐԳՈՄ Արցախէն տաղանդաւոր պատանիներու Լիբանան վեցօրեայ կեցութեան, շրջագայութեան եւ ելոյթներու կազմակերպումին ի տես` չես կրնար չյուզուիլ եւ յոյսով չներշնչուիլ: Վերջին շաբաթներուն մեր գաղութին մէջ ոգեշնչող եռուզեռ մը տիրեց: Մարդիկ ձեւով մը զօրաշարժի ենթարկուեցան, երբ յայտարարուեցաւ, որ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ, ՋԱՀ-ի (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբը հրաւիրած է Արցախէն տաղանդաւոր պատանիներ, որոնք գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթներ պիտի ունենան...

Ով Է Դաշնակցականը, Դաշնակցականի Մերօրեայ Առաքելութիւնը Հայրենիքում

ՀՅԴ Կազմակերպական Ապակեդրոնացումը Ծուռ Հայելիներու Մէջ

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Դաշնակցականութիւնը մէկ ամբողջութիւն է, նոյն հարթութեան վրայ գտնուող երեք բաղադրիչներով` Երդումը, Ծրագիրը եւ Կանոնագիրը: Իւրաքանչիւր փորձ, որ կը միտի զանոնք իրարմէ անջատել կամ մէկուն միւսէն աւելի նախապատուութիւն տալ, դաշնակցականութեան աղաւաղում է: Դաշնակցականի երդումը բոլորը զիրար կը շաղկապէ` իբրեւ խոստում «միշտ հաւատարիմ մնալ ՀՅԴ Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն»: Կանոնագրային տրամադրութիւններու լոյսին տակ, մեծ առաւելութիւն է կազմակերպական ապակեդրոնացումով գործելու եղանակը,...

Page 264 of 807 1 … 263 264 265 … 807

Արխիւներ