Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յարութեան Մշտանորոգ Պատգամը

Ապրիլ 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հոս չէ՛ ան, յարութի՛ւն առաւ»:
(Ղուկաս 24.6):

Վերոյիշեալ զգայացունց յայտարարութիւնն է, որ կ՛ամփոփէ Ս. Զատկուան խորհուրդն ու պատմութիւնը: Յիսուսի խաչելութեան յաջորդող առաջին կիրակի առաւօտն էր, երբ իւղաբեր կիներ եկած էին Յիսուսի մարմինը օծելու: Իրենք զիրենք մեծ անակնկալի մը դէմ յանդիման գտան: Յիսուսի գերեզմանին մուտքը փակող հսկայ քարը գլորուած էր: Բայց աւելի՛ն. գերեզմանը թափուր էր: Յիսուսի մարմինը հոն չէր: Ի տես այս արտակարգ պատահարին, մինչ անոնք ապշած իրարու կը նայէին, երկու լուսազգեստ մարդիկ իրենց քով կանգնած հետեւեալ յայտարարութիւնը կ՛ընէին. «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ ան. յարութի՛ւն առաւ» (Ղուկ. 24. 5-6):

Այս յայտարարութեան մէջ կը խտանայ Ս. Յարութեան տօնին պատգամը: Պատմական եղելութիւնը այն է, որ Յիսուսի թշնամիները խաչեցին եւ սպաննեցին Զինք: Իր բարեկամները, խաչէն վար առնելով Անոր անշնչացած մարմինը, փոխ առնուած գերեզմանի մը մէջ դրին եւ հսկայ քար մը գլորեցին գերեզմանին դուռը: Բայց Աստուած խորտակեց գերեզմանին կապանքը եւ յարուցանեց Տէր Յիսուս Քրիստոսը` իբրեւ յարուցեալներուն առաջին պտուղը:

Յիսուս Քրիստոսի յարութեան դէպքը հիմնաքարն է քրիստոնէական հաւատքին: «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» յայտարարութիւնը ունի մշտանորոգ պատգամ մը, որ կը շեփորէ հետեւեալ երկու կարեւոր իրողութիւնները.

Առաջին, Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը կը հաստատէ յաւիտենական կեանքի անմեռ յոյսը: «Հոս չէ՛ ան. յարութիւն առաւ« յայտարարութիւնը կու գայ վկայելու անդենական կեանքի երաշխիքը, կու գայ հաստատելու Քրիստոսի խոստումը. «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը, ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի` պիտի ապրի» (Յովհաննէս 11. 25):

Այս կը նշանակէ, թէ Գողգոթայէն ու մութ գերեզմանէն անդին կայ հրաշափառ յարութիւն: Աւագ ուրբաթին կը յաջորդէ կիրակի օրուան հրաշալի առաւօտը: Մահը վերջակէտ չէ, այլ սոսկ ստորակէտ մը աւելի փառաւոր արարի մը, որ անվերջ ու յաւիտենական է:

Երկրորդ. Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը ո՛չ միայն անդենական կեանքի մը յոյսը կը ներշնչէ, այլ նաեւ ամէնօրեայ յաղթական կեանք մը ապրելու երաշխիքը կ՛ընծայէ:  Աւելի քան քսան դարերու ընթացքին բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն վկայութիւնը յար եւ նման եղած է Պօղոս առաքեալի զօրեղ վկայութեան. «Գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցով» (Ա. Կորն. 15. 57):

Քրիստոսի յարութիւնը հզօր ներգործութիւն ունեցաւ իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն կեանքին մէջ: Քրիստոս այնքան իրական դարձաւ իրենց կեանքին մէջ, որքան իրենց շնչած օդը իրենց թոքերուն համար: Ո՛չ մէկ բան կրնար բաժնել զիրենք յարուցեալ Քրիստոսի հանդէպ ունեցած իրենց հաւատքէն եւ սէրէն. ո՛չ հալածանքը, ո՛չ չարչարանքը եւ ո’չ իսկ մահը:

Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը մեր մէջ կ՛արմատացնէ այն հաւատքը, որ կարգ մը աստուածատուր սկզբունքներ որչափ ալ անտեսուին, անարգուին, կոխկռտուին եւ թաղուին` ի սպառ չեն կորսուիր, այլ ի վերջոյ կը յաղթանակեն: Թող խաւարամիտ, նենգամիտ եւ անիրաւ մարդիկ ուրանան, հալածեն եւ թաղեն լոյսը, ճշմարտութիւնը, արդարութիւնն ու սէրը, բայց, վաղ թէ ուշ, այս յաւիտենական իրականութիւնները պիտի յաղթանակեն: Թող կեղծաւոր, անգութ եւ անիրաւ փարիսեցիները, քահանայապետներն ու կուսակալները զրպարտեն, հալածեն, խաչեն եւ թաղեն Տէր Յիսուսը, բայց Աստուած մէկդի պիտի գլորէ գերեզմանաքարը ու պիտի յարուցանէ զԱյն:

Այս օրերուն Ուքրանիոյ ժողովուրդը ահաւոր վիճակի մը մատնուած է: Ռուսիոյ բռնակալ նախագահը կը փորձէ Ռուսիոյ հպատակ դարձնել իրեն դրացի Ուքրանիոյ Հանրապետութիւնը: Ան լծուած է անխնայ կոտորածի ու կործանումի արշաւի մը:

Ամբողջ երկիր մը, ներառեալ իր կէս միլիոն հայկական գաղութը, ենթարկուած է աննկարագրելի բարբարոսութեան մը: Հազարաւոր մարդիկ զոհ դարձած են ռմբակոծումներու, միլիոնաւոր մարդիկ մեծ ու պզտիկ գաղթական դարձած են, քաղաքներ ու կառոյցներ փլատակ դարձած են:

Անկասկած պիտի գայ այն օրը, երբ կեանքի խաւարած «գիշեր»-էն յետոյ պիտի ծագի խաղաղութեան արեգակը: Մինչ այդ, սակայն, իբրեւ քրիստոնեաներ պէտք է մեր աղօթքներով եւ մեր նիւթական նուէրներով օգնութեան ձեռք կարկառենք ուքրանացի ժողովուրդին եւ մեր գաղթական հայ եղբայրներուն ու քոյրերուն:

Կը հաւատանք, որ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը պիտի յաղթանակեն: Կը հաւատանք նաեւ, որ հզօր Աստուած իր գահին վրայ նստած կը շարունակէ գահակալել, եւ պիտի չարտօնէ, որ մեղաւոր մարդիկ ի սպառ յաղթանակեն: Վերջին խօսքը յարուցեալ եւ յաղթական Տէրոջն է: Անոնք, որոնք Իրն են կրնան հաւատքով եւ յոյսով ապրիլ եւ յաղթականօրէն գոչել`

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»

Յաջորդը

Հայրապետական Պատգամ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան. Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?