Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազեզէն Ամերիկա»

Ապրիլ 20, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ ՀԱՃԷԹԵԱՆ

Զարմինէ Պօղոսեան եզակի անձնաւորութիւն մը` մտաւորական, հրապարակագիր, հմուտ մանկավարժ, որ թէեւ Սուրիոյ մէկ փոքր գիւղաքաղաքին` Ազեզի մէջ ծնած, բայց իր իւրայատկութիւններով եւ գործունէութեան լայն կարողութիւններով ինքզինք պարտադրած` մինչեւ Նիւ Եորք, մինչեւ ամերիկեան հեռաւոր ափեր:

Իր եղբօր եւ շրջապատի քաջալերանքներուն դէմ տատամսոտ քայլերով գրելու արուեստը որդեգրած ու այդ անդաստանին մէջ յառաջացած ու հմտացած Զարմինէն կը յաջողի իր անունը տիրական դարձնել շատ մը պարբերականներու եւ թերթերու մէջ:

Զարմինէն եղած է մշակութային գործիչ եւ հաւատաւոր առաքեալը` հայ գիրին, գրականութեան ու մշակոյթի պահպանման:

Այս հատորով Զարմինէ Պօղոսեան կու տայ ընդհանրապէս իր մշակութային ու մանկավարժական փորձառութիւնը:

«Ազեզէն Ամերիկա» այս գիրքը իր տարբեր ենթաբաժանումներով ընթերցողին առիթ կու տայ,  որ ճանչնայ համամարդկային եւ ազգային այն որակաւոր շրջանակը, որոնց հետ ապրած է հեղինակը, որոնք իրենց մատնահետքերը ձգած են ժամանակին վրայ եւ հարստացուցած են Զարմինէի իմացական աշխարհն ու պայծառացուցած` անոր տեսլականը:

Զարմինէ Պօղոսեան արուեստագէտ մանկավարժ է, Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի (ՍՆԱՎ) բազմամեայ տնօրէնը, որ մեծ խանդաղատանքով եւ գուրգուրանքով երկար տարիներ պահած է Նիւ Եորքի ամէնօրեայ հայ վարժարանը` այս հայապահպանման օճախը:

Երկար տարիներու իր մանկավարժական փորձառութիւնը, որ մնացած է հաւատարիմ հայեցի բարոյական սկզբունքներու, զինք օժտած է բացառիկ կարողութիւններով:

Զարմինէ Պօղոսեանի գրական լեզուն շատ պարզ է, հաճելի ու հասկնալի, եւ ոճը` անսեթեւեթ, հոն չկան ժխտական երեւոյթներ: Անոր գրականութիւնը յաճախ գեղարուեստական շունչով գրուած յուշ մանրապատումներ, գրախօսականներ են, կամ` վերլուծական էջեր, ան լաւ դիտող ու վերլուծող է:

Ան իրական մտաւորական մըն է, որ ունեցած է համարձակութիւնը եւ քաջութիւնը` արտայայտելու բոլոր խոտոր ու անախորժ երեւոյթները, նոյնիսկ` հանրածանօթ ու պատասխանատու անձերու:

Հաճելի էր ապրիլ իր էջերուն հետ` զգալով այդ մաքուր, հարազատ դաստիարակութիւնը, որ  ստացած է իր ընտանեկան շրջապատին մէջ: Անոր ունեցած զանազան փորձառութիւններն ու հանդիպումները հարստացուցած են իր կեանքի մթնոլորտը եւ իր իմացական ներաշխարհը:

Անշուշտ չենք կրնար անտեսել իր բանաստեղծական ներշնչումները, որոնք ուշագրաւ գրութիւններ են` նուիրուած մասնայատուկ անձերու, բանաստեղծներու եւ արուեստագէտներու:

Զարմինէ Պօղոսեան  համեստ ու երախտապարտ անձն է` իր ուսուցիչներուն ու դաստիարակներուն նկատմամբ, ու շնորհակալութեամբ կը յիշէ անոնց բարերար ազդեցութիւնը իր կեանքին վրայ: Ան չի մոռնար իր համեստ ծննդավայրը եւ պարզուկ կեանքը, որ ապրած է, բայց օրերուն հետ իր նուաճած յաջողութիւնները այն խորունկ փաստերն են իր հաւատաւոր անձնաւորութեան ու պայծառ տեսլական մը կերտած մանկավարժին, գրագէտին ու լրագրողին:

 

 

 

 

Նախորդը

Նշմար. Դանակը Հասած Է Ոսկորին…

Յաջորդը

Պուրճ Համուտէն… Բարի Զատիկ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?