Անդրադարձ

Յարութիւն Քիւրքճեան Կամ Վարժեցում Ազատութեան (Սփիւռքեան Մտածողութիւն Մը)

Յարութիւն Քիւրքճեան Կամ Վարժեցում Ազատութեան (Սփիւռքեան Մտածողութիւն Մը)

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ. Ինքնութիւն... 2) Ա.- Քիւրքճեան իր «Շողանկարումներ / սփիւռքի առաջին Սերունդէն» (հատոր` «Սփիւռք եւ ինքնացում») վերլուծումի մեկնակէտին, նախքան «որբանոցային շրջանին էջերուն իր ընթերցումը, քանի մը էջեր յատկացուցած է Համաստեղի, եւ կատարած` սա հաստատումը, թէ անոր գրականութիւնը «Ներկայի եւ առհասարակ ժամանակի տիրապետութի՛ւն է. գրողական արարքը իրեն համար ջղագարային անգիտակցութենէն անդին` սեփական արարքի, սեփական վայրի ու սեփական օրէնքի խոր...

Հինգ Տարի` Առանց Վարդան Գրիգորեանի. Տուն Տանող Ճամբան Եւ Ապագայի Կապող Կամուրջը

Հինգ Տարի` Առանց Վարդան Գրիգորեանի. Տուն Տանող Ճամբան Եւ Ապագայի Կապող Կամուրջը

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Կը յիշեմ 2021-ի գարնանային այդ կէսօրը, երբ ստացայ Վարդան Գրիգորեանի մահուան լուրը: Անմիջապէս զգացի, որ աշխարհը քիչ մը աւելի խամրեցաւ: Արդէն հինգ տարի անցած է այն օրէն. ու մինչ իր ղեկավարած հաստատութիւնները` Նիւ Եորքի հանրային գրադարանէն մինչեւ «Պրաուն» համալսարանն ու «Քառնեկի» հիմնարկութիւնը, կը շարունակեն ծաղկիլ, ես այս գրութիւնով կ’ուզեմ յիշել իր կառուցած այն կամուրջը, որ երկարեց դէպի նոր...

Խապրիկներ Եգիպտոսէն.  Հոյպունի Մասին Գիտական Մենագրութիւն Կը Պատրաստէ

Խապրիկներ Եգիպտոսէն. Հոյպունի Մասին Գիտական Մենագրութիւն Կը Պատրաստէ

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ Կիրակի, 10 մայիսի երեկոյեան Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ պատահմամբ հանդիպեցայ պատմաբան, փրոֆեսէօր եւ հայկական նիւթերու ուսումնասիրութեան նուիրուած դոկտ. Մոհամետ Ռիֆհաթին, որ Հայ դատի մարմինի ներկայացուցիչ բժ. Արմէն Մազլումեանին կը ներկայացնէր «Մուսթաֆա Քեմալ. պայքար Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ (1919-1921 թթ.)» վերնագրուած Հայաստանի ակադեմիկոս, թրքագէտ դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեանի աշխատասիրութեան արաբերէն թարգմանութեան եւ հրապարակման աշխատանքներու ընթացքը: Խօսքի մէջ դոկտ. Ռիֆհաթ յայտնեց, որ...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Թուրքական Կցորդ Կամ Տնօրինել Սեփական Ճակատագիրը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Թուրքական Կցորդ Կամ Տնօրինել Սեփական Ճակատագիրը

Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտով թւում էր, թէ մարդկութիւնը պատմութեան աղբանոցն ուղարկեց համաշխարհային կայսերապետութեան ձգտող վերջին խելագարին: Արիւնահեղութեան հսկայ բաղնիքում ֆաշիզմի ու ցեղապաշտութեան գաղափարախօսութեանը զոհ գնացած մարդկանց թիւը, ներառեալ` տարբեր տարածաշրջաններում բռնկուած պատերազմների պատճառով ծագած սովի ու համաճարակների զոհերը, հաշւուում է մինչեւ 80 միլիոն մարդ: Նիւրենպերկեան միջազգային դատավարութիւնը, Գերմանիայում, Ճափոնում, Իտալիայում, ինչպէս եւ վերջիններիս դաշնակից այլ երկրներում ազգայնամոլական, ցեղապաշտական վարչակարգերի տապալումը...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի 4-րդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի 4-րդ Թիւը

Հրապարակուած է ՀՅԴ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի այս տարուան չորրորդ թիւը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան: Ընթերցողը «Հայ դատ» խորագիրին ներքոյ կը ծանօթանայ 111 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն վերաբերող նիւթեր, մամուլին մէջ անոնց արձագանգներուն, ինչպէս նաեւ իրաւական, քաղաքական բեմերու վրայ` իբրեւ գործընթաց մը, որ կը շարունակուի տարբեր դրսեւորումներով: Միաժամանակ` իբրեւ գործընթաց մը, որ իր պատմական հանգուցալուծումը չէ ստացած տակաւին մարդկութեան...

Հրաժեշտ` Ընկեր Թաթուլին

Հրաժեշտ` Ընկեր Թաթուլին

Հայ օգնութեան միութիւնը կորսնցուց վերջին շուրջ երեսուն տարիներուն մեր կազմակերպութեան անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցած` բոլորին սիրելի Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանը: Կազմակերպութեան մը առաքելութեան, տեսլականին եւ ծաւալած աշխատանքներուն մասին յստակ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններուն արժանահաւատ աղբիւրը անոր պաշտօնաթերթն է, ՀՕՄ-ի պարագային` «Հայ Սիրտ»-ը, որ շնորհիւ ընկեր Թաթուլին արհեստավարժ աշխատանքին` վերածուեցաւ հայ մամուլին մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունեցող պարբերաթերթի մը: «Հայ Սիրտ»-ը բաբախեց մեր ընկերոջ...

Դպրեվանքեան Ոգին. Եղբայրասիրութիւն

Դպրեվանքեան Ոգին. Եղբայրասիրութիւն

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Առիթով մը, երբ աշակերտական հաւաք կը կատարէինք,  դպրեվանեցիներուն հարցուցի, թէ դպրեվանքէն ներս ի՛նչ բանը ամէնէն շատ կը սիրեն: Անկեղծ ըսած, զարմացայ, որ մեծ թիւով աշակերտներ տուին նոյն պատասխանը` «եղբայրասիրութիւն»: Նիշ տալու «հաշիւներ» չկային, որպէսզի ենթադրէի, որ անոնք կ՛ուզէին լաւ պատասխան մը տալ: Ո՛չ: Յստակօրէն զգալի էր, թէ զիրենք դպրեվանքին կապող ամէնէն ակնյայտ իրականութիւնը եղբայրասիրութեան կապն էր:...

24 Ապրիլ 2023 = 108 Տարի

Քորեկիտոր Կղզին Եւ Մալինթա Փապուղին – Ֆիլիփին

ՏՈՔԹ. ՓԱՈԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ 2007 թուականին առաջին անգամ ըլլալով Ֆիլիփին ուղեւորուեցայ Հարիրիի անուան հիւանդանոցին կողմէ` Ֆիլիփինի առողջապահութեան նախարարին հետ հանդիպելու եւ գործողութեան սենեակներու փորձառու հիւանդապահներ բերելու համար, սակայն յաջողութիւն չգտայ, այն իմաստով, որ մեր երկիրը տագնապի մէջ էր, Պէյրութի կեդրոնը վրաններ լարած էին եւ պաշարած` նախարարութեան շէնքը: Ֆիլիփինի նախարարը մերժեց իր ֆիլիփինցի հիւանդապահները ղրկել այդպիսի  պայմաններու տակ գտնուող երկիր մը` ըսելով....

Մեր Կորուստները.  Հաւատքի Մարդը` Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան

Մեր Կորուստները. Հաւատքի Մարդը` Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան

Մայիս 6-ին իր մահկանացուն կնքեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նուիրեալ ղեկավար, արուեստագէտ, բանաստեղծ, թարգմանիչ, խմբագիր, արխիւագէտ, Հայ օգնութեան միութեան նուիրեալ մշակ եւ Հայ դատի ամբողջ կեանքին ծառայած մարտիկ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանը` իր ետին ձգելով ժառանգութիւն մը, որ կը պատկանի ոչ միայն իր ընտանիքին եւ գաղափարակիցներուն, այլ նաեւ` ամբողջ հայ ժողովուրդին, որուն ծառայեց մօտ ութ տասնամեակ: Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէ ծնած է մայիս 1928-ին,...

Թուրք Հետաքննող Լրագրողը Կը Բացայայտէ Միացեալ Նահանգներու Մէջ Թուրքիոյ Ներթափանցման Ճիգերը

Թուրք Հետաքննող Լրագրողը Կը Բացայայտէ Միացեալ Նահանգներու Մէջ Թուրքիոյ Ներթափանցման Ճիգերը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ բնակող այլախոհ թուրք հետաքննող լրագրող Ապտուլլահ Պոզքուրթը «Nordic Monitor»-ի մէջ հրատարակուած «Թուրքիան կ՛աշխուժացնէ Ուաշինկթընի մէջ գաղտնի եւ բացայայտ ազդեցութեան գործողութիւնները» խորագիրով յօդուածին մէջ բացայայտած է Թուրքիոյ բազմաշերտ ու ընդլայնուող գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ահա թէ ինչպէ՛ս Պոզքուրթը ամփոփած է իր բացայայտումները. «Թուրքիան զգալիօրէն ընդլայնած է իր լոպիինկի եւ ազդեցութեան գործողութիւնները Միացեալ Նահանգներու մէջ` կառուցելով...

Փարիզէն Զգաստութեան (Հերթական) Հրաւէր Կազմակերպուած Սփիւռքին

Փարիզէն Զգաստութեան (Հերթական) Հրաւէր Կազմակերպուած Սփիւռքին

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Փարիզի մէջ Հայաստանի նոր դեսպանատան բացման արարողութեան ընթացքին պատահածը զգաստութեան հրաւէր է ամբողջ սփիւռքին: Արցախը յանձնած իշխանութիւններէն սպասելի էր, որ Արցախի ներկայացուցիչը չհրաւիրէին ձեռնարկին: Բայց թեմի առաջնորդն ու ֆրանսահայ համայնքը ներկայացնող կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնը հրաւիրեալներու ցանկէն դուրս ձգելը համայնքի՛ն նկատմամբ անարգանք է: Միաժամանակ անիկա այս իշխանութիւններուն ապերախտութեան եւ ոխակալութեան ցուցանիշն է: Ապերախտութիւն` որովհետեւ մինչեւ այս նոր կառոյցի ձեռքբերումը...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կը Սպասեմ Քեզ

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Կը սպասեմ քեզ ամպերուն հետ` Տեղատարափ իբրեւ անձրեւ, Տեղա՛ հոգւոյս մէջ իմ պապակ, Զովացուր իմ սիրտս կրակ, Հեռացո՛ւր զիս այս աշխարհէն Ամէն գիշեր աստղերուն հետ, Անբաւ սիրոյ երկնքին մէջ, Եղիր լուսին, արեւ անշէջ: Երկնքիս մէջ նաեւ շանթեր Երբեմն կը փայլատակեն: Հողմ, փոթորիկ, աշուն, ձմեռ Կը սպասեն զիս դաժան օրեր: Ժպիտիդ հետ կը բերես դուն Նեղ օրերուս հազար գարուն:...

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի.   Միջոց Եւ Ոչ` Նպատակ (Արհեստական Բանականութիւնը Եւ ՀՄԸՄ-ը)

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի. Միջոց Եւ Ոչ` Նպատակ (Արհեստական Բանականութիւնը Եւ ՀՄԸՄ-ը)

Աշխարհը կ՛ապրի արագ զարգացող արհեստագիտական ժամանակի մը մէջ: Ամէն օր կը ստեղծուին նոր միջոցներ եւ կարելիութիւններ, որոնք կը փոխեն` մեր կեանքին ձեւը, աշխատանքին ընթացքը եւ հաղորդակցութեան եղանակը: Նորութիւններու շարքին լայն տեղ կը գրաւէ արհեստական բանականութիւնը` ԱԲ-ն, որ մեծ ազդեցութիւն ունի կրթութեան, գիտութեան, քարոզչութեան եւ հասարակական կեանքի զանազան մարզերուն մէջ: Հայ կեանքը եւ ՀՄԸՄ-ը եւս հեռու չեն, չե՛ն կրնար ըլլալ, այս...

Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը

Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Հայաստանի քաղաքական դաշտը այսօր կրկին կը գտնուի այնպիսի գաղափարական բախումի մը առջեւ, որուն կեդրոնը ոչ միայն Արցախի հարցն է, այլ նաեւ` ամբողջ ժամանակակից հայկական ինքնագիտակցութիւնը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները, թէ` ղարաբաղեան շարժումը «ճակատագրական սխալ» էր, «Արցախը երբեք հայկական չէ եղած» եւ Հայաստանը իր ստեղծման օրէն «պատանդ» դարձած էր այդ շարժումին, նոր եւ վտանգաւոր բանավէճ մը ստեղծեց հայ...

Լեւոն ԺԴ. Պապ Ուղիղ Եթեր Կը Մտնէ  Առաւօտեան Ժամը 3:00-ին` Հրատապ Տեղեկութիւն Մը Հաղորդելու Համար[1]

Լեւոն ԺԴ. Պապ Ուղիղ Եթեր Կը Մտնէ Առաւօտեան Ժամը 3:00-ին` Հրատապ Տեղեկութիւն Մը Հաղորդելու Համար[1]

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ «Այսօր երեկոյեան ես գրութիւն մը ստացայ, զայն ինծի ղրկած էին զիս լռեցնելու համար»: Առաւօտեան ժամը 3:07-ին Լեւոն ԺԴ. պապը չսպասեց Վատիկանի պաշտօնական յայտարարութեան, այլ ինք ուղիղ հեռարձակումի դիմեց գիշերուան ամենալուռ ժամուն: Ո՛չ մայր տաճար: Ո՛չ ամպիոն: Ո՛չ արարողութիւն: Միայն մութ սենեակ մը, հեռախօս մը եւ իր քով կանգնած լուռ մտերիմ գործակից մը: Հոգեւորականի պարզ զգեստով` ան իր...

Պատանիի Մը Հոգեւոր Փորձառութիւնը

Պատանիի Մը Հոգեւոր Փորձառութիւնը

ՍՕՍԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ Այգ Գրիգորեան 15 տարեկան պատանի մըն է: Ան 2024-ին Շիքակոյի Քարլ Սանտպըրըի 11-րդ կարգի աշակերտ էր ու կը պատրաստուէր իր քրոջը հետ երթալ տեղւոյն եկեղեցւոյ կազմակերպած պատանիներու ամառնային բանակումին, երբ Լիբանանէն ծնողքը լուր ստացաւ, որ իրենց մեծ մայրը մահաքունի մէջ է: Այս լուրը կը ստիպէ Այգին մայրը` 48 ժամուան ընթացքին կազմակերպելու դէպի Լիբանան իր ճամբորդութիւնը, որպէսզի հասնի...

«Տաղարան»-ը Նշում Է Իր 45-Ամեակը

«Տաղարան»-ը Նշում Է Իր 45-Ամեակը

Մ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ Տարին յոբելենական է «Տաղարան»-ի համար. հնագոյն երաժշտութեան համոյթը տօնում է իր 45-ամեակը` գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սեդրակ Երկանեան: Մօտ կէսդարեայ պատմութիւն կերտած այս բացառիկ համոյթը, իր տաճարային երաժշտութեամբ, անտարբեր չի թողնում անգամ ամենաբծախնդիր հանդիսատեսին: Իւրաքանչիւր համերգի «Տաղարան»-ը ներկայանում է նոր շնչով, ժամանակին համընթաց, ակադեմական բեմահարթակից հնչեցնելով 5-15-րդ դարերի հայ ազգային մշակոյթի բացառիկ արժէքներ`...

Յիշատակի Ձեռնարկ` Վիգէն Զաքարեանի  Նահատակութեան 34-Ամեակին Առիթով

Փառք Այն Երիտասարդութեան, Որուն Պայքարի Զրահը Վիգէնն Է*

ԱՐԱԶ ԷԼԷՅՃԵԱՆ «Ես կ’ուզեմ Արարատը, Հայաստանը, կ’ուզեմ ազատ, անկախ ու գեղեցիկ Հայաստանը, կ’ուզեմ տեսնել զայն, համբուրել այն հողը, որուն մէջ կան հայ գիւղացիին, հայ զինուորին, հայ թագաւորին, հայ յեղափոխականին արիւնն ու քրտինքը: «Կ’ուզեմ այդ հողէն, կ’ուզեմ, որ ան միշտ մնայ գրպանիս մէջ, հոգ չէ թէ ան աղտոտէ հագուստներս, որովհետեւ անոր աղտոտութիւնը պիտի չերեւի, այլ անիկա աւելի պիտի մաքրէ հագուստներս եւ...

Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման Տօնը

Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման Տօնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին Սուրբ Զատիկէն քառասուն օր ետք` հինգշաբթի օր, կը նշէ Քրիստոսի Համբարձման տօնը: Համբարձման տօնը կ՛եզրափակէ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան շրջանը: Համբարձում կը նշանակէ բարձրացում: Համբարձումը յարուցեալ Քրիստոսի մարմինով երկինք բարձրանալու եւ Հօր աջ կողմը նստելու յիշատակն է: Յարութենէն ետք Քրիստոս քառասուն օր մնաց երկրի վրայ եւ երեւցաւ հաւատացեալներուն` իւղաբեր կանանց, Էմմաուսի ճամբորդներուն եւ առաքեալներուն` Վերնատան մէջ եւ...

Սթափելու Ժամանակը

Ճակատագրական Ընտրութիւն

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ինչպէս յայտնի է, Հայաստան կը պատրաստուի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն, որոնք պիտի կայանան 7 յունիս 2026-ին: Ընտրութիւնը համամասնական դրութեամբ է, այսինքն` ընտրողները կը քուէարկեն ի նպաստ ցուցակներու: Ցուցակները կրնան ներկայացնել առանձին կուսակցութիւններ կամ կուսակցութիւններու դաշինքներ: Խորհրդարան մուտք ունենալու համար առանձին կուսակցութիւն մը պէտք է ապահովէ քուէներու չորս տոկոսը (4%), իսկ դաշինքը` ութ տոկոս (8% ): Կը կարծուի, որ ընտրութեան...

Page 26 of 808 1 … 25 26 27 … 808

Արխիւներ