Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճակատագրական Ընտրութիւն

May 13, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ինչպէս յայտնի է, Հայաստան կը պատրաստուի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն, որոնք պիտի կայանան 7 յունիս 2026-ին: Ընտրութիւնը համամասնական դրութեամբ է, այսինքն` ընտրողները կը քուէարկեն ի նպաստ ցուցակներու: Ցուցակները կրնան ներկայացնել առանձին կուսակցութիւններ կամ կուսակցութիւններու դաշինքներ: Խորհրդարան մուտք ունենալու համար առանձին կուսակցութիւն մը պէտք է ապահովէ քուէներու չորս տոկոսը (4%), իսկ դաշինքը` ութ տոկոս (8% ): Կը կարծուի, որ ընտրութեան ներկայացող ցուցակներէն միայն չորսը կամ հինգը միայն հնարաւորութիւն ունին նուաճելու խորհրդարան մուտքի շէմը: Ազգային ժողովը ունի նուազագոյնը հարիւր անդամներ (պատգամաւորներ): Իւրաքանչիւր շէմը յաղթահարող ցուցակէն ընտրուած կը նկատուին ստացած քուէներուն համեմատութեամբ թեկնածուներ: Օրինակ. եթէ ցուցակը ստացած է 15 առ հարիւրը քուէներուն, կ՛ունենայ 15 պատգամաւոր: Ի՞նչ կը պատահի սեմը չյաղթահարած ցուցակներու ձայներուն: Ընտրական օրէնքին համաձայն, այդ ձայները համամասնական եղանակով կը բաշխուին յաղթական ցուցակներուն, որոնց ստացած ձայներու համեմատութիւնը կը բարելաւուի: Մեկնաբանութեան մը մէջ կարդացի, որ ընտրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարուած է. ըստ այս փոփոխութեան, շէմը չյաղթահարած ձայները կը զեղչուին եւ համեմատական հաշիւը կը կատարուի յաղթահարածներու ընդհանուր գումարը 100 առ հարիւր համարելով: Ասիկա ստուգելի է ամենայն դէպս:

Պաշտօնական ընտրաշաւը կը տեւէ մէկ ամիս. 8 մայիսէն 5 յունիսի կէս գիշերը: Մամուլը պարտաւոր է բոլոր մասնակիցներուն քարոզչութեան համար հաւասար ժամանակ տրամադրել: Կարելի է նաեւ վճարովի ժամանակ ունենալ: Ընտրութեան գլխաւոր մասնակիցները` «Հայաստան» դաշինք, «Ուժեղ Հայաստան», «Բարգաւաճ Հայաստան», Քաղաքացիական պայմանագիր, կը շրջին մարզերը եւ Երեւանի համայնքները եւ ընտրական հաւաքներ կ՛ունենան, յաճախ նաեւ շրջաններու ընտրողներուն հետ զրոյցներ կատարելով: Ականատես կ՛ըլլանք նաեւ թէժ վիճաբանութիւններու:

Այս ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան գործող իշխանութիւնները հրաժարման մղելու բազմաթիւ փորձերէն ետք: Իշխանութիւններու քաղաքականութենէն դժգոհ քաղաքական ուժեր բողոքի յաջորդական շարժումներ կատարեցին, սակայն իշխանութիւնները` կրթնած իրենց խորհրդարանական երկու երրորդը գերազանցող մեծամասնութեան վրայ, ոչ միայն արհամարհեցին կրկնուող դժգոհութիւնները, այլ նաեւ դիմեցին զսպողական ծայրայեղ միջոցներու` ձերբակալութիւններու, բանտարկութիւններու եւ դատական հետապնդումներու: Պարտութեան, Արցախի պարպումին, հողային կորուստներուն, հազարաւորներու մահերուն պատասխանատուութիւնը պարտկելու համար, առաջ քաշուեցան «խաղաղութեան խաչմերուկ», «ժողովրդավարութեան պասթիոն (ամրոց)», «Իրական Հայաստան» եւ նմանատիպ այլ կարգախօսներ: Ժխտուեցան խորհրդանիշեր, Հայոց ցեղասպանութիւնը կասկածի մատնուեցաւ, Հայ դատը ուրացումի ենթարկուեցաւ, պահանջատիրական շարժումները, հին եւ նոր, օտարի թելադրանք նկատուեցան: Ըսուեցաւ, որ Արցախը մեր վիզէն կախուած թոկ (պարան) էր. Արցախը կորսնցուցինք, սակայն… շահեցանք Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը:

Ընտրական բանավէճը բնականաբար այս թեմաներուն շուրջ կը կայանայ: Ժխտումի հետեւողական մագլցումին մէջ աստիճան մը եւս բարձրանալով, ընտրարշաւի առաջին օրը, Սիւնիքի մէջ, Նիկոլ Փաշինեան հաւաստիացուց, որ Արցախը երբեւէ մերը չէ եղած եւ թէ այնտեղ ոչինչ կառուցած ենք, ոչինչ ստեղծած ենք: Նոյն Նիկոլ Փաշինեանը կը յաւակնի ըսել, որ Ղարաբաղեան շարժումը, որ սկսած է 1988-ի փետրուարին, ճակատագրական սխալ եղած է:

Ահաւոր պարտութենէ մը ետք, մեծաթիւ կորուստներէ ետք պահ մը կանգ առնելն ու վերակազմակերպուիլը հասկնալի երեւոյթ է: Պարտութեան արդիւնքը յաղթանակ նկատելը եւ խաբուսիկ խաղաղութեան մը անունով ազգային իրաւունքներէն հրաժարիլ, պատմութիւնը վերախմբագրել, հայութեան դարաւոր ձգտումները թիրախաւորել ոչ միայն անընդունելի են, ոչ միայն պախարակելի են, դաւաճանութիւն են մարդկային հաւաքականութիւն մը ազգի վերածող ձգտումներուն եւ հաւաքական գիտակցութեան նկատմամբ:

Եկող ընտրութիւնները ճակատագրական նշանակութիւն ունին Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար:

 

 

Նախորդը

Հայկական Պետականութեան Ընտրութիւնը. Անվերջ Զիջումնե՞ր Յանուն Գոյատեւման, Թէ՞ Ռազմավարական Վերականգնում

Յաջորդը

«Էն. Պի . Էյ.» Տոնավըն Միչել Երկու Մրցանիշ Հաստատեց Մէկ Մրցումի Ընթացքին. Լէյքըրզ Դուրս Մնաց 4-0 Արդիւնքով

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.