Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքեան Ոգին. Եղբայրասիրութիւն

May 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Առիթով մը, երբ աշակերտական հաւաք կը կատարէինք,  դպրեվանեցիներուն հարցուցի, թէ դպրեվանքէն ներս ի՛նչ բանը ամէնէն շատ կը սիրեն: Անկեղծ ըսած, զարմացայ, որ մեծ թիւով աշակերտներ տուին նոյն պատասխանը` «եղբայրասիրութիւն»: Նիշ տալու «հաշիւներ» չկային, որպէսզի ենթադրէի, որ անոնք կ՛ուզէին լաւ պատասխան մը տալ: Ո՛չ: Յստակօրէն զգալի էր, թէ զիրենք դպրեվանքին կապող ամէնէն ակնյայտ իրականութիւնը եղբայրասիրութեան կապն էր:

Դպրեվանքի աշակերտութիւնը կու գայ առաւելաբար Լիբանանի եւ  Սուրիոյ զանազան շրջաններէ:  Թէեւ` փոքրաթիւ, սակայն աշակերտներ ունեցած ենք եւ կ՛ունենանք նաեւ` Հայաստանէն, Արցախէն, Իրանէն, Յունաստանէն, Ամերիկայէն, Քանատայէն եւ այլ երկիրներէ: Թերեւս դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս տարբեր շրջաններէ եկած հայ պատանիներ ու երիտասարդներ կ՛ապրին եւ իրարու հետ կեանք կը կիսեն մէկ յարկի տակ: Պատկերացումէն անդին, աւելի՛ն ալ կարելի է հաստատել. իւրաքանչիւր սենեակի մէջ, շուրջ եօթը պատանի-երիտասարդներ` տարբեր տարիքի եւ խառնուածքի, իրենց հետ սովորութիւններ, հաւատալիքներ ու մշակութային իւրայատկութիւններ բերելով` համերաշխօրէն կ՛ապրին եւ միասին ժամանակ կ՛անցընեն եկեղեցւոյ, դասարանին, սեղանատան, ճաշասրահին ու խաղասրահին մէջ: Կը պատահի, որ անհամաձայնութիւններ, վէճեր, նոյնիսկ երբեմն «կռիւներ» տեղի ունենան: Սակայն, բոլոր պարագաներուն, եղբայրասիրութիւնը չի կորսուիր: Երբ մէկը ցաւի եւ կամ անհանգստանայ, բոլորն ալ կը վազեն օգտակար դառնալու իրենց ընկերոջ: Անհանգիստ եղողին ճաշ եւ դեղ կը տանին: Դասերու մէջ կը փորձեն իրարու օգնել: Չարաճճի ծրագիրներէն հետեւանքները կրելէ անմասն չեն մնար, որպէսզի մէկը առանձին չմնայ: Աւելի՛ն. եթէ աշակերտ մը պատիժ կրէ անկարգութեան պատճառով, ուրիշ մը կու գայ իր ընկերոջ համար բարեխօսելու կամ նոյնիսկ անոր յանցանքին հետեւանքը անձնապէս կրելու` փոխան ընկերոջ:

Եղբայրասիրութեան ասեղով կը հիւսուին որքա՜ն յիշատակներ, որոնք երկարատեւ տարիներ իրենց հետքը կը ձգեն բոլորին վրայ: Դպրեվանեան ուսանողութեան տարիներէն ետք, երբ դպրեվանեցիներ քով-քովի գան, շատ պատմելիքներ կ՛ունենան իրարու` յիշելով այն կեանքը, զոր կիսած են դպրեվանքի սուրբ յարկին տակ: Նոյնիսկ մէկ ամիսով ուսանող դարձած անձը ճաշակած կ՛ըլլայ դպրեվանքի յատուկ եղբայրասիրութեան արժէքը: Դպրեվանքի անունը իր յարկին տակ միացած հոգիները իրարու կը կապէ տոկուն պարանով մը, որմէ գեղեցիկ յիշատակներ եւ եղբայրասիրութեան ոգին կը կախուին. իսկ այս բոլորէն շնորհիւ եւ անոնցմէ վեր` դպրեվանքի ոգին է, որ կը կերտուի իւրաքանչիւր ուսանողի մէջ:

Դպրեվանքէն ներս կազմաւորուող եղբայրասիրութեան արժէքը ապագայ կուսակրօն թէ ամուսնացեալ հոգեւորականին համար մեծ նշանակութիւն ունի:  Անիկա նոյնիսկ աշխարհական շրջանաւարտին համար անհրաժեշտ է, որպէսզի ան ալ, իր կարգին, եղբայրասիրութեան սերմերը ցանէ իր շրջապատին մէջ: Բոլոր թերութիւններուն եւ փորձութիւններուն դիմաց, եղբայրասիրութիւնը արժանիք մըն է, որուն ազգովին կարիքը ունինք անհատական թէ հաւաքական բացթողումներու եւ  ձախողութիւններու առաջքը առնելու համար: Ահա դպրեվանեան այս ոգին պէտք է վարակիչ դարձնել եւ բոլորը` իբրեւ ապագայ ղեկավարներ, զինել անով:

 

 

Նախորդը

Քորեկիտոր Կղզին Եւ Մալինթա Փապուղին – Ֆիլիփին

Յաջորդը

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Նախաձեռնութեամբ` Լիբանանահայ Աշակերտները Մասնակցեցան Հայաստանի Մէջ «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Բանավէճի Հանրապետական Մրցաշարքին

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.