Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քորեկիտոր Կղզին Եւ Մալինթա Փապուղին – Ֆիլիփին

May 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՓԱՈԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

2007 թուականին առաջին անգամ ըլլալով Ֆիլիփին ուղեւորուեցայ Հարիրիի անուան հիւանդանոցին կողմէ` Ֆիլիփինի առողջապահութեան նախարարին հետ հանդիպելու եւ գործողութեան սենեակներու փորձառու հիւանդապահներ բերելու համար, սակայն յաջողութիւն չգտայ, այն իմաստով, որ մեր երկիրը տագնապի մէջ էր, Պէյրութի կեդրոնը վրաններ լարած էին եւ պաշարած` նախարարութեան շէնքը:

Ֆիլիփինի նախարարը մերժեց իր ֆիլիփինցի հիւանդապահները ղրկել այդպիսի  պայմաններու տակ գտնուող երկիր մը` ըսելով. «Երբ կացութիւնը բարելաւուի, այդ նիւթին վերաբերող որոշում կու տանք կրկին»:

Հոն գտնուած շրջանիս ինծի բարեկամ Լիբանանի հիւպատոս  Ժոզեֆ Ասաատ, որ Ֆիլիփին ծնած է եւ լիբանանցի ընտանիքէ է, որոնք շատոնց այդ երկիրը վաճառականութեամբ կը զբաղին, ինծի թելադրեց այցելել Ֆիլիփինի գեղեցիկ կղզիները:

Քորեկիտոր Կղզին Եւ Մալինթա Փապուղին – Ֆիլիփին
Քորեկիտոր Կղզին Եւ Մալինթա Փապուղին – Ֆիլիփին

10 օրուան կեցութեանս ընթացքին կրցայ քանի մը կղզի այցելել` Փորաքայ, Փանկլաօ եւ Քորեկիտոր, որոնք դրախտի կտորներ էին:

Հոս Փորոքայ  եւ Փանկլաօ կղզիներու մասին չէ, որ պիտի գրեմ, այլ` Քորեկիտոր կղզիին, որ հակառակ պզտիկ կղզի մը ըլլալուն` Համաշխարհային Բ. պատերազմին (Խաղաղական ովկիանոսի պատերազմ) նշանաւոր դարձած է:

Ֆիլիփինը բաղկացած է 7700 կղզիներէ, որոնցմէ ամէնէն փոքրն ու ամէնէն հռչակաւորը Քորեկիտոր կոչուած կղզին է:

500 տարիներ առաջ, երբ սպանական նաւատորմը գրաւեց Ֆիլիփինը եւ մտաւ գրաւելու Մանիլա քաղաքը, այն օրերու մեծաւորները անդրադարձան, թէ այդ պզտիկ կղզին ռազմավարական կարեւոր դիրք ունէր Մանիլայի ծովածոցի մուտքին եւ պաշտպանողական դիրք` Մանիլա քաղաքին համար, որ ետքը հռչակուեցաւ Ֆիլիփինի մայրաքաղաքը:

Քորեկիտոր Կղզին Եւ Մալինթա Փապուղին – Ֆիլիփին
Քորեկիտոր Կղզին Եւ Մալինթա Փապուղին – Ֆիլիփին

500 տարի առաջ սպանական զօրավարները թնդանօթներ զետեղեցին այս կղզիին վրայ, որպէսզի պաշտպանեն Մանիլան օտար նաւերէն, մանաւանդ` չիներէն կամ Մալեզիոյ սուլթաններէն, որոնք կը ջանային յարձակիլ եւ վերստին գրաւել զայն սպանացիներէն:

Այս ռազմավարական դիրք ունեցող կղզին ամերիկացիներուն կողմէ գրաւուեցաւ 1898-ին, իսկ 1902-ին հռչակուեցաւ ամերիկեան զինուորական կեդրոն, ուր շինուեցաւ մեծ հիւանդանոց մը` ամերիկեան բանակին համար:

Քորեկիտոր կղզին եղաւ կարեւոր զինուորական կեդրոն, իսկ կղզիին բարձր բլուրներուն  մէջէն, որոնք Մալինթա կը կոչուէին, շինուեցաւ հսկայ փապուղի մը, որ կոչուեցաւ Մալինթա փապուղի, ուր կը դրուէին զինամթերք եւ քարիւղի տակառներ. այս  փապուղին շատ զօրաւոր շաղախէ  շինուած էր եւ կրնար դիմանալ օդային ռմբակոծումներուն:

Երբ Համաշխարհային Բ. պատերազմը սկսաւ, ճափոնցիները 1941-ին անակնկալ յարձակումներ կատարեցին Քորեկիտոր կղզիին վրայ:  Ամերիկացիները ունէին 23 հսկայ թնդանօթներ, որոնք 360 աստիճան կը շրջուէին եւ կրնային հարուածել թշնամի նաւերը մինչեւ 23 քմ հեռաւորութեան վրայ:

Ճափոնական բանակը ամիսներ շարունակ իր նաւատորմով փորձեց գրաւել Մանիլան, բայց` ապարդիւն, որովհետեւ այս կղզիին վրայ տեղադրուած թնդանօթները անխնայ կը հարուածէին բոլոր նաւերը, որոնք կը փորձէին մօտենալ:

Հրամանատար Տուկլաս ՄաքԱրթըր, որ ամերիկեան բանակի պատասխանատու զօրավարն էր, իր գլխաւոր կեդրոնատեղին եւ կեդրոնական հրամանատարութիւնը հաստատած էր այդ կղզիին վրայ, ուր կը բնակէր` կազմակերպելով նաեւ դիմադրութեան շարժումներ ճափոնցիներուն դէմ:

1941-ին, երբ ճափոնցիները յարձակում գործեցին Ֆիլիփինի վրայ, երկրի նախագահը` Մանուէլ Քուէզոն, լքեց Մանիլան եւ հրամանատար Տուկլաս ՄաքԱրթըրին  հետ փախուստ տուաւ դէպի Քորեկիտոր կղզին, ճիշդ արեւմտեան Ծնունդի օրը` 24 դեկտեմբեր 1941-ին:

Քորեկիտոր կղզին յաջողեցաւ դիմադրել ճափոնցիներուն` շնորհիւ իր հսկայ թնդանօթներուն, սակայն երբ այլեւս յոյս չկար դուրսէն որեւէ օգնութիւն ստանալու, որոշուեցաւ, որ հրամանատար Տուկլաս ՄաքԱրթըր, նախագահ Մանուէլ Քուէզոն եւ  Ֆիլիփինի պետական կարգ մը անձնաւորութիւններ սուզանաւով փախչին դէպի Մինտանաօ կղզի եւ հոնկէ` դէպի Աւստրալիա:

Այս առիթով ալ հրամանատար Տուկլաս ՄաքԱրթըր կղզիին վրայ ստիպողաբար մնացող իր զինուորներուն ըսաւ իր նշանաւոր խօսքը. «Պիտի վերադառնամ» (Այ շել ռիթըրն):

Շուրջ 3 շաբաթ Քորեկիտոր կղզիի ամերիկացի եւ ֆիլիփինցի զինուորները մեծ զոհողութիւններով պայքարեցան ճափոնցիներուն դէմ,  բայց թէ՛ զինամթերքը, թէ՛ ուտեստեղէնը եւ թէ՛ դեղորայքը սպառեցան, այդ պատճառով ալ 35.000 զինուորներ, Մալինթա փապուղիին մէջէն դիմադրելէ ետք ստիպուեցան յանձնուիլ ճափոնցիներուն:

Յանձնուած այս զինուորները փոխադրուեցան  Պաթաան կոչուած կղզիները, ուր սաստիկ եւ ահաւոր ձեւերով պատժուեցան. շատեր հիւանդութիւններու, անօթութեան եւ պատիժներու պատճառով մահացան:

2 անգամ բախտը ունեցած եմ այցելելու Քորեկիտոր կղզին եւ Մալինթա փապուղի: Այս կղզին այցելելու ամէնէն հետաքրքրական եւ տպաւորիչ բաժինը այն է, որ ամբողջութեամբ անմարդաբնակ է եւ ձգուած` իր բնական վիճակին:

Այսինքն կարծէք թէ պատերազմը տակաւին երէկ վերջացած է… ամէն բան եղածին   պէս   ձգուած  է… փլատակ   շէնքեր   ու   տուներ   եւ  մանաւանդ  այդ  հսկայ  թնդանօթները, իրենց բնական ածխափոսերուն (bunker) մէջ… Երբ հոն կը հասնիս, այդ բլուրներուն եւ դաշտերուն վրայ, կը կարծես թէ դուն եւս այդ վայրկեանին մաս կը կազմես տեղի ունեցած այդ համաշխարհային պատերազմին… հոն կարծես ժամանակը կանգ առած է 1945 թուականէն ի վեր:

Մալինթա փապուղիին մէջ աջին եւ ձախին կան ուրիշ պզտիկ անցքեր, որոնք ժամանակին գործածուած էին` իբրեւ ճաշարաններ, գրասենեակներ, ննջասենեակներ, հիւանդանոցի գործողութեան սրահներ ե ւ այլն: Կրնանք ըսել, թէ կային զանազան կողմնակի փապուղիներ (24 հատ), ուր 35.000 ամերիկացի եւ ֆիլիփինցի զինուորներ 3 շաբաթ շարունակ դիմադրած էին ճափոնցիներուն:

Երբ իբրեւ զբօսաշրջիկ մտանք Մալինթա փապուղի, որ մօտ 500 մեթր երկարութիւն ունէր, նեղութիւն զգացինք եւ ապշած շուրջերնիս դիտեցինք` տպաւորուած այդ հսկայ պատմական մթնոլորտէն:

Երբ 1945-ին ամերիկացիները վերագրաւեցին Ֆիլիփինը եւ մանաւանդ Քորեկիտոր կղզին, 5000 ճափոնցի զինուորներ կը պաշտպանէին կղզին: Քանի մը օր դիմադրելէ ետք վերջին 500 զինուորները, իրենց կարգին, մտան Մալինթա փապուղի եւ մէկ բաժնին մէջ տեղաւորուեցան` վերջին դիմադրութիւնը ցոյց տալու եւ, ըստ իրենց սովորութեան, չյանձնուելու համար, 21 փետրուար 1945-ին իրենք զիրենք պայթեցնելով` անձնասպան եղան:

Ճափոնի կայսեր փափաքով, այդ փլատակ փապուղիին մէջ տակաւին կը գտնուին անոնց դիակները. մինչ դուրսը տեղադրուած նշանակ մը այցելողներուն կը յիշեցնէ անոնց զոհողութիւնները:

Մինչեւ այսօր ոչ մէկ անձ ներս մտած է` նկատի ունենալով, որ այդ մէկը վտանգաւոր կրնար ըլլալ փլատակներուն պատճառով եւ միաժամանակ յարգելու համար Հիրօ Հիթօ  կայսեր փափաքն ու իրենց աւանդութիւնները:

Քորեկիտոր կղզին այսօր նշանաւոր կեդրոն է զբօսաշրջիկներուն համար:

Հրամանատար Տուկլաս ՄաքԱրթըր  իր խոստումը  յարգեց եւ վերադարձաւ Քորեկիտոր  կղզի`  25  փետրուար  1945-ին, 3 երկար տարիներէ ետք, 12 մարտ 1942-ին սուզանաւով դէպի Աւստրալիա հեռացումէն, կազմակերպելու համար վերադարձը` Ֆիլիփինը վերագրաւելու նպատակով:

Քորեկիտոր կղզին ամէնէն պզտիկ կղզին է, մօտ 6 քառ. քմ տարածութեամբ (6,5 քմ երկարութիւն եւ 2 քմ լայնք), բայց պատմական մեծ եւ կարեւոր դիրք մը ունեցած է:

Հոն մահացած զինուորներուն ընտանիքները` ամերիկացի, ֆիլիփինցի կամ ճափոնցի, ամէն տարի աղօթքի նպատակով կ՛այցելեն այս կղզին, ուր կը գտնուի թանգարան մը, որ կը պարունակէ տեսակ-տեսակ զէնքեր, որոնք գործածուած էին այդ ծանր օրերուն:

Հին թշնամիները եւս կու գան եւ կ՛այցելեն այս կղզին, եւ իրենց աչքերը կը լեցուին արցունքներով, երբ կը տեսնեն իրենց պապերուն ըրած սխալները, անոնք աւելի աշխուժութեամբ կը հեռանան այդ կղզիէն` աւելի համոզուած ըլլալով, որ միայն խաղաղութիւնը կը փրկէ աշխարհը եւ մարդ էակը:

 

 

Նախորդը

«Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Յիսնամեայ Երթը «Բարերար» Գաղութի Վերելքին Լաւագոյն Ցուցանիշն Է». Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան

Յաջորդը

Դպրեվանքեան Ոգին. Եղբայրասիրութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.