ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
«Այսօր երեկոյեան ես գրութիւն մը ստացայ, զայն ինծի ղրկած էին զիս լռեցնելու համար»:
Առաւօտեան ժամը 3:07-ին Լեւոն ԺԴ. պապը չսպասեց Վատիկանի պաշտօնական յայտարարութեան, այլ ինք ուղիղ հեռարձակումի դիմեց գիշերուան ամենալուռ ժամուն:
Ո՛չ մայր տաճար: Ո՛չ ամպիոն: Ո՛չ արարողութիւն: Միայն մութ սենեակ մը, հեռախօս մը եւ իր քով կանգնած լուռ մտերիմ գործակից մը:
Հոգեւորականի պարզ զգեստով` ան իր խօսքը արտասանեց. «Այս առաւօտ, ժամը 1.44-ին, ես գրութիւն մը ստացայ-, հանդարտօրէն ըսաւ պապը: – Այս գրութեան աղբիւրը առնչուած է ազդեցիկ անձերու: Սա միայն մէկ նախադասութիւն էր»: Ան կարդաց գրութիւնը. «Եթէ շարունակէք խօսիլ այն բաներուն մասին, որոնք ձեզի չեն վերաբերիր, լա՛ւ իմացէք, որ իշխանութեան տէր անձերուն հոգն անգամ չէ, թէ դուք ի՛նչ կ՛ըսէք»: Ապա ըսաւ. «Սա քննադատութիւն չէր. այլ` սպառնալիք», եւ շարունակեց խօսիլ` որպէս հոգեւոր առաջնորդ եւ պատասխանատու անձնաւորութիւն:
Պապը ճշմարտութեան եւ անարդարութեան մարտահրաւէր կարդացողներուն կողմէ բանեցուող ճնշումին մասին կը խօսէր: Այս բոլորին ի լուր` լուռ մնալու անկարելիութիւնը կ՛ընդգծէր:
«Սա առաջին անգամը չէ, որ ինծի կը թելադրեն աւելի քիչ խօսիլ», խոստովանեցաւ ան, եւ աւելցուց. «Ինծի յաճախ խելք կու տան, որ մեղմացնեմ խօսքերս, որպէսզի չանհանգստացնեմ իշխանութեան վրայ գտնուող մարդիկը»:
«Ճշմարտութիւնը իր գինը ունի: Քեզ կը լսեն մինչեւ այն ատեն, երբ խօսքերդ հաճելի կը հնչեն իրենց ականջներուն», շարունակեց պապը, եւ ապա հաստատեց. «Բայց այսօր, այս ժամէն սկսեալ, այլեւս ամէ՛ն բան փոխուած է»:
Ակնթարթային դադարէ ետք ան ըսաւ. «Այս առաւօտ մէկը որոշեց կարմիր սահմանագիծ ճշդել: Ահա թէ ինչո՛ւ այստեղ եմ հիմա: Գրաւոր պատգամ չեմ բերած: Խօսքս չէ վերախմբագրուած: Ըսելիքս չէ գրաքննուած: Ես այժմ ձեզի կը խօսիմ այն պարտականութեանս մասին, որ իմ պաշտօնակատարութիւնս չէ, այլ` կոչումս: Երբ ճշմարտութիւնը սպառնալիքի տակ է, լուռ մնալը մեղսակցութիւն է, յանցագործութեան համազօր է: Սպառնալիքը միշտ բարձրաձայն չի՛ հնչեր. երբեմն ան մեղմ կը հնչէ: Եթէ այս պահէն սկսեալ ձայնս սկսի լռել, մարդիկ պիտի իմանան, որ սա դիպուած չէր: Ամէն մարդ լաւ թող գիտնայ. ես նահանջող չեմ. ես առճակատումի գացող չեմ: Ես պարզապէս կանգնած եմ այնտեղ, ուր պէտք է կանգնած մնամ` որպէս ուղղամիտ եւ քաջ մարդ»:
Պապին վերջին խօսքերը եղան. «Վաղը կը հանդիպինք: Թերեւս ալ ո՛չ երբեք…»:
Ուղիղ հեռարձակումը աւարտեցաւ:
Ոչ մէկ յաւելեալ լուսաբանութիւն:
Պարզապէս լռութիւն:
Իսկապէս այս ստացուած գրութիւնը կարելի չէր անտեսել:
Անթիլիաս, 3 մայիս 2026
Յ. Գ. Խօսք մը, ձայն մը, թէկուզ թրթռացում մը, որ աշխարհի բոլոր մարդիկը կը փափաքին լսել իրենց հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարներէն` աւելի խաղաղ, հաշտ, աստուածահաճոյ եւ մարդամերձ ընկերութեան մը կերտումին համար:
Ն.
[1] Կիրակի, 3 մայիսի երեկոյեան ժամը 4.36-ին դիմատետրիս վրայ Ivan Flett Memorial Dancers-էն (https://www.facebook.com/ifmdancers) ստացայ այս լուրը, որ շատ հաւանաբար կրնայ վաւերական չըլլալ, սակայն անոր բովանդակութիւնը շատերուն մտքին եւ սրտին արձագանգը ըլլալէն հեռու չէ: Լուրը անգլերէնէ ազատ թարգմանութեամբ ընթերցողներուս ուշադրութեան կը յանձնեմ անոր այժմէական թելադրականութեան պատճառով: Նաեւ Google ըրի եւ այս յղումը եւս գտայ, որ կրնայ լուսաբանիչ ըլլալ. https://flarebg.jervisfamily.com/posts/pope-leo-xiv-goes-live-3-am-urgent-message-close-huytruong123-team-flare-ae14


