Հայ օգնութեան միութիւնը կորսնցուց վերջին շուրջ երեսուն տարիներուն մեր կազմակերպութեան անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցած` բոլորին սիրելի Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանը:
Կազմակերպութեան մը առաքելութեան, տեսլականին եւ ծաւալած աշխատանքներուն մասին յստակ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններուն արժանահաւատ աղբիւրը անոր պաշտօնաթերթն է, ՀՕՄ-ի պարագային` «Հայ Սիրտ»-ը, որ շնորհիւ ընկեր Թաթուլին արհեստավարժ աշխատանքին` վերածուեցաւ հայ մամուլին մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունեցող պարբերաթերթի մը: «Հայ Սիրտ»-ը բաբախեց մեր ընկերոջ հոգածութեամբ, բծախնդիր աշխատանքով եւ խմբագիրի անոր «նշդրակ»-ին տեղին միջամտութիւններով: «Հայ Սիրտ»-ի իւրաքանչիւր նոր հրատարակութեամբ, առաւել ի յայտ եկաւ անոր պատասխանատուութեամբ լոյս տեսած ՀՕՄ-ի պաշտօնաթերթը` հիանալի ձեւաւորմամբ, շինիչ եւ հետաքրքրական բովանդակութեամբ: Յատկապէս նշանակալից եղան անոր առաջնորդող յօդուածները:
Ընկեր Սոնենց իրաւամբ հանդիսացաւ ՀՕՄ-ի պաշտօնաթերթին առանցքային դէմքը` իրեն յատուկ արհեստավարժութեամբ, գեղարուեստական բարձր ճաշակով, անթերի հայերէնով եւ անգլերէնով: Անվարան կարելի է հաստատել, որ մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը` 2024-ին, ան ամենայն պատասխանատուութեամբ վարեց ՀՕՄ-ի հրատարակութիւններու խմբագիրի պաշտօնը:
Հոս պէտք է նաեւ կատարել հաստատում մը: Ընկեր Թաթուլի ներկայութիւնը իսկապէս եղաւ խթան` անշեղօրէն քալելու մեր հիմնադիրին եւ վեթերաններուն ուղիէն: Անոր խորհուրդները եւ թելադրանքները առաջնորդեցին եւ ուղղեցին` ապահովելով Հայ օգնութեան միութեան երթին իւրաքանչիւր փուլը: Իսկ երբ ան ստանձնեց Կեդրոնական գրասենեակի տնօրէնութիւնը, աշխատանքը կազմակերպեց եւ տնօրինեց` միշտ առաջնորդուելով ՀՕՄ-ի սկզբունքներով:
Բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ են Թաթուլ Սոնենցի կատարած աշխատանքները` ազգային մակարդակի վրայ: Այս իմաստով Հայ օգնութեան միութեան համար պատմական եղելութիւն մը եղաւ Սօսէ Մայրիկի աճիւններուն Եգիպտոսէն Հայաստան փոխադրութիւնն ու Եռաբլուրի մէջ թաղումը, որուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ ան, եւ նոյնիսկ կարելի է հաստատել, որ նախաձեռնողը եղաւ:
Տակաւին շատ բան կարելի է արձանագրել անոր անձին, մտաւորականի, ազգային-հասարակական գործիչի արժանիքներուն մասին: Մեր իրականութեան մէջ ան եղաւ իր միութենական եւ կազմակերպական գործունէութիւնը ամենայն յանձնառութեամբ ստանձնած նուիրեալ մը, որուն վաստակը բաւարար է հաստատելու, որ ՀՕՄ-ի համար եղաւ առանցքային դէմք մը:
Հայ օգնութեան միութիւնը ունի հոգեկան անբացատրելի գոհունակութիւն, որ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանին նման հաւատաւոր հայ մը եւ մասնագէտ մը ունեցած է իր կողքին: Գործիչ մը, որուն ներդրումը առանցքային ու անուրանալի է միութեան հրատարակչական մարզին մէջ:
Մահը մերն է, մենք` մահինը: Բայց մահկանացուն կը դառնայ անմահ` իր վաստակով, երախտաշատ աշխատանքով, իր ետին ձգած ժառանգութեամբ: Ընկեր Թաթուլ այս իմաստով կը գտնուի առաջատար դիրքերու վրայ: Ասիկա ալ մեր մխիթարութիւնն է:
Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ ընկեր: Գործեցիր եւ պատմութեան անցար: Յիշատակդ յաւերժ պիտի ապրի ՀՕՄ-ի բաբախուն սրտին իւրաքանչիւր տրոփիւնին մէջ:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—–
Խաչուհիները
ՀՕՄ-ի Հարիւրամեակին
Անապատի տարածքին,
ուր կը տիրէ միայն
լռութիւնն անծայրածիր,
Խզուած լոկ ոռնացող քամիէն,
որ կը հալածէ աւազները
ժամանակին, ու կը կանգնէ օդատեսիլ
տաճարները յաւիտենականին`
որոնց բարձրադիր դռները`
այժմ լայնօրէն բաց,
կ՛ընդունին մնացորդացը
մարդկայնութեան…
Անապատի տարածքին,
Ուր արեգակը կը սպառէ հոգին
ամէ՛ն ինչի, որ կը շնչէ կամօքն
կեանքի եւ Աստուծոյ,
կը քալեն կմախքներն անոնց,
որոնք երէկ տակաւին էին
մարդ, կին ու մանուկ, հայր,
մայր, քոյր ու որդի`
այժմ անծայրածիր սեղան
մարդկային յօշոտուած միսի –
դժոխային խնճոյք մը անգղներու,
շնագայլի ու մարդակերպ
գազաններու…
Անապատի տարածքին,
Բնօրրանէն իր հեռու,
Հինաւուրց հունտը Հայկի,
Հրդեհեալ կը մխայ որպէս խունկ`
Ի փառս Բէլի ու Կայէնի
Որ սպաննեց իր եղբայրն
ու հեռացաւ Եդեմէն` ցանելու համար
շեղբերը ապագայ սպանդին`
արեւելքի արիւնահոտ հողի սրտին-
ծննդավայրն արեգակին`
որ այժմ ահով կը սուրայ արեւմուտք-
անյոյս ճամբորդ դէպի անհաս յոյս
լոյս ու հաւատք…
Անապատի տարածքէն
Դէպի հիւսիս եւ արեւմուտք,
Անհետ չկան կռունկներու երկնասլաց
Լուռ հողերու վերեւ ջրդի,
որոնց մշակներն ինկան հնձուած
ատելութեան եւ յղփութեան
գերանդիի շեղբին`
յանուն բռնապաշտ երազներու
արիւնաբորբ ջրհեղեղին
որ հոսեր է ու կը հոսի
արեւելքէն արեւմուտք եւ ետ
դէպ՛ Էրկենեքոնի
ցնորածին արեւելք,
արշաւելով կատաղութեան
ժանտ փրփուրը բերնին
դէպի վերջնական նուաճումը
մարդկայնութեան կիսականգուն
կամ աւերակ ամրոցներուն,
ի փա՛ռս անապատի մարգարէին
թրահատու մահիկին
որուն ցոլքն ահա՛ կը ծփայ
լեռնաշխարհէն դէպ` անապատ,
դէպի Տէր Զօր երկարող
արեան ծովու երեսին`
ուր թեւածող ո՛չ մի կռունկ
կը սաւառնի աւազներու տարածքին
իջնելու ստորեւ` ի պատասխան
աքսորեալի տխուր կանչին
խապրիկի մը ի խնդիր
բիւր կմախքներէն կենդանի…
* * *
Եւ ահա՛,
անապատէն հեռու,
դուստրերը խրոխտ Արամազդի,
Անահիտի՛ն առաքինի,
Անվեհե՛ր Վահագնի
ու չքնաղ Աստղիկի,
խնկարկուներն անարատ
Աստուածամօր եւ Յիսուսի
կը լսեն կոչն աղեխարշ
խոշտանգուող արիական հարազատի
թափուած բոսոր արեան,
վառելանիւթ` բոցավառ դժոխքի նոր
զենարանին, Տէր Զօր կոչեցեալ
անապատին հնոցներուն…
Անսալով կոչին անապատին,
ահա՛ կանգնած են անոնք սրտով
սգաւոր, որպէս լուսափայլ լեգէոն գութի
եւ անսահման սիրոյ…
* * *
Եւ ահա՛
կանայք փափկասունք
հայոց աշխարհի կը հագնին
հանդերձանքն սպիտակ
անդարձ նուիրումի,
կարմիր ու կապոյտ խաչով զրահեալ-
երանգներովն արեան ու երկնքի,
ու կը շտապեն փրկելու
վերապրողները հայկեան հունտին,
անխա՛խտ հաւատքովն
իրենց երդումին
հանդէս կարդալով Կայէնի, Բէլի,
Յազկերտի, Համիտի եւ
Օսմանի գայլածին սերունդին ցկնած
Գազանատիպ արարածներուն
լիրբ կաղկանձներուն,
սպիտակազգեստ
դուստրերն ու քոյրերն արի
Սրբոցն Հռիփսիմէի ու Գայեանէի
եւ Սերոբ Աղբիւրի անվախ կողակից
Սօսէ Մայրիկի, զինուած ուխտովն
Օգնութեան խաչի, օրինակովը խաչեալ
Փրկիչի, եւ անհուն սիրովը
մայր հայրենիքի,
ահա՛, ամոքիչ ձեռքովը գթութեան,
անոնք կը զգետնեն սեւ ուրուականը
գազանային վայրագութեան
հոգեկան անապատին …
****
Եւ այժմ,
Հարիւրամեայ նուիրումի
պսակը ճակտին, փաղանգն այս անգին
խաչակիր կիներու –
դպրութեան ջահի, մեսրոպեան տառի,
Սայաթ Նովայի ու Կոմիտասի
տաղին ու պարին պահակն այս արի –
լոյս խաւար օրերու
երկար շարանն իր ետին,
կանգուն է այսօր որպէս շարքային,
որպէս ՀՕՄ-ուհի, հայեացքն ապագային
պատրաստ սրբելու արիւնն ու արցունքը
արկածեալին եւ այրիին, ծնողազուրկ
անտուն որբուկին… մինչեւ խաւարին
աստղերն անհունին:
ԹԱԹՈՒԼ ՍՈՆԵՆՑ
2010






