Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանիի Մը Հոգեւոր Փորձառութիւնը

May 15, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ

Այգ Գրիգորեան 15 տարեկան պատանի մըն է: Ան 2024-ին Շիքակոյի Քարլ Սանտպըրըի 11-րդ կարգի աշակերտ էր ու կը պատրաստուէր իր քրոջը հետ երթալ տեղւոյն եկեղեցւոյ կազմակերպած պատանիներու ամառնային բանակումին, երբ Լիբանանէն ծնողքը լուր ստացաւ, որ իրենց մեծ մայրը մահաքունի մէջ է: Այս լուրը կը ստիպէ Այգին մայրը` 48 ժամուան ընթացքին կազմակերպելու դէպի Լիբանան իր ճամբորդութիւնը, որպէսզի հասնի մօրը, որուն բարեբախտաբար ան կը գտնէ արթնցած վիճակի մէջ, երբ կը հասնի Լիբանան:

Այգ եւ քոյրը` Արին, կը պատրաստուին եւ կը մեկնին բանակավայր, ուր երկու շաբաթ կ՛ապրին հոգեւոր, ընկերային եւ դաստիարակչական մթնոլորտի մը մէջ: Տուն վերադառնալով` անոնք բաւական առանձին կը զգան, որովհետեւ մայրը, ինչպէս յիշեցինք, ճամբորդած էր Լիբանան, իսկ իրենց հայրը` ըլլալով բժիշկ, ինքնաբերաբար երկար ատեն կը բացակայէր տունէն, մանաւանդ որ ան իր մասնագիտութեան բերումով հեռաւոր քաղաք մը կը մեկնէր եւ երեք օրը անգամ մը միայն տուն կու գար: Այգ առաւել եւս առանձին կը զգայ, երբ քոյրն ալ կը սկսի համալսարան երթալ: Յատկանշական է, որ քոյր ու եղբայր շատ կապուած էին իրենց մեծ մօր, որուն հետ կը խօսէին ամէնօրեայ դրութեամբ, կը հետաքրքրուէին անոր առողջական վիճակով եւ անոր առողջութեան համար կ՛աղօթէին:

Երբ Այգ կը մնայ առանձին տան մէջ, ան կը սկսի ընկճուած վիճակ մը ունենալ, մեծ մօր վիճակը բարդութիւններով կը վատթարանայ, մայրը կը յետաձգէ իր տունդարձը, հայրն ու քոյրը օրուան ընթացքին բացակայ են տունէն, ան առանձնութեան մէջ կը սկսի ապրիլ վախ ու անորոշութիւն, որոնք զինք կը տանին յուսահատութեան:

Բարեբախտաբար Այգին ծնողքը իրենց զաւակներուն վարժեցուցած էին աղօթել եւ Տիրոջ պարգեւները վայելել, անոնք կիրակնօրեայ դպրոց կը յաճախեն ամէն կիրակի, կը զգան Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ գիտեն կարեւորութիւնը օգնելու տարեցներուն եւ տկարներուն:

Այգ այս դժուար կացութեան մէջ կը դիմէ աղօթքի եւ Տիրոջմէ կը խնդրէ զինք առաջնորդել եւ շուտով կը ստանայ պատասխանը. «Զաւա՛կս, աւելի մօտեցիր Ինծի»: Այս կացութեան մէջ Այգ աւելի խոր կը մտածէ եւ կը վերագտնէ իր ներքին խաղաղութիւնը: Ան կը դիմէ ծխատէր քահանային` Դաւիթ քհնյ. Պոյաճեանին, եւ կ՛ըսէ. «Տէ՛ր հայր, ես կ՛ուզեմ դպիր ըլլալ եւ յաւելեալ պարտաւորութիւններ ստանձնել եկեղեցւոյ մէջ»: Տէր հայրը կը պատասխանէ. «Տղա՛ս, դուն ծնողքիդ յանձնարարութիւնը առա՞ծ ես»: «Ասիկա իմ որոշումս է, եւ ես վստահ եմ, որ անոնք գնահատանքով պիտի ընդունին զայն», կ՛ըսէ Այգ: «Ուրեմն դուն պէտք ունիս որոշ չափով ծանօթանալու եկեղեցւոյ արարողութեան, կամաց-կամաց փորձառութիւն կը շահիս եւ կրնաս պատասխանատուութիւն ստանձնել», կը բացատրէ հոգեւոր հովիւը:

Այգ այս որոշումին համար իր ծնողքին համաձայնութիւնը կը ստանայ եւ կը սկսի եկեղեցի յաճախել ու դպրաց դասին մաս կազմել:

Մինչ այդ Այգը եւ քոյրը գիշեր ցերեկ կ՛աղօթեն Աստուծոյ` ապաքինման համար իրենց մեծ մօր, որ չորս մահացու վիճակներէ անցնելէ ետք կը վերագտնէ իր առողջութիւնը:

Յատկանշական զուգադիպութեամբ մը, մեծ մօր հետ եղած հրաշքին հետ, տարի մը ետք, 7 դեկտեմբեր 2025-ին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը, որ մեծ շուքով կը նշուի, կ՛որոշուի Այգը դպիր ձեռնադրել այլ անձի մը հետ, Միացեալ Նահանգներու հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Պարսամեանի ներկայութեան:

Մինչ այդ Այգ կը մտածէ, որ այս ձեռնադրութիւնը իր կեանքին մէջ յատուկ փուլ մըն է, ուստի կը փափաքի տարբեր ձեւով յիշատակել զայն: Կը մտածէ այս ձեռնադրութեան հրաւիրել իր դասընկերները, որոնք դպրոցի ճազի նուագախումբի անդամներն են: Աւելի՛ն. նկատի ունենալով, որ եկեղեցական արարողութենէն ետք տեղի պիտի ունենար ճաշկերոյթ, կը մտածեն այդ առիթով 7 հոգիէ բաղկացած ճազի խումբով մասնակից ըլլալ գեղարուեստական բաժինին եւ ջերմ երաժշտութեամբ խանդավառել մթնոլորտը:

Այգ իր այս առաջարկը կը ներկայացնէ ճազի ուսուցիչին, որ կը բացատրէ, թէ դպրոցը չի կրնար նման նախաձեռնութեան մը պատասխանատուութիւնը ստանձնել, սակայն այս մէկը կարելի է իրականացնել աշակերտներուն ծնողներուն համաձայնութեամբ եւ հրամանով: Այգ կը դիմէ իր ընկերներուն եւ անոնց ծնողներուն, որոնց համաձայնութեամբ եւ քաջալերանքով բոլորն ալ ներկայ կ՛ըլլան դպիրի ձեռնադրութեան, որ յատուկ փորձառութիւն կ՛ըլլայ իրենց համար` ներկայ ըլլալ եկեղեցական նման արարողութեան, տեսնել իրենց ընկերոջ ձեռնադրութիւնը եւ մանաւանդ բաժնեկից ըլլալ անոր:

Հոգեպարար արարողութենէն ետք կու գայ ընկերային պահը, որ կը սկսի Արինին գեղեցիկ ձայնով, ան կը մեկնաբանէ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա «Կիլիկիա» մաղթերգը` մօրը ջութակի նուագակցութեամբ:

Անկէ ետք Այգ եւ իր ընկերները մեծ խանդավառութեամբ իրենց երաժշտական գործիքներով` շեփոր, թաւջութակ, աւագափող, դաշնակ, բամբ, սաքսոֆոն եւ թմբուկ,  մեծ խանդավառութեամբ կը նուագեն ճաշկերոյթին` ստեղծելով այնպիսի ճոխ մթնոլորտ մը, որ անոնք ոչ միայն ժողովուրդին գնահատանքին կ՛արժանանան, այլ նաեւ` սրբազան հօր արժեւորումին: Մեսրոպ եպս. Պարսամեան կը վկայէ, որ 20 տարիէ կը ծառայէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն բնաւ նման հոգեպարար մթնոլորտի մէջ չէ գտնուած: Ան սրտանց կը շնորհաւորէ պատանիները` իրենց նուիրումին համար:

Այս առիթով եկեղեցւոյ դպրապետն ալ, իր կարգին, գնահատելով խումբը` Այգին կու տայ 300 տոլար եւ անոր կը յանձնարարէ ընկերները ճաշի հրաւիրել: Այգ կը կատարէ նուիրատուին կամքը, ընկերներուն կողքին կը հրաւիրէ նաեւ իրենց ուսուցիչը, եւ միասին ճաշարան կ՛երթան եւ ուրախ օր մը կ՛անցընեն:

Աշակերտներուն ծնողները, իրենց կարգին, մեծ խանդաղատանքով կը հեռաձայնեն Այգին մօր եւ իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն Այգին այս աննախընթաց հրաւէրին եւ դաստիարակչական արարքին համար:

Այս պատմութեան մէջ նորօրեայ մեր կեանքէն բխած պատգամ մը կայ:

Շատ կը խօսուի այն մասին, որ պատանի սերունդը ընդհանրապէս եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու ու Արեւմուտքի մէջ կ՛ըլլան ընկերային եւ հոգեւոր պատասխանատուութենէ հեռու: Սակայն Այգին այս օրինակը կու գայ ժխտելու այս կերպարը` ցոյց տալով, որ պատանի մը կրնայ թէ՛ իր հոգեւոր կեանքը զարգացնել եւ թէ՛ նոյն ատեն ներշնչել սերնդակիցները:

Արդարեւ, աշխարհագրական դիրքը, արեւելքն ու արեւմուտքը չեն, որ կը պայմանաւորեն հոգեւոր դաստիարակութիւնն ու ներշնչումը, այլ` ընտանեկան դաստիարակութիւնը, ապա` անձնական նուիրումն ու ներքին կոչումը:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Արեգ» Մանկապատանեկան Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ «Հէյ Ջան Ղափամա»-ն

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու Մէջ Զանգուածային Կրակոցներ Կատարողները Յատկապէս Դպրոցներ Կ՛ընտրեն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.