Կը յիշեմ 2021-ի գարնանային այդ կէսօրը, երբ ստացայ Վարդան Գրիգորեանի մահուան լուրը: Անմիջապէս զգացի, որ աշխարհը քիչ մը աւելի խամրեցաւ:
Արդէն հինգ տարի անցած է այն օրէն. ու մինչ իր ղեկավարած հաստատութիւնները` Նիւ Եորքի հանրային գրադարանէն մինչեւ «Պրաուն» համալսարանն ու «Քառնեկի» հիմնարկութիւնը, կը շարունակեն ծաղկիլ, ես այս գրութիւնով կ’ուզեմ յիշել իր կառուցած այն կամուրջը, որ երկարեց դէպի նոր սերունդը:
Վարդանը յատկանշական տուեալներու եւ տիտղոսներու տէր մարդ էր: Ան «Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի փրկիչն» էր, որ աւելի քան 327 միլիոն տոլար հաւաքեց` զայն փրկելով 50 միլիոնի պարտքէն: Ան «Պրաուն» համալսարանի առաջին «օտարածին» նախագահն էր, որ կրկնապատկեց հիմնադրամին դրամագլուխը` հասցնելով զայն մէկ միլիառի: Ան նաեւ արժանացաւ շատ քիչերուն վիճակուած ԱՄՆ-ի «Ազատութեան նախագահական մետալ»-ին: Սակայն մեզի` հայերուս համար, ան նաեւ մէկ այլ արժէք էր. ան կենդանի ապացոյցն էր, որ իր «տուն տանող ճամբան» հարթած էր` բանականութեամբ, ծառայութեամբ եւ սերնդակիցներուն սատար հանդիսանալու անխախտ կամքով:
Դոկտ. Գրիգորեանին հետ իմ առաջին ու միակ անձամբ հանդիպումս եղաւ 2012-ի ամրան: ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան մէջ փորձաշրջանի (internship) մասնակից էի. նորաւարտ ու խանդավառ երիտասարդ մը, որ կը ջանար իր տեղը գտնել սփիւռքեան բարդ իրականութեան մէջ: Մեր խումբը հրաւիրուած էր Մանհաթըն` «Քառնեկի» հիմնարկութեան իր գրասենեակը: Կը յիշեմ այդ սենեակին մթնոլորտը` պատմութեան եւ գաղափարներու (եւ հարուստ փայտեայ կահոյքի) ծանրութեամբ, սակայն ինքը` Գրիգորեանը, զարմանալիօրէն պարզ էր ու իր մօտեցումով` թեթեւ: Ան մեզի հետ չխօսեցաւ բարձունքէն. ընդհակառակը, նստաւ նոյն սեղանին շուրջ եւ խօսեցաւ այնպիսի անկեղծութեամբ, որ նոյնիսկ ապշեցուցիչ էր: Ան կը պատմէր իր ձախողութիւններուն մասին (օրինակ` ինչպէ՛ս ինք չընտրուեցաւ Փենսիլվանիոյ համալսարանի նախագահութեան պաշտօնին) նոյնքան եռանդով, որքան` իր յաջողութիւններուն: Բայց ամէնէն աւելի տպաւորիչը իր ուսուցիչին` Սիմոն Վրացեանի մասին խօսելու ձեւն էր:
Վրացեանը` Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետը, եղած էր Վարդանին տնօրէնը, խորհրդատուն ու մտերիմը Պէյրութի ճեմարանին մէջ: Տեսնել ամերիկեան մտաւորական կեանքի այս հսկան` մարդ մը, որ խորհուրդներ տուած էր ԱՄՆ նախագահներուն եւ աշխարհի ամէնէն հարուստ բարերարներուն, թէ ինչպէ՛ս սիրով ու երախտագիտութեամբ կը խօսէր իր ուսուցիչին մասին` խոնարհութեան բարձրագոյն դաս էր: Հանդիպման աւարտին ան մեզմէ իւրաքանչիւրին նուիրեց իր յուշերէն օրինակ մը:
Տարիներ ետք, երբ ստանձնեցի «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիրի պաշտօնը, «Հայրենիք»-ի ժառանգութեան պատասխանատուութիւնը ուսերուս վրայ ծանր նստած էր: Նորեկ էի ու կը փորձէի ուղի հարթել նախկին մեծ խմբագիրներու շուքին տակ:
Օր մը անսպասելիօրէն գրասենեակիս հեռաձայնը զարկաւ. պարոն Գրիգորեանի գլխաւոր քարտուղարն էր: Վարդան Գրիգորեանը կապ կ’ուզէր հաստատել ինծի հետ:
Այս մարդը, որ «Քառնեկի»-ի մէջ աւելի քան երեք միլիառ տոլարի պիւտճէ կը տնօրինէր, ժամանակ գտած էր փնտռել-գտնելու «Հայրենիք» շէնքի երիտասարդ, նոր խմբագիրը: Մեր հեռախօսազրոյցներու ընթացքին ան շատ սրամիտ էր, քաջալերող եւ հետաքրքրուած: «Ռուբէ՛ն ջան» կ՛ըսէր իր այդ հարազատ պարսկահայ շեշտադրութեամբ, ապա զրոյցը կ՛ուղղէր դէպի աւելի լայն հորիզոններ` շեշտելով, որ «Ուիքլի»-ի աշխատանքը լոկ էջեր լեցնել չէր, այլ ազգային կարեւոր ծառայութիւն:
Ան կը մղէր զիս, որ թերթն ըլլայ ճշմարտութեան եւ մտաւորական լրջութեան փարոս: Ան այդ քաջալերանքը կ՛ամրապնդէր բարոյական, ինչպէս նաեւ անանուն նիւթական աջակցութեամբ: Սակայն ինծի համար ամէնէն թանկագինը իր ժամանակն էր: Այսօր կը հաւատամ, որ ան կը վերադարձնէր այն պարտքը, որ ունէր Վրացեանի հանդէպ: Ան հայրական հոգատարութիւն կը ցուցաբերէր անծանօթ երիտասարդի մը հանդէպ, ճիշտ այնպէս, ինչպէս ուրիշներ ըրած էին իրեն համար, երբ 1956-ին ոտք դրաւ Ամերիկա:
Վարդանը իր հրապարակային ելոյթներուն մէջ յաճախ կը յիշէր մեծ մօր խօսքը. մարդուն միտքն ու արտաքինը փոփոխական են, բայց ազնուութիւնը միակ դրամագլուխն է, որ երբեք չի կորսնցներ իր արժէքը: «Եթէ զրկուիս ազնուութենէ, կը սնանկանաս», կը մէջբերէր ան: Նայելով այսօրուան աշխարհին` իր հեռացումէն հինգ տարի անց, այդ խօսքերը մարգարէական կը թուին:
Մենք կ՛ապրինք դարաշրջանի մը մէջ, երբ տեղեկատուութիւնը յաճախ կը շփոթուի գիտելիքի հետ, եւ երբ մենախօսութիւնները փոխարինած են երկխօսութիւնը: Վարդանը մեզ կը զգուշացնէր ասոր մասին: Սրտանց կը հաւատար, որ կրթուած քաղաքացին միակ երաշխիքն է «օրուելեան հասարակարգ»-ին դէմ: Ան յաճախ կ՛ըսէր, որ նիւթապէս հարուստ մեռնողը անպատուուած կը մեռնի, եւ ինք ապրեցաւ այդ սկզբունքով` իր կեանքի ուժը ներդնելով «նոր քաղաքացիներու պատրաստութեան» մէջ:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութենէն (զոր հիմնադրեց այլ գաղափարապաշտներու հետ, ինչպիսին է Ռուբէն Վարդանեանը) մինչեւ իր զօրակցութիւնը Դիլիջանի UWC դպրոցին, ան շարունակ սերմեր կը ցանէր այնպիսի հունձքի համար, որուն պտուղները պիտի քաղէին ուրիշները: Յաճախ կը մտածեմ, թէ ի՛նչ պիտի ըսէր Վարդանը Հայաստանի եւ սփիւռքի ներկայ մարտահրաւէրներուն ու անոնց միջեւ ստեղծուած լարուածութեան մասին: Անկարելի է անտեսել, որ Ռուբէն Վարդանեանը` բազմաթիւ տեսլական ծրագիրներու մէջ իր գործընկերը այժմ Պաքուի մէջ բանտարկուած է շինծու մեղադրանքներով: Դառն ու ծանր հեգնանք է, որ այն մարդը, որ Վարդանի հետ կամուրջ կը կառուցէր դէպի ապագայ, այժմ գերի է այն նոյն նախապաշարումներուն ու անարդարութեան, որոնք անոնք կը ջանային յաղթահարել:
Դժուար է պատկերացնել, որ Վարդանը ուրախ պիտի ըլլար Հայաստանի ներկայ վիճակով, սակայն կը կարծեմ, որ ան կանգ պիտի չառնէր ու կեդրոնանար այսօրուան մթութեան վրայ: Փոխարէնը` ան մեզմէ պիտի պահանջէր նայիլ առօրեայ աղմուկէն անդին եւ աշխատիլ յանուն պայծառ ապագայի մը: Ինչպէս որ զիս մղեց իմ աշխատանքը տեսնելու աւելի լայն պրիսմակով, այնպէս ալ մեզմէ պիտի սպասէր աւելի խորը մտածել, նոյնիսկ` այս ծանր հարուածներուն դիմաց:
Դեռ ունիմ The Road to Home («Տուն տանող ճամբան») ինքնակենսագրական գիրքին օրինակը, զոր նուիրած էր մեզի տասնչորս տարի առաջ. զայն մեծ հաճոյքով ընթերցած եմ եւ վերընթերցած: Այդ օրինակը այսօր դրուած է գրադարանիս մէջ` արեւելահայերէն թարգմանութեան կողքին, որ դեռ չեմ ալ բացած (լուռ յիշեցում մըն է այն բարի մտադրութիւններուն, որոնք յաճախ կը մնան անկատար): Նայելով այդ օրինակին` կը յիշեմ Մանհաթընի այդ գրասենեակին, հեռախօսազրոյցներուն եւ այն մարդուն մասին, որ թոյլ չտուաւ, որ իր յաջողութիւնը կտրէ իր արմատները: Ամէն անգամ, երբ կը նայիմ այդ գիրքին, կը գիտակցիմ, որ Վարդանին մեծագոյն նուաճումը միայն հաւաքած միլիոնները կամ հիմնած հաստատութիւնները չէին, այլ Սիմոն Վրացեանի ջահը վառ պահելը` զայն փոխանցելով ինծի պէս մարդոց: Ան ապացուցեց, որ Թաւրիզէն եկած գաղթական մը կրնայ ո՛չ միայն գրադարան փրկել, այլեւ` ներշնչել սերունդներ:
Թերեւս մարմնապէս ան այլեւս մեզի հետ չէ, բայց ունինք իր կեանքի օրինակը: Երանի՜ մեզի, եթէ ունենանք նման ուսուցիչներ եւ ըլլանք այնքա՜ն կարգապահ, այնքա՜ն նուիրուած, որ դառնանք այն առաջնորդները, որոնց կարիքը յաջորդ սերունդը այնքա՜ն զգալիօրէն ունի:



