Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Հայոց Նորագոյն Պատմութեան Էջերէն (1915-2020)» (Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Երբ գնահատելի յօդուածներ թէ գիտական ուսումնասիրութիւններ, որոնք ժամանակ առ ժամանակ լոյսին եկած են օրաթերթերու, պարբերականներու թէ տարեգիրքերու մէջ, մէկտեղուին հատորի մը ծածկին տակ, կարծես, անոնց կը տրուի նոր շունչ, վերստին «ապրելու» պատեհ առիթ եւ կրկին կարդացուելու կարելիութիւն: Քանի մը ամիս առաջ, գիրքին հեղինակը` պատմաբան, վաստակաւոր տնօրէն եւ կրթական մշակ Զաւէն Մսըրլեան, նուիրած էր այս նոր հատորը: Ինչպէս միշտ,...




















