Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ո՞վ Է Նողկալին

August 27, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ապպաս չի տատամսիր ամբաստանելու ջարդարարը

Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս հսկայ փոթորիկ մը պայթեցուց Գերմանիոյ մէջ, երբ յայտարարեց, որ իսրայէլացիք` «1947-էն ի վեր 50 հոլոքոսթ (ողջակիզման արարք) գործած են պաղեստինցիներու դէմ»:

Սա պատահեցաւ երեքշաբթի, 16 օգոստոսի երեկոյեան, Գերմանիոյ վարչապես Օլաֆ Շոլցի հետ Ապպասի տեսակցութեան աւարտին, մամլոյ ասուլիսի մը պահուն: Հարց տրուեցաւ Ապպասի, թէ կը դատապարտէ՞ Միւնիխի Ողիմպիականներու օրերուն, 1972-ին, պաղեստինցիներու կողմէ հրեայ մարզիկներու դէմ գործուած յարձակումը: Պաղեստինցի ղեկավարը սպասուած դատապարտումի արտայայտութեան փոխարէն` խօսեցաւ Իսրայէլի գործած ջարդերուն եւ հալածանքներուն մասին:

Շոլց անմիջապէս չհակազդեց, թօթուեց Ապպասի ձեռքը, եւ անոնք բաժնուեցան: Չորեքշաբթի Շոլց յանկարծ յիշեց (վստա՛հաբար ետին կանգնողները սաստեցին զինք), որ մե՜ծ թերացում մը արձանագրած է: Եւ իր «ճնճղուկ»-ին (Tweeter) էջէն յայտարարեց, որ Ապպասի արտայայտութիւնը «նողկանք պատճառած է» իրեն… Մինչ այդ, նոյնքան մեծ փոթորիկ պայթած էր Իսրայէլի մէջ, որուն վարչապետը` Եայիր Լափիտ, «մեծ սուտ» որակած էր Ապպասի խօսքերը եւ դատապարտած` Գերմանիոյ «հանդուրժողականութիւնը»: Միջանկեալ սա ալ արձանագրենք, որ 1972-ի դէպքին զոհերուն ընտանիքները կը պատրաստուին յուշահանդէս մը կազմակերպել պաղեստինեան գործողութեան 50-ամեակին առիթով եւ… սակարկութեան մէջ են գերմանական կառավարութեան հետ, որպէսզի բարձրացնեն վնասուց հատուցման գումարը:

***

Այս տողերը չենք արձանագրեր մանրամասն քննարկելու համար Ապպասի յայտարարութիւնն ու ստեղծած արձագանգները: Հա՛, չմոռնանք, որ ամերիկեան,  եւ արեւմտեան այլ երկիրներու, զանգուածային լրատու աղբիւրներ ալ միացան Ապպասի դէմ դատապարտանքի փոթորիկին: Ապպասի վարած ընդհանուր քաղաքականութիւնն ալ քննարկելի նիւթ չէ, որովհետեւ ան յաճախ պէտք եղածէն շատ աւելի՛ ջուր կը խառնէ իր ժողովուրդի դատին հետապնդման գինիին: Դէպքին կ՛անդրադառնանք կատարելու համար քանի մը մատնանշում:

Ա.- Ապպաս գերմանացիներուն մէկ փափուկ կէտին դպաւ, երբ իրենց հողին վրայ ակնարկութիւն կատարեց հիթլերեան Գերմանիոյ կողմէ հրեաներու զանգուածային ջարդերուն: Ուշադի՜ր: Ան այդ դէպքերը չուրացաւ, չժխտեց, այլ հասկցուց, որ այդ ողբերգութիւնը պէտք չէ պատճառ ըլլայ, որ մարդիկ կոյր ձեւանան այլ ժողովուրդներու կրած տառապանքներուն, անիրաւութիւններուն դիմաց, մանաւանդ երբ նման ոճիրներ կը գործուին հոլոքոսթին զոհ գացած սերունդի մը ժառանգորդներուն կողմէ: Ծանօթ է, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները, ոտնակոխ ընելով պաղեստինցիներու հետ ու մասնաւորապէս ամերիկեան միջնորդութիւններու ճամբով գոյացած համաձայնութիւնները, աւելի քան 70 տարիէ ի վեր կը շարունակեն պաղեստինեան հողերու պատառ-պատառ բռնագրաւումը, աւերումները, Տէր Եասինէն մինչեւ Սապրա-Շաթիլա ու Կազա` անհաշուելի օղակներով շղթայ հիւսած են, պաղեստինցիներու արդար բողոքներուն դէմ կը դիմեն անհամեմատ չափով բիրտ ուժի, մանուկներ եւ կիներ, հանրածանօթ լրագրողներ կը սպաննուին օր ցերեկով: Այդ բոլորը արդեօք նողկանքի զգացում չե՞ն պատճառեր Շոլցի ու նմաններու…

Բ.- Կան մարդիկ, որ դէպքէն 50 տարի ետք ալ կ՛աշխատին վերարծարծել արիւնալի օրը: Ասդին` Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն մոռցա՜ծ են հազիւ երկու տարի առաջ իրագործուած ազերիական վայրագ յարձակումները, Թուրքիոյ կողմէ ոճրագործ ահաբեկիչներու Արցախ բերուիլը, իրենց օրակարգէն դուրս մղած են գերիները, հայրենի հողերու տիրութիւնը, եւ խաղաղութիւն կը մուրան համաթուրանականութիւնը իրականացնող թշնամիէն, անոր խլած հողերը բաւ չնկատելով` նոր պատառիկներ կու տան, պատրաստ են նոյն վազքը շարունակելու: Նման «քաղաքականութիւն» վարողէն սպասե՞նք, որ Ցեղասպանութիւնը եւ արդար հատուցումներու հարցը պահէ հայութեան հիմնական օրակարգին մէջ:

Գ.- Իսրայէլի ոճրագոծ իշխանաւորները ահաւասիկ անգամ մը եւս կը փորձեն խեղաթիւրել իրականութիւնները եւ ստախօս կը հռչակեն պաղեստինցի ղեկավար մը, որ թէեւ հսկայական նահանջներ արձանագրած է այն ուղիէն, որ կերտուած էր արաֆաթներու, ապու այատներու եւ պաղեստինեան իրաւունքները բազկի ռւժով պաշտպանողներու սերունդին կողմէ, սակայն չի վարանիր իր ժողովուրդը բռնադատողը կոչել իր անունով, զայն կը հռչակէ ջարդարար` «50 հոլոքոսթ գործող»:

***

Նման նշումներու շարքը կարելի է երկարել, սակայն ունինք այլ ըսելիք ալ:

Նողկալին ա՛ն է, որ այսօր կոյր կը ձեւանայ տկար դասուող ժողովուրդներու նկատմամբ անիրաւութիւններու, անոնց դէմ բիրտ ուժի դիմողներու նկատմամբ:

Նողկալին ա՛ն է, որ իր սեփական ժողովուրդին բարօրութեան հաշուոյն կը լծուի վերպետական շահեր հետապնդողներու, օրինակ` զէնքի վաճառականներու սայլին:

Նողկալին ա՛ն է, որ երէկ Աֆղանիստանի մէջ ջարդ ու քանդում կը տարածէր, այսօր ցուցակին գագաթը դրած է Ուքրանիան, ո՜վ գիտէ` վաղուան համար ի՞նչ հաշիւներ կ՛ընէ այլ երկիրներ ու ժողովուրդներ ջարդելու եւ անոնց երկիրները հազար ու մէկ տեսակ չարաշահումի դաշտ դարձնելու համար:

Տակաւի՛ն, նողկալին ա՛ն է, որ ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, այսօ՛ր ալ ուրիշ կողմ կը նայի, երբ թուրքն ու ազերին ցեղասպանութեան համազօր ոճիրներու կը դիմեն Արցախի եւ Հայաստանի դէմ, աւելի՛ն, զէնք կը տրամադրեն Թուրքիոյ, որպէսզի Սուրիա ու Իրաք թափանցէ եւ «ահաբեկիչ կը հետապնդեմ»-ի խաբէութեամբ շարունակէ ոտնակոխ ընել դրացիներու հողերը, իրաւունքները:

Նողկալին ա՛յն ժողովուրդներն են, զանգուածնե՛րը, որոնք բաց աչքերով կը տեսնեն իրենց կառավարութիւններուն վնասարար, աղէտաբեր ընթացքը եւ կը լռեն, իրենց օրապահիկէն ու հայրենի հողերէն կը վճարեն ձախաւերութեանց գինը:

…Եւ պարոն Շոլց ու նմաններ կը ժպրհին յայտարարել, թէ նողկա՜նք կը զգան, երբ Ապպաս մը դաժան իրականութիւններու պատկերը ցոյց կու տայ աշխարհին:

17 օգոստոս 2022

Նախորդը

Ինչի՞ Կը Ծառայեն Մժեղները

Յաջորդը

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.