Ամէն անգամ Բերձորով Արցախ երթալու ատեն երեւի բոլորս ալ ուշադրութիւն դարձուցած ենք Աղաւնոյի կարմիր կտուրներով տուներուն: Բոլորս ալ պահ մը երանի տուած ենք այդ սարերու-ձորերու արանքը այդպիսի տեսարան ունեցող սիրուն ու յարմարաւէտ տուներուն մէջ ապրողներուն:
Վերջին ժամանակները, սակայն, այնտեղ ապրողներուն համար, մեղմ ըսելով, «լաւ» ժամանակներ չեն: 25 Օգոստոսը վերջին օրն էր, մարդիկ պէտք է թողեն իրենց տունն ու հեռանան…
Յաճախ լուսանկարչութիւնը կը կոչուի «Համամարդկային լեզու», քանի որ լոյսը` լուսանկարչական սարքի խցիկին միջոցով կառավարելու իբրեւ արդիւնք ստեղծուած պատկերները երբեմն կը պատմեն աւելին, քան կարելի է փոխանցել խօսքերու միջոցով: Յարակարծական է, որ իրականութեան մտապատկերման միջոցով ստացուած պատկերները արդէն իրենք իսկ կը դառնան տուեալ ժամանակաշրջանի համր ու միեւնոյն ժամանակ այդքան խօսուն պատմիչները:
Իրականութիւնը տուեալ պահուն անմահացնելու ու այդ պատկերներուն մասին տեսախցիկի միջոցով աշխարհին պատմելու նպատակով այցելած էինք Աղաւնոյ` աշխարհէն կտրուած գողտրիկ այդ անկիւնը, որ վերջին շրջանին խոշորացոյցի տակ յայտնուեցաւ:
Ռուս խաղաղապահները, որոնք արդէն քանի մը շաբաթ է անցակէտ տեղադրած էին ճիշդ գիւղին մուտքին մօտ եւ կ՛արտօնեն միայն բնակիչներուն ու անոնց հարազատներուն շրջան մուտքը, լրագրողներուն ու տեսաձայնագրող սարքերուն նկատմամբ այնքան ալ բարեհաճ չեն, հակառակ անոր որ ազրպէյճանական քարոզչամեքենայի գլխաւոր դէմքերէն մէկը` ինքզինք միջազգային լրագրող ներկայացնելով, անոնց ընկերակցութեամբ շատ ալ հանգիստ նկարեց գիւղը ու այնտեղ ապրողները:
Աղաւնոյի բնակիչները այս օրերուն սակաւախօս են: Շատեր զբաղած են տուներէն իրենց վերջին իրերը դուրս բերելով ու հայրենի գիւղին հրաժեշտի լուռ խօսքեր ըսելով: Ծանր լռութիւնը երբեմն կը խախտեն Աղաւնոյ գետին մէջ խաղացող երեխաներուն ձայներով: Անոնցմէ ամէնէն փոքրերը գուցէ չեն ալ գիտակցիր, որ օրեր ետք այլեւս պիտի չլսեն հարազատ գետին ձայնն ու ամրան տաքին պիտի չկարենան զովանալ գետի սառնորակ ջուրին մէջ: Դեռահասները, որոնք քիչ թէ շատ կը հասկնան իրենց շուրջ տեղի ունեցող դէպքերը, կը փորձեն յիշողութեան մէջ դաջել պահուան ջերմ վայրկեանները…
Գետէն կը բարձրանաս վերեւ, եւ կրկին Աղաւնոյի կարմիր տանիքներով տուներն են, իսկ տուներէն դուրս` բեռնատարներուն մէջ իրենց իրերը տեղաւորող մարդիկ, որոնց համար ամէնէն թանկարժէքն ու կարեւորը երբեք որեւէ բեռնատարի մէջ կարելի չէ տեղաւորել…
Հոգին տակնուվրայ ընող տեսարաններ են, մէկ կողմէ` դատարկուող տուներ, միւս կողմէ ալ պատերուն` «Մենք նորից վերադառնալու ենք, ու ապրելու են Աղաւնոյում» գրութիւններ: Յոյսը չես կրնար խլել մարդոցմէ…












Գրութիւնն ու լուսանկարները` ՏԱԹԵՒ ԴՈՒՐԵԱՆի
«Արմէնփրես»


