Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերը… Եւ Իրենցը…

Օգոստոս 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տարիներ առաջ էր: Տիթրոյիթ կ՛ապրէի: Լաւ կը յիշեմ: Իբրեւ պատասխանատու վարչականներ` այս անգամ ես ու Լեւոնն էինք, որ միասին օդանաւով Նիւ Եորք ժողովի մը կ՛երթայինք: Ինծի համար, Լեւոն հաճելի երիտասարդ մը ըլլալով հանդերձ, լաւ զրուցակից մըն ալ էր, նոյնիսկ` միւս բոլոր ժողովականներէս տարբեր անձնաւորութիւն մը: Իր մօտ ամէն ինչ վայրկեանին կը հայանար:

Եթէ հանդիպէինք հողատարծքի կամ անհատի մը, անպայման հայկական անուն մը «պիտի փակցնէր» անոր ճակտին: Այսպէս.

– Եթէ ֆութպոլի այս դաշտը Հայաստան ըլլար, անունը «Նաւասարդ» կրնար ըլլար` փոխանակ «Միշիկընի»: Աւելի՛ն.

– Եթէ այս աղջիկը հայ ըլլար, անունը Աստղիկ պիտի ըլլար…:

Ու շարքը երկար էր: Ու ես հաճոյքով մտիկ կ՛ընէի իր «գուշակութիւնները»: Եւ որովհետեւ «ճամբանիս» բաւական երկար էր, առ ի զբաղում` սկսած էինք զրուցել, ձեւով մըն ալ` շաղակրատել: «Հոսկէ-հոնկէ» բաներ պատմել եւ քիչ մըն ալ միութենական կեանքի ապագայ ծրագիրներու մասին մտորումներ կատարել:

Ճիշդ այդ պահուն էր, որ նիհարակազմ ու սեւ աչքերով, օդանաւին մէջ սպասարկող աղջիկը, մէկ խօսքով` «հոսթես»-ը, մեզի մօտենալով` հարցուց, թէ կը փափաքէի՞նք ոգելից ըմպելի մը ունենալ:

Չմերժեցինք: Ու երբ սպասեակը իր ափին մէջ դրած թուղթին վրայ բաներ մը գրել սկսած էր, փորձեցի իր կուրծքի վրայի անունը կարդալ:

«Էնի» գրուած էր: Այդ անունը մեր Լեւոնին փսփսացի: Իսկ մեր «խելացին», ըստ իր սովորութեան, ինծի դառնալով եւ քիչ մըն ալ բարձրաձայն ըսաւ համարձակօրէն.

– Եթէ՛ այս աղջիկը հայ ըլլար, անունը Էնիի տեղ, Անահիտ պիտի ըլլար:

Ու յանկարծ պատահեցաւ անսպասելին: Սպասեակը վայրկեանին մեր ապսպրածը գրելէ ետք, կանգ առաւ ու մեզի դառնալով` անմիջապէս պատասխանեց.

– Այո՛, իրենց համար Էնի եմ, իսկ մեզի` Անահիտ: Ուրկէ՞ գիտցաք… ռա՛յթ… անունս Անահիտ է, ե՛ս ալ հայ եմ…

Իր արտասանած բառերը, որոնք իր բերնէն մեղմաձայն հնչած էին, կը պարտադրէին յստակ իրականութիւն: Ինքնաճանաչում: Ամբողջ նախադասութիւնը ըսած էր մէկ շունչով, իր կոտրտած ու «խառն» հայերէնով, սակայն` հասկնալի:

Ապա անմիջապէս անյայտացաւ:

Իսկ գալով մեզի` նոր հայ մըն ալ գտած էինք, ան ալ` մեծ օդանաւի մը մէջ, հազարաւոր մղոն բարձրութեան վրայ եւ մանաւանդ Լեւոնին գիւտին շնորհիւ: Վայրկեանի մը համար գլխուս մէջ անորոշ տողեր սկսած էին «երգել»…

«Ե՛ս ալ հայ եմ…»:

Իր արտասանած բառերը մտքիս մէջ նոր ձեւ ստացած էին` միաժամանակ բանալով մտածումիս դռները: Իմ եւ Լեւոնին դէմքերուն վրայ անակնկալ զարմանքն էր, որ բոյն դրած էր: Քանի մը վայրկեան երկուքով մնացինք լուռ եւ անխօս:

Աղջկան յանկարծակի բառերը մեզ անակնկալի բերած էին: Զգացի, որ Լեւոն յաղթանակ տանող հերոսի մը նման սկսած էր ինծի նայիլ եւ իր աչքերով ըսել կ՛ուզէր. «Ես քեզի չըսի՞…գիտեմ…»:

Գուշակութեան շատ յաջող նոյնքան ալ` զարմանալի խաղ մը: Քիչ ետք մեր նոր «հայուհին» մեզի մօտենալով` իրեն հետ բերաւ մեր ապսպրած խմիչքները ու բաւականին պզտիկ տոպրակներով պիստակ: Չէ՞ որ բոլորս ալ հայեր էինք…

«Յուզիչ է մեր ազգային պատկերը» կ՛ըսեմ մտովի ու անմիջապէս Լեւոնէն առաջ կ՛անցնիմ հարցումներուս:

Ո՞վ էր ինք… ուրկէ՜ ուր եւ` հո՛ս հասած… ու տակաւին շատ ու շատ… բաներ:

Ու մենք երկուքս ալ, խելօք եւ հնազանդ աշակերտներու նման, մեր նստած տեղէն, բացարձակ լռութեամբ եւ սրած ականջներով ու աչքերով սկսած էինք  հետեւիլ իր կեանքի պատմութիւններուն: Իր հայու ճակատագրին…

Ինք մեզի բոլորովին անծանօթ Նիպրասքա նահանգէն էր: Տարիներ առաջ, իբրեւ տաղանդաւոր ուսանող, Միջին Արեւելքի իր ծննդավայրի պետութեան նպաստով երաժշտութեան եւ յատկապէս դաշնամուրի կատարողութեան մէջ մասնագիտանալու համար այդ նահանգը ուսանելու ղրկուած էր: Բայց պայմաններու բերումով, տարիներէ ի վեր «հոսթես»-ի պաշտօնին ծառայելով` իր կեանքը դասաւորած:

Որքա՜ն հաճելի էր հետը զրուցելը եւ նոյնքան ալ` իմաստալից: Տեսակ մը պարզութիւն եւ անմեղութիւն կար բառերուն մէջ: Յաճախ ձայնը կ՛անուշնար ու միտքս կը տանէր պտոյտներ կատարելու: Հաստատապէս իր խօսքերը մեզ կապած էին իրեն: Ձեւով մը կախարդուած էինք կարծես իր արտասանած բառերով: Բառեր, որոնք մտքիս պատերուն վրայ կառչած մնացին օրեր շարունակ:

Ու անկէ ետք, ամբողջ ճամբուն ընթացքին, ես ու Լեւոնը իրարու ո՛չ մէկ բառ փոխանակեցինք: Իսկ օրեր ետք, տանս մէջ, սենեակէս ներս, մինակութեանս պահուն ես ինծի փորձեցի վերլուծել օդանաւէն ներս ստեղծուած այդ պահը, տեսարանն ու պատահականութիւնը:

Մեր «Անահիտ»-ը եւ իրենց «Էնի»-ն: Հայուհի մը: Պարզ: Բոլոր սփիւռքահայերուս նման «գաղթական» մը, որ այդ օր բանալով իր մտքի դռները` մեզի համեստօրէն կարդացած էր իր կեանքի էջերէն պարբերութիւններ: Իրականութիւնը այն էր, որ երեքով հայու ճակատագրական հրաբուխէն ժայթքած հայեր էինք այդ հսկայ օդանաւին մէջ: Բայց ուրկէ՞ ո՛ւր Նիպրասքան: Ինծի համար Պոսթըն, Տիթրոյիթ, Լոս Անճելըս հասկնալի էին… իսկ այս մէկը…

Մէյ մը աշխարհի քարտէսը զննեցէ՛ք: Ո՞ւր հայ չկայ: Մենք ամէն տեղ ենք: Տուն կը շինենք, բնակարան կը կառուցենք եւ հազիւ տեղաւորուած` եկեղեցի, դպրոց եւ հայ կեդրոն

կը կառուցենք, գաղութ կը կազմենք ու այսպէս կը կարծենք, որ մենք զմեզ ապահոված ենք եւ երբեք չենք մտածեր վերջնականապէս մեկնիլ ու հաստատուիլ հոն, ուր հայրենիք կը կոչուի:

Հայ ենք, կը կրկնեմ շարունակ: Երազ ունեցող անհատներ ենք մենք ազգովին: Մեր հոգին ամէն տեղ է: Չենք անդրադարձած, որ մեր ապահովութիւնը, մեր պապենական հողին վրայ է միայն: Յաճախ մոռցած ենք, որ մեր ազգը աշխարհի ծնունդէն ի վեր ապրած է այդ բարձրաւանդակին վրայ, որ Հայաստան կը կոչուի եւ արիւն թափած` անոր պաշտպանութեան համար:

Չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս յանկարծ ներքին ձայն մը սկսած էր յուշել եւ պարուրել զիս ու մտածումներս: Կը զգայի, որ դարձեալ միտքս կը տառապէր մեր ազգային հին ու նոր ցաւերով` նմանելով հովերէն քշուած տերեւներու:

Լեւոնը եւ ես, ինչպէս այժմ` Անահիտը, ամէն մէկս նահանգի մը մէջ գրեթէ իրարմէ հեռու եւ «կորսուած»: Բոլորս ալ հայօրէն ապրելու յուսալիր բառերով կը փորձէինք գոյատեւել:

Ինծի համար էական էր, թէ ո՛վ պիտի փրկէր Անահիտը եւ կամ իր նմանները: Անահիտ. պարզապէս կորսուած մը` հազարաւոր «անահիտներու» նման: Իբրեւ հայ` թերեւս մինակն ալ կ՛ապրէր այդ անծանօթ նահանգին մէջ:

Կը ցաւինք: Բայց ի՜նչ օգուտ:

Է՜հ, մենք` հայերս այսպէս ենք: Կը սիրենք կորսնցնելէ ետք: Կը գնահատենք կոտրելէն ետք: Կ՛արժեւորենք անհետանալէ ետք, եւ ապա իբրեւ գիտակիցներ` կը տառապինք:

Անոր համար կ՛ըսեմ. խե՜ղճ Անահիտ… եւ ինչո՞ւ չէ ու անպայման` խե՜ղճ հայութիւն…

bedig43@aol.com

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին Զմմառ, 17-22 Օգոստոս 2022

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?