Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Անկարեւորութեան Փառատօնը»` Հայկական Տեսադաշտին

Օգոստոս 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անկարեւորութիւնը, բարեկամս, գոյութեան էութիւնն է: Անիկա մեզի հետ է ամէն տեղ եւ ընդմիշտ: Անիկա ներկայ է մինչեւ իսկ հոն, ուր ոչ ոք կ՛ուզէ զայն տեսնել` սարսափներու, արիւնալի պայքարներու, ահաւոր  դժբախտութիւններու  մէջ»

Միլան Քունտերա («Անկարեւորութեան փառատօնը»)

 

Վերոյիշեալ նախադասութիւնն ու վերնագիրը պերճախօս իրապաշտութեամբ կը ներկայացնեն ներկայի մեր` հայութեան ու Հայաստանի իրավիճակը:

«Անկարեւորութեան փառատօնը»  (The Festival Of Insignificance) հանրահռչակ չեխ գրագէտ Միլան Քունտերայի գրած վերջին նորավէպերէն (2013) մէկն է, որուն մէջ իր շատ աւելի հանրածանօթ «Գոյութեան անհանդուրժելի թեթեւութիւնը» (The Unbearable Lightness of Being) գիրքին նման` քանի մը տիպարներու ընդմէջէն կը ստեղծէ հոգեբանական բարդ կացութիւններ` Քանթի, Շոփենհաուըրի կամ Հեկելի փիլիսոփայական գաղափարները պեղելով, օգտագործելով եւ ներմուծելով:

Հայաստանի այսօրուան իշխանաւորներուն համար, յատկապէս` կրթութեան բնագաւառի վարիչներուն, այս անունով նախարարութեան վերջին քանի մը տարիներուն կատարած  վերաորակաւորումներուն (ինքնին` այլ փառատօն մը) լոյսին տակ, հաւանաբար Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի »-ն ալ պիտի նետուէր փոշիներու մէջ թաղուած շտեմարանի մը մէջ` փոխարինուելով կիսատ-պռատ հայերէնի թարգմանուած Քունտերայի այս գործով (հաւանաբար ճիշդ որոշում մը` բաղդատած այլ անմակարդակ թարգմանութիւններու):

Սակայն, նախքան արագ եզրակացութիւններ կատարելը, մեր միտք բանին` Քունտերայի իւրայատուկ գրիչին մասին վերլուծական գրութիւն մը ներկայացնելը չէ, ոչ ալ` նոյնինքն անոր նկարագրած տիպարներուն ընդմէջէն բաղդատական մը կատարելը:

Այսուամենայնիւ, անոր արձանագրած գաղափարներն ու նախադասութիւնները կարելի է դիւրութեամբ եւ ուղղակիօրէն բաղդատել մեր ներկայ իրավիճակին հետ:

Այսպէս, Երեւանի մէջ «կեանքը ինչպէս որ է» կը շարունակուի:  Զբօսաշրջիկներ, լեցուն ճաշարաններ, ձեռնարկներ, հարսանիքներ… Եռուն է կեանքը: Այնքան մը, որ Սիւնիքի  եւ Արցախի մէջ պատահած դէպքերն ու տիրող դժնդակ կացութիւնը չի նկատուիր կամ ալ լոկ հպանցիկ արձագանգի կ՛արժանանայ: Սխալ չհասկցուինք. դէմ չենք, որ մարդիկ ուրախ ապրին, բնական կեանք վարեն, սակայն երբ երկիրը կ՛ապրի պատմական ողբերգութիւն, ու անիկա հեռու կը պահուի զանգուածին տեսողութենէն ու կեանքէն…

Նոյնիսկ մոռցած ենք մեր քիթին տակ աճող աշխարհի մրցանանակիր, ամենախիտ եւ ամէնէն երիտասարդ անշունչ հողաշերտին` Եռաբլուրին գոյութիւնը (այս տողերը կ՛արձանագրենք դառնութեամբ, երբե՛ք «սեւ կատակ»-ի մօտեցումով):

Պէտք է տեսնել ու հետեւիլ Ազրպէյճանին յանձնուելիք, իբրեւ նոր նուէր տրուելիք Աղաւնոյի, Բերձորի եւ շրջանի գիւղերու բնակիչ հայորդիներու ողբալի վիճակին:

Ո՜ղբ, սո՜ւգ, կո՜ծ: Անոնք վաղուց տեղեկացած էին, որ շրջանի պարպումին պայմանաժամի մը մասին կը խօսուի, սակայն յստակ չէին գիտեր ճիշդ թուականն ու մանրամասնութիւնները:

Եւ ահաւասիկ… 25 օգոստոս, 2022: Նոր սուգ սփռող թուական մը:

Այս շրջաններն ալ պիտի անցնին եւ վաղը նշուին, Շուշիի նման, անբախտ եւ տժգոյններու շարքին: Քարվաճառէն հեռացողներուն պատկերը մոռցուա՞ծ է արդեօք: Եւ այսքան արա՞գ…

Աւելի՛ն. թափթփածութիւնը, անկարեւորութիւնն ու անտարբերութիւնը այնպիսի «բարձունքի» հասած են որ յստակ չէ տարագրութեան մատնուողներուն այլընտրանքի ծրագիրը:

Ո՛չ մօտակայ շրջաններուն մէջ պատրաստ բնակարաններ, ո՛չ ալ Ստեփանակերտի մէջ յատուկ իջեւան, ո՛չ իսկ… Երեւանի Հիւսիսային շքեղ պողոտային վրայ բարձրացած եւ մեծ մասամբ անբնակ մնացող (զարմանալիօրէն) յարկաբաժիններուն բանալիները… Վստահաբար կը պատրաստուին հսկայական նոր գումարներ մսխել եւ իշխանութեան գործակից դարձած «գործարարներուն» գրպաններուն մէջ շոգիացնել, աւելի եւս տրտմեցնելով եւ անորոշութեան մատնելով այս անբախտները:

… Այս բոլորին դիմաց, դեռ որքա՞ն կարելի է սպասել «ազգընտիր վարչապետ»-ին եւ իր վարչակազմին հատընտիր որոշումներուն, հանդուրժել հայրենիքին օր-ցերկով կրճատումները:

Անկարեւորութեան եւ անկարողութեան շարունակուող այս անհեթեթ փառատօնը, պարզ ու մեկին, պէտք է ամէ՛ն գնով կասեցուի:

 

 

Նախորդը

Հրաժեշտ Աղաւնոյին…

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?