Ակնարկ. Մեր Առջեւ Ցնցումնային Հանգրուաններ Են. Բացառիկ Հաւասարակշիռ Դիւանագիտութեան Հրամայականը
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահին Երեւան այցելութեան շարժառիթները միայն ներամերիկեան ընտրական մղումներով բացատրելը իրադարձութեան ամբողջական պատճառականութեան վրայ լոյս չի սփռեր: Նախ, Քոնկրեսի նախագահին այցը մետասաներորդ պահու չնախատեսուած ժամանում չէր. Փելոսին աւելի վաղ ստացած էր Երեւան այցելելու հրաւէր. այստեղ յատկանշականը այն է, որ պատերազմական իրավիճակի բերումով կրնար այցը յետաձգուիլ կամ նոյնիսկ չեղեալ նկատուիլ, այդուհանդերձ կայացաւ ճշդուած ժամանակին, ինչ որ ամերիկեան ներգրաւուածութեան...




















